Արաբական Խալիֆայութիւն

Արաբական խալիֆայութիւն (արաբերէն՝ الدولة العربية` արաբական պետութիւն), իսլամադաւան պետութիւն՝ միջնադարուն (632-1258)։ Յառաջացած է իսլամական նուաճումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Է. դարու առաջին կիսուն։ Կը ղեկավարէին իսլամութեան հիմնադիր Մուհամմէտ մարգարէին (570-632) յաջորդները կամ փոխանորդները (արաբերէն՝ خليفة՝ խալիֆա)։ 762-ին հիմնուած է մայրաքաղաք Պաղտատը, որուն անունով պետութիւնը կոչուած է նաեւ Պաղտատի խալիֆայութիւն։

Արաբական խալիֆայութիւնը ունեցած է երեք հիմնական շրջաններ՝ Բարեպաշտ խալիֆաներու պետութիւն (արաբերէն՝ الخلافة الرشيدون՝ ալ-խիլաֆա ալ-ռաշիտուն, 632-661), Օմայեան խալիֆայութիւն (արաբերէն՝ الدولة الأموية, ալ-տաուլա ալ-ումաուիյյա, 661-750) եւ Աբասեան խալիֆայութիւն (արաբերէն՝ الدولة العباسية, ալ-տաուլա ալ-աբասիյյա, 750-1258)։

Խալիֆայութեան տարածութիւնը ներառած է երեք ցամաքամասերէն մեծ հատուածներ։ Հիւսիսէն՝ անոր սահմանները հասած են Կովկասեան լեռներուն ու Միջին Ասիոյ, հարաւէն՝ Հնդկական ովկիանոսին ու Սահարա անապատին: Արեւմուտքէն պետութեան մէջ ընդգրկուած էին Իպերական թերակղզին ու Մարոքը, արեւելքէն՝ Ինտոս գետին հովիտն ու Աֆղանիստանը։ Այսպիսով՝ ան կը ներառէր հսկայական տարածութիւն մը՝ Հայկական լեռնաշխարհը, Իրանական բարձրաւանդակը, Միջին Ասիան (Կեդրոնական Ասիա), արեւմտեան Հնդկաստանը, Արաբական թերակղզին, Հիւսիսային Ափրիկէն եւ մասամբ՝ Հարաւային Եւրոպան։ Այսօր այդ տարածքներուն մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 4 տասնեակ ազգային պետութիւններ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մատինայական Համայնքը

Խմբագրել

Արաբական խալիֆայութեան պատմութիւնը կը սկսի Մատինայէն՝ (արաբերէն՝ المدينة المنورة` լուսաւորեալ քաղաք) ձեւաւորուած իսլամադաւան համայնքէն։ 610-ին քառասունամեայ Մուհամմէտ կը սկսի քարոզել իսլամութիւնը, որուն համար տարիներ ետք կը ստիպուի լքել հայրենի Մեքքա (արաբերէն՝ مكة المكرمة՝ պատուարժան Մեքքէ), իսկ 622-ին, գաղափարակիցներուն հետ վերջնականապէս կը հաստատուի Մատինայի մէջ։ Այդ թուականը ծանօթ է իբրեւ Հիժրայի թուարկութեան սկիզբ։

Նախաիսլամական Մատինան ծանօթ էր «Եասրիպ» (արաբերէն՝ يثريب) անունով։ Անիկա Մեքքէէն հիւսիս գտնուող ովասիս մըն էր, որ կը բնակուէր արաբական հեթանոս աուս եւ խազրաժ ցեղերով, ինչպէս նաեւ յուդայականներով։ Երկու կրօնական համայնքները երկարատեւ պայքարի մէջ եղած են՝ յանուն բարեբեր հողերու։ Այդ հարցը լուծելով՝ Մուհամմէտ մարգարէ կը հաստատուի Եասրիպի մէջ, ուր վերոնշեալ ցեղերը իսլամութիւնը կ'ընդունին։ Անոնք կը կոչուին «զինակիցներ» (արաբերէն՝ أنصار՝ անսար), իսկ Մեքքէէն եւ այլ վայրերէն Մատինա տեղափոխուածները՝ ներգաղթեալներ (արաբերէն՝ مهاجر՝ մուհաժիր)։ Այդպիսով կը ձեւաւորուի իսլամադաւան առաջին համայնքը՝ «Ումմա»ն (արաբերէն՝ أمّة)։

Մատինայական համայնքը կը դառնայ իսլամական պետութեան կորիզը, ուր հաստատուելով՝ Մուհամմէտ մարգարէ իր ազդեցութիւնը կը տարածէ Արաբական թերակղզիին վրայ։ Մեքքեցիներուն դէմ քանի մը յաղթանակ տանելէ ետք՝ 630-ին ան կը վերադառնայ հայրենի քաղաք։ Երկու տարի ետք մարգարէն կը մահանայ, եւ իրեն կը յաջորդէ առաջին բարեպաշտ խալիֆան, իր զինակիցը՝ Ապու Պաքրը։ Ան իսլամութիւնը ընդունող առաջին անձն էր եւ մարգարէին կենդանութեան երբեմն ինք կը կատարէր Ուրբաթօրեայ աղօթքները։ Ապու Պաքրի դուստրը՝ Այիշան, մարգարէին երկրորդ կինն էր։

632-ին Մատինայի մէջ խալիֆա կը հռչակուի Ապու Պաքրը ու կը սկսի Բարեպաշտ խալիֆաներու ժամանակաշրջանը։

Բարեպաշտ Խալիֆաները

Խմբագրել

Իսլամական առաջին պետութեան պատմութեան առաջին շրջանին կառավարած են չորս «բարեպաշտ» խալիֆաներ (արաբերէն՝ الخلفاء الرشيدون՝ ալ-խուլաֆա ալ-ռաշիտուն)։ Անոնք էին՝ Մուհամմէտ մարգարէին զինակիցները եւ բարեկամները Ապու Պաքր (632-634), Օմար իպն ալ Խաթթապ (634-644), Օսման իպն Աֆֆան (644-656) եւ Ալի իպն Ապի Թալեպ (656-661)։ Առաջին երեքին օրերուն, մայրաքաղաքը կը շարունակէր մնալ Մատինան, իսկ Ալիի օրերուն՝ Մեքքա. թէեւ քաղաքական կեդրոնը կը համարուէր Միջագետքը (Իրաք

Բարեպաշտ խալիֆաները մարգարէին յաջորդներն էին։ Անոնք կ'ընտրուէին իսլամական համայնքին կողմէն եւ կը հանդիսանային համայնքին հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները։ Անոնց իշխանութեան տարիներուն Արաբական խալիֆայութիւնը դուրս կու գայ թերակղզիին սահմաններէն եւ կը ներառէ հարեւան ու հեռաւոր տասնեակ երկիրներ։ Արաբները կը յաջողին յաղթել Մերձաւոր Արեւելքի երկու կայսրութիւններուն՝ պատերազմէն թուլցած Բիւզանդական կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանին։ Անոնցմէ առաջինին տարածութիւնը կը կրճատուի չորս անգամ՝ արաբներուն զիջելով Արեւելեան Միջերկրականը եւ Հիւսիսային Ափրիկէն, իսկ երկրորդը կը վերանայ աշխարհի քաղաքական քարտէսէն։ Արաբներուն կ'ենթարկուին նաեւ Հնդկաստանի որոշ նահանգներ՝ Ինտոս գետին ափը, Միջին Ասիան, Հայկական լեռնաշխարհն ու Կովկասը, աւելի ուշ՝ Ը. դարու սկիզբը՝ Սպանիան։

Առաջին բարեպաշտ խալիֆան՝ Ապու Պաքր, մարգարէին երկրորդ կնոջ՝ Այիշային հայրն էր, եւ անոր հաւատարիմ զինակիցը։ Ան ծնունդով Մեքքէէն էր։ Մուհամմէտի մահէն ետք հիասթափուած արաբական ցեղերը վերստին կը վերադառնան հեթանոսութեան։ Կարեւոր էր Ապու Պաքրի տարած աշխատանքը՝ վերստին միաւորելու Արաբական թերակղզին, եւ ստեղծելու արաբական պետութիւն մը՝ իսլամութեան կանաչ դրօշին ներքեւ։ Անոր մահէն ետք, արաբական իսլամադաւան համայնքը իր ղեկավար մարգարէին յաջորդ կ'ընտրէ Օմար իպն ալ Խաթթապը, որ կ'իշխէ 10 տարի (634-644)։ Ան եւս Մուհամմէտի զինակիցներէն էր եւ սերած էր Ալ Քուրէյշ ցեղէն։ Անոր իշխանութեան տարիներուն արաբները բազմաթիւ արշաւանքներ կատարած են հարեւան ու հեռաւոր երկիրներու վրայ։ Կարեւոր էր 638-ին Երուսաղէմի գրաւումը, ապա՝ Բիւզանդական կայսրութենէն ասիական ու հիւսիս-ափրիկեան տարածքներու գրաւումը։ 642-ին Նեհավենտի ճակատամարտին արաբները կը կործանեն Սասանեան պետութիւնը եւ կը նուաճեն Իրանը եւ Իրաքը։ Այդ ընթացքին անոնք երկու անգամ (640, 642) կ'արշաւեն Հայաստան։

644-ին, Օմարի մահէն ետք, խալիֆա կ'ընտրուի Օսմանը։ Ան Մուհամմէտի առաջին զինակիցներէն էր, եւ իր չորս դուստրերէն երկուքին ամուսինը։ Պատմութեան մէջ ծանօթ է նաեւ «Երկու լոյսերու տիրակալ» (արաբերէն՝ ذو النّورين՝ զու ան-նուրէյն) անունով։ Շարունակուած են նուաճողական արշաւանքները դէպի Միջին Ասիա եւ Հնդկաստան եւ դրուած՝ նորաստեղծ կայսրութեան կառավարման հիմքերը։ Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Ղուրանը անգիր յիշող եւ Մուհամմէտը ճանչցող մարդոց թիւը հետզհետէ կը նուազէր, եւ նոր կրօնը կրնար վտանգի ենթարկուիլ, Օսման կը հրամայէ գրի առնել Ղուրանի սուրբ գիրքը։ Օսման խալիֆ բնական մահով չի մահանար. յառաջացած տարիքին զինք կը սպաննեն իր տան մօտ՝ 656-ին։

656-ին խալիֆա կ'ընտրուի Ալի իպն Ապի Թալէպ։ Ան Մուհամմէտի հօրեղբօր՝ Ապու Թալէպի որդին էր. երեք տարեկանէն կ'ապրէր անոր տունը։ Մուհամմէտ տղայ զաւակ չունէր, եւ Ալին կը սիրէր իր հարազատ զաւկին պէս։ Ալի առաջիններէն էր, որ իսլամութիւնը ընդունած էր, եւ բազմիցս մարտի դաշտ գացած։ Ան ամուսնացած էր մարգարէին ամէնէն կրտսեր աղջկան՝ Ֆաթիմային հետ, շարունակելով մարգարէին սերունդը։ Շատեր Ալիին ընտրութիւնը կը համարէին ճիշդ եւ արդարացի։ Սակայն Ալի եւս երկար կեանք մը չ'ունենար, եւ 661-ին կը սպաննուի։ Ալիին մահէն ետք, իսլամութիւնը կը ճիւղաւորուի երկու մասի. անոր սատարողները կը փափաքին խալիֆա ընտրել իր որդիները՝ Հուսէյնն ու Հասանը, սակայն խալիֆա կը դառնայ Ասորիքի արաբ կառավարիչ Մուաւիան։ Միւսները կը հաստատեն չորս խալիֆաներուն ընտրութիւնը եւ Մուաւիային՝ խալիֆա դառնալն ու Օմայեան տոհմին հիմնումը (661-750)։ Առաջինները կը ճանչցուին իբրեւ Ալիին կուսակիցները (արաբերէն՝ شيعة علي՝ շիաթ Ալի) կամ Շիաներ, իսկ միւսները՝ Սիւննիներ՝ Մուհամմէտ մարգարէին եւ զինակիցներուն վարքը լուսաբանող գիրքին՝ Սիւննայի անունով (արաբերէն՝ سنة)։

Օմայեան Խալիֆայութիւնը

Խմբագրել

Օմայեան տոհմը Արաբական խալիֆայութեան մէջ իշխած է շուրջ մէկ դար (661-750)։ Անիկա առաջին ժառանգական ազնուատոհմն էր, որ ստեղծուած էր վերջին բարեպաշտ խալիֆային՝ Ալի իպն Ապի Թալէպի եւ Դամասկոսի արաբ կառավարիչ Մուաւիայի միջեւ տեղի ունեցող պայքարին իբրեւ արդիւնք։ Մուհամմէտի զինակիցներէն Տալհան, ալ-Զուպէյրը, սպաննուած խալիֆա Օսմանին հօրեղբօրորդին, Սուրիոյ կառավարիչ Մուաւիան, Այիշան՝ Ապու Պաքրին դուստրը եւ Մուհամմէտին ամէնէն սիրելի կինը կը հրաժարէին Ալին ճանչնալ իբրեւ օրինական խալիֆա։ Այս երեւոյթը աւելի կը շեշտէ Մուաւիային ազդեցութիւնը իսլամական տարածքին մէջ։ Սկզբնական շրջանին յաջողութիւնը Ալիին կողմն էր, սակայն Մուաւիա եւս զգալի ռազմական ուժ ունէր եւ չէր պատրաստուած յանձնուելու։ Ալի իր նստավայրը կը տեղափոխէ Իրաք՝ Քուֆա, ուրկէ կը սկսի պայքարիլ սուրիացիներուն դէմ։

657-ին Սիֆֆինի ճակատամարտին, երբ Ալի արդէն կը յաղթէր, Մուաւիային զօրքերը, ըստ իսլամական աւանդութեան, իրենց նիզակներուն վրայ կը բարձրացնեն Ղուրանի թերթիկները, որ կը նշանակէր հարցը դատարանին մէջ լուծել՝ Ղուրանի օրէնքներուն համաձայն։ Ալի կը համաձայնի, բայց դատարանին Մուաւիայի ներկայացուցիչը կը յաջողի ապացուցել իրենց ճշմարտացի ըլլալը։ Այսինքն՝ Աստուծոյ որոշումը՝ ճակատամարտին յաղթանակը, ան կասկածի տակ կը դնէ, եւ դատը կը յանձնէ մարդոց, ինչպէս գնահատած են ժամանակակիցները։ Ալի կը պարտուի, որուն պատճառով մեծ թիւով կողմնակիցներ կը տարածուին։ Ան այլեւս ի վիճակի չէր շարունակելու պատերազմը, մանաւանդ, որ իրմէ հեռացողները, որոնք «խարիժի»ներ կը կոչուէին, կը սկսին պայքարիլ նաեւ Ալիին դէմ։ 661-ին անոնց հասցուցած նիզակի հարուածէն ալ Ալի կը սպաննուի Քուֆայի մզկիթ մտնելու պահուն։ Այսպիսով պայքարը կ'աւարտի Մուաւիայի յաղթանակով։ Մուաւիա արաբական պետութեան մայրաքաղաքը կը դարձնէ Դամասկոսը։

Մուաւիա իրեն ժառանգորդ կը նշանակէ իր որդին՝ Եազիտ Ա.-ը (680-683)։ Ազնուատոհմական-ժառանգական սկզբունքը կը դառնայ արաբական բոլոր պետութիւններուն կառավարման միակ ձեւը։ Մուաւիա կը յաջողի հնազանդեցնել ոչ միայն շիաներն ու խարիժիները, այլեւ Արաբիոյ վերնախաւը։ Եազիտին կը յաջորդէ Մուաւիա Բ., որ սակայն ժանտախտի զոհ կը դառնայ։ Յաջորդ խալիֆան կ'ընտրուի Մրուան իպն ալ-Հաքիմը եւ գահը Օմայեաններու Ապու Սուֆեանի ճիւղէն կ'անցնի Մրուանեան ճիւղին։ Մրուանի որդին՝ Ապտ ալ-Մալիք (685-705), կը շարունակէ նախորդներուն նուաճողական քաղաքականութիւնը։ Ապտ ալ-Մալիքի օրով կը սկսի նաեւ Հայաստանի նուաճումը։ Արաբները կը գրաւեն Հայաստանը, ապա Վիրքը, Աղուանքը եւ մերձակայ տարածքները։ Նուաճուած տարածքներուն մէջ 701-ին անոնք կը ստեղծեն նոր վարչական տարածք մը՝ Արմինիա կուսակալութիւնը՝ Դուին կեդրոնով։ Մինչ այդ Հայաստան կ'ընդունէր արաբներուն գերիշխանութիւնը՝ Դամասկոսի պայմանագիրով (652), սակայն կը պահպանէր իր ինքնուրոյնութիւնը։ Ապտ ալ-Մալիքի որդին եւ յաջորդը՝ Ուալիտ 711-716 թուականներուն կը նուաճէ Սպանիան, որմէ ետք, արաբական նուաճումները Եւրոպայի մէջ կանգ կ'առնեն։ Արեւելքի մէջ 713-715 թուականներուն արաբական իշխանութեան կ'ենթարկուի Միջին Ասիան։

Ը. դարու 20-30-ականներէն կը սկսի տնտեսական վիճակին վատթարացումը՝ պետական գանձարանին եկամուտին չգոյութեան պատճառով։ Արաբները արդէն նուաճած էին այն, ինչ որ հնարաւոր էր եւ այլեւս եկամուտի աղբիւր չկար։ Օմայեաններէն վերջնականապէս երես կը դարձնէ Մեքքէի եւ Մատինայի արաբական վերնախաւը։ Միայն 744-ին գահ կը բարձրանայ չորս խալիֆա՝ Ուալիտ Բ. (743-744), Եազիտ Գ.(744), Իպրահիմ (744) եւ վերջապէս Օմայեան վերջին խալիֆա՝ Մրուան Բ. (744-750)։ Օգտուելով խալիֆայութեան ներքին դժուարութիւններէն, շիաները կ'աշխուժանան, կ'ապստամբին Միջին Ասիոյ (721-728) եւ Սուրիոյ բնակիչները (744-745), Իրաքի խարիժիները եւ Արմինիան (748-750)։

Այսպիսով ամբողջ խալիֆայութիւնը կը համակուէր ապստամբական շարժումներով եւ Օմայեանները տապալելու համար անհրաժեշտ էր վճռական հարուած մը, զոր կը հասցնեն Աբասեանները՝ Մուհամմէտ մարգարէի հօրեղբօր՝ աբասի ժառանգները։ Օմայեաններուն իրաւունքները ժխտելով, կը յայտարարեն, որ իրենք են միակ օրինական կառավարիչները եւ 747-ին ապստամբութեան դրօշ կը պարզէ Մերվի Ովասիսը։ Ան կը ղեկավարէր ծագումով պարսիկ Ապու Մուսլիմը։ Անոր հրամանով սեւ հագուստներ հագած ապստամբները 9 Յունիսի վաղ առաւօտեան խարոյկ կը վառեն եւ սեւ դրօշներ կը բարձրացնեն։ Սեւը այդ օրերէն կը դառնայ Աբասեաններուն պաշտօնական գոյնը։ Անոնք կը գրաւեն ամբողջ Իրանը եւ կը շարժին դէպի Իրաք եւ կը գրաւեն Քուֆան։ Օմայեաններու եւ Աբասեաններու միջեւ վճռական ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ 750-ին Միջագետքի մէջ՝ Մեծ Զաբ գետի ափին, ուր Օմայեանները պարտութիւն կը կրեն եւ Մրուան կը փախչի Եգիպտոս։ Օմայեան տոհմը, որ 90 տարուան պատմութիւն ունէր, կը տապալի։

Աբասեան Խալիֆայութիւն

Խմբագրել

Աբասեան խալիֆայութեան հիմնադիրն է Ապու ալ-Աբաս (750-754), որ սերած է Մուհամմէտ մարգարէի հօրեղբայր Աբասի գերդաստանէն։ Ան այս տոհմին ամէնէն երկարակեացն էր (750-1258)։ Ապու ալ-Աբաս խալիֆա կը հռչակուի 749-ին, երբ ապստամբները մուտք կը գործեն Իրաքի Քուֆա քաղաքը։ Ան ինքզինք կը կոչէ «առատաձեռն» (արաբերէն՝ السفّاح՝ ալ-սաֆահ)։ Օմայեաններէն միայն մէկը, որ յաջողած էր կենդանի մնալ՝ Ապտ ալ-Ռահման իպն Մուաւիա, կը փախչի Սպանիա, ուր 756-ին կը հիմնէ Քորտոպայի Օմայեան խալիֆայութիւնը։

Օմայեաններու տոհմին բնաջնջումէն ետք Սուրիա ընդվզում կը յայտնէ, որ պետութեան կեդրոնը Իրաք տեղափոխուելէն ետք վերածուած էր սովորական նահանգի մը։ Յարաբերութիւնները կը լարուին նաեւ շիաներուն հետ, որոնք կ'օգնէին Աբասեաններուն՝ Օմայեաններու դէմ պայքարին։ Թշնամիներուն յաղթելով՝ Ապու ալ-Աբաս յաջողութեամբ գահը կը ժառանգէ եղբօրը՝ Ապու Ժահֆար ալ-Մանսուրին (754-775)։ Անոր անուան հետ կապուած է նաեւ Պաղտատի կառուցումը 762-ին։ Նոր մայրաքաղաքը կը կոչուի «Մատինաթ ալ-Սալամ» (արաբերէն՝ مدينة السلام)՝ «խաղաղութեան քաղաք»։ 786-ին գահ կը բարձրանայ ալ-Մանսուրի յայտնի թոռը՝ Հարուն ալ-Ռաշիտ (786-809)։

 
Հարուն Ալ Ռաշիտ «Հազար ու մէկ գիշերներ» գիրքին մէջ ներկայացուած

Նոր խալիֆային օրով պետութիւնը կը հասնի հզօրութեան գագաթնակէտին։ Ան առաջին խալիֆան էր, որ կը փարի իսլամ հոգեւոր առաջնորդներու աջակցութեան եւ քաղաքական օժանդակութեան՝ անոնց մեծ հողաբաժիններ եւ կալուածներ տալով։ Ան ունէր երկու որդի՝ Մամունն ու Ամինը։ Առաջինին մայրը պարսկուհի հարճ էր, միւսինը՝ արաբ ազնուական։ 799-ին գահաժառանգ կը նշանակուին զոյգ որդիները. Ամին՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի կառավարիչ, իսկ Մամուն՝ Իրանի, Միջին Ասիոյ, Աֆղանիստանի ու արեւմտեան Հնդկաստանի։ Ամին իրաւունք չունէր Մամունը զրկելու այդ պաշտօնէն, վերջինս ալ պէտք էր հաւատարիմ մնար Ամինի։ Այսպիսով ան խալիֆայութիւնը կը բաժնէ երկու մասի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր կառավարիչն ու մայրաքաղաքը՝ Պաղտատը եւ Մերվը։ Հարուն ալ-Ռաշիտ կը զոհուի 809-ին՝ Թուս քաղաքին մօտ, որ ուղեւորուած էր՝ ճնշելու միջինասիական ապստամբութիւնը։

Մամուն Ամինը կ'ընդունի իբրեւ խալիֆա եւ անոր հաւատարմութեան երդում կու տայ։ Ամին 810-ին գահաժառանգ կը նշանակէ ոչ թէ Մամունը, այլ իր որդին։ Մամուն կը յայտնէ իր անհամաձայնութիւնը, որուն համար Ամին հրովարտակով մը կը յայտարարէ անոր արեւելեան շրջաններու փոխարքայի պաշտօնէն զրկելը։ Մամուն չ'ընդունիր անոր որոշումը։ Եղբայրներու միջեւ պատերազմի ընթացքին Մամունի զօրքերը կը շրջապատեն Պաղտատը։ Ամին կը յայտարարէ, որ պատրաստ է հրաժարիլ գահէն յօգուտ Մամունի։ 813-ին Պաղտատ կը գրաւուի, իսկ Ամին կը սպաննուի։ Գահը կ'անցնի Մամունի (813-833)։

Կեդրոնական իշխանութեան եւ խալիֆայի պաշտօնին թուլացման արդիւնքով Թ. դարուն խալիֆայութիւնը կը սկսի բաժան- բաժան ըլլալ։ Սկզբնական շրջանին խալիֆաները կրնային արաբա-պարսկական հակամարտութիւնը պահել իրենց հսկողութեան տակ։ Սակայն այս հակամարտութիւնը կը գործէր նաեւ Ամինն ու Մամունը յաջորդող խալիֆաներու գահակալութեան շրջանին։ Տեղական կառավարիչները կը ստեղծէին իրենց անձնական զինուած ուժերը։ Հարուն ալ-Ռաշիտի օրերուն Պաղտատ բերուած միջին ասիացի թրքական զօրքերը կարեւոր ռազմական ուժ մը կը ներկայացնէին։ Անոնք 847-ին խալիֆա Ուասիքի մահէն ետք խալիֆա կ'ընտրեն անոր եղբայրը՝ Մութաուաքիլը, որ կը սպաննուի 861-ին՝ իր թուրք հրամանատարներուն ձեռքով՝ անդրանիկ որդիին Մուսթանսիրի գիտութեամբ։ Այսպիսով, Արաբական խալիֆայութիւնը իբրեւ պետութիւն կը սկսի թոյլնալ ու նահանջել։

Պետութեան թուլացում եւ անկում

Խմբագրել

Ը. դարուն տեղի ունեցած ապստամբական ելոյթները Թ. դարուն կը վերածուին ազատագրական հզօր շարժման, որուն իբրեւ արդիւնք խալիֆայութեան շարք մը նահանգներ անկախութեան կարգավիճակ ձեռք կը բերեն։ Ը. դարու 50-ական թուականներուն՝ քաղաքական կեդրոնը Սուրիայէն Իրաք տեղափոխելու Աբասեաններու որոշումին՝ ապստամբութեան դրօշ կը բարձրացնեն Դամասկոսի, Հաուրանի եւ այլ քաղաքներու բնակիչները։ 759-760 թուականներուն խալիֆայութեան դէմ կ'ապստամբի ժամանակակից Լիբանանը, 774-775 թուականներուն՝ Արմինիան։ Քորտոպայի մէջ նախկին գահի առաջնորդները՝ Օմայեանները, կ'ապստամբին, որուն իբրեւ արդիւնք արաբական Սպանիա կ'անկախանայ՝ իբրեւ Քորտոպայի (Անտալուսի) իշխանութիւն։ Ասիկա առաջին բաժանումն էր։

Թ.-Ժ. դարերուն խռովութեան ալիք մը կը բարձրացնեն Եգիպտոսի արաբ եւ ղպտի բնակիչները։ 816-837 թուականներուն խալիֆայութիւնը հիմնայատակ կը ցնցէ Բաբեկի ապստամբութիւնը Ատրպատականի մէջ, որ արագ կը տարածուի։ Հերթական գիւղացիական ընդվզումներուն մէջ յատկապէս աչքի կը զարնէ ստրուկ-սեւամորթերու ապստամբութիւնը, որ կը տեւէ շուրջ 15 տարի (869-883)։

Արաբական խալիֆայութենէն մէկը միւսին հետեւելով կ'անջատուին հետեւեալ նահանգները.

Պետութիւն Ժամանակակից տարածք Թուականներ անցած տարածքները
Ռուստամիներու պետութիւն Ալճերիա (778-909) Ֆաթիմեան խալիֆայութիւն
Իտրիսիներու պետութիւն Մարոք (789-985) Ալ-Մոհատներու պետութիւն
Աղլապիներու պետութիւն Թունիս եւ Լիպիա (800-909) Ֆաթիմեան խալիֆայութիւն
Սամանիներու պետութիւն Իրան, Աֆղանիստան եւ Միջին Ասիա (819-999) Սելճուքեան սուլթանութիւն
Թահիրիներու պետութիւն Իրան, Աֆղանստան եւ Միջին Ասիա (821-873) Սաֆֆարիներու պետութիւն
Թուլունիներու պետութիւն Եգիպտոս (868-905) Ֆաթիմեան խալիֆայութիւն
Սաֆֆարիներու պետութիւն Իրան, Աֆղանիստան եւ Միջին Ասիա (873-900) Սամանիներու պետութիւն
Բագրատունիներու թագաւորութիւն
(Արմինիա կուսակալութիւն)
Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան
Թուրքիոյ արեւելեան հատուած
(885-1045) Սելճուքեան սուլթանութիւն
Զէյտիներու պետութիւն Եմէն (901-1962) Եմէնի Արաբական Հանրապետութիւն
Համտանիներու պետութիւն Սուրիա եւ Իրաքի հիւսիսը (945-1004) Ֆաթիմեան խալիֆայութիւն

Այսպիսով՝ թուլցած ու տրոհուած խալիֆայութեան վերահսկողութեան տակ կը մնան միայն Իրաքը եւ Արաբական թերակղզին։ Ուստի պետութիւնը օտարներու կողմէ կը գրաւուի։ 945-ին Պաղտատ կը գրաւուի Բուիներուն կողմէ, որոնք կը դառնան աշխարհիկ տիրակալներ (945-1055)։ Խալիֆան այսուհետեւ կը ստանձնէ միայն հոգեւոր պաշտօն։ Այդ ընթացքին Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ կը հիմնուի Ֆաթիմեան (909-1171), իսկ Սպանիոյ մէջ՝ Քորտոպայի խալիֆայութիւնը (929-1031)։

Բուիներուն կը յաջորդեն սելճուքները, ապա 1258-ին Պաղտատը կը գրաւեն ու կը հրկիզեն մոնկոլները։ Արաբական խալիֆայութեան պատմութիւնը կ'աւարտի։

Կառավարման համակարգ

Խմբագրել

Վարչական բաժանում

Խմբագրել

Արաբական պետութեան կառավարման համակարգը կ'անցնի ցեղային միութիւններու մակարդակէն դէպի կազմակերպուած պետութեան ստեղծում։ Այդ ճանապարհին զգալիօրէն կը նպաստեն Մերձաւոր Արեւելքի նախկին երկու հզօր կայսրութիւնները՝ Բիւզանդիան եւ Սասանեան Պարսկաստանը։ Եթէ բարեպաշտ խալիֆաները կ'ապրէին Մեքքէի կամ Մատինայի սովորական տուներու մէջ եւ չէին ձգտեր ճոխ կեանք մը ապրիլ՝ արաբական սովորութիւններուն համաձայն, ապա Օմայեան խալիֆաները արդէն կը փորձէին նմանիլ բիւզանդական կայսրերուն։ Խալիֆան կը կառավարէր ոչ միայն քաղաքական ու կրօնական, այլեւ ռազմական ու դատական բարձրագոյն իշխանութիւնը՝ տեղական փոխարքաներու կամ կուսակալներու միջոցաւ։

Օմայեաններու ժամանակաշրջանին, խալիֆայութիւնը կը բաժնուի 9 կուսակալութիւններու՝

Սուրիա եւ Պաղեստին (Դամասկոս)

Միջագետք (Քուֆա)

Իրանական բարձրաւանդակ (Պասրա)

Արմինիա (Դուին)

Ալ-Հիժազ (Մեքքէ եւ Մատինա)

Արեւմտեան Հնդկաստան եւ Աֆղանիստան

Եգիպտոս (Ֆուստատ)

Հիւսիսային Ափրիկէ (Կայրաւան)

Եմէն

Հետագային կը նուաճեն նաեւ ամբողջ Միջին Ասիան եւ Բիրենեան թերակղզին։ Վարչական միաւորները յաճախ կ'ենթարկուին փոփոխութիւններու։ Փոխարքաները խալիֆային յենարանն էին՝ պետականութիւնը կազմակերպողները։ Անոնց պաշտօնը ընտրովի էր։ Ազդեցիկ փոխարքաները կրնային հասնիլ խալիֆայի աստիճանին։

Խալիֆա

Խմբագրել

խալիֆան (արաբերէն՝ خليفة, փոխանորդ) աշխարհիկ ու քաղաքական միապետական պաշտօն ունէր, որ պէտք է տրուէր Մուհամմէտ մարգարէի իրաւայաջորդներուն։ Անոր յաջորդած առաջին 4 բարեպաշտ խալիֆաներն էին՝

Անուն Արաբերէն Թուականներ Նշումներ
Ապու Պաքր أبو بكر 632-634 Մուհամմէտի կնոջ՝ Այիշայի հայր
Օմար իպն Էլ Խաթապ عمر ابن خطاب 634-644 Մուհամմէտի կնոջ հայր
Օսման իպն Աֆֆան عثمان ابن عفان 644-656 Մուհամմէտի 2 դուստրերուն՝
Ումմ Քուլսումի եւ Ռուքայյայի ամուսին
Ալի իպն Ապու Թալէպ علي ابن أبي طالب 656-661 Մուհամմէտի հօրեղբօր՝ Ապու Թալէպի որդին
եւ 4-րդ դստեր՝ Ֆաթիմայի ամուսինը

Օմայեան թագաւորութեան անկումէն ետք խալիֆային կառավարման զարգացումը շարունակ կ'ընթանայ արեւելեան ոճով։ Պետութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի նախկին Սասանեան Իրանի մայրաքաղաք Տիզպոնի մօտ, ուր կը կառուցուի Պաղտատ քաղաքը։ Օմայեան դարաշրջանին կը գահակալեն հետեւեալ խալիֆաները՝

Անուն Ամբողջական Արաբերէն Թուականներ Նշումներ
Մուաւիա Ա. Մուաւիա իպն Ապի Սուֆյան معاوية ابن أبي سفيان 661-680 Ապու Սուֆեան Օմայեայի որդին
Եազիտ Ա. Եազիտ իպն Մուաւիա يزيد بن معاوية 680-683 Մուաւիայի որդին
Մուաւիա Բ. Մուաւիա իպն Եազիտ معاوية بن يزيد 683-684 Եազիտի որդին
Մրուան Ա. Մրուան իպն Էլ-Հաքամ مروان بن الحكم 684-685 Օսման իպն Աֆֆանի եղբայր
Մրուանիներու ճիւղի հիմնադիր
Ապտ Էլ-Մալէք Ապտ Էլ-Մալէք իպն Մրուան عبد الملك بن مروان 685-705 Մրուանի որդին
Ալ-Ուալիտ Ա. Ալ-Ուալիտ իպն Ապտ Էլ-Մալէք الوليد بن عبد الملك 705-715 Ապտ Էլ-Մալէքի որդին
Սուլէյման Սուլէյման իպն Ապտ ալ-Մալէք سليمان بن عبد الملك 715-717 Ապտ Էլ-Մալէքի որդին
Օմար Բ. Օմար իպն Ապտ Էլ-Ազիզ عمر بن عبد العزيز 717-720 Ապտ Էլ-Մալէքի եղբօր՝ Ապտ Էլ-Ազիզի որդին
Եազիտ Բ. Եազիտ իպն Ապտ Էլ-Մալէք يزيد بن عبد الملك 720-724 Ապտ Էլ-Մալէքի որդին
Հիշամ Հիշամ իպն Ապտ Էլ-Մալէք هشام بن عبد الملك 724-743 Ապտ Էլ-Մալէքի որդին
Ալ-Ուալիտ Բ. Ալ-Ուալիտ իպն Եազիտ الوليد بن يزيد 743-744 Ալ-Ուալիտ Ա.-ի որդին՝ Եազիտի որդին
Եազիտ Գ. Եազիտ իպն Էլ-Ուալիտ իպն Ապտ Էլ-Մալէք يزيد بن الوليد بن عبد الملك 744 Ալ-Ուալիտ Ա.-ի որդին, Ալ-Ուալիտ Բ.-ի հայրը
Իպրահիմ Իպրահիմ իպն Էլ-Ուալիտ ابراهيم ابن الوليد بن عبد الملك 744 Ալ-Ուալիտ Ա.-ի որդին
Մրուան Բ. Մրուան իպն Մուհամմէտ իպն Մրուան مروان بن محمد بن مروان 744-750 Մրուան Ա.-ի որդին՝ Մուհամմէտի որդին

խալիֆան միջնադարեան աւատատիրական պետութեան գլխաւոր ղեկավարն էր ու առաջնորդը, որուն իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները անսահմանափակ էին։ Անոնք հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդներ էին, եւ կը համարուէին Ալլահի ստուերը երկիրի վրայ (ինչպէս փարաւոնները Եգիպտոսի կամ շահերը Իրանի մէջ)։

Անուն Ամբողջական անուն Արաբերէն Թուականներ Նշումներ
Ապու ալ-Աբաս Ապու ալ-Աբաս Ապտալլահ
իպն Մուհամմէտ ալ-Սաֆահ
أبو العباس عبد الله بن محمد السفّاح 750-754 Աբասեան թագաւորութեան հիմնադիր
Ապու ալ-Մանսուր Ապու Ժահֆար Ապտալլահ
իպն Մուհամմէտ ալ-Մանսուր
أبو جعفر عبدالله بن محمد المنصور 754-775 Ապու ալ-Աբասի եղբայր
Ալ-Մահտի Ապու Ապտալլահ Մուհամմէտ
իպն Ապտալլահ ալ-Մանսուր
أبو عبد الله محمد بن عبد الله المنصور 775-775 Ապու ալ-Մանսուրի որդի
Ալ-Հատի Ապու Մուհամմէտ Մուսա
իպն ալ-Մահտի ալ-Հատի
أبو محمد موسى بن المهدي الهادي 785-786 Ալ-Մահտիի որդի
Հարուն ալ-Ռաշիտ Հարուն ալ-Ռաշիտ
իպն Մուհամմէտ ալ-Մահտի
هارون الرشيد بن محمد المهدي 786-809 Ալ-Մահտիի որդի
Ալ-Ամին Մուհամմէտ ալ-Ամին
իպն Հարուն ալ-Ռաշիտ
محمد الأمين بن هارون الرشيد 809-813 Հարուն ալ-Ռաշիտի որդի
Ալ-Մաըմուն Ապու Ժահֆար Ապտալլահ ալ-Մաըմուն
իպն Հարուն ալ-Ռաշիտ
ابو جعفر عبدالله المأمون 813-833 Հարուն ալ-Ռաշիտի որդի
Ալ-Մութասէմ Ապու Իսհակք Աբաս
իպն Հարուն ալ-Ռաշիտ
أبو إسحاق عباس بن هارون الرشيد 833-842 Հարուն ալ-Ռաշիտի որդի
Ալ-Ուասիկ Ապու Ժահֆար Հարուն
իպն Մուհամմէտ ալ-Մութասէմ
أبو جعفر هارون بن محمد المعتصم 842-847 Ալ-Մութասէմի որդի
Ալ-Մութաուաքքէլ Ժահֆար իպն Մուհամմէտ
ալ-Մութասէմ պիլլահ
جعفر بن محمد المعتصم بالله 847-861 Ալ-Ուասիկի որդի
Ալ-Մունթասէր Ապու Ժահֆար Մուհամմէտ
իպն ալ-Մութաուաքքէլ
أبو جعفر محمد 861-862 Ալ-Մութաուաքքէլի որդի
Ալ-Մուսթային Ահմատ իպն Մուհամմէտ أحمد بن محمد 862-866 Ալ-Մահտիի որդի
Ալ-Մութազզ Ալ-Մութազզ
իպն ալ-Մութաուաքքէլ
المعتز 866-869 Ալ-Մութաուաքքէլի որդի
Ալ-Մուհթատի Ալ-Մուհթատի իպն ալ-Ուասիկ المهتدي 869-870 Ալ-Ուասիկի որդի
Ալ-Մութամէտ Ահմատ իպն Մուհամմէտ المعتمد 870-892 Ալ-Մութաուաքքէլի որդի
Ալ-Մութատէտ Ալ-Մութատէտ պիլլահ المعتضد بالله 892-902 Ալ-Մութամէտի որդի
Ալ-Մուքթաֆի Ալ-Մուքթաֆի պիլլահ المكتفي بالله 902-908 Ալ-Մութամէտի որդի
Ալ-Մուքթատէր Ալ-Մուքթատէր պիլլահ المقتدر بالله 902-932 Ալ-Մութամէտի որդի
Ալ-Կահէր Ալ-Կահէր պիլլահ القاهر بالله 932-934
Ալ-Ռատի Ալ-Ռատի պիլլահ الراضي بالله 934-940 Ալ-Մուքթատէրի որդի
Ալ-Մութթաքի المتقي 940-944
Ալ-Մուսթաքֆի Ալ-Մուսթաքֆի պիլլահ المستكفي بالله 944-946 ալ-Մուքթաֆիի որդի
Ալ-Մութի Ալ-Մուտի պիլլահ المطيع لله 946-974 ալ-Մուքթատէրի որդի
Ալ-Տաէ Ալ-Տաէ պիլլահ الطائع لله 974-991
Ալ-Գատէր االقادر 991-1031 Ալ-Մուքթատէրի թոռ
Ալ-Կաէմ Ալ-Կաէմ պի-ամրի Ալլահ القائم بأمر الله 1031-1075 Ալ-Գատէրի որդի
Ալ-Մուգթատի المقتدى 1075-1094 Ալ-Կաէմի որդի
Ալ-Մուսթազհէր Ալ-Մուսթազհէր պիլլահ المستظهر بالله 1094-1118 Ալ-Մուգթատիի որդի
Ալ-Մուսթարշէտ Ալ-Մուսթարշէտ պիլլահ المسترشد بالله 1118-1135 Ալ-Մուսթազհէրի որդի
Ալ-Ռաշէտ الراشد 1135-1136 Ալ-Մուսթարշէտի որդի
Ալ-Մուգթաֆի Ալ-Մուգթաֆի լի-ամրի Ալլահ المقتفي لأمر الله 1136-1160
Ալ-Մուսթանժէտ Ալ-Մուսթանժէտ պիլլահ المستنجد بالله 1160-1170 Ալ-Մուգթաֆիի որդի
Ալ-Մուսթատա Ալ-Մուսթատի պի-ամրի Ալլահ المستضيء بأمر الله 1170-1180 Ալ-Մուսթանժէտի որդի
Ալ-Նասէր Ալ-Նասէր լի-տին Ալլահ الناصر لدين الله 1180-1225 Ալ-Մուգթաֆիի որդի
Ալ-Զահէր Ալ-Զահէր պի-ամրի Ալլահ الظاهر بأمر الله 1225-1226 Ալ-Նասէրի որդի
Ալ-Մուսթանսէր Ալ-Մուսթանսէր պիլլահ المستنسر الله 1226-1242 Ալ-Զահէրի որդի
Ալ-Մուսթասէմ المستعصم 1242-1258 Ալ-Մուսթանսէրի որդի

Պետական Յատկանիշեր

Խմբագրել

Օմայեան խալիֆա Ապտ ալ-Մալիքի օրով արքունի եւ նահանգային գործավարութիւնը կը սկսի կատարուիլ արաբերէնով։ Ասիկա կարեւոր քայլ մըն էր միասնական արաբական պետութեան կայացման ճանապարհին։ Յաջորդ կարեւոր քայլը ազգային արաբական դրամի ստեղծումն էր։ Մինչ այս, արաբներու պաշտօնական գրագրութիւնը եւ առեւտուրը, այսինքն՝ քաղաքական ու տնտեսական կեանքը, կ'իրականացուէր օտար ճանապարհով՝ օտար լեզուներու եւ օտար դրամներու հիման վրայ։

Արաբները ցեղային ջոկատներէն կը յաջողին ստեղծել կանոնաւոր բանակ մը։ Անկա կը բաժնուէր 5 զօրամասերու՝ կեդրոն, աջապահ, ձախապահ, յառաջապահ եւ վերջապահ։ Զօրքը բաղկացած էր հետեւակներէ ու հեծելազօրքերէ։ Հոն կը սկսին ներգրաւուիլ ոչ միայն արաբները, այլեւ խալիֆայութեան միւս ժողովուրդներու ներկայացուցիչները։ Բացի հիմնական զօրքէն՝ մեծ քաղաքներու ու բերդերու մէջ կը տեղակայուի աշխարհազօրը, որ կ'ենթարկուէր կուսակալին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Արաբական երկիրների պատմութիւն, Հատոր Ա . Արաբները Ե. դարից մինչեւ 1516, Երեւան, 2003, 418 էջ:
  • Arnold, T. W. (1993). "Khalīfa". In Houtsma, M. Th (ed.). E.J. Brill's First Encyclopaedia of Islam, 1913–1936. Volume IV. Leiden: BRILL. pp. 881–885. ISBN 978-90-04-09790-2. Retrieved 23 July 2010.
  • Crone, Patricia; Hinds, Martin (1986), God's Caliph: Religious Authority in the First Centuries of Islam, Cambridge, England: Cambridge University Press, ISBN 978-0-521-32185-3
  • Donner, Fred McGraw (1981), The Early Islamic Conquests, Princeton, N.J: Princeton University Press, hdl:2027/heb.00877, ISBN 978-0-691-05327-1
  • Goeje, Michael Jan de (1911). "Caliphate" . In Chisholm, Hugh (ed.). Encyclopædia Britannica. 5 (11th ed.). Cambridge University Press.