Պղատոն
Պղատոն (յուն․՝ Πλάτων արտասանուած՝ Պղատոն, Ք. ա. 427 – 347[6]), Դասական շրջանի Աթէնացի փիլիսոփայ։
Գրած է մեծ քանակութեամբ զրոյցներ զանազան նիւթերու շուրջ։ Գլխաւոր տիպարը գրեթէ միշտ Սոկրատն է, որ նաեւ եղած է իր ուսուցիչը: Յաճախ դժուար է երկուքին գաղափարները իրարմէ անջատել Պղատոնի գործերուն մէջ։
Պղատոն կը նկատուի գլխաւոր դէմքը յունական դասական եւ արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ, իր ուսուցիչ Սոկրատի եւ ամէնէն յայտնի աշակերտը Արիստոտէլի հետ միասին։ Պղատոնի փիլիսոփայութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ արեւմտեան կրօնքի եւ հոգեւորականութեան վրայ, ազդեցութիւն ունենալով Օգոստինոս Երանելիի, հետեւաբար Քրիստոնէութեան վրայ։[6]
Պղատոնի առաջին գլխաւոր ներդրումը քաղաքական տեսաբանութեան մէջ կը նկատուի «Հանրապետութիւն» գործը։ Այստեղ Պղատոն կ՚արծարծէ արդարութիւնը, հարցականի տակ կ'առնէ արդարութեան աւանդական ըմբռնումները։ Արդարութեան շուրջ զրոյցը կը բերէ քննարկելու պետութիւններու բնոյթները եւ անոնց յարաբերութեան անհատ քաղաքացիներուն հետ, դասակարգերուն, օրէնքներուն, եւ այլն։
Պղատոն (Պղատոն, յուն․՝ Πλάτων, ոչ վաղ քան ՔԱ428 եւ ոչ ուշ քան ՔԱ427, Աթէնք[1][2] - ոչ վաղ քան ՔԱ348 եւ ոչ ուշ քան ՔԱ347, Աթէնք[2]) կամ Արիստոկլես (որ իր ի ծնէ տրուած անուն է, իսկ Պղատոն թարգմանաբար կը նշանակէ լայն, թիկնեղ), հին յոյն փիլիսոփայ։ Ծնած է Աթէնքի մօտ գտնուող Էգինա կղզին, ազնուական ընտանիքի մէջ։ Անոր հայրը սերած էր Ատտիկայի վերջին թագաւոր Գոտրոսի տոհմէն, իսկ մայրը՝ նշանաւոր օրէնսդիր Սոլոնի տոհմէն։ Ան երկրորդն է հին յոյն փիլիսոփաներու երրորդութեան մէջ՝ յաջորդելով Սոկրատեսին եւ նախորդելով իր աշակերտ Արիստոտելին։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿրթութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւնը ստանալէն ետք, ան կը սկսի զբաղիլ փիլիսոփայութեամբ։ Կ'ուսանի նախ Հերակլիտեսի հետեւորդ Կրատիլոսի մօտ, ապա Սոկրատեսի։ Վերջինիս մահէն ետք Պղատոնը կը ձգէ Աթէնքն ու շուրջ մէկ տարի կ'ապրի Մեգարայի մէջ։ Վերադառնալով Աթէնք՝ ան շուտով կը մեկնի հարաւային Իտալիա եւ Սիկիլիա։ Սիրակուզայի մէջ Պղատոն կը մտերմանայ Տիոնի բռնակալ Տիոնիսիոսի բարեկամի հետ, որ բիւթակորական փիլիսոփայութեան հետեւորդներէն էր։
Դպրոցի հիմնումը եւ մահը
ԽմբագրելՎերադառնալով Աթէնք՝ Պղատոն մ.թ.ա. 487 թուականին աթենացի հերոս Ակադեմոսի այգիին մէջ կը հիմնէ իր դպրոցը, որ կը ստանայ Ակադեմիա անունը։ Մէկ տարի անց, երբ կը մահանայ Դիոնիսիոս բռնակալը, Դիոնի հրաւէրով Պղատոն կրկին կը մեկնի Սիրակուզա՝ յոյս ունենալով իրագործել իտէալական պետութեան մասին իր նախագիծը։ Սակայն այս անգամ ալ անոր առաքելութիւնը անյաջողութեան կը մատնուի եւ ան կրկին կը վերադառնայ Աթէնք, ուր ալ մ.թ.ա. 347 թուականին կը կնքէ իր մահկանացուն։
Աշխատութիւնները
ԽմբագրելԲոլոր այն երկերը, որոնք Պղատոնը նախատեսած է հրապարակել, պահպանուած են։ Զանոնք կանոնակարգած է Տրասիլոս Ալեքսանդրացին մ.թ. 1 -ին դարուն՝ ըստ հետեւեալ ինը քառապատումներուն.-
- Եվթիփրոն, Սոկրատեսի պաշտպանականը, Կրիտոն, Ֆեդոն
- Կրատիլոս, Թէետետոս, Սոփեստ, Պոլիտիկոս
- Պարմենիդես, Փիլեբոս, Խնճոյք, Ֆեդրոս
- Ալկիբիադես I, Ալկիբիադես II, Հիպպարքոս, Մրցակիցներ
- Թէագես, Քարմիդես, Լաքես, Լիսիս
- Եվթիդեմոս, Պրոտագորաս, Գորգիաս, Մենոն
- Հիպպիաս, Կրտսեր, Հիպպիաս Ավագ, իոն, Մենեքսենոս
- Կլիտոփոն, Պետութիւն, Տիմեոս, Կրիտիաս
- Մինոս, Օրէնքներ, Օրէնքների յաւելուած (էպինոմիս), Նամակներ
Պղատոնի իտէալիզմը
ԽմբագրելՊղատոնի իտէալիզմը բարոյագիտական ուղղուածութիւն ունի։ Եթէ Սոկրատեսի կարծիքով ճշմարիտ գիտելիքն ընդհանուր եւ ենթակայական բարոյական օրէնքներու ճանաչողութիւնն է, ապա, ըստ Պղատոնի՝ էյտոսներու աշխարհը, ողջ գոյի օրէնքներու, սկզբունքներու եւ կանոններու աշխարհն է։ Միաժամանակ գեղեցկութեան, բարիի եւ ճշմարտութեան այն իտէալական աշխարհն է, որուն պէտք է ձգտի մարդը։ Իւրաքանչիւր կենդանի կը ձգտի ինքն իրեն դրսեւորել լիակատար ձեւով, ամբողջութեամբ արտայայտել իր էութիւնը, կը ձգտի իր կեցութեան ամբողջականութեան։ Իսկ կեցութեան ամբողջականութիւնը, ողջ գոյի գերագոյն վերջնանպատակը, բարձրագոյն իտէալը՝ բարիքն է։ Պղատոնի կարծիքով՝ բարիքը էյդոսներու աշխարհի թագուհին է, ողջ գոյի պատճառը եւ նպատակը։
Մարդու մասին
ԽմբագրելԸստ Պղատոնի՝ մարդը բաղկացած է հոգիէց եւ մարմինէ։ Ընդ որում, հոգին բոլոր առումներով պատուական ու գերազանց է մարմնէն, որովհետեւ հոգին ինքը՝ մարդն է։ Մարմինը մահկանացու է, իսկ հոգին՝ անմահ։ Հոգիի անմահութեան օգտին Պղատոնը կը բերէ շարք մը փաստարկներ։ Հոգին անմահ է, ինչպէս ինքնաշարժող եւ շարժող, որպէս տիեզերքի միասնութիւնն ապահովող սկիզբ։ Եթե հոգին մահկանացու ըլլար, ապա կը փլուզուէր տիեզերքի միասնութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը։ Հոգին անմահ է նաեւ այն պատճառով, որ ինքը նոյն կեանքն է։ Հոգին կեանքին կը վերաբերի այնպէս, ինչպէս կրակը՝ ջերմութեան. կրակը անմտածելի է, առանց ջերմութեան, իսկ հոգին առանց կենդանութեան։ Որպես կեանք՝ հոգին կը բացառէ իր հակադրութեան՝ մահուան գոյութիւնն իր մէջ։ Հոգիի անմահութեան մասին կը վկայէ նաեւ մարդկային գիտելիքի բնոյթը։ Պղատոնի կարծիքով՝ իմացութիւնը հոգիին մէջ առկայ գիտելիքի վերյիշումն է։ Մինչեւ մարմնի մէջ տեղափոխուիլը, հոգին իտէալական աշխարհի մէջ ձեռք բերած է ճշմարիտ գիտելիք, որ մարմնին հետ միաւորուելէն ետք թաղուած է մոռացութեան մէջ։ Այսպիսով, հոգին ի ծնէ ունի բնածին գիտելիք, եթե չունենանք այդ գիտելիքը, ապա չենք կրնար դատողութիւն ընել իրերու մասին։ Պղատոնի կարծիքով՝ մարդը կ'ապրի հասարակութեան մէջ, ուստի անհատական բարիքն ու երջանկութիւնը չեն կրնար իրեն համար վերջնանպատակ ըլլալ։ Բարիքը ընդհանրական է, հետեւաբար մարդն իր անհատական բարիքը պէտք է ենթարկէ ընդհանուրի բարիքին։ Ատոր համար անհրաժեշտ են այնպիսի հասարակական պայմաններ եւ այնպիսի կառավարման ձեւ, որուն նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ առանձին մարդոց կամ առանձին խումբերու մասնաւոր բարիքի ապահովումը, այլ հասարակութեան բոլոր անդամներուն բարեկեցութիւնը։ Այս պատճառով, Պղատոնն անհատական բարոյագիտութիւնը կը լրացնէ ընկերային բարոյագիտութեամբ կամ քաղաքագիտութեամբ։
Պետութեան մասին
ԽմբագրելԻտէալական է կառավարման այն ձեւը, որ կը մտածէ բոլորի բարիքներուն մասին։ Այդպիսի պետութիւնը պէտք է կարենայ նախ եւ առաջ ապահովել հասարակութեան կառավարումը եւ մարդոց դաստիարակութիւնը, ինքնիրեն պաշտպանել թշնամական յարձակումներէն, մարդոց կ'ապահովէ նիւթական բարիքներով, հիմնական է արդարութեան սկզբունքը, այսինքն՝ պէտք է ըլլայ աշխատանքի բաժանում եւ իւրաքանչիւր մարդ իր գործունէութեամբ նպաստէ պետութեան բարգաւաճման։ Պետութիւնը պէտք է նմանի կենդանի օրգանիզմին, ուր իւրաքանչիւր անդամ կը կատարէ իրեն վերապահուած գործառոյթը։ Պղատոնը մարդկային հոգիի երեք մասերուն՝ բանականին, աֆեկտիվ եւ ցանկասէր, համապատասխան իտէալական պետութեան մէջ կ'առանձնացնէ քաղաքացիներու երեք դաս[7]։ Հոգիի բանական մասին, որու առաքինութիւնը իմաստութիւնն է, կը համապատասխանէ կառավարիչներու՝ փիլիսոփաներու դասը: Հոգիի աֆեկտիվ մասին, որու առաքինութիւնն արիութիւնն է, կը համապատասխանէ պետութեան պահապաններուն՝ զինուորականներու դասը։ Հոգիի ցանկասէր մասին, որու առաքինութիւնը ողջախոհութիւնն է, կը համապատասխանէ նիւթական բարիքներ արտադրողներուն՝ հողագործներու, արհեստաւորներու եւ առեւտրականներու դասերը։ Այդպիսի պետութիւնն իմաստուն է իր կառավարիչներու իմաստնութեամբ, արի՝ իր զինուորականներու քաջութեամբ, ողջախոհ-չափաւոր՝ իր աշխատաւորներու վարքագիծով։
Պետութիւնը պէտք է կառավարեն փիլիսոփաները, որովհետեւ անոնք առաքինի, արդարամիտ եւ անշահախնդիր մարդիկ են։ Մարդոցմէ միայն փիլիսոփաներն են, որ գիտելիք ունին ճշմարիտ կեցութեան մասին, ուստի իմանալով իտէալական աշխարհի օրէնքները՝ անոնք պէտք է այդ օրէնքներն իրականացնեն այս աշխարհին մէջ։ Պղատոնի կարծիքով՝ կառավարողները ոչ թէ առանձնաշնորհ, այլ՝ ծառայողական դաս են, իսկ որպէսզի անոնք յանկարծ չմտածեն սեփական բարեկեցութեան մասին, պէտք չէ ունենան ո՛չ մէկ սեփականութիւն։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ զինուորականներուն։ Անոնք իրաւունք չունին ունենալու ո՛չ մէկ սեփականութիւն, ամէն ինչ պէտք է իրենց համար ընդհանուր ըլլայ։ Մասնաւոր սեփականութիւնը դիտելով որպէս սոցիալական անհաւասարութեան եւ չարիքի աղբիւր՝ Պղատոնը անընդունելի կը համարէ անոր բոլոր դրսեւորումները։
Այսպիսով, յանուն ընդհանուրի բարիքին՝ Պղատոնը կը զոհաբերէ անհատական բարիքը։ Յանուն պետութեան՝ պետութիւնը կը վերածէ զօրանոցի, ճամբարի, որ կը գործէ սպարտական կենցաղի կանոններով։ Պղատոնի իտէալական պետութեան մասին նախագիծն այդպէս ալ իրականութիւն չդարձաւ, թէեւ յետագային՝ միջնադարուն, սոցիալիզմի եւ ֆաշիզմի ժամանակաշրջաններուն, այդ նախագիծի շարք մը գաղափարներ իրականացան։
Տես նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Պղատոն Platon, Œuvres complètes / խմբ. L. Brisson — Փարիզ: 2008. — է. IX. — ISBN 978-2-08-121810-9
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Meinwald C. C. Encyclopædia Britannica
- ↑ Biblioteca Virtual Miguel de Cervantes — 1999.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Պղատոն Platon, Œuvres complètes / խմբ. L. Brisson — Փարիզ: 2008. — է. 2060. — ISBN 978-2-08-121810-9
- ↑ 5,0 5,1 Kirchner J. Ariston 11 // Kategorie:RE:Band II,1 — 1895.
- ↑ 6,0 6,1 The concise Oxford dictionary of politics.։ McLean, Iain., McMillan, Alistair. (2nd ed., New ed. հրտրկթն․)։ Oxford: Oxford University Press։ 2003։ ISBN 0-19-280276-3։ OCLC 52324578
- ↑ Վ. Ա. Կանկե (2001)։ Փիլիսոփայություն։ Երևան: Զանգակ-97։ էջ 34։ ISBN 99930-2-247-0