Հայ Առաքելական Եկեղեցի

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի (կամ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցի), աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական ազգային եկեղեցին։[1][2][3] Անիկա մաս կը կազմէ Արեւելեան Ուղղափառութեան եւ ամենահին քրիստոնէական համայնքներէն մէկն է։ Հայաստան առաջին երկիրն էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօնք, Դ. դարու սկիզբը (աւանդաբար՝ 301-ին), այս եկեղեցին հաստատելով։ Եկեղեցին ծնունդ առած է Բարդողիմէոս եւ Թադէոս առաքեալներու առաքելութենէն, Ա. դարուն, եւ կը հանդիսանայ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի կեդրոն։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար՝ Անթիլիաս, Լիբանան

Անիկա երբեմն անուանուած է Գրիգորեան-Լուսաւորչական եկեղեցի, սակայն այս անունը նախընտրուած չէ նոյնինքն եկեղեցւոյ կողմէ, քանի որ Բարդողիմէոս եւ Թադէոս առաքեալները կ'ընդունի իբրեւ իր հիմնադիրները, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ պարզապէս առաջին պաշտօնական կառավարիչը եկեղեցւոյ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. It was the first nation to adopt Christianity as its official religion. The Journal of Ecclesiastical History – Page 268 by Cambridge University Press, Gale Group, C.W. Dugmore
  2. The Armenian Massacres, 1894–1896: 1894–1896 : U.S. media testimony – Page 131 by A. Dzh. (Arman Dzhonovich) Kirakosian
  3. «Untitled Document»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 27 July 2011-ին։ արտագրուած է՝ 5 March 2015