Եգիպտոս

Միջին Արեւելքի մէջ երկիր

Եգիպտոս, պաշտօնապէս՝ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն։ Երկիր մըն է հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Իր տարածքին մէջ կ'իյնայ նաեւ Սինայի շրջանը, որ կը սեպուի երկրային կամուրջ դէպի Ասիա։ Եգիպտոսի տարածութիւնը 1.001.450 քառ. քմ. է։ Անոր դրացիներն են Լիպիան՝ արեւմտուքէն, Սուտանը՝ հարաւէն ու Կազայի գօտին եւ Իսրայէլը՝ արեւելքէն։ Երկրին հիւսիսը կը գտնուի Միջերկրական ծովը, իսկ արեւելքէն՝ Կարմիր ծովը։

Եգիպտոս
Եգիպտոսի դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Աղեքսանտրիոյ նահանգ, Ասուան?, Ասյութ?, Բուհեյրա?, Բենի Սուեյֆ?, Կահիրե?, Դակահլիա?, Դումյաթ?, Ալ-Ֆայում?, Ղարպիա, Կիզա, Իսմայիլիա?, Կաֆր աշ-Շեյխ (մուհաֆազա)?, Matruh Governorate?, Էլ Մինյա?, Մինուֆիա?, Նոր Հովտի նահանգ?, Հյուսիսային Սինայ?, Պորտ Սաիդ (մուհաֆազա)?, Քալյուբիա?, Քենա?, Կարմիր ծով?, Շարկիա?, Sohag Governorate?, Հարավային Սինայ?, Սուեզ?, Լուքսոր? և Helwan Governorate?
Պետական լեզու Արաբերէն[1]
Մայրաքաղաք Գահիրէ
Օրէնսդիր մարմին Եգիպտոսի Խորհրդարան
Երկրի ղեկավար Աբդել Ֆաթթահ Ալ-Սիսի?
Կառավարութեան ղեկավար Մուստաֆա Մադբուլի?
Ազգաբնակչութիւն 114 535 772 մարդ (2023)[2]
Օրհներգ Բիլադի, Բիլադի?
Կարգախօս مصر أمّ الدنيا
Հիմնադրուած է 28 Փետրուար 1922 թ.
Արժոյթ Եգիպտական ​​ֆունտ?
Ժամային համակարգ UTC+2 և UTC+3։00[3]
Հեռաձայնային համակարգ +20
Համացանցի յղում .eg և مصر.?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,731[4]

Եգիպտոսը ամէնամեծ բնակչութիւն ունեցող ափրիկեան երկիրներէն մէկն է։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը Նեղոս գետի ափերուն կը բնակի, քանի որ հոն է որ հողագործութիւնը կարելի է։ Այլ շրջանները Սահարայի անապատին մաս կը կազմեն։

Եգիպտացիներուն մեծ զանգուածը կ'ապրի քաղաքներու մէջ, ընդհանրապէս Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա։

Հին եգիպտացիները ստեղծած են աշխարհի հնագոյն պետական կազմաւորումներն ու քաղաքակրթութիւնը, որու նուաճումներ են հիերոգլիֆային գիրը, զարգացած քաղաքաշինութիւնը, միասնական դիցարանը եւ կեդրոնացուած պետական կառավարման հնագոյն համակարգը[5]։ Կիզայի բուրգերը, Մեծ Սֆինքսը, ինչպէս նաեւ Մեմփիսի, Թեբէի աւերակներն ու Արքաներու հովիտը կը կազմեն Հին Եգիպտոսէն մեզի հասած պատմական ժառանգութեան մէկ մասը։ Ժամանակի ընթացքին Եգիպտոսը ենթարկուած է յոյներու, պարսիկներու, հռոմէացիներու, արաբներուի, օսմանեան թուրքերու եւ նուբիացիներու ազդեցութեան։ Սինայի թերակղզին նշանաւոր է որպէս վաղ քրիստոնէական կրօնի կեդրոններէն մէկը, սակայն այս հանգամանքը չի խանգարեր, որպէսզի 7-րդ դարոււ Եգիպտոսը դառնայ իսլամադաւան պետութիւն։ Զարգացած միջնադարուն ձեւաւորուած է Մամլուքներու սուլթանութիւնը՝ խաչակիրներու գլխաւոր հակառակորդներէն մէկը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ 16-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը Եգիպտոսը յաջորդաբար կառավարուած է Օսմանեան եւ Բրիտանական կայսրութիւններու կողմէ։ Ժամանակակից Եգիպտոսը ստեղծուած է 1922 թուականին՝ Բրիտանական կայսրութենէն անկախանալէն յետոյ։ Սակայն երկիրը փաստացիօրէն վերականգնած է ինքնիշխանութիւնը 1952 թուականին՝ ապստամբներու կողմէ վարչակարգի տապալումէն, Սուէզի ջրանցքի ազգայնացումէն, Ֆարուք I-ի աքսորէն եւ հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ։ Անկախութենէն յետոյ Եգիպտոսը ներքաշուած է արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան մէջ, եւ այդ ծիրէն ներս զբաղեցուցած է Գազայի հատուածը։ Յաջորդիւ սակայն վերջիններս ստիպուած եղած են ճանչնալ Գազայի նկատմամբ Իսրայէլի իրաւունքները։ Ներկայիս Եգիպտոսի գլխաւոր արտաքին մարտահրավէրներն են յետճգնաժամային բարդոյթները, ահաբեկչութեան սպառնալիքը եւ տնտեսական խնդիրները։

Ըստ կառավարման համակարգի՝ Եգիպտոսը կիսանախագահական հանրապետութիւն է։ Երկրի պաշտօնական կրօնը սուննի իսլամն է[6], լեզուն՝ արաբերէնը (բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը խօսի արաբերէնի եգիպտական բարբառով)։ Աւելի քան 95 միլիոն բնակչութեամբ՝ Եգիպտոսը հիւսիսային Ափրիկէի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արաբական աշխարհի ամէնաբնակեցուած պետութիւնն է (այս ցուցանիշով՝ երրորդը՝ Ափրիկէյի եւ տասնհինգերորդը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ)։ Եգիպտոսի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կը բնակի Նեղոսի տելդային մէջ՝ շուրջ 40 000 քառ. քմ. տարածքի մէջ։ Սահարայի մաս կազմող անապատային շրջանները, որոնք կը կազմեն Եգիպտոսի տարածքի մեծ մասը, գրեթէ բնակեցուած չեն։ Եգիպտացիներու գրեթէ կէսը կը բնակի քաղաքային բնակավայրերու մէջ՝ Գահիրէի, Աղեքսանդրիայի եւ Նեղոսի գետի ափին տեղաբաշխուած միւս քաղաքներուն մէջ։

Եգիպտոսը տնտեսապէս զարգացած պետութիւն է՝ ամէնաբազմաճիւղը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ 2016 թուականին Եգիպտոսը շրջանցած է Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւնը (ՀԱՀ)՝ դառնալով Նիճերիայէն յետոյ տնտեսապէս երկրորդ ամէնազարգացած պետութիւնը Ափրիկէ մայրցամաքին մէջ[7][8]։ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնը անկախութենէն ի վեր կը հանդիսանայ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան, Չմիացած երկիրներու շարժման, Արաբական լիկայի, Ափրիկեան միութեան, Իսլամական գոնֆերանսի եւ այլ կազմակերպութիւններոգ անդամ:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Եգիպտական քաղաքակրթութիւնը ձեւաւորուած է Ափրիկէի հիւսիս-արեւելքը՝ Նեղոս գետի ստորուն հոսանքի շրջաններուն մէջ։ Մ․թ․ա․ 10-6-րդ հազարամեակներուն Եգիպտոսի մէջ բնակող տոհմերն ու ցեղերը ապրած են թափառական կենցաղով՝ զբաղած հաւաքչութեամբ, որսորդութեամբ, ձկնորսութեամբ։ Նոր քարի եւ պղնձաքարի դարաշրջաններուն Եգիպտոսի բնակիչները անցում կը կատարեն նստակեցութեան․ կը սկսին զբաղիլ գլխաւորապէս երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Արտադրողական ուժերու զարգացման հետեւանքով տոհմատիրական կարգերը կը սկսին հետզհետէ քայքայուիլ եւ կը ձեւաւորուին վաղ դասակարգային յարաբերութիւններ[9]։

Հին Եգիպտոս

Խմբագրել

Արդիւնքով՝ աստիճանաբար կը ձեւաւորուին առաջին պետական կազմաւորումները, որոնք միասնական պետութեան ստեղծումէն յետոյ կը վերածուին նահանգներու։ Վերջիններս շարունակաբար կռիւներ կը մղէին միմիանց դէմ՝ հարստութեան, իսկ աւելի ուշ՝ գերիշխանութեան համար։ Մ․թ․ա․ 4-րդ հազարամեակի մօտ կիսուն մանր միաւորումները կը համախմբուին երկու բեւեռներու շուրջ, որու հետեւանքով ալ հարաւի մէջ կ'առաջանայ Ստորուն Եգիպտոսի թագաւորութիւնը՝ Պութօ կեդրոնով, իսկ հիւսիսի մէջ՝ Վերին Եգիպտոսը՝ Դերագոնպոլիս կեդրոնով։

 
Գիզայի բուրգերը հին աշխարհի յոթ հրաշալիքներից միակն է, որը պահպանվել է մինչ օրս։

Մ․թ․ա․ մօտ 3150 թուականին հիւսիսի թագաւոր Մենեսը երկարատեւ յամառ պայքարէ յետոյ կը հասնի առաւելութեան եւ ծունկի կը բերէ հակառակորդը[10]։ Այս դարակազմիկ իրադարձութենէն յետոյ կը ձեւաւորուի առաջին միասնական տինասդիան՝ Ապիտոս մայրաքաղաքով, որն ալ կ'ազդարարէ Հին Եգիպտոսի վաղ թագաւորութեան պատմութեան սկիզբը[11]։ Վաղ թագաւորութիւնը կը ներառէ առաջին երկու տինասդիաներու պատմութիւնը[12]։ Յաջորդիւ՝ իշխանութեան գլուխ կ'անցնի երրորդ թագաւորական հարստութիւնը, որու ներկայացուցիչներէն Ճոսեր փարաւոնը կ'իրականացնէ վարչաքաղաքական բարեփոխումներ, որոնք միտուած էին կառավարման կուռ համակարգի ձեւաւորման։ Այս շրջանին փարաւոնի իշխանութիւնը կը յայտարարուի աստուածատուր, իսկ փարաւոնը՝ մարդ-աստուած։ Եգիպտոսն իր հզօրութեան գագաթնակէտին կը հասնի չորրորդ արքայատոհմի իշխանավարման շրջանին։ Եգիպտացիները կը սկսին արշաւանքներ ձեռնարկել հարեւան երկիրներու դէմ՝ դէպի հարաւ՝ Նուպիա, դէպի արեւմուտք՝ Լիպիա եւ հիւսիս-արեւելք՝ Սինա եւ Պաղեստին։ Այս շրջանին կառուցուած է աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը՝ Քէոփսի բուրգը։ Մ.թ.ա. 23-րդ դարուն կը սկսի Եգիպտոսի մասնատումը, որուն յաջորդած գահակալական կռիւներու արդիւնքով (ի սկզբանէ անիկա ուղղուած էր նաեւ արտաքին միջավայրի զավթիչներու դէմ) փարաւոններու իշխանութեան պատմութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ։ Եգիպտոսի միաւորմամբ կը սկսի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային նոր վերելքը, որ կը տեւէ շուրջ երեք դար եւ յայտնի կը դառնայ «միջին թագաւորութիւն» անուանումով։ Մ․թ․ա․ 17-րդ դարուն Նեղոսի տելդան կը նուաճեն հիքոսդները, որոնք ալ կը հիմնեն Աւարիս մայրաքաղաքը։ Միջին թագաւորութենէն որոշ ժամանակ անց հիքսոսներու դէմ կը սկսին պայքարիլ Թեպէի շուրջ համախմբուած նոմերը, որոնք կը յաջողին վտարել հիքստերն ու հիմնադրել Եգիպտոսի նոր թագաւորութիւնը։

Աւելի ուշ, Եգիպտոսի տարածքը կ'ասպատակեն լիպիացիները, նուպիացիները եւ ասորիները, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կը խարխլեն թագաւորական իշխանութիւնն ու պետականութիւնը։ Այնուամենայնիւ, վերջիններուս դէմ պայքարելով յաղթանակ կը տանին եգիպտացիները՝ ազատագրելով իրենց երկիրը[13]։ Պսամետիկոս I փարաւոնը եւ իր յաջորդները սերտ առեւտրական յարաբերութիւններ կը հաստատեն յոյներու, փիւնիկեցիներու, հրեաներու եւ այլ ժողովուրդներու հետ։

Եգիպտոսը Աքեմենեան տէրութեան կազմի մէջ

Խմբագրել

Քաղաքակրթութեան յետագայ ծաղկումը կը վերաձեւէ արեւելքի քաղաքական սահմանները։ Մասնաւորապէս, Իրանական բարձրավանդակին մէջ աննախադէպ զարթօնք կ'ապրի պարսից թագաւորութիւնը՝ Աքեմենեան տէրութիւնը, որ զավթողական նկրտումներ ունէր իր հարեւաններուն նկատմամբ։ Մ․թ․ա․ 525 թուականին աքեմենեան բանակը՝ արքայից արքայ Կամբիւսես II-ի գլխաւորութեամբ, կ'արշաւէ Եգիպտոս։ Նեղոսի տելդային մէջ՝ Պելուսիոնի մօտ, պարսից բանակը յաղթանակ կը տանի փարաւոն Պսամմետիկոս III-ի նկատմամբ։ Գրաւելով մայրաքաղաք Մեմփիսը՝ Կամբիւսեսն ինքզինք կը հռչակէ փարաւոն՝ հիմնելով նոր՝ քսանեօթերորդ տինասդիան։ Շուտով սակայն Կամբիւսեսը ստիպուած կ'ըլլայ վերադառնալ Շոշ՝ Եգիպտոսը ձգելով սատրապութեան կարգավիճակի։ Քսանեօթերորդ արքայատոհմի բոլոր փարաւոնները (բացառութեամբ՝ Պետուբաստիս III-ի), որոնք կ'իշխանավարեն մ․թ․ա․ 525-402 թուականներու միջեւ, ինքնին Աքեմենեան տէրութեան արքայից արքաներն էին, որոնք կը ժառանգէին եգիպտական փարաւոնի տիտղոսը աքեմենեան թագի հետ միաժամանակ։ Ժամանակ առ ժամանակ եգիպտացիները կը կարողանան հուժկու ապստամբութիւն բարձրացնել օտարի տիրապետութեան դէմ, որոնք սակայն որեւէ հիմնարար արդիւնք չեն ունենար[14]։

Երեսուներորդ տինասդիան փարաւոններու ժամանակաշրջանի վերջին տինասդիան է, որ մեծապէս կը կառավարուի տեղացիներու կողմէ։ Մ․թ․ա․ 343 թուականին պարսից բանակը կը ջլատէ արքայատոհմի վերջին փարաւոնի՝ Նեկտանեբ II-ի ուժերը։ Այնուամենայնիվ, այս միջադէպէն շատ չանցած տարածաշրջանը կը յայտնուի արտաքին լուրջ սպառնալիքներու առջեւ, որոնք ալ Աքեմենեան տէրութեան արքայից արքան կը ստիպեն պատրաստուիլ վճռական պատերազմի։


Գիզայի հնագիտական համալիրի համայնապատկերը։ Երևում է Քեոփսի բուրգը և Մեծ սֆինքսը


Պտղոմէոսեան եւ Հռոմէական ժամանակաշրջան

Խմբագրել
 
«Ալեքսանդր Մակեդոնացին հիմնադրում է Աղեքսանդրիան»։ Հեղինակ՝ իտալացի նկարիչ Պլաչիդո Կոստանցա։ Աղեքսանդրիան Մակեդոնացու կողմից հիմնադրված առաջին խոշոր քաղաքն էր։

Իսոսի ճակատամարտէն յետոյ Եգիպտոս կը ներխուժէ Աղեքսանդր Մակեդոնացին՝ յունամակեդոնական բանակի գլուխն անցած։ Պարսից լուծին տակ գտնուող այս երկրին մէջ արեւմտեան նուաճողը կ'ընդունին որպէս ազատարար եւ նոյն օրն ալ վերջինս կը հռչակեն փարաւոն։ Աղեքսանդր Մեծը մ․թ․ա․ 332 թուականին ձեռնամուխ կ'ըլլայ միջերկրածովեան Աղեքսանդրիա քաղաքի հիմնադրման, որ այնուհետեւ կը դառնայ հելլենիստական աշխարհի կեդրոններէն մէկը։ Նշանաւոր զօրավարի մահուան յաջորդած Դիադոքսներու պատերազմի արդիւնքով Եգիպտոս կը հասնի Աղեքսանդրի հաւատարիմ զօրավարներէն Պտղոմէոսին։ Վերջինս կ'ընդունի եգիպտական բարքերն ու արարողակարգերը՝ հռչակուելով երկրի նոր փարաւոն։ Պտղոմէոսեան հարստութեան առաջին ներկայացուցիչներու օրօք հելլենիստական Եգիպտոսը կը համարուէր Արեւելքի հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը, իսկ անոր մայրաքաղաք Աղեքսանդրիան՝ Արեւելեան Միջերկրականի մեծագոյն նաւահանգիստն ու առեւտրա-արհեստաւորական մշակութային կեդրոնը[15][16]։

Հռոմէացիներու դաւադրութիւններուն հետեւանքով մ․թ․ա․ 88 թուականին Եգիպտոսէն կը հեռանայ արքայազն Պտղոմէոս Դիոնիսոսը, որուն փոխարէն Սենատը այս երկրի ղեկավարի պաշտօնին կը նշանակէ իր կամակատար Պտղոմէոս XVI-ը (վերջինս իր կառավարման սկիզբը Եգիպտոսը կը կտակէ հանրապետական Հռոմին)։ Իրավիճակը կը հարթուի Մեծ Հայքի թագաւորութեան արքայից արքայ Տիգրան Մեծի ջանքերով, որ կ'օգնէ գահի օրինական ժառանգորդին հաստատուիլ սեփական երկրին մէջ։ Անկէ յետոյ Հայաստանը կարճ ժամանակ ազդեցութիւն ձեռք կը բերէ Եգիպտոսի մէջ։ Պտղոմէոսեան տինասդիայի վերջին ներկայացուցիչը հանդիսացող Կլէոպատրա VII-ը ինքնասպան կ'ըլլայ իր սիրեցեալի՝ Հռոմի եռապետ Մարկոս Անտոնիոսի մահուընէն յետոյ։ Կարճ ժամանակ անց Եգիպտոսը կը նուաճէ Օգոստոս Օկտավիանոսը՝ զայն դարձնելով հռոմէական նահանգ։ Հռոմէական բռնագրաւումէն յետոյ անգամ հելլենիստական մշակոյթը կը շարունակէ բարգաւաճիլ այս երկրին մէջ։

Առաջին դարուն Եգիպտոսի մէջ կը տարածուի քրիստոնէական կրօնը՝ Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչի գործօն ջանքերով[17]։ Դիոկղետիանոս կայսեր բարեփոխումներու արդիւնքով հռոմէական տիրակալութիւնը կը բաժնուի երկու մասի, իսկ Եգիպտոսը կը դառնայ Բիւզանդական կայսրութեան մէկ մասը։ Վերջինիս կառավարման տարիները նշանաւոր կը դառնան նաեւ քրիստոնեաներու աննախադէպ հետապնդումներով, մինչդեռ այս ժամանակաշրջանին ալ տեղի կ'ունենայ Աստուածաշունչի Նոր կտակարանի եգիպտերէն թարգմանութիւնը։ 451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովով կը ստեղծուի ղպտի ուղղափառ եկեղեցին[18]։

Միջնադարեան Եգիպտոս

Խմբագրել

Եգիպտոսը բիւզանդական գերագահութեան տակ կը մնայ մինչեւ 7-րդ դարու առաջին տասնամեակները, որմէ ետք՝ 602-628 թուականներու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու արդիւնքով, կ'անցնի Սասանեան Պարսկաստանին։ 639-642 թուականներուն տարածաշրջանը կ'ենթարկուի Արաբական խալիֆայութեան (Բարեպաշտ խալիֆաներու պետութեան) մուսուլմանական զօրքի ներխուժման եւ նուաճման։ Արաբները գրաւելով Նեղոսի տելդան՝ այստեղ կը բերեն իրենց հայրենի հողերուն մէջ ծագած նոր կրօնը՝ իսլամը (մասնաւորապէս՝ սիւննի ուղղութեան ուսմունքը

Այս ժամանակաշրջանին Եգիպտոսի մէջ տեղի կ'ունենան դարակազմիկ փոփոխութիւններ, որոնք կը նպաստեն երկրի էթնիկական եւ կրօնական կազմի շրջադարձային փոփոխութեան։ Մասնաւորապէս, ինչպէս այստեղ, այնպէս ալ նուաճեալ այլ տարածքներու մէջ, կը սկսին իսլամականացման եւ արաբականացման հարկադիր եւ կամընտրական գործընթացներ, որոնք առաւել ցայտուն կերպով կ'արտայայտուին Եգիպտոսի պարագային։ 639 թուականին 4000-նոց Օմայեան խալիֆայութեան զօրախումբերը՝ Ամր իպն ալ-Ասի հրամանատարութեամբ, կ'արշաւեն Եգիպտոս։ Հելիոպոլիսի ճակատամարտին արաբական բանակը վճռական յաղթանակ կը տանի բիւզանդացիներուն դէմ՝ ամրապնդելով իրենց դիրքերը նուաճուած հիւսիսափրիկեան տարածքներուն մէջ։ Աղեքսանդրիան մուսուլմաններէն վերադարձնելու վերջին փորձը կը կատարէ Բիւզանդիայի կայսր Կոստանդ Բ-ն, որու նաւատորմը եւս ջախջախուած է Միջերկրական ծովուն մէջ։

Վաղ միջնադարուն Դեղոսի տելդային մէջ կը հիմնադրուի Ֆուստատ քաղաքը, որ, սակայն, կ'աւերուի Խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ։ Աւելի ուշ՝ 986 թուականին, կը հիմնադրուի Եգիպտոսի ներկայիս մայրաքաղաք Գահիրէն, որ կը յաւակնէր դառնալ խալիֆայութեան ամէնահարուստ եւ ընդարձակ քաղաքը։

Աբբասեան տիրապետութիւն

Խմբագրել

Աբբասեան խալիֆաները Եգիպտոսի մէջ կը սկսին վարել հարկային կոշտ քաղաքականութիւն, որու պատճառով վերջիններուս տիրապետութեան չորրորդ տարին այստեղ կը բռնկի ղպտական մասշտապային ընդվզում։ Ապստամբութիւնը ճնշելու նպատակով Աղեքսանդրիա կը ժամանէ Խորասանի կառավարիչ Ապտալլահ իպն Թահիր ալ-Խուրասանին, որ կը յաջողի պարտութեան մատնել ղպտի ապստամբական ուժերը։ Յաջորդիւ ղպտական ընդվզումներ տեղի կ'ունենան նաեւ 828 եւ 831 թուականներուն։

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել
 
Նեղոսի հովիտը Լուքսորի մօտ։
 
Ժայռոտ լանդշաֆտ Մարսա Ալամում։

Եգիպտոսը գլխաւորապէս կը գտնուի հիւսիսային լայնութեան 22-32 աստիճաններու եւ արեւելեան երկայնութեան 25-35 աստիճաններու միջեւ։ Ունի 1,001,450 քառ. քմ. տարածք (386, 660 քառակուսի մղոն)[19], որու շնորհիւ 30-րդն է՝ ամէնամեծ տարածք ունեցող պետութիւններու շարքին։ Եգիպտոսի չափազանց չոր կլիմային պատճառով՝ երկրի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Նեղոսի հովիտի եւ տելդայի շրջանը, ինչ որ ենթադրել կու տայ թէ բնակչութեան 99 %-ը կը բնակի երկրի տարածքի 5.5% վրայ[20]։ Եգիպտացիներուն 98 %-ը կը բնակի երկրի տարածքի 3 %-ի վրայ[21]։

Եգիպտոսը արեւմուտքէն սահմանակից է Լիպիային, հարաւէն՝ Սուտանին, իսկ արեւելքէն՝ Իսրայէլին եւ Կազայի հատուածին։ Շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին՝ Եգիպտոսը մեծ դերակատարութիւն ունի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ։ Ըլլալով միջմայրցամաքային պետութիւն՝ անիկա ցամաքային կամուրջ է Ափրիկէի եւ Ասիայի միջեւ, որ կը հատուի նաւարկելի ջրուղիով (Սուէզի ջրանցք)։ Վերջինը Միջերկրական ծովը, Կարմիր ծովի միջոցով կը կապէ Հնդկական ովկիանոսին հետ։

Բացառութեամբ Նեղոսի հովիտին, Եգիպտոսի ռելիեֆի մեծ մասը կը կազմեն անապատները, որոնք ունին քանի մը ովասիսներ։ Քամիները կը ստեղծեն խոշոր աւազէ դիւներ, որոնց բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 100 ոտք (30 մետր)։ Եգիպտոսի մէջ կը գտնուի Սահարայի եւ Լիպիական անապատներու մէկ մասը։ Այս անապատները պաշտպանած են արեւմտեան սպառնալիքներէն, պաշտպանած են Փարաւոններու թագաւորութիւնը եւ Հին Եգիպտոսի մէջ համարուած՝ որպէս «կարմիր հողեր»։

Աղեքսանդրիան Եգիպտոսի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքն է։ Միւս խոշոր քաղաքներէն են Ասուաը, Ասյութը, երկրի ներկայիս մայրաքաղաք եւ խոշորագոյն քաղաք Գահիրէն, Էլ Մահալա Էլ Քուպրան, Կիզան, ուր կը գտնուին Եգիպտական բուրգերը, Հուրգատան, Լուքսորը, Գոմ Օմպոն, Սաֆագան, Պորտ Սայիտը, Շարմ էլ Շեյխը, Սուէզը, որ կը գտնուի Սուէզի ջրանցքի արեւելքը, Զակազիկը եւ Էլ Մինիան։ Օվասիսներու կարգին են Պահարիան, Դախլան, Ֆարաֆրան, Խարգան եւ Սիվան։ Պրոտեկտորատներու կարգին են Ռաս Մոհամմատ ազգային պարկը, Զարանիկ պրոտեկտորատը եւ Սիվա ովասիսը։

2015 թուականի Մարտ 13-ին յայտարարուած է նոր մայրաքաղաք կառուցելու պլաններու մասին[22]։

Կառավարման համակարգ

Խմբագրել
 
Աբդել Ֆաթթահ Ալ-Սիսին Եգիպտոսի գործող նախագահն է։

Եգիպտոսի ներկայացուցիչներու պալատը, որու անդամները կ'ընտրուին հինգ տարի ժամկէտով, երկրի գլխաւոր օրէնսդիր մարմինն է։ 2010 թուականէն յետոյ երկրին մէջ խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 2011 թուականի Նոյեմբերի եւ 2012 թուականի Յունուարի միջեւ, որու արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանը յետագային ցրուած է։ Յայտարարուած է, որ յաջորդ ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան Սահմանդրութեան վաւերացումէն 6 ամիս անց՝ 2014 թուականի Յունուար 18-ին։ Այդ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են երկու փուլով՝ 2015 թուականի Հոկտեմբեր 17-էն Դեկտեմբեր 2-ի միջեւ[23]։ Եգիպտական օրէնսդրութեան համաձայն՝ երկրի խորհրդարանը կը ձեւաւորուի նախքան նախագահի ընտրութիւնը, սակայն ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրը տեղափոխած է ընտրութիւններու ժամկէտները[24]։ Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 2014 թուականի Մայիսի 26-28-ը։ Մասնակցութեան ընդհանուր ցուցանիշը կազմած է 25,578,233 կամ ընտրողներու ընդհանուր թիւի 47.5%։ Մօտ 23 միլիոն 780 000 քուէ ստացած է Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին կամ ձայներու ընդհանուր թիւի 96․9 %-ը, այն պարագային, երբ Համտեն Սապահին ստացած է 757,511 կամ ձայներու ընդհանուր թիւի 3.1%-ը[25]։

Նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի գլխաւորած Մուսուլման եղբայրներու բռնապետական կառավարութեան դէմ տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցերէն յետոյ[26], 2013 թուականի Յուլիս 3-ին գեներալ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին յայտարարած է իշխանութենէն Մուրսիի տապալման եւ 2012 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան կասեցման մասին։ Ձեւաւորուած է 50 հոգիէ բաղկացած սահմանադրական կոմիտէ, որ պէտք է զբաղեր Սահմանադրութեան բարեփոխմամբ։ Աւելի ուշ, Սահմանադրութեան նոր տարբերակը դրուած է հանրաքուէի եւ ընդունուած 2014 թուականի Յունուար18-ին[27]։

2013 թուականին «Freedom House-ը» Եգիպտոսի մէջ քաղաքական իրաւունքներու ազատութիւնը 7 բալանոց համակարգով գնահատել է 5 միաւոր (գնահատման աղիւսակին մէջ 1-ը կը նշանակէ բացարձակ ազատ, իսկ 7-ը՝ բացարձակ ոչ ազատ), իսկ քաղաքացիական ազատութիւնները՝ դարձեալ 5, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Եգիպտոսն ազատութիւններու տեսանկիւնէն «մասամբ ազատ» պետութիւն է[28]։

Եգիպտական ազգայնականութիւնը, ի տարբերութիւն արաբական ազգայնականութեան, ունի աւելի հին պատմութիւն։ Անիկա սկսած է դեռեւս 19-րդ դարուն եւ դարձած արտայայտման դոմինանտ ձեւ 20-րդ դարու առաջին կիսուն՝ դրսեւորուելով հակագաղութատիրական պայքարի եւ մտաւորականութեան շրջանակներուն մէջ[29]։ Իսլամիստական գաղափարախօսութեան կրող հանդիսացող Մուսուլման եղբայրներուն գլխաւորաբար կ'աջակցին Եգիպտոսի միջին ցած խաւի ներկայացուցիչները[30]։

Արաբական աշխարհին մէջ Եգիպտոսը ունի ամէնահին շարունակուող խորհրդարանական կարգերու աւանդոյթը[31]։ Առաջին հանրային խորհրդարանը հիմնադրուած է 1866 թուականին։ Լուծարուած է 1882 թուականին՝ բրիտանական բռնագրաւման պատճառով։ Բռնագրաւումէն յետոյ բրիտանացիները թոյլատրած են միայն խորհրդատուական մարմնի գործունէութիւն։ 1923 թուականին, այդուհանդերձ, երբ հռչակուեցաւ երկրի անկախութիւնը, նոր սահմանադրութեամբ երկրին մէջ հաստատուեցաւ խորհրդարանական միապետութիւն[31]։

Մամուլի ազատութիւն

Խմբագրել

«Լրագրողներ առանց սահմաններիու» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 2017 թուականին, խօսքի ազատութեան համաշխարհային ինդեքսին մէջ, Եգիպտոսը 180 երկիրներու շարքին դասակարգած է 160-րդ հորիզոնականը։ 2015 թուականի Օգոստոս ամսուայ դրութեամբ՝ Եգիպտոսի մէջ դատապարտուած է 18 լրագրող։ 2015 թուականի Օգոստոսին ընդունուած հակաահաբեկչական նոր օրէնսդրութիւնը, ահաբեկչութեան թեմայով կեղծ տեղեկատուութիւն տարածելու համար, որ « կը տարբերի Եգիպտոսի պաշտպանութեան դեպարտամենտի տեսանկիւնէն», լրագրողներուն կը սպառնայ նախկին 25 000 ԱՄՆ տոլարի համար տուգանել 60 000 ԱՄՆ տոլարով[32]։

Ռազմական եւ արտաքին յարաբերութիւններ

Խմբագրել
 
Եգիպտոսի պատվո պահակախմբի զինծառայողները ԱՄՆ ռազմածովային ուժերի ծովակալ Մայք Մյուլենի այցի ժամանակ։

Զինուորականները մեծ ազդեցութիւն ունին Եգիպտոսի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին վրայ եւ անոնք ենթակայ չեն հանրային կեանքի այլ հատուածներու վրայ գործադրուող օրէնքներուն։ Զինուած ուժերը ունին բաւականաչափ իշխանութիւն, ազդեցութիւն եւ անկախ են պետութենէն։ Զինուած ուժերը կը համարուին եգիպտական «խոր պետութեան» բաղկացուցիչ մաս[33][34][35]։

Համաձայն Իսրայէլի Քնեսեթի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան կոմիտէի նախկին ղեկավար Եուվալ Շտայնիցի՝ Եգիպտոսի ռազմաօդային ուժերն ունեն նոյնքան ժամանակակից ռազմական ինքնաթիռներ, որքան Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը։ Շտայնիցի խօսքերով՝ Եգիպտոսն ունի արեւմտեան աւելի շատ թանկեր, հրետանի, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ եւ ռազմանաւեր, քան Իսրայէլի զինուած ուժերը[36]։ Իսրայէլը կ'ենթադրէ, որ Եգիպտոսը տարածաշրջանի երկրորդ պետութիւնն է, որն ունի լրտեսական արբանեակ՝ EgyptSat 1[37], որ, ի յաւելումն EgyptSat 2-ի, արձակուած է 2014 թուականի Ապրիլ 16-ին[38]։

Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուբարաքը և ԱՄՆ նախկին նախագահ Ջորջ Ու. Բուշը, Քեմփ Դևիդ, 2002 թվական։
Նախագահ Աբդել Ֆաթթահ Ալ-Սիսին և Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Պուտինը, Սոչի, 2014 թվականի օգոստոս։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տարեկան Եգիպտոսին կը տրամադրէ ռազմական օգնութիւն, որ 2015 թուականի տուեալներով, կազմած է 1,3 միլիարդ տոլար[39]։ 1989 թուականին Եգիպտոսը յայտարարուած է ԱՄՆ-ի ՆԱԹՕ-ի ոչ անդամ գլխաւոր դաշնակիցը[40]։ Այնուամենայնիւ, երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները վատացած են 2013 թուականին տեղի ունեցած եգիպտական յեղաշրջման պատճառով, երբ երկրին մէջ իշխանութեան եկան Մուհամմատ Մուրսին եւ «Մուսուլման եղբայրները»[41]։ Իսլամիստական ուժերու իշխանութեան գալէն յետոյ՝ Պարաք Օպամայի վարչակազմը դատապարտեց երկրին մէջ ոչ ժողովրդավարական իշխանութեան հաստատումը եւ չեղարկեց երկու երկիրներու միջեւ նախատեսուող ռազմական զօրավարժութիւնները[42]։ Այդուհանդերձ, երկու երկիրները կ'իրականացնեն որոշակի քայլեր՝ կարգաւորելու ԱՄՆ-ի եւ Եգիպտոսի յարաբերութիւնները։ Երկու երկիրներու կառավարութիւններն ալ կոչ կ'ընեն ընդհանուր ուժերով պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններու դէմ[43][44][45]։ Այդուհանդերձ, ԱՄՆ 2016 թուականի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ հանրապետական Տոնալտ Թրամփի ԱՄՆ նախագահ ընտրուելէն յետոյ, կարծես թէ, ջերմացած են երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները։ Ալ- Սիսին եւ Թրամփը հանդիպած են 2016 թուականի Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլիայի 71-րդ լիագումար նիստի բացման ժամանակ[46]։ Նախագահ Թրամփի կողմէ, մուսուլմանական 7 երկիրներ ճամբորդութիւններու արգելքին գծով՝ Եգիպտոսի բացակայութիւնը, նկատառուած է Ուաշինկթընի մէջ, չնայած Գոնկրէսը մտահոգութիւններ յայտնած էր Եգիպտոսի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներու վերաբերեալ՝ յատկապէս այլախոհներու նկատմամբ[47]։ 2017 թուականի Ապրիլ 3-ին Ալ-Սիսին Սպիտակ տան մէջ հանդիպած է Թրամփին, որ վերջին 8 տարուայ մէջ Եգիպտոսի նախագահի առաջին պաշտօնական այցն էր Ուաշինկթըն։ Թրամփը շնորհաւորած է Ալ-Սիսին Եգիպտոսի նախագահ ընտրուելու առիթով եւ շեշտած, որ ժամանակն է կարգաւորելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները[48]։

Եգիպտոսի զինուած ուժերն ունին զէնքի եւ զինամթերքի, ինչպէս նաեւ սպառողական ապրանքներու արտադրութեան բազմաթիւ գործարաններ։ Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ առկայ են աշխարհի տարբեր պետութիւններու մէջ արտադրուած զինթեխնիկա եւ զինամթերք։ Նախկին Խորհրդային Միութեան սարքաւորումները փոխարինուած են ամերիկեան, ֆրանսական եւ բրիտանական ժամանակակից սարքաւորումներով, որոնց մեծ մասը, յատուկ արտօնագրի առկայութեան ներքոյ, արտադրուած են Եգիպտոսի մէջ, ինչպէս օրինակ Աբրամս Մ1 տիպի ամերիկեան թանկերը։ Մուհամմատ Մուրսիի տապալումէն յետոյ՝ Եգիպտոսի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները էականօրէն բարելաւուած են[49]։ Երկու երկիրները կը ձգտին զարգացնել ռազմական[50] եւ առեւտրական յարաբերութիւնները[51], որոնք կ'իրականացուին համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններով։ Վերջին տարիներուն էականօրէն զարգացած են նաեւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները։ 2014 թուականին Եգիպտոսը եւ Չինաստանը հաստատած են «բազմակողմ ռազմավարական գործակցութիւն»[52]։ 2019 թուականի Յուլիսին, ՄԱԿ-ի 37 երկիրներու դեսպաններ, ներառեալ Եգիպտոսը, ստորագրած են ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին ուղղուած միացեալ նամակ, որ կը սատարէր Չինաստանի գործողութիւններուն ույկուրներու նկատմամբ, որոնք տեղի կ'ունենային Չինաստանի Սինծիան նահանգին մէջ[53]։

Արաբական պետութիւններու լիկայի գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Գահիրէի մէջ, իսկ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը սովորաբար կ'ըլլայ եգիպտացի։ Այդ պաշտօնը ներկայիս կը զբաղեցնէ երկրի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմետ Ապտուլ Կեյթը։ 1978 թուականին Արաբական պետութիւններու լիկայի գրասենեակը Եգիպտոսէն տեղափոխուած է Թունուս՝ ի բողոք Իսրայէլա-եգիպտական խաղաղութեան պայմանագրին։ Սակայն 1989 թուականին վերադարձած է Գահիրէ։ Պարսից ծոցի միապետութիւնները, ներառեալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները[54] եւ Սէուտական Արաբիան[55], միլիոնաւոր տոլարներ կը տրամադրեն Եգիպտոսին՝ տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, որոնք առաջացած էին 2013 թուականի յեղաշրջումէն յետոյ[56]։

 
Նախագահ Ալ-Սիսին ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի հետ, 2017 թուականի մայիսի 21։

1973 թուականի Արաբա-Իսրայէլական պատերազմէն եւ անոր յաջորդած խաղաղութեան պայմանագիրէն յետոյ, Եգիպտոսը դարձած է արաբական առաջին պետութիւնը, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Իսրայէլի հետ։ Այդուհանդերձ, շատ եգիպտացիներու կարծիքով Իսրայէլը կը շարունակէ դիտարկուիլ որպէս թշնամի պետութիւն[57]։ Պատմականօրէն Եգիպտոսն ունեցած է միջնորդի դեր՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Վերջինս աշխոյժօրէն ներգրաւուած է Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան եւ խաղաղութեան գործընթացի կազմակերպման մէջ[58]։ Կազայի մէջ հրադադարի պահպանման եւ միջնորդութեան Եգիպտոսի ջանքերը, կարծես թէ կը խաթարուէին, երբ 2005 թուականին Իսրայէլը սկսաւ առաջնագիծէն տեղահանել իր բնակավայրերը, չնայած, Մուհամմատ Մուրսիի տապալումէն յետոյ, Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան նկատմամբ հասունցող դժգոհութիւններուն[59]։ Այդ ընթացքին այնպիսի պետութիւններ, ինչպիսին Թուրքիան եւ Քաթարը, կը ցանկային ստանձնել միջնորդի դերը[60]։

Եգիպտոսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ոչ արաբական միւս պետութիւններու յարաբերութիւնները, այդ կարգին նաեւ Իրանի եւ Թուրքիայի հետ, յաճախ կը լարուէին։ Իրանի հետ յարաբերութիւններու լարումը գլխաւորաբար պայմանաւորուած է Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ խաղաղութեան պայմանագրով եւ Պարսից ծոցին մէջ Եգիպտոսի աւանդական դաշնակիցներով, որոնք թշնամական յարաբերութիւններ ունին Իրանի հետ[61]։ Թուրքիայի կողմէ, ներկայիս արգիլուած, «Մուսուլման եղբայրներուն» աջակցութիւնը եւ ներգրաւումը Լիպիայի քաղաքացիական պատերազմին մէջ, երբեմն կը լարէ Եգիպտոսի հետ վերջինիս յարաբերութիւնները[62][63]։

Եգիպտոսը Չմիացած երկիրների շարժման եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ է։ Սկսած 1983 թուականէն Եգիպտոսը կ'անդամակցէ նաեւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան։ Երկրի նախկին փոխվարչապետ Պութրոս Պութրոս-Ղալին 1991-1996 թուականներուն եղած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար։

2008 թուականին Եգիպտոսի մէջ հաշուարկուած է շուրջ երկու միլիոն Ափրիկեցի փախստականներ, ներառեալ Սուտանի շուրջ 20,000 քաղաքացիներ, որոնք ՄԱԿ-ի Փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի կողմէ գրանցուած են որպէս փախստականներ, որոնք փրկուած են զինուած հակամարտութենէն կամ կը հայցեն ապաստան։ Եգիպտոսը, սահմանային վերահսկողութեան ժամանակ, յաճախ կը կիրառէ «կտրուկ, երբեմն մահացու» մեթոտներ[64]։

Վարչական բաժանում

Խմբագրել

Եգիպտոսը բաժնուած է 27 մուհաֆազաներու։ Իրենց հերթին մուհաֆազաները բաժնուած են շրջաններու։ Շրջանները ունին քաղաքներ եւ գիւղեր։ Իւրաքանչիւր մուհաֆազա ունի մայրաքաղաք եւ կեդրոնական քաղաք, որ շատ յաճախ կը կրէ մուհաֆազայի անունը[65]։

 
Կաղապար:Center

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 2 // (unspecified title)
  2. 2,0 2,1 https://data.who.int/countries/818
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/africa
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  5. Midant-Reynes Béatrix (2000)։ The Prehistory of Egypt: From the First Egyptians to the First Kings։ Oxford: Blackwell Publishers 
  6. «Constitution of The Arab Republic of Egypt 2014»։ sis.gov.eg։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հուլիսի 18-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ ապրիլի 13 
  7. «South Africa just lost its spot as Africa's second largest economy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 11 
  8. «South Africa's Economy Falls To Third Behind Nigeria, Egypt»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017 թ․ դեկտեմբերի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 19 
  9. Midant-Reynes, Béatrix. The Prehistory of Egypt: From the First Egyptians to the First Kings. Oxford: Blackwell Publishers.
  10. «The Nile Valley 6000–4000 BCE Neolithic»։ The British Museum։ 2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ փետրվարի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2008 թ․ օգոստոսի 21 
  11. Bard, Kathryn A. Ian Shaw, ed. The Oxford Illustrated History of Ancient Egypt. Oxford: Oxford University Press, 2000. p. 69.
  12. «The Fall of the Egyptian Old Kingdom»։ BBC։ 2011 թ․ փետրվարի 17։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 3 
  13. «The Kushite Conquest of Egypt»։ Ancientsudan.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ փետրվարի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ օգոստոսի 25 
  14. Shaw (2002) p. 383
  15. Bowman Alan K (1996)։ Egypt after the Pharaohs 332 BC – AD 642 (2nd հրտրկթն․)։ Berkeley: University of California Press։ էջեր 25–26։ ISBN 0-520-20531-6 
  16. Stanwick Paul Edmond (2003)։ Portraits of the Ptolemies: Greek kings as Egyptian pharaohs։ Austin: University of Texas Press։ ISBN 0-292-77772-8 
  17. «Egypt»։ Berkley Center for Religion, Peace, and World Affairs։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ դեկտեմբերի 20-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ դեկտեմբերի 14  See drop-down essay on "Islamic Conquest and the Ottoman Empire"
  18. Kamil, Jill. Coptic Egypt: History and Guide. Cairo: American University in Cairo, 1997. p. 39
  19. Goldschmidt Arthur (1988)։ Modern Egypt: The Formation of a Nation-State։ Boulder, CO: Westview Press։ էջ 5։ ISBN 978-0-86531-182-4։ Արխիվացված օրիգինալից 6 September 2015-ին։ Վերցված է 20 June 2015 
  20. «Background Note: Egypt»։ United States Department of State Bureau of Near Eastern Affairs։ 10 November 2010։ Վերցված է 5 March 2011 
  21. Pierre Crabitès (1935)։ Ibrahim of Egypt։ Routledge։ էջ 1։ ISBN 978-0-415-81121-7։ Արխիվացված օրիգինալից 9 May 2013-ին։ Վերցված է 10 February 2013։ «... on July 9, 1805, Constantinople conferred upon Muhammad Ali the pashalik of Cairo ...» 
  22. «Egypt to build new administrative and business capital»։ BBC News։ 2015 թ․ մարտի 13։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ դեկտեմբերի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հունիսի 20 
  23. «Timetable for Egypt's parliamentary elections announced; voting to start 17 Oct»։ Ahram Online։ 2015 թ․ օգոստոսի 30։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ սեպտեմբերի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ սեպտեմբերի 11 
  24. Stanwick Paul Edmond (2003)։ Portraits of the Ptolemies: Greek kings as Egyptian pharaohs։ Austin: University of Texas Press։ ISBN 0-292-77772-8 
  25. «El-Sisi wins Egypt's presidential race with 96.91%»։ English.Ahram.org։ Ahram Online։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հուլիսի 31-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հուլիսի 28 
  26. «Think Again: The Muslim Brotherhood»։ Al-Monitor։ 2013 թ․ հունվարի 28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017 թ․ փետրվարի 2-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ դեկտեմբերի 7 
  27. «Who's Who: Members of Egypt's 50-member constitution committee»։ Al-Ahram։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ սեպտեմբերի 3-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ սեպտեմբերի 1 
  28. «Egypt»։ Freedom in the World 2013։ Freedom House։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ փետրվարի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ փետրվարի 7 
  29. Jankowski, James. "Egypt and Early Arab Nationalism" in Rashid Khalidi, ed. The Origins of Arab Nationalism. New York: Columbia University Press, 1990, pp. 244–45
  30. Dawisha Adeed (2003)։ Arab Nationalism in the Twentieth Century։ Princeton: Princeton University Press։ էջեր 264–265, 267 
  31. 31,0 31,1 Brown Nathan J.։ «Mechanisms of Accountability in Arab Governance: The Present and Future of Judiciaries and Parliaments in the Arab World»։ Programme on Governance in the Arab Region։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հունիսի 5-ին 
  32. Gehlen, M. (2015) Al-Dschasira-Journalisten zu drei Jahren Haft verurteilt Archived 30 August 2015 at the Wayback Machine., Zeit Online, 29 August 2015
  33. Cambanis Thanassis (2010 թ․ սեպտեմբերի 11)։ «Succession Gives Army a Stiff Test in Egypt»։ The New York Times (Egypt)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ հոկտեմբերի 27-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ նոյեմբերի 3 
  34. Cambanis Thanassis (2010 թ․ սեպտեմբերի 11)։ «Succession Gives Army a Stiff Test in Egypt»։ The New York Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011 թ․ մայիսի 3-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ սեպտեմբերի 11 
  35. Marshall, Shana (2015 թ․ ապրիլի 15)։ «The Egyptian Armed Forces and the Remaking of an Economic Empire»։ Carnegie Endowment for International Peace։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հուլիսի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 23 
  36. Steinitz Yuval (2006 թ․ դեկտեմբերի 4)։ «Not the peace we expected»։ Haaretz։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ ապրիլի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ փետրվարի 8 
  37. Katz Yaacov (2007 թ․ հունվարի 15)։ «Egypt to launch first spy satellite»։ The Jerusalem Post 
  38. Stephen Clark (2014 թ․ ապրիլի 16)։ «Egyptian reconnaissance satellite launched by Soyuz»։ Spaceflight Now։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ ապրիլի 19-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ ապրիլի 18 
  39. «Obama restores US military aid to Egypt over Islamic State concerns»։ The Guardian։ 2015 թ․ մարտի 31։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ դեկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ դեկտեմբերի 14 
  40. «The U.S. gives Egypt $1.5 billion a year in aid. Here's what it does.»։ The Washington Post։ 2013 թ․ հուլիսի 9։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հուլիսի 15-ին։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ օգոստոսի 26 
  41. Sharp, Jeremy M. (2014 թ․ հունիսի 5)։ «Egypt: Background and U.S. Relations»։ Congressional Research Service։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ սեպտեմբերի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 
  42. Holland, Steve, Mason, Jeff (2013 թ․ օգոստոսի 15)։ «Obama cancels military exercises, condemns violence in Egypt»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 
  43. Iqbal, Jawad (2015 թ․ մայիսի 7)։ «Business as usual for Egypt and the West»։ BBC։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ օգոստոսի 1-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 23 
  44. «Egypt 'has key role' in fight against Islamic State – Kerry»։ BBC։ 2014 թ․ սեպտեմբերի 13։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 18 
  45. Adler, Stephen, Mably, Richard (2014 թ․ մայիսի 15)։ «Exclusive: Egypt's Sisi asks for U.S. help in fighting terrorism»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 23-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 18 
  46. «Egypt's Sisi congratulates US President elect Donald Trump»։ Ahram Online։ 2016 թ․ նոյեմբերի 9։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ նոյեմբերի 9-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ նոյեմբերի 9 
  47. Reuters. (10 February 2017). "Analysis: Trump presidency heralds new era of US-Egypt ties ". (Jerusalem) Jerusalem Post website Archived 15 April 2017 at the Wayback Machine. Retrieved 10 February 2017.
  48. Baker Peter, Walsh Declan (2017 թ․ ապրիլի 3)։ «Trump Shifts Course on Egypt, Praising Its Authoritarian Leader»։ The New York Times (en-US)։ ISSN 0362-4331։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ փետրվարի 15-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ փետրվարի 10 
  49. Naumkin, Vitaly (2014 թ․ օգոստոսի 13)։ «Russia, Egypt draw closer»։ Al-Monitor։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ օգոստոսի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 
  50. «Russia, Egypt seal preliminary arms deal worth $3.5 billion: agency»։ Reuters։ 2014 թ․ սեպտեմբերի 17։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 
  51. Anishchuk, Alexei (2014 թ․ օգոստոսի 12)։ «Russia to boost trade with Egypt after Western food ban»։ Yahoo News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 14-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 
  52. "China's Egypt Opportunity Archived 27 September 2015 at the Wayback Machine.". The Diplomat. 24 December 2014
  53. «Which Countries Are For or Against China's Xinjiang Policies?»։ The Diplomat։ 2019 թ․ հուլիսի 15 
  54. Wilson, Nigel (2014 թ․ հոկտեմբերի 13)։ «Saudi Arabia and UAE to Prop Up Egypt With $5bn Aid Boost»։ International Business Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 19-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 17 
  55. Knickmeyer, Ellen (2013 թ․ օգոստոսի 18)։ «Saudi King Offers Support to Egyptian Military»։ The Wall Street Journal։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ ապրիլի 11-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 17 
  56. "Saudi King Abdullah visits Egypt's Sisi Archived 7 February 2015 at the Wayback Machine.". Al-Jazeera. 20 June 2014.
  57. "Massive Israel protests hit universities" (Egyptian Mail, 16 March 2010) "According to most Egyptians, almost 31 years after a peace treaty was signed between Egypt and Israel, having normal ties between the two countries is still a potent accusation and Israel is largely considered to be an enemy country"
  58. Maddy-Weitzmann, Bruce (1997)։ Middle East Contemporary Survey: 1995, Volume 19; Volume 1995։ Moshe Dayan Center։ էջ 265։ ISBN 978-0-8133-3411-0 
  59. "This time, Gaza fighting is 'proxy war' for entire Mideast Archived 16 October 2014 at the Wayback Machine.". CNN News. 1 August 2014.
  60. Hanna, Michael W. (2014 թ․ օգոստոսի 13)։ «The Sisi Doctrine»։ Foreign Policy։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 8 
  61. Shama, Nael (2013)։ Egyptian Foreign Policy: Against the National Interest։ Routledge։ էջեր 129–131 
  62. Cagaptay, Soner, Sievers, Marc (2015 թ․ մարտի 8)։ «Turkey and Egypt's Great Game in the Middle East»։ Foreign Affairs։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015 թ․ հունիսի 23-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հունիսի 23 
  63. Mezzofiore, Gianluca (2014 թ․ սեպտեմբերի 30)։ «Boycott Turkey Movement Grows in Egypt After Erdogan's Inflammatory UN Speech»։ International Business Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 22-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 17 
  64. Soussi, Alasdair (2008 թ․ նոյեմբերի 9)։ «Desperate on the Border»։ Jerusalem Report։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հոկտեմբերի 31-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ սեպտեմբերի 30 
  65. Pierre Beckouche (2017)։ Europe's Mediterranean Neighbourhood։ Edward Elgar Publishing։ էջ 121։ ISBN 978-1-78643-149-3 
  66. 66,00 66,01 66,02 66,03 66,04 66,05 66,06 66,07 66,08 66,09 66,10 66,11 66,12 66,13 66,14 66,15 66,16 66,17 66,18 66,19 66,20 66,21 66,22 66,23 66,24 66,25 66,26 66,27 66,28 66,29 66,30 66,31 66,32 66,33 66,34 66,35 66,36 66,37 66,38 66,39 66,40 66,41 66,42 66,43 66,44 66,45 66,46 66,47 66,48 66,49 66,50 66,51 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  67. 67,0 67,1 67,2 https://www.citypopulation.de/Egypt-Cities.html
  68. https://www.worldometers.info/world-population/egypt-population/