Թովմաս Աքուինացի

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի (Saint Thomas Aquinas) 1224-1274, միջնադարեան մեծագոյն փիլիսոփայ-աստուածաբան։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն մտաւորականներէն։

Թովմաս Աքուինացի
Ծնած է 1224
Ծննդավայր Իտալիա
Մահացած է 1274
Կրօնք Կաթողիկէ, Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Մտաւորական

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Իտալիոյ բարձր դասակարգի պատկանող Ազնուական ընտանիքի մը մէջ։ Հինգ տարեկան էր, երբ իր ծնողքէ ղրկած են զինք վանք, ուր կը մնայ մօտ ինը տարիներ։ 1239-ին իրմէ անկախ պատճառներով կը ստիպուի ձգել վանքը եւ իր հօր տունը վերադառնալով, այս անգամ կը ղրկուի Նաբոլիի համալսարանը՝ իր ուսումը շարունակելու։

1244-ին իր հայրը կը մահանայ։ Թովմաս 20 տարեկան լաւ ուսման տէր երիտասարդ մը կը դառնայ։ Ան կ'որոշէ մտնել Դոմինիկեան (Dominicia) վանք՝ վարդապետական կոչումի նուիրելով՝ Թովմասի մայրը լսելով, կը բարկանայ եւ Թովմասի երկու եղբայրները կը ղրկէ իրեն մօտ, որոնք կայսրին բանակին մէջ մեծաւոր էին, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Թովմասի վրայ՝ ետ քաշուելու իր որոշումէն։ Սակայն Թովմաս տարի մը ուշացումէ ետք կը յաջողի ճամբորդելու Փարիզ, հոն նուիրուելով Դոմինիկեան վարդապետութեան, շուտով կը ճանցուի իբրեւ փիլիսոփայութեան մէջ ճարտար անձնաւորութեան տէր մէկը։

25 տարեկան հասակին, իր պատասխանատուները զինք քահանայական տիտղոսի կը կանչեն։ Պապը նոյնիսկ կ'առաջարկէ իրեն Նաբոլիի եպիսկոպոսական աթոռը, սակայն մեր խոնարհ վարդապետը կը մերժէ բարձր տիղոսները եւ կ'ընտրէ ընթերցել, յօրինել եւ ուսուցանել։

Թովմաս իր բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, կը դառնայ Փարիզի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ իբրեւ ուսուցիչ։ Թովմաս 22 տարիներ կը շարունակէ ուսուցանել Փարիզ, Հռոմի եւ Նաբոլիի մէջ, ան նաեւ կը յօրինէ, կը քարոզէ եւ Քրիստոնէական հաւատքը կը պաշտպանէ։ Անոր հռչակը կը տարածուի ամէն կողմ։

Ուսուցչութեան կողքին Թովմաս յաճախ ընտրուած է որպէս խորհրդատու պապերուն։ Հակառակ իր բարձր պաշտօններուն, ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է իր սենեակին մէջ։

1274-ին պապը ժողովի կը կանչէ բոլոր Եպիսկոպոսները՝ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ։

Իր Գրութիւնները Խմբագրել

Կարեւորագոյնը է Summa Theologica, որ Աստուածաբանական ամփոփումներ են, անոնք կը յայտնեն Թովմասի միտքը եւ Աստուածաբանութիւնը։ Այս հաւաքածոյին մէջ Թովմաս տրամաբանական ձեւով կը ներկայացնէ Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական նիւթեր։ Միջնադարեան գիտութիւնը կը բնորոշուի Թովմասի այս գիտական եւ իմաստասիրական մեթոտով (scholastic method)։ Իսկ անոր ուսուցանած գաղափարները կը յայտնուին Թովմայական դպրոցի միջոցով։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Դէպքեր եւ Դէմքեր ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ, Սիլվի Աւագեան