Պէյրութ

Լիբանանի մայրաքաղաքն ու ամենամեծ քաղաքը

Պէյրութ (արաբերէն՝ بيروت‎), Լիբանանի մայրաքաղաքն ու ամենամեծ քաղաքը[2]։ Կը գտնուի Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին։

Քաղաք
Պէյրութ
արաբերէն՝ بيروت
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Լիբանան[1]
Ներքին բաժանում Էշրեֆիէ, Ռաս Պէյրութ, Zuqaq al-Blat?, Bachoura?, Saifi?, Mousseitbeh?, Rmeil?, Բեյրութի նավահանգիստ?, Dar Mreisseh?, Medawar?, Minet El Hosn? եւ Mazraa?
Քաղաքապետ Ապտիւլ Մընէպ Արիս
Առաջին յիշատակում 1500 BCE
Այլ անուանումներ Պէրիտ, Պէրիթիուս
Տարածութիւն 85 քմ²
ԲԾՄ 0 մեթր
Խօսուող լեզուներ Արաբերէն, Հայերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն
Բնակչութիւն 2,100,000 մարդ (2009)
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով
Ազգային կազմ Լիբանանցիներ, հայեր
Կրօնական կազմ Քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն
Տեղաբնականուն պէյրութցի
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 01
Սուրբ բարեխօս Սուրբ Գէորգ
Պաշտօնական կայքէջ beirut.gov.lb

Պատմական Տեղեկութիւններ

Խմբագրել
  • Պէյրութ, Պէրութա կամ Պէրիթ անունով յայտնի է Ք.Ա. 18-րդ դարէն (այլ տուեալներով՝ Ք.Ա. 15-րդ դարէն), որպէս փիւնիկեան քաղաք։ Պէյրութ չորս հազար տարի առաջ շինուած է Պիպլոսի ժողովուրդին կողմէ, որ շուտով զարգացած է եւ բնակելի դարձած: Այնուհետեւ ունեցած է անկախ պետականութիւն այն ափերուն վրայ, որ ծանօթ էր Փիւնիկէ անունով: Ժողովուրդը ունէր իր աստուածը, որ կը կոչուէր «Պաալ Պէրիթ», որ կը նշանակէ Պէյրութի տէրը կամ աստուածը: Շուտով Պէյրութ կ'ունենայ իր դրամանիշը, որ կը կրէ «Պաալ» աստուծոյ նկարը: Պէյրութի մասին առաջին յիշատակութիւնները կը վերագրուին Ք.Ա. 15-րդ դարուն «Թալ ըլ Ամարինա» սեպագիր արձանագրութիւններուն, ուր կը խօսուի նաեւ Պէյրութի թագաւորին՝ «Ամորինա»յի մասին: Վերջինս երեք նամակ ուղարկած էր Եգիպտոսի Փառաւոնին: Պէյրութի մասին նշուած է նաեւ Պիպլոսի թագաւոր «Ռապ Հատա»յի նամակագրութիւններուն մէջ։ Պէյրութի առաջին բնակավայրերը կառուցուած են քաղաքին գետին կղզիին վրայ, որ ժամանակի ընթացքին անհետացած է:
  • Պէյրութ շրջան մը գտնուած է Եգիպտոսի գերիշխանութեան տակ, երբ Թահթամուս Գ. Փառաւոնը «Հեքսոս»ները կը վտարէ Եգիպտոսէն եւ կը գրաւէ Միջերկրականի արեւելեան ափը:
  • Եգիպտացիներէն ետք, Փիւնիկէն, ինչպէս նաեւ Պէյրութը յաջորդաբար կը գրաւեն ասորիները, խեթերը եւ պարսիկները:
  • Մեծն Աղեքսանդր երբ կը նուաճէ Պարսկաստանը, իր կայսրութեան ներքեւ կ'առնէ նաեւ Պէյրութը:
  • Հելլենա-հռոմէական շրջանին (Ք․Ա․ 3-րդ դար - Ք.Ե.․ 4-րդ դար) եղած է արհեստներու եւ առեւտուրի մեծ կեդրոն՝ ինքնավարութեան եւ սեփական դրամ կտրելու իրաւունքով։ Ք.Ա. 140-ին քաղաքը կը գրաւէ եւ կ'ոչնչացնէ հելլենական թագաւոր «Դիոդոտոս Տրիվոն» Սելեւկեան պետութեան գահին վերահսկելու համար «Անուչուս Է.»-ի հետ պայքարի ընթացքին: Այնուհետեւ Պէյրութ կը վերակառուցուի հելլենիստական ոճով եւ կը կոչուի «Փիւնիկէի Լաութիսիա» (յունարէն ՝ Λαοδικεια ή του Φοινίκη), իսկ երբեմն ալ ՝ «Խեթական լաութիսիա»: 1991-ին կատարուած պեղումները ցոյց կու տան, որ քաղաքը այսօր կը գտնուի յոյներուն կողմէ կառուցուած քաղաքին աւերակներուն վրայ։ 1994-ին կատարուած պեղումներէն մէկը կը յայտնաբերէ, որ ժամանակակից «Պէյրութ Սուք էլ-Թաուիլա» փողոցը հին հելլենական կամ հռոմէական փողոցին արդիական ոճով վերակառուցումն է:
  • Ք.Ե. 635-ին Պէյրութ մտած է արաբական խալիֆայութեան մէջ։
  • 12-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 13-րդ դարու (ոչ մեծ ընդհատումներով) ենթարկուած է խաչակիրներուն, իսկ 14-15-րդ դարերուն՝ եգիպտացի մեմլուքներուն։
  • 1516-ին Պէյրութը նուաճած են թուրքերը, 17-18-րդ դարերուն քաղաքը կառավարած են լիբանանեան ամիրները կամ թուրք նահանգապետերը։
  • 1887-էն Պէյրութ Օսմանեան կայսրութեան համանուն վիլայէթի կեդրոնն էր։
  • Հոկտեմբեր 1918-ին Անդանտի զօրքերը կը գրաւեն Պէյրութը։
  • 1920-1926-ին Պէյրութ ֆրանսական ենթամանդատային «Մեծն Լիբանանի պետութեան», 1926-1943-ին Լիբանանի Հանրապետութեան, իսկ Նոյեմբեր 1943-էն սկսեալ անկախ Լիբանանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է։
  • 20-րդ դարու 20-ական թուականներէն ի վեր Պէյրութ ազգային-ազատագրական եւ յեղափոխական շարժումներու կեդրոն է (յայտնի են 1930-ական թուականներու, 1943-ի, 1958-ի եւ 2019-ի ժողովրդական ելոյթները)։

Պահպանուած Ճարտարապետական կոթողներ

Խմբագրել

Պէյրութի մէջ պահպանուած են փիւնիկեան, հռոմէական եւ բիւզանդական կառոյցներու մնացորդներ, Զամի ալ-Օմարի մզկիթը (վերակառուցուած է քրիստոնէական եկեղեցիէ, 1291-ին), «Պալատական մզկիթը» (16-րդ դարու սկիզբ)։

Փոքր բերդաքաղաք` պատմական Պէյրութը

Խմբագրել

Փոքր բերդաքաղաք` պատմական Պէյրութը ունէր միայն շուրջ 240 հազար քառ. մեթր ուղղանկիւն տարածութիւն` արեւելքէն արեւմուտք շուրջ 400 մեթր լայնքով, իսկ հարաւէն հիւսիս, ծով` շուրջ 600 մեթր երկայնքով եւ ութ դարպասներով: Մօտաւորապէս այժմ «Պիէլ»ի վերածուած ու անհետացած «Այն Մրէյսի»ի եւ «Զէյթունա»յի ծովեզերքէն` «Նորմանտի» պանդոկի շրջանին «Աւընիւ Ֆրանսէզ»էն մինչեւ «Ռիատ Սոլհ» հրապարակ, «Կրանտ Թէաթր» եւ «Ազարիէ» շէնքեր:

Քաղաքը ընդլայնելու որոշումով մը 1800-ական տարիներուն կը սկսին քանդել հռոմէական պարիսպը եւ դարպասները` Պապ Իտրիս, Պապ Խարիժա, Պապ Ալտիրքա, Պապ Ալսանթիա, Պապ Ալտապպաղա, Պապ Ալսարայա, Պապ Ապու Նասըր եւ Պապ Եաագուպ` քաղաքին հարաւի` «Յակոբին Դուռ»-ը, մօտաւորապէս Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մօտ` Ռիատ Սոլհ հրապարակին շրջանը: Ըստ 1820-ին կատարուած մարդահամարի մը, Պէյրութի մէջ կը բնակէին 400 հայեր եւ ասորիներ, ազգութիւնը առանձնաբար չեն հաշուած: Իւրաքանչիւր դարպասի պահակութիւնը եւ բանալին վստահուած կ'ըլլար համանուն գերդաստանին, օրինակ` հայազգի Յակոբին, Իտրիս ընտանիքին եւ այլն: Ս. Նշան մայր Եկեղեցւոյ առջեւի զառիվեր ճամբան աստիճան եղած է մինչեւ 1940-ական թուականներու վերջերը, եւ աստիճաններուն շուրջ` պղնձագործներու արհեստանոցներ եւ շուկայ:

Քաղաքին ընդարձակումը դանդաղօրէն կը շարունակուի, եւ 1953-ին` Պէյրութի վերաբերեալ քաղաքաշինութեան նոր օրէնքով մը, առաջին անգամ ըլլալով արտօնութիւն կը տրուի մինչեւ 9 յարկանի շէնքերու կառուցումին, գոյութիւն ունեցող նեղ փողոցներու երկայնքին… Այդ թուականէն ետք քաղաքը կը սկսի խճողուիլ բարձր շէնքերով` առանց ապահովելու հանրային տարածութիւններ ու լայն ճամբաներ: Օրինակ, Համրա փողոցը, որ նախապէս գիւղական տեսք ունեցած է, պարտէզներով ու ցանցառ բնակարաններով, ցած ու տեսանելի հորիզոնով, այդ թուականէն ետք կը սկսի արագօրէն զարգանալ եւ վերածուիլ բնակարանային, զբօսաշրջային ու տնտեսական երբեմնի կեդրոնին: Նոյն կշռոյթով կը կառուցուին Ռաուշէի, Մանարայի, Վերտանի, Ռաս Պէյրութի եւ այլ թաղամասերը:

Պէյրութի բնակիչներուն համար բնական էր հետիոտն ուղղուիլ դէպի դպրոց, գործատեղի, կեդրոնական շուկաներ, կամ այցելել ազգականներու եւ բարեկամներու, թէեւ ելեկտրական հանրակառքին կողքին կը գտնուէր ոչ պետական մեծ ու միջակ չափի հանրակառքերու ծառայութիւն. այսպէս` Տորա-Նահր, Պուրճ (այդպէս կը կոչուէր կեդրոնական Պէյրութը` Նահատակաց հրապարակը) երթուդարձի ուղին, վարձքը`10 դահեկան, կայարանը` սինեմա Մեթրոփոլի կողքի փողոցը: Հանրակառքեր կային դէպի գիւղերը եւ քաղաքները ուղղուող, կայարանը` Օփերայի, այժմու Վըրճըն Մեկասթորի (Virgin Megastore) կողքի փողոցը, ծովու կողմի փողոցին մէջ, եւ Նահատակաց հրապարակին հիւսիսային կայարանին յատուկ հատուածին մէջ:

1960-ականներու Պէյրութը

Խմբագրել

Մինչեւ 1960-ական թուականներու վերջերը Պէյրութ համեմատաբար փոքր քաղաք մըն էր, տակաւին չէր տարածուած իր սահմաններէն դուրս դէպի նորաստեղծ արուարձաններ` վերածուելու «Մեծն Պէյրութ»-ի: Շնորհիւ հանրակառքին եւ դէպի արեւելք ու հիւսիս տանող միակ ճամբուն` արուարձաններէն միայն Պուրճ Համուտը բնական շարունակութիւնը եղած է մայրաքաղաքին: 1956-ի որոշումով Պէյրութ գետը կը դառնայ մայրաքաղաքին արեւելեան սահմանը` բաժնելով զայն Պուրճ Համուտէն։ Գլխաւոր հրապարակ՝ Պուրճը, սիրտը քաղաքին, եռուզերի կաթսայ մը եղած է՝ հանրակառք, «օթօպիւս», «թաքսի», «սերվիս»ներ, ժողովուրդ, գոռում-գոչում եւ այս բոլորը ամբողջացնող մութ կանաչ տարազով խելակորոյս ոստիկաններ, զէնք ունենալով իրենց բերնի «անզէն» սուլիչը։ Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց Յուշարձանն ու արմաւենիներու արտայայտիչ շարանը խոցող երեւոյթը՝ «օթօպիւս»ներու եւ «թաքսի»ներու կայանն էր, դէպի տարբեր գիւղեր, քաղաքներ ուղղուող ճամբորդներու համար՝ Թրիփոլի, Զահլէ, Պաալպէք, Սայտա, մինչեւ իսկ Հալէպ կամ Դամասկոս:

Խարկուած, աղացած ու պատրաստ սուրճը նորութիւն էր 1960-ական տարիներուն, ինչպէս նաեւ «ֆարրուժ»-ը` յատուկ սարքի մէջ դառնալով եփած հաւը:

Աչքառու ներկայութիւն էին քաղաքի ամէնէն ժողովրդական պատկերասրահները՝ «Ռոքսի», «Ամբիր», «Տիւնիա», «Մեթրոբոլ», «Ռիվոլի» եւ քիչ մը անդին՝ «Կրան Թէաթր» եւ «Քաբիթոլ»:

Արեւելքի Փարիզն էր Պէյրութը, փառքի այդ օրերուն, ոչ միայն ֆրանսական ճարտարապետութեան իր դրօշմով այլեւ՝ «La dolce vita»ի (անուշ կեանք) ինքնուրոյն հմայքով ու համբաւով։

Հայկական կեանքն ալ ետ չէր մնար հաճելի եւ հարուստ այս օրերէն։ Պուրճ Համուտը զուտ հայկական իր բնոյթով փոքրիկ Հայաստան մըն էր կենսունակ դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու եւ շուկաներու լայն գործունէութեամբ:

1970-ականներու Պէյրութը

Խմբագրել

Մինչեւ 1970-ական տարիները, 1975-ի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, գերվաճառատուները ընդհանրացած չէին տակաւին, եւ ժողովուրդը իր գնումները կը կատարէր Պէյրութի ժողովրդային ու մասնայատուկ կեդրոնական շուկաներէն: Նահատակաց հրապարակին արեւմտեան կողմը կար Միջին Արեւելքի ամենամեծ ոսկերիչներու շուկան, որուն աջ կողմի փողոցի երկայնքին կը գտնուէր ամէնէն բանուկ ժողովրդային շուկան` «Սուք Սըրսոքը», «Սուք Էլ Քանտարժի»ն, «Սուք Էլ Էրմեն»ը (հայերու շուկան) եւ «Սուք Նուրիյէ»ն, իսկ ձախ կողմի փողոցը` «Սուք Տապպուս»ը:

Ազարիէ շէնքին դիմաց, մարոնիներու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կողքի աստիճաններէն վար կը սկսէր ձուկի եւ ողջ հաւու շուկան, իսկ մայր ճամբու եզերքին կը գտնուէր լիբանանեան զովացուցիչ «Ժալլուլ»-ի գործարանը: Բոլոր այս շուկաները նեղ թաղերով իրարու միացած էին մինչեւ «Մաարատ շուկայ» եւ խորհրդարանի հրապարակ: Իսկ «Պապ Իտրիս» շրջանին մէջ կար աւելի ընտրանի` «Սուք Թաուիլ»ը, «Սուք Եասմին»ը` ծաղիկներու շուկան, «սուք էլ Ֆրանժ»ը, «Սուք Պեզիրկան»ը, «Սուք Այեաս»ը, «Սուք Ժամիլ»ը եւ «Սուք Սայեար»ը: Իւրաքանչիւր Սուք` շուկայ, ունէր իւրայատուկ ապրանքի տեսականին եւ անոր համապատասխանող յաճախորդները:

Պանդոկ «Սեն Ժորժ»ը, կառուցուած` 1927-ին, Պէյրութ թերակղզիի ծովեզերեայ ծոցերէն մէկուն ցցուն ծայրամասին վրայ, ճարտարապետը` ֆրանսացի Օկիւսթ Փերէ եւ Անթուան Թապէթ, Լիբանանի մէջ առաջին շէնքն էր, որ այժմու պողպատ եւ պեթոն օգտագործող ոճով կառուցուած է: Կառոյցը դարձած է Պէյրութի եւ Լիբանանի խորհրդանիշը` զբօսաշրջային աշխարհին մէջ[3]:

Ժամանակակից Պէյրութը

Խմբագրել
 

Պէյրութը հիմնականօրէն ժամանակակից քաղաք է, ուղիղ փողոցներով, գեղեցիկ առափնեակով, բազմայարկ տուներով, հիւրանոցներով, դրամատուներով եւ վիլլաներով։ Կեդրոնը կը գտնուին 3 գլխաւոր հրապարակները (ալ-Պուրժ, ալ-Նըժմէ եւ Ասսուր), որոնցմէ հարաւ, հարաւ-արեւելք եւ արեւելք կը բացուին լայն փողոցներ՝ փոխարկուելով դէպի այլ քաղաքներ տանող խճուղիներու։ Ճարտարապետութեան մէջ կը գերակշռեն ժամանակակից պարզ ծաւալներն ու ձեւերը, հարթ պատերուն համադրուած ապակիի առատութիւնը, տափակ կտուրները՝ յաճախ օգտագործուած սրճարաններու, ճաշարաններու համար։ 1950-1960-ական թուականներուն կառոյցներէն են՝ դրամատան շէնքը (ճարտ․ Ա․ Սալամ), «Ազարիյէ» գրասենեակներու շէնքը (ճարտ․ Մ․ Էկոշար), «ալ-Սայէտ փրեսս» (ճարտ․ Բ․ Հ․ Մաքտիսի), Արդարադատութեան պալատը (ճարտ․ Ֆ․ Թրատ), «Փիւնիկիա» հիւրանոցը (ճարտ․ Է․ Սթոուն, Ռ․ Էլիաս), բազմաբնակարանանոց տուներ (ճարտ․ Է․ Թապէթ եւ ուրիշներ)։

Յուշարձաններ Եւ Թանգարաններ

Խմբագրել

Յուշարձաններէն են՝ թրքական տիրապետութեան զոհերու յուշարձանը ալ-Պուրժ հրապարակին վրայ եւ Ռիատ ալ-Սոլհի յուշարձանը Ասսուր հրապարակին վրայ։ Պէյրութ ունի Լիբանանի պետական, ամերիկեան, ֆրանսական, արաբական եւ հայկական համալսարաններ, Հնագիտական թանգարան, Լիբանանի արուեստի պատմութեան ազգային թանգարան, Սըրսոք (ժամանակակից արուեստի) թանգարան։

Լիբանանի Ազգային գրադարանը, որ կը գործէր 1921-ին փակուած է 1979-ին քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: 2000-ին վերաբացուած է։

Պէյրութի Համայնքները

Խմբագրել
 
Պէյրութի մէջ եկեղեցին եւ մզկիթը իրարու կից կառուցուած

Պէյրութ կը համարուի Լիբանանի այն գլխաւոր քաղաքը, ուր տարբեր համայնքներ իրարու դրացնութեամբ կը բնակին: Պէյրութը խորհրդանիշ է համայնքներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան:

Պէյրութը՝ Միջազգային յարաբերութեանց մէջ

Խմբագրել

Պէյրութ ունի Կարեւոր նաւահանգիստ, երկաթուղային եւ խճուղային ճանապարհներու հանգոյց, ինչպէս նաեւ միջազգային օդակայան։ Արդիւնաբերական, ելեւմտական եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն է։ Զարգացած են թեթեւ սնունդի եւ մետաղամշակման արդիւնաբերութիւնները։ Կ'արտահանէ լիմոն, խնձոր, ձիթապտուղի իւղ, մետաքսի հումք եւ բրդեղէն։

Կլիմայ

Խմբագրել

Կլիման մերձարեւադարձային է, տաք ու չոր ամառով։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը 14 °C է,իսկ Օգոստոսինը՝ շուրջ 28 °C, տարեկան տեղումները՝ շուրջ 900 մմ։

Պէյրութի կլիմայական տուեալները
Ամիս յունու փետ մարտ ապր մայ յուն յուլ օգոս սեպ հոկ նոյ դեկ Տարի
ցուցանշային բարձր °C (°F) 27.9
(82.2)
30.5
(86.9)
36.6
(97.9)
39.3
(102.7)
39.0
(102.2)
40.0
(104)
40.4
(104.7)
39.5
(103.1)
37.5
(99.5)
37.0
(98.6)
33.1
(91.6)
30.0
(86)
40.4
(104.7)
Միջին բարձր °C (°F) 17.4
(63.3)
17.5
(63.5)
19.6
(67.3)
22.6
(72.7)
25.4
(77.7)
27.9
(82.2)
30.0
(86)
30.7
(87.3)
29.8
(85.6)
27.5
(81.5)
23.2
(73.8)
19.4
(66.9)
24.3
(75.7)
Միջին օրական °C (°F) 14.0
(57.2)
14.0
(57.2)
16.0
(60.8)
18.7
(65.7)
21.7
(71.1)
24.9
(76.8)
27.1
(80.8)
27.8
(82)
26.8
(80.2)
24.1
(75.4)
19.5
(67.1)
15.8
(60.4)
20.9
(69.6)
Միջին ցած °C (°F) 11.2
(52.2)
11.0
(51.8)
12.6
(54.7)
15.2
(59.4)
18.2
(64.8)
21.6
(70.9)
24.0
(75.2)
24.8
(76.6)
23.7
(74.7)
21.0
(69.8)
16.3
(61.3)
12.9
(55.2)
17.7
(63.9)
ցուցանշային ցած °C (°F) 0.8
(33.4)
3.0
(37.4)
0.2
(32.4)
7.6
(45.7)
10.0
(50)
15.0
(59)
18.0
(64.4)
19.0
(66.2)
17.0
(62.6)
11.1
(52)
7.0
(44.6)
4.6
(40.3)
0.2
(32.4)
Տեղումներ մմ (մատնաչափ) 154
(6.06)
127
(5)
84
(3.31)
31
(1.22)
11
(0.43)
1
(0.04)
0.3
(0.012)
0
(0)
5
(0.2)
60
(2.36)
115
(4.53)
141
(5.55)
730
(28.74)
Միջ. անձրեւոտ օրեր 12 10 8 5 2 2 0.04 0.1 1 4 7 11 62
% խոնաւութիւն 64 64 64 66 70 71 72 71 65 62 60 63 66
Միջին ամսական արեւային ժամ 131 143 191 243 310 348 360 334 288 245 200 147 2940
Աղբիւր #1: Pogodaiklimat.ru[4]
Աղբիւր #2: Danish Meteorological Institute (sun 1931–1960)[5]

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բնակչութեան թիւը կը տարուբերի 938,940-էն 1,303,129-ի եւ 2,012,000-ի միջեւ։ Ճշգրիտ թիւ մը չըլլալուն պատճառը կը վերագրուի 1932-էն ի վեր մարդահամար չըլլալուն:

Հայերը Պէյրութի Մէջ

Խմբագրել

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Պէյրութ քաղաքին մէջ ապրած են շուրջ 1500 հայեր, որոնք մեծ մասամբ Ատանայէն, Մարաշէն, Եդեսիայէն, Տիարպեքիրէն, Ակնէն, Կ.Պոլիսէն, Պաղտատէն եւ այլ վայրերէ գաղթածներ էին։

Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու լայն զանգուած մը կը հաստատուի այստեղ եւ Պէյրութ կը դառնայ Սփիւռքի ամենակարեւոր կեդրոնը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը քանդէ Պէյրութը։ Բնականաբար կը տուժէ նաեւ տեղի հայ գաղութը երբ մեծ թիւով պէյրութահայեր կը փոխադրուին ԱՄՆ, Եւրոպա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ։ 1939-ին (Ալեքսանդրետի սանճախէն) բռնի տեղահանուած եւ արտաքսուած հայերը կը բնակին Պէյրութի մէջ։

Պէյրութի մէջ կը բնակէր շուրջ 180 հազար հայ (1973), յատկապէս՝ արհեստաւորներ (կօշկակարներ, դերձակներ, ոսկերիչներ, եւյլն.), բանուորներ եւ փոքր առեւտրականներ, կան մեծ առեւտրականներ, ձեռնարկատէր արդիւնաբերողներ, մեծ թիւով մտաւորականներ (գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, ճարտարապետներ, եւյլն.)։ Պէյրութի առաջին հայկական եկեղեցին՝ Ս․ Նշանը, սկսած է գործել 19-րդ դարու 2-րդ կիսուն, իսկ առաջին հայկական դպրոցը՝ 1902-ին։ 1973-ին Պէյրութի մէջ կը գործէին 50-էն աւելի վեցամեայ, թերի միջնակարգ եւ միջնակարգ հայկական դպրոցներ (Սուրէն Խանամիրեան քոլէճ՝ նախկին Ս․ Նշան վարժարան (փակուած), Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարան (փակուած), Վիեննական Մխիթարեան վարժարան, Սահակեան լիսէ (փակուած), Ն․ Փալանճեան ճեմարան (փոխարինուած Արսլանեան Ճեմարանով՝ Մըզհէր), Հ.Բ.Ը. Միութեան Դարուհի Յակոբեան վարժարան (փակուած), Հ.Բ.Ը. Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան (փակուած), Նոր Բարձրագոյն վարժարան, եւյլն.), բարձրագոյնի մակարդակի մէկ ուսումնական հաստատութիւն՝ Հայկազեան Համալսարանը, ուր հայերէն բացի կրթութիւն կը ստանան արաբ եւ այլազգի երիտասարդներ։ Հայագիտական ամպիոն ունի Հայկազեան համալսարանը։ Պէյրութի առաջին հայերէն թերթի հրապարակումէն (1921) մինչեւ 1973 լոյս տեսած է շուրջ 150 անուն պարբերական։ Այժմ կը հրատարակուի աւելի քան 20 անուն պարբերական։ Քաղաքին շուրջ 20 հայկական տպարաններուն մէջ կը տպագրուին հայերէն պարբերականներ, դպրոցական դասագիրքեր, գեղարուեստական, գիտական եւ այլ գրականութիւն։ Կը գործեն 100-էն աւելի հայկական մշակութային («Թէքէեան», «Նոր սերունդ», «Լիբանանահայ գրական շրջանակ», «Համազգային», եւյլն.), երիտասարդական-մարզական («Հայ մարմնամարզական միութիւն», «Արարատ», «Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւն», «Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւն» եւյլն.), բարեգործական (ՀԲԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղը հիմնուած է 1910-ին), հայրենակցական միութիւններ, քաղաքական, կրօնական, կրթական եւ այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ թատերախումբեր («Վահրամ Փափազեան», «Գասպար Իփէկեան», «Վարդան Աճէմեան», «Թատրոն-67», եւյլն.) ու երգչախումբեր («Գարուն», «Կոմիտաս»)։ Արմենպրեսը 1967-էն ուղղակի հեռատիպային կապ ունի Պէյրութի հետ։ Խորհրդային տարիներուն կը գործէր Երեւան-Պէյրութ օդային գիծ, ներկայիս եւս կը գործեն Երեւան-Պէյրութ օդային գիծեր։

Պէյրութի մէջ եղած են Ս. Նշան եկեղեցին (1851-էն), անոր կից հոգետուն, առաջնորդարան, դպրոց եւ գերեզմանատուն։ Կաթողիկէ համայնքը Պէյրութի մէջ ունեցած է Ս. Եղիա եկեղեցին (1890-էն), Ս. Յայտնութեան մատուռը եւ այլ գերեզմանատուն մը։

Պէյրութ «2009-ի գիրքի մայրաքաղաք»ը

Խմբագրել

Պէյրութը հռչակուած է «2009-ի գիրքի մայրաքաղաք»ը ՄԱԿի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ: Կազմակերպութեան մամլոյ տեղեկագիրին մէջ այս որոշումը հիմնաւորուած է անով, որ «Լիբանանի մայրաքաղաքը հաւատարիմ է մշակութային բազմազանութեան, երկխօսութեան եւ հանդուրժողութեան նպատակներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուած ծրագիրի բովանդակալիութեամբ ու աշխոյժ բնոյթով»։ Այդպիսով Պէյրութ կը դառնայ 9-րդ քաղաքը, որ գիրքի աշխարհի մայրաքաղաքը կ’ընտրուի:Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքը կը յայտարարուի ամէն տարի, աշխարհի տարածքին ընթերացանութեան զարկ տալու նպատակով:

Յայտնի Հայեր

Խմբագրել

Քաղաքաշինութեան ասպարէզին մէջ Մուհանտիզը (ճարտարապետը) (Մանուկ Մանուկեան, 1841-1925) շուրջ 50 տարի գլխաւորած է Դամասկոսի եւ Պէյրութի ճարտարագիտա-ճարտարապետական վարչութիւնները, Պէյրութի մէջ կառուցած է ճանապարհներ եւ հասարակական օգտագործման շէնքեր։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. archINFORM — 1994.
  2. edenglish։ ««Լիբանան խորհրդարանական ժողովրդավար հանրապետութիւն է հիմնուած ընդհանուր ու առաջին հերթին՝ կարծիքի ու դաւանանքի ազատութեանց վրայ…»»։ Լիբանանյան նախարարություն Տեղեկատվության (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2020-01-17 
  3. Պէյրութ եւ շրջակայքը
  4. «Climate of Beirut» (Russian)։ Weather and Climate (Погода и климат)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 May 2019-ին։ արտագրուած է՝ 21 May 2019 
  5. Cappelen John, Jensen Jens։ «Libanon – Beyrouth»։ Climate Data for Selected Stations (1931–1960) (Danish)։ Danish Meteorological Institute։ էջ 167։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 16 January 2013-ին։ արտագրուած է՝ 2 March 2013 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Ասպարէզ օրաթերթ»,20 Յուլիս, 2007