Անթիլիաս (արաբերէն՝ أنطلياس‎), քաղաք՝ Լիբանանի մէջ։ Ըստ էութեան Պէյրութի արուարձան է, մօտաւորապէս 5  ք.մ. հեռաւորութեան վրայ, դէպի հիւսիս, Միջերկրական ծովու ափին։ Բարձրութիւնը ծովու մակերեսկէն՝ 10 մեդր է։ Բնակիչները հիմնականօրէն քրիստոնէաներ են՝ հայեր, մարոնիներ, յոյն կաթողիկէ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու հետեւորդներ։

Քաղաք-արուարձան
Անթիլիաս
أنطلياس
Երկիր  Լիբանան
Մարզ Լեռնալիբանան
Շրջան Մաթն
Համայնք Անթիլիաս-Նաքքաշ
Քաղաքապետ Մարք Մռադ (Marc Mrad)
Տարածութիւն 1.93 քմ²
Պաշտօնական լեզու արաբերէն, հայերէն
Ազգային կազմ Արաբներ, Հայեր
Ժամային գօտի UTC+2, ամառը UTC+3

Անթիլիասի մէջ կը գտնուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մէկը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։

Անուան ստուգաբանութիւն Խմբագրել

Անուանումը ունի յունական ծագում (ἀντήλιος) եւ կազմուած է է ἀντ ― «հակա» եւ ἥλιος «արեւ» բառերէն, այսինքն կը նշանակէ «արեւուն յանդիման»։

Ինքնակառավարման մարմինը Խմբագրել

Անթիլիասը ընդգրկուած է Անթիլիաս-Նաքքաշ համայնքի կազմին մէջ՝ Լիբանանի 8 նահանգներէն (մարզերէն) մէկուն՝ Մաթնի մէջ։ Անթիլիաս-Նաքքաշի տարածքը կը կազմէ 193 հեքդար (1.93 կմ²)[1]։

Աշխարհագրական տեղեկանք Խմբագրել

Անթիլիասի տարածքը կազմուած է ափամերձ պարարտ դաշտավայրային մասէն եւ արեւելեան կողմի լեռնային հատուածէն։ Կը ներառէ նաեւ Անթիլիաս գետակի երկու ափերու երկայնքով ձգուող նեղ հարթավայրային մասը։ Անթիլիաս գետակի ակունքը ոչ հեռու գտնուող Ֆավար աղբիւրն է, գետակը կը հոսի արեւելքէն արեւմուտք՝ թափելով Միջերկրական ծով։ Գետակին ջուրերը խիստ աղտոտուած են՝ շրջակայքի խիստ ուրբանիզացուածութեան եւ կոյուղաջուրերու մաքրման կայաններու բացակայութեան պատճառով[2]։

Մինչեւ 20-րդ դարու 90-ական թուականներն Անթիլիասի ափամերձ դաշտերը եւ Անթիլիասի գետահովիտը կառուցապատուած չէին եւ ծածկուած էին նարինջի ու պանանի ծառերով։ Բնակելի եւ առեւտրային նշանակութեան շէնքերու բուռն եւ հիմնականում քաոսային շինարարութիւնը ծանր ազդեցութիւն ունեցաւ շրջակայ միջավայրի վրայ․ կանաչ տարածքները գրեթէ իսպառ վերացան։

Առեւտուր, սնունդ, ժամանց Խմբագրել

Անթիլիասի մէջ կան այնպիսի հանրայայտ ընդարձակ շուկաներ, ինչպիսիքն են ABC-ն եւ Le Mall-ը, Spinneys եւ Bou Kahlil շուկաները, Cine St Elie, Grands Cinemas եւ CineMall շարժապատկերներու մեծ սրահները։ Հինգ առեւտրային դրամատուներ կան Անթիլիասը ափամերձ մայրուղիին կապող փողոցին մէջ։ Փողոցներէն մէկն ալ յայտնի է տարատեսակ խոհանոցներ ունեցող ճաշարաններով, ինչպէս են ճաբոնական Yen-ը, Yabani-ն ու Tsunami-ն, լիբանանեան Petit cafe-ն, Keif-ը եւ Lebnene-ն, ամերիկեան Spot-ը եւ Public-ը, իտալական Pinocchio-ն, մեքսիկական Carlito's-ն ու Ֆրանսական L'escroc-ը[3][4]։

Տեսարժան վայրեր Խմբագրել

 
Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար (1940) at the Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
 
Անթիլիասի Սբ. Եղիա կաթողիկէ եկեղեցին

Garden Tower-ը Անթիլիասի մէջ կառուցուած առաջին հիւրանոցն է։ Ան կը գտնուի Անթիլիասի գլխաւոր տեսարժան վայրին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրէն ոչ հեռու տարածքին մէջ։ Տարածքին մէջ կան նաեւ այլ կարեւոր կրօնական կեդրոններ, ինչպէս են մարոնիներու Սբ. Եղիա հին (1895) ու նոր եկեղեցիները եւ Յոյն Ուղղափառներու Սբ. Միքայել եկեղեցին։ Անթիլիասի մէջ է Քսար Աքիլ (Ksar Akil) հնավայրը՝ ուր յայտնաբերուած են տարածաշրջանի ամենահին՝ 30․000 տարեկան մարդու մնացորդները[5]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել