Եգիպտոսի Խորհրդարան

Եգիպտոսի խորհրդարան, երկպալատ օրէնսդիր մարմին, կը գտնուի Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ։ Իբրեւ օրէնսդիր մարմին խորհրդարանը կ՛ընդունի օրէնքներ, կը հաստատէ պետութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման ծրագիրները, պետութեան ընդհանուր ելեւմտացոյցը, կը վերահսկէ Կառավարութեան աշխատանքը եւ ունի իրաւունք քուէարկել Հանրապետութեան Նախագահի հրաժարականի համար կամ արձակել կառավարութիւնը եւ վարչապետին անվստահութեան քուէի միջոցով։

Մուպարաքի ռեժիմի անկումէն ետք խորհրդարանը ցրուեցաւ մինչեւ նոր ժողովրդավարական ընտրութիւններ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Եգիպտոսի առաջին խորհրդարանը հրաւիրուած է 1866-ին. անկէ ետք այն բազմաթիւ փոփոխութիւններու ենթարկուած է։ Եգիպտոսի աւելի քան 135 տարուան խորհրդարանական պատմութեան ընթացքին Խորհրդարան ընտրուած է 32 անգամ։ Պատգամաւորներու թիւը՝ 76-էն458։ Եգիպտոսի Սահմանադրութեան համաձայն՝ Խորհրդարանը բաղկացած է հետեւեալ 2 օրէնսդիր պալատներէ՝

  • Եգիպտոսի Ժողովրդական ժողով (Մեճլիս Ալ-Շաապ), խորհրդարանի ստորին պալատը, բաղկացած է 518 պատգամաւորներէ (508-ը կ՛ընտրուին մեծամասնական համակարգով, իսկ 10-ին կը նշանակէ նախագահը. կան բաժիններ աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու, ինչպէս նաեւ կանանց համար), կ՛ընտրուին 5 տարիով։ Խոսնակը 1990-2011 թթ. եղած է Ֆաթհի Սուրուրը։
  • Շուրայ խորհուրդ (Մեճլիս Ալ-Շուրայ), վերին պալատը, բաղկացած է 264 պատգամաւորներէ, կ՛ընտուին 6 տարիով։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել