Խաչիկ Պապիկեան (1924, Լառնաքա, Կիպրոս - 1999), փաստաբան, լիբանանցի քաղաքագէտ հայկական ծագումէ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ (1957–1999) եւ նաեւ եղած է Լիբանանի պետութեան նախարարը տարբեր առիթներու, օրինակ՝ առողջապահութեան նախարար, զբօսաշրջկութեան նախարար, հանրօգուտ շինութեան եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար, արտաքին գործոց նախարար, փլանաւորման նախարար եւ արդարութեան նախարար:

Խաչիկ Պապիկեան
Ծնած է 1924
Ծննդավայր Լառնաքա, Կիպրոս
Մահացած է 1999
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, փաստաբան
Վարած պաշտօններ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ

Կեանքը

Խմբագրել

Խաչիկ Պապիկեան ծնած է Լառնաքա, Կիպրոս, 1924 թուականին: Ուսումը ստացած է Ֆրանսա, Լիբանան եւ Իտալիա: Պապիկեան կը խօսէր կատարեալ բազմալեզու՝ Արաբերէն, Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Հայերէն, Թուրքերէն, Անգլերէն եւ Լատիներէն:

1940 թուականին, Խաչիկ Պապիկեան կը բանտարկուի բնակավայրի մը մէջ, Իտալիա եւ ետքը հոնկէ կը ստանայ իր պսակաւորի վկայականը: Յաջորդ տարիներուն, կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը ստանայ իր փաստաբանութեան վկայականը Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն: Պապիկեան կը դառնայ ամէնէն փայլուն, յաջող ու պերճախօս փաստաբաններէն մէկը իր սերունդին մէջ եւ միշտ կը քաջալերէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ:

Պապիկեան կ'ընտրուի եւ կը նշանակուի Հայ առաքելական ներկայացուցիչը Պէյրութի մէջ 1957 թուականին եւ կը մնայ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ մը մինչեւ իր մահը 1999 թուականին: Անոր տեղը կը փոխարինէ Անտրէ Թապուրեանը: Ան կ'ըլլայ պետութեան վարչական հարցերու նախարար (1960–1961), առողջապահութեան նախարար (1969), զբօսաշրջկութեան նախարար եւ հանրօգուտ շինութեան եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար (1972–1973), արտաքին գործոց նախարար (1973) եւ արդարութեան նախարար (1980–1982 եւ 1990–1992):

Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ

Խմբագրել

Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամը ստեղծուեցաւ Յունուար, 2007 թուականին Պապիկեանի 5 աղջիկներուն կողմէ: Հիմնադրամը կը պատուէ Պապիկեանին յիշատակը որ նաեւ եղած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զործադիր խորհուրդի նախկին ատենապետը, Անթիլիաս, Լիբանան[1]:

Հիմնադրամը կ'օժանդակեն լիբանանահայերը եւ նաեւ ամբողջ հայերը: Խաչիկ Պապիկեանին նպատակն էր հիմնել այսպիսի մարդասիրական հիմնադրամ մը օգնել հայերուն ուսումնական եւ մշակութային ծրագիրներու մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Lexingtonians help Armenian school»։ Hürriyet։ 2007-08-26։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2007-08-26