Ֆրանսերէն
Ֆրանսերէնը (ֆրանսերէն՝ français, արտասանութիւնը՝ lə fʁɑ̃sɛ կամ la langue française, արտասանութիւնը՝ la lɑ̃ɡ fʁɑ̃sɛz) կը պատկանի Հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի Ռոմանական, արեւմտա-իտալական լեզուախումբին։ Ֆրանսերէն կը խօսին աշխարհին 284.4 միլիոն[1] մարդ, ֆրանսերէնը մայրենի լեզու է 110 միլիոն մարդու համար։ Ֆրանսերէնը պաշտօնական լեզու է Ֆրանսայի եւ 29 այլ երկիրներու մէջ։ Լայնօրէն տարածուած է նաեւ ֆրանսական եւ բելգիական նախկին գաղութներուն մէջ՝ Ալճերիա, Թունիս, Սուրիա, Մարոք եւ այլն։



Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման ֆրանսերէնը 9-րդն է։ ՄԱԿ-ի պաշտօնական եւ աշխատանքային 6 լեզուներէն մէկն է։ Ֆրանսերէնը մեծաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնական լեզուն է եւ օտար լեզուներու շարքին մէջ ամենաուսումնասիրուածներէն է։
Պետական Կարգավիճակը Խմբագրել
Պետական Կարգավիճակ Ֆրանսայի Մէջ
Ըստ Ֆրանսայի սահմանադրութեան՝ ֆրանսերէնը պետական լեզուի կարգավիճակ ստացած է 1992 թուականին։ Բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերը եւ համաձայնագրերը պետք է կազմուի ֆրանսերէնով։
Պետական Կարգավիճակը Քանատայի Մէջ
Կը հանդիսանայ Քեպեք փրովինսի պաշտօնական լեզուն եւ ամբողջ Կանադայի ու Նիւ Պրանսուիք գաւառի (ֆրանսերէն՝ Le Nouveau-Brunswick) երկու պաշտօնական լեզուներէն մէկը։ Քեպեքին մէջ, ֆրանսերէնի մասին օրէնքը կը պահանջէ, որ պետական դպրոցներուն մէջ բոլոր աշակերտներու (բացի անգլախօս քանատացի քաղաքացիներու երեխաները) ուսուցումը կը կատարուի ֆրանսերէնով։
Ներկայիս, կը նկատուի ֆրանսերէնի՝ միջազգային կառոյցներուն մէջ գործածման կտրուկ անկում։ Թէեւ ֆրանսերէնը կը պահպանէ աշխարհին մէջ, իր դրական «պատկերը», այնուամենայնիւ այն աւելի ու աւելի քիչ կը գործածուի։ 1995-էն Ֆրանքոֆոնիոյ գրասենեակը ՄԱԿ-ի մէջ ունի դիտորդի դեր։ Այդուհանդերձ անգլերէնը, որպէս աշխատանքային լեզու, ունի գերիշխող դիրք, թէեւ ՄԱԿ-ի անդամ 185 երկիրներէն 56-ը կը հանդիսանան Ֆրանքոֆոնիոյ անդամ, եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան իրենց հետ շփումը իրականացնել ֆրանսերէնով։ Ֆրանսերէնի նուազ գործածութիւնը մեծամասամբ պայմանաւորուած է անձնակազմի համալրման պայմաններով (ֆրանսերէնի իմացութիւնը պարտադիր պայման չէ), անգլախօս շրջապատի գերակայութեամբ եւ պիւտճետային կրճատումներով։
Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) մէջ, ֆրանսերէնը կը հանդիսանայ պաշտօնական լեզու։ Այս լեզուի ապագան կախուած է անոնցմէ, թէ ինչպիսի դիրք այն կը գրաւէ փոխուող Եւրամիութեան մէջ։ Այստեղ Ֆինլանտայի, Աւստրիոյ, Շուետիոյ անդամագրումը զգալիօրէն նուազեցուց ֆրանսերէնի դիրքերը, որովհետեւ վերոնշեալ երկիրները որպէս յաղորդակցման լեզու կ'օգտագործեն անգլերէնը։ Եւրամիութեան ընդլայնումը աստիճանաբար կը հանգեցնէ Հռոմի համաձայնագրի դրոյթներու իրագործման անհնարինութեան։ Ըստ այս համաձայնագրի՝ բոլոր անդամ-երկիրներու լեզուները կը համարուին Եւրամիութեան պաշտօնական լեզուներ։
Ֆրանսայէն յայտնի լեզուաբան Ռ. Շոտանսոնը առաջ քաշեց կտրուկ առաջարկութիւն. պահպանել երեք պաշտօնական լեզու՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն։ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Լիոնել Ժոսփենի կարծիքով՝ Եւրամիութեան մէջ, լեզուական բազմազանուիւնը կը հանդիսանայ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը։ Հենց Եւրամիութեան մէջ, ֆրանսերէնի զբաղեցուցած դիրքէն կախուած է՝ որքանով այս լեզուն կը պահպանի աշխարհին իր առաջատար դիրքերը։ Բայց Եւրամիութեան կառոյցներուն մէջ մէկ լեզուն չի կրնար կատարել միակ յաղորդակցման լեզուի գործառոյթներ։ Հենց այդ պատճառով ալ Ֆրանսայի մէջ, աշխատանքներ կը տարուին ՝ ուղղուած ֆրանսերէնի՝ որպէս աշխատանքային լեզուի գործառոյթի ուժեղացման։
Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել
- ↑ GOUVERNEMENT.fr French speakers around the world (անգլերէն)