Template loop detected: Կաղապար:Տեղեկաքարտ Լեզու

Գերմաներէն (գերմաներէն՝ deutsche Sprache  Լսել տօյչէ )՝ հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին գերմանական ճյիւղին արեւմտագերմանական խումբին պատկանող լեզու մըն է։ Ատորով կը խօսին գերմանալեզու տարածքներուն մէջ՝ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Զուիցերիոյ, Լիխթէնշթայնին, Լիւքսեմպուրկին, Արեւելեան Բելգիոյ, Հարաւային Թիրոլին, Էլզասին եւ Լոթրինկէնին, ինչպէս նաեւ՝ Կեդրոնական Եւրոպայի փոքրամասնութիւններուն քով եւ Եւրոպայէն դուրս գտնուող մի շարք երկիրներուն մէջ։ Գերմաներէնը կարեւոր տարածաշրջանային լեզու մըն է եւ ամէնաշատ գործածուող մայրենի լեզուն է Եւրոպական Միութեան մէջ եւ կը պատկանէ աշխարհի տասը կարեւորագոյն լեզուներու շարքին։[1]

Սահմանում

Խմբագրել

Գերմաներէն բառեզրին տակ այսօր կը հասկնանք միջին գերմաներէնի բարբառներու եւ բարձր գերմաներէնի բարբառներու հիմքին վրայ զարգացած սթանտարթ գերմաներէնը: Գերմաներէնին կը պատկանեն նաեւ պատմական հին բարձր գերմաներէնը եւ միջին բարձր գերմաներէնը, ինչպէս նաեւ աւելի նոր առօրեայ-խօսակցական եւ խառնալեզու տարբերակները։

Գրենական համակարգը

Խմբագրել

Գերմաներէնը կը գործածէ լատինական գիրերուն վրայ հիմնուած այբուբենը: Անիկա կազմուած է լատինական 26 գիրերէն, որ ունեն իրենց անունները՝ A a (ա), B b (պէ), C c (ցէ), D d (տէ), E e (է), F f (էֆ), G g (կէ), H h (հա), I i (ի), J j (եոթ), K k (քա), L l (էլ), M m (էմ), N n (էն), O o (օ), P p (փէ), Q q (քու), R r (էռ), S s (էս), T t (թէ), U u (ու), V v (ֆաու), W w (վէ), X x (իքս), Y y (իփսիլօն), Z z (ցէթ): Ատկէ բացի գերմաներէնի այբուբենին մէջ կան երեք ումլաութներ՝ Ä ä, Ö ö եւ Ü ü , ինչպէս նաեւ՝ ß (էսցէթ) կցագիրը:

Գերմաներէնը Որպէս Մայրենի

Խմբագրել

1990-ական թուականներու սկիզբէն գերմաներէնը որպէս մայրենի լեզու գործածող մարդոց քանակը կ'աճէ[2] ։ Ժողովրդագրութիւնը մայրենի լեզուով խօսողներու համար կը նշէ աւելի քան 90 միլիոն թիւը։ Այլ տուեալները նոյնպէս կը վկայեն 90 միլիոնի մասին, նոյնիսկ՝ մինչեւ 105[3]։ Ընդհանուր առմամբ բոլոր պարագաներին հիմքին ներգաղթի երեւոյթն է դեպի Գերմանիա, Աւստրիա, ԶուիցԵրիա, ովքեր գերմաներԷնը որպէս երկրորդ լեզու կը գործածեն եւ որոնց լեզուական իրադրութեան մասին պաշտօնական տուեալները կը բացակայեն։

Բառամթերքը

Խմբագրել
 
Duden բառարանը գերմաներէնի ուղղագրական կանոններու ժողովածու է

Գերմաներէնի բառապաշարի մեծամասնութիւնը եկած է Եւրոպական լեզուաընտանիքին գերմանական ճիւղէն: Սակայն նշանակալի քանակութիւն կը կազմեն նաեւ այլ լեզուներէն փոխառնուած բառերը, առաւելապէս ղաթիներէնէ, յունարէնէ, իտալերէնէ, ֆրանսերէնէ եւ վերջին ժամանակներս՝ անգլերէնէ:[4] 19րդ դարասկիզբին գերմաներէն՝ Joachim Heinrich Campe-ն գնահատած է, որ գերմաներէնի ամբողջ բառապաշարի հինգերորդ մասը ունէ ֆրանսական կամ ղաթինական ծագում[5]:

Լատինական բառերը գերմաներէնի նախահայր լեզուն փոխառած է տակաւին Հռովմի կայսրութեան օրոք եւ ենթարկած է համապատասխան հնչիւնաբանական փոփոխութիւններու: Ատոնց ծագումի մասին չեն գիտեր շատ խօսողներ (զորօրինակ, որ Pforte, Tafel, Mauer, Käse, Köln համապատասխանաբար լատիներէն porta, tabula, murus, caseus, Colonia բառերէն են). Լատիներէնէ փոխառութիւններու գործընթացն իր շարունակութիւնը կ'ունենայ նաեւ Հռովմի կայսրութեան անկումէն ետք քրիստոնէացման ընթացքին, ինչը միջնորդաւորուած էր եկեղեցիներով եւ վանքերով: Լատիներէն բառերու մեկ այլ կարեւոր ներհոսք կը նկատուէր Վերածննդի մարդասիրութեան ժամանակ: Լեզուաբանական առումով լատիներէն բառերու ներմուծումը կը շարունակուէ մինչեւ մեր օրերը, ինչը վերջին մի քանի տասնամեակներուն յաճախ կատարուէ անգլերէնով միջնորդաւորուած եղանակով: ԺԵ-էն ԺԷ դարերուն մեծ էր եղած իտալերէնի ազդեցութիւնը, առաւելապէս իտալերէն մասնագիտական բառերու ձեւով ճարտարապետութեան, դրամաշրջանառութեան եւր երաժշտութեան բնագաւառներուն մէջ: Ֆրանսերէնէ կատարուած փոխառութիւնները կատարուած են գլխաւորապէս 17-էն մինչեւ 19րդ դարերուն: Անգլերէնի ազդեցութիւնը կ'երեւայ տակաւին 19րդ դարուն, սակայն անիկա գերակշռող չէր եղած մինչեւ 20րդ դարու երկրորդ կէսը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. George Weber: Top Languages: The World’s 10 Most Influential Languages. In: Language Today (Vol. 2, Dec 1997)
  2. Jacques Leclerc: Quebec 2001
  3. http://sprachkreis-deutsch.ch/2012/05/14/die-meistgesprochenen-sprachen-der-welt/
  4. Սա երեւոյթը յայտնի է որպէս գերմաներէն՝ Denglisch կամ անգլերէն՝ Germish, հայերէն՝ գերմանգլերէն:
  5. Uwe Pörksen, German Academy for Language and Literature’s Jahrbuch [Yearbook] 2007 (Wallstein Verlag, Göttingen 2008, pp. 121-130)