Ս. Թադէոս Առաքեալ
Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը քարոզող առաջին առաքեալները եղան Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս:
Ս. Թադէոս Առաքեալ: եբր.՝ ג'ודאס טדיאו | |
---|---|
| |
Ծնած է | 10 |
Ծննդավայր |
Բանիաս, Հյուսիսային մարզ, Իսրայէլ Պարսկական կայսրութիւն |
Մահացած է | 62 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Ազգութիւն | հրեայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ: |
Մասնագիտութիւն | ագարակապան, միսիոնարուհի |
Վարած պաշտօններ | Քրիստոսի տասներկու առաքեալները |
Պատմութիւն
ԽմբագրելՍ. Թադէոս Առաքեալ քրիստոսի աշակերտներէն մէկն էր։ Քրիստոնէութիւնը քարոզելու համար գնաց ասորիներու Եդեսիա քաղաքը: Ասորիներու Աբգար թագաւորը հիւանդ էր։ Ան Յիսուսին լուր ղրկած էր, որ գայ եւ զինք բժշկէ, սակայն Յիսուս զբաղած ըլլալով խոստացած էր, որ իր աշակերտներէն մէկը կ'ուղարկէ իր մօտ:
Թադէոս Առաքեալին Եդեսիա մուտքով Յիսուսի խօսքը կը կատարուէր: Թադէոս թագաւորին արքունիք մտնելով Յիսուսին կեանքը, գործերն ու պատուիրանները կը քարոզէ: Աբգար թագաւոր անոր խօսքերէն ազդուելով կը հաւատայ Յիսուսին եւ հրաշքով կը փրկուի իր հիւանդութենէն: Ս. Թադէոս քրիստոնէութիւնը քարոզեց նաեւ ժողովուրդին, որմէ ազդուելով բազմաթիւ մարդիկ եւ իշխաններ հաւատացին Յիսուսին եւ մկրտուեցան: Թադէոս Առաքեալ հաւատացեալներուն համար եկեղեցիներ կառուցեց:
Ս. Թադէոս Առաքեալ Եդեսիայէն անցաւ Հայաստան, ուր կռապաշտութիւնը համատարած էր։ Թադէոս Առաքեալ զանազան քաղաքներ շրջեցաւ եւ քրիստոնէութիւնը քարոզելով, հաւատացեալները մկրտեց Յիսուսի անունով: Թադէոս Առաքեալ համարձակութիւնը ունեցաւ արքունիք մտնելու եւ հոն քրիստոնէութիւնը քարոզելու: Այդ ժամանակ հայոց թագաւորը Սանատրուկն էր, որ քրիստոնէութիւնը հալածող նշանաւոր անձնաւորութիւն մըն էր։ Պալատի նորադարձ քրիստոնեաներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Սանատրուկի աղջիկը՝ Սանդուխտ կոյս:
Սանատրուկ, երբ լսեց թէ պալատականներէն շատերը քրիստոնեայ դարձած են, զայրացաւ եւ անմիջապէս սպաննել տուաւ զանոնք, իսկ Սանդուխտ կոյսը բանտարկել տուաւ:
Թադէոս Առաքեալ, որ հրաշքով ազատած էր, բանտ գնաց եւ գաջալերեց Սանդուխտը իր հաւատքին մէջ անդրդրուելի մնալուն համար: Թագաւորը ի զուր փորձեց համոզել Սանդուխտը, որ հրաժարի իր նոր հաւատքէն եւ վերադառնայ կռապաշտութեան: Սանդուխտ հաստատ մնաց իր հաւատքին մէջ։ Այն ատեն Սանատրուկ սպաննել տուաւ թէ՛ Սանդուխտ կոյսը եւ թէ՛ Թադէոս Առաքեալը, 66 թուին:
Թադէոս Առաքեալի գերեզմանը կը գտնուի Արտազ գաւառին մէջ, ուր կառուցուած է Թադէոս վանքը:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Աշակերտին Դասացուցակը, 1700 Ամեակ, Տպագրութիւն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան: