Յունուար, ըստ Գրիգորեան օրացոյցի՝ տարուան առաջին ամիսը. ունի 31 օր։ Առաջին օրը կը նշուի, իբրեւ Նոր Տարուան օր։

Երբ ԺԶ. դարուն կ'ընդունուի համաշխարհային օրացոյցը, ըստ այդ տոմարի տարուան առաջին ամիսը կը հանդիսանայ Յունուարը, իսկ ամիսները կը կոչուին՝ հռոմէական անուններով։ Այդ մէկը հայերը նոյնպէս կ'ընդունին եւ Նաւասարդ անունը կը փոխարինուի՝ Օգոստոս անունով ու կը դառնայ տարուան ո՛չ թէ առաջին, այլ՝ ութերորդ ամիսը։

Տարուան ամիսներու բաժանման՝ այժմեան պատկերը, գոյութիւն ունի աւելի քան երկու հազար տարի։ Անիկա մեզի հասած է Յուլեան օրացոյցի յառաջացման հետ (Հին Հռոմէն), ուրկէ նաեւ յառաջացած են ամիսներուն անունները։

Ինչպէս յայտնի է, հռոմէացիներուն Նոր տարին կը սկսէր գարնան։ Ամիսները սկզբնական շրջանին միայն կը թուագրուէին. առաջինը այն ամիսն էր, որ ներկայիս կը կոչուի «Մարտ»։ Բայց ժամանակի ընթացքին միայն չորս ամիսները կը մնան թուական անուններով։ Այսինքն՝ եօթներորդէն մինչեւ տասներորդը ներառեալ՝ Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր, անշուշտ նկատի առած՝ Մարտը, իբրեւ առաջին ամիս։ Մնացեալ ամիսները վերանուանուած են։

Յունուարը տարեմուտի ամիսն է։ Տարուան սկիզբը, սակայն՝ ձմրան կէսը։

  • Յունուար ամսուան Կենդանակերպի նշաններն են՝
    • մինչեւ 19-ը՝ Այծեղջիւր
    • 20-էն ետք՝ Ջրհոս

Նշանաւոր Օրերը

Խմբագրել
 
Յունուար
Եոախիմ ֆօն Զանտրարթ (1606-1688)
 
15 Յունուար,
Չափահասութեան Օրը Ճափոնի մէջ
Շարժական տօներ
Խմբագրել