Բագրատունիներու Թագաւորութիւն
Բագրատունիներու թագաւորութիւն, թագաւորութիւն՝ միջնադարեան հայկական պետութիւն, Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին։ Գոյատեւած է աւելի քան 1,5 դար (885 - 1045)։ Բագրատունի արքայատոհմի ներկայացուցիչները կը կառավարէին։ Տարածքը կազմած է, նուազագոյնը, 100.000 քառ. քմ² (Գագիկ Բ.-ի գահակալման տարիներուն), առաւելագոյնը՝ 250.000 քմ²՝ Սմբատ Բ. Տիեզերակալ օրօք։
Մայրաքաղաքը ի սկզբանէ «Բագարան» քաղաքն էր, որ Արմինիա կուսակալութեան երկրորդ կառավարչի՝ Հայոց իշխանի նստավայրը դարձեր էր՝ Աշոտ Մսակերի իշանութեան սկիզբը (804-826)։ Աշոտ Երկաթ (914-928) մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ Երազգաւորս, իսկ Աբասը (928-953)՝ Կարս։ Այդ կապուած էր այն հանգամանքին հետ, որ Աբաս թագաւորը մինչեւ այդ սպարապետ էր եւ իր նստավայրը Կարս բերդաքաղաքն էր։ 961-ին Աշոտ Ողորմած թագաւորը (953-977) մայրաքաղաքը վերջնականապէս կը տեղափոխէ Անի։ Շուտով այստեղ կը հաստատուի նաեւ կաթողիկոսական աթոռը։
Պետական կարգ
ԽմբագրելԹագաւոր
ԽմբագրելՀայոց պետութեան գլուխ կանգնած էր թագաւորը։ Ան կը կոչուէր նաեւ արքայ կամ Հայոց շահնշահ։ Ան կը վարէր Երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը։ Բագրատունեաց թագաւորն ինքնակալ միապետ էր եւ անձամբ կը լուծէր տնտեսութեան գործերը։ Ան կրնար խորհրդակցիլ սպարապետի, կաթողիկոսի, իշխանաց իշխանի կամ այլ մեծամեծ պաշտօնեաներուն հետ։ Անիի Բագրատունի թագաւորին կ՝ենթարկուէին հպատակ թագաւորները եւ Հայաստանի մէջ յառաջացած քանի մը արաբական ամիրայութիւններ։ Երկրի կառավարման գործին մէջ թագաւորին մեծապէս կ՝օգնէին իշխանաց իշխանը եւ հայոց սպարապետը։
Ինչպէս յատուկ է աւատատիրական (feudalism) հասարակարգին, որ ձեւաւորուած էր աւելի շուտ Արշակունիներու թագաւորութեան ժամանակ, աւատատիրական իշխանութիւնները կամ նախարարութիւնները ժամանակի ընթացքին ձեռք բերած էին մեծ իրաւունքներ, զորս թագաւորը չէր կրնար խախտել, եթէ անոնք պետական դաւաճանութիւն չէին գործած։ Անոնք ենթակայ էին թագաւորին, սակայն իրենց տիրոյթներուն մէջ ունէին գրեթէ անսահմանափակ իշխանութիւն։ Խոշոր աւատապետեր ունէին իրենց ենթակայ մանր ազատներու խաւը, որ իրենցմէ հող կը ստանար կատարած զինուորական ծառայութեան փոխարէն։
Զարգացած Միջնադարուն ստեղծուելով Բագրատունիներու թագաւորութիւնը՝ չէր ժառանգած Մեծ Հայքի թագաւորութեան նախկին հզօրութիւնը. 450-ամեայ դադարը (428-885) թէեւ պահպանած էր Հայաստանի ինքնուրոյնութիւնը, սակայն երկրին բարեփոխումներու կարիքը զգալի էր։ Երկրին նախկին խոշոր քաղաքներէն՝ Վաղարշապատը, Արտաշատը, Երուանդաշատը, Տիգրանակերտը, Զարիշատը, Բագարանը, Զարեհաւանը, Արմաւիրը վերածուած էին խոշոր գիւղերու։ Առեւտրական կապերու տկարացումը մահացու էր քաղաքներու համար, որոնք թագաւորական իշխանութեան յենարանն էին։ Ուստի Բագրատունի թագաւորներու ժամանակ նախկին հիմնադրուած քաղաքները կ՝աշխուժանան, բերդերու շուրջ կը ձեւաւորուին նորերը։ Բագրատունեաց Հայաստանը ունեցած է 4 մայրաքաղաք՝ Բագարան (885-914), Երազգաւորս (914-928), Կարս (928-961), Անի (961-1045)։
Անունը | Իշխած է | Նշումներ |
---|---|---|
Աշոտ Ա․ | 885-890 | նախկին Հայոց իշխան, Իշխանաց Իշխան, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Սմբատ Ա․ Նահատակ | 890-914 | Աշոտ Ա․-ի որդին, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Աշոտ Բ․ Երկաթ | 914-928 | Սմբատ Ա․-ի որդին, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Աբաս Ա․ | 928-953 | Սմբատ Ա․-ի որդին, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Աշոտ Գ․ Ողորմած | 953-977 | Աբաս Ա-ի որդի, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Սմբատ Բ․ Տիեզերակալ | 977-990 | Աշոտ Գ․-ի որդին, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Գագիկ Ա․ Շահնշահ | 990-1020 | Սմբատ Բ․-ի եղբայրը, շահնշահ հայոց եւ վրաց |
Յովհաննէս-Սմբատ | 1020-1041 | Գագիկ Ա․-ի որդին, Շիրակի թագաւոր |
Աշոտ Դ․ Քաջ | 1022-1042 | Գագիկ Ա․-ի որդին, Սեւանի թագաւոր |
Գագիկ Բ․ | 1042-1045 | Աշոտ Դ․-ի որդին, Անիի վերջին թագաւոր |
1045-1079 | Կեսարիոյ իշխան-թագաւոր | |
Աշոտ Ե․ | 1079-1088 | Գագիկ Բ․-ի որդին, Կեսարիոյ իշխան-թագաւոր |
Գործակալութիւններ
ԽմբագրելԹագաւորը պետութիւնը կը կառավարէր արքունիքի միջոցաւ, որ գործակալութիւններու համակարգ մըն էր։ Գործակալութիւնները կը ղեկավարէին բարձրաստիճան պաշտօնեաները կամ գործակալները։ Անոնք սովորաբար արքայական տան անդամներ էին կամ արքային մերձաւոր խոշոր աւատապետներ։
Թագաւորէն ցած դիրք ունէին իշխանները։ Իշխանը տիրող աւագանիի ներկայացուցիչն է, նաեւ՝ առանձին ռազմաքաղաքական միաւորման գլուխը նախադասակարգայինէն դասակարգային հասարակութեան անցման շրջանին։ Կեդրոնացուած պետութեան առաջացմամբ, իշխանները ընդգրկուած են իր մէջ՝ կազմելով արտօնեալ, ժառանգական երիցագոյն խորհուրդը՝ ազնուականութիւնը։ Հայաստանեան դասակարգային հասարակութեան մէջ մեծ, տէր, զօրաւոր, իշխող իմաստներով եւ տարբեր անուանումներով իշխաններ կոչուած են մանր ու խոշոր գաւառատէրերը՝ կրտսեր իշխան, իշխան, աւագ իշխան, տէր, տանուտէր, նախարար, աւագ նախարար, նահանգներու տէրէրը՝ մեծ իշխան, կուսակալները՝ գահերէց իշխան, բդեշխ։
Կարեւոր էին յատկապէս իշխանաց իշխանի եւ հայոց սպարապետի պաշտօնները։ Իշխանաց իշխանը թագաւորին պատասխանատու էր իշխաններու գործունէութեան համար։ Իր ենթակայութեան տակ էին արքայական տարածքները, պետական գանձարանը, երկրի մեծ ու փոքր պաշտօնեաներն ու հարկահանները։ Իշխանաց իշխանի բարձր պաշտօնը սովորաբար կը տրուէր արքայի եղբայրներէն մէկուն կամ գահաժառանգին։ Հայոց սպարապետը պետութեան զինուած ուժերու՝ բանակի հրամանատարն էր։ 9-11-րդ դարերուն սպարապետութիւնը վարած են Բագրատունիներու, ապա՝ Պահլաւունիներու ներկայացուցիչները։ Պատերազմի ժամանակ ենթակայ թագաւորութիւններուն զօրքերու հրամանատարները (սպարապետները) կ՝ենթարկուէին Անիի թագաւորութեան սպարապետին։
Գլխաւոր դատաւորի պաշտօնը առաջուան նման կը զբաղեցնէր հայոց կաթողիկոսը։ Դատաւարութիւնը կ՝իրականացուէր եկեղեցական ժողովներու մշակած կանոններուն համաձայն ու սովորական իրաւունքի ընդհանուր կանոններուն։ Միջնադարուն եկեղեցին մեծ մասնակցութիւն ունէր երկրի կառավարման մէջ։ Բագրատունի թագաւորներուն համար եկեղեցւոյ դերը աւելի մեծցաւ։ Թագաւորներու տիրապետութիւնը հեռաւոր իշխանութիւններուն վրայ յաճախ ձեւական բնոյթ կը կրէր։ Եկեղեցին կ՝ապահովէր երկրի միասնականութիւնը։ Եպիսկոպոսական բոլոր թեմերը ենթակայ էին հայոց կաթողիկոսին, որ իր կարգին կը ճանչնար կամ կ՝ընդունէր թագաւորի գերիշխանութիւնը։ Հայոց կաթողիկոսները մնայուն նստավայր չունէին։ Անին մայրաքաղաք դառնալէն ետք իր մերձակայքը գտնուող Արգինան ի վերջոյ դարձաւ մշտական նստավայր։ Բագրատունիներու ժամանակաշրջանին չկար Արշակունեաց շրջանին այնքան յատուկ հակասութիւնը թագաւորական իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ։ Հայոց թագաւորի դիրքորոշումը վճռական էր կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ։ Գլխաւոր դատաւորի իրաւունքը առաջուան պէս կը պատկանէր հայոց կաթողիկոսին։ Փոքր գործերու դատավարութիւնը կը կատարուէր եկեղեցական ժողովներու մշակած կանոններով եւ սովորական իրաւունքով։
Իշխանական տուներու նման՝ խոշոր հողատէր դարձած էր նաեւ Հայ եկեղեցին։ Մեծաքանակ վանքերը կը տիրէին բազմաթիւ գիւղերու։ Օրինակ 10-րդ դարու սկիզբները, Տաթեւի վանքին կը պատկանէր 22 գիւղ։
Բանակ
ԽմբագրելԲագրատունի թագաւորները յատուկ նշանակութիւն կու տային բանակի կազմակերպման։ Պատերազմներու ժամանակ բանակը կը սպառազինուէր, եւ զօրքի թիւը կը մեծնար։ Խաղաղ պայմաններու մէջ ան կը հասնէր 80-100 հազարի։ Բանակը կազմուած էր արքունական եւ մարզպանական գունդերէն։ Արքունի գունդը անմիջականօրէն կ՝ենթարկուէր թագաւորին, իսկ մարզպանական գունդը կը կազմուէր իշխանական զօրաջոկատներէ։ Բանակը կազմուած էր հեծելազօրի, հետեւակի եւ սակրաւորական զօրամասերով։ Զօրքը կը լրացնէր ազատները, շինականները եւ քաղաքացիները։ Հայոց զօրքի հիմքը այրուձին՝ հեծելազօրքն էր։ Բագրատունի թագաւորներու յենարանը արքունական գունդն էր, որ կազմուած էր թագաւորական տիրոյթներէն հաւաքուած ռազմիկներով։ Արքունական գունդը կը պահուէր մեծ մասամբ մայրաքաղաքի եւ արքայական ամրոցներուն մէջ։
Պետութեան կեդրոնացման եւ հզօրացման այս քաղաքականութիւնը կը հանդիպէր ոչ միայն որոշ հայ խոշոր կալուածատէրերու, այլեւ՝ խալիֆայութեան յամառ դիմադրութեան[1]։
Խորհրդանիշեր
ԽմբագրելԲագրատունիներու դրօշը 10-րդ դարու 60-ական թուականներու կէսին կը դառնայ համահայկական թագաւորութեան խորհրդանիշ։
Սմբատ Տիեզերակալ (977-990) թագաւորը, կառուցելով արտաքին մեծ պարիսպներ, գլխաւոր դարպասին մօտ՝ պարիսպին վրայ, տեղադրել տուաւ զինանշանի պատկերը։
Այս զինանշանային պատկերը բազմաստիճան է եւ բարդ։ Յատակի կամ առաջին աստիճանը կը կազմէ բարձր շրջանակով ընդհանուր պատէն անջատուած երկյարկանի եկեղեցատիպ ուղղանկիւն շրջանակը։ Առաջին յարկի կամ մեծ ուղղանկիւնին մէջ արձանային եղանակով ու ողորկ մշակումով քանդակուած է՝ գլուխով դէպի ձախ ուղղուած յովազը՝ վարգի պահուն։ Յովազի մարմինը երկարած, երկար վիզը քաշուած դէպի վեր, մէջքը շեղած է դէպի վար, առջեւի ձախ թաթը ինկած է ետեւ, ետեւի ձախ ոտքը՝ առաջ, որ կ՝ապահովէ հաստատուն վարգը, պոչը՝ մարմինին զուգահեռ, երկարած է օդին մէջ։
Շրջանակի երկրորդ յարկի քարին վրայ կլոր շրջանակ-փոս փորուած է, ինչ որ կը փոխարինէ գունդը՝ իշխանութեան նշանին։ Երկրորդ յարկի շրջակալի կեդրոնէն դէպի վեր, ինչպէս եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, գունաւոր, շեղանկիւնաւոր խաչ դրուած է։ խաչը յենուած է եռանկիւնաձեւ շեղանկիւնին վրայ։ Խաչին կեդրոնը, որ շեղանկիւնին կեդրոնն է, նոյնպէս շրջանակ-փոսիկ փորուած է՝ որպէս իշխանութեան նշան։
Ամբողջ պատկերը իր համաչափութեան մէջ եկեղեցիի կերպար ունի։
Անի քաղաքի զինանշանին վրայ ալ մնացած է յովազը։ Այդ կ՝ապացուցէ 1273 թուականին Անի քաղաքին մէջ պատրաստուած փորագրազարդ գրակալի վրայի յովազի պատկերը։ Կենդանին այստեղ գլուխով ուղղուած է դէպի աջ եւ դարձեալ պատկերուած է վարգի պահուն։ Գլուխը ուղղահայեաց դիրքով է, վիզին գնդաւոր օղակը, ինչպէս նաեւ առջեւի աջ թաթին վրայ պատկերուած գունդը, իշխանութեան նշան են։ Յովազի մէջքին յենուած հիմքին վրայ փորագրուած է շրջանակաւոր վարդեակ, որ կը փոխարինէ կենաց ծառը եւ կը խորհրդանշէ յաւերժութիւնը։
9-րդ դարու 50-ական թուականներու կէսին Բագրատունիներու զինանշանը կը դառնայ համահայկական թագաւորութեան խորհրդանիշ։
Հայոց Արշակունի թագաւորներու թագադիրներ կամ Մարզպանական Հայաստանի իշխաններու եղած ժամանակ Բագրատունիներու զինանշանի մասին տեղեկութիւններ չկան։ Հայաստանի թագաւոր եղած ժամանակ անոնց զինանշանի վրայ առկայ են թէ՝ առիւծի կամ յովազի, թէ՝ արծիւի պատկերներ։
Բագրատունիներու առիւծի պատկերով ամէնէն հին զինանշանը կը գտնուի Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ հարաւային ճակատին վրայ։ Առաքելոց եկեղեցին կառուցուած է Աշոտ Երկաթի եղբօր՝ Աբաս Բագրատունի թագաւորի օրօք՝ 930-943 թուականներուն։ Առիւծի պատկերը ստեղծուած է հարթաքանդակի եղանակով քարի վրայ փորուած քառակուսիին ներսը։ Առիւծին գլուխը ուղղուած է դէպի աջ նայելով դիտողին։ Որպէս իշխանութեան նշան՝ առջեւի աջ թաթը բարձրացուցած է վեր, պոչը՝ վեր երկարած։ Փաստօրէն, եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ Առաքելոց եկեղեցւոյ պատին վրայ, զինանշանը կը պատկանի Աբաս թագաւորին։
Անիին մէջ գտնուած սալաքարին վրայ առիւծի պատկերը ստեղծուած է քանդակային եղանակով։ Առիւծին գլուխը ուղղուած է դէպի աջ եւ բացարձակապէս կրկնօրինակն է Կարսի քանդակին։ Առաւել մանրամասնօրէն քանդակուած են կենդանիին փքած կուրծքը, հարթ բաշը, հաստ ու ընդգծուած յօնքերը, վիզը, դէմքը։ Ճակատին փորագրուած շեղանկիւնը կը խորհրդանշէ իշխանապետ ըլլալը։
Որպէս Բագրատունիներու խորհրդանիշ՝ նոյն առիւծը, պատկերուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան զինանշաններուն՝ վահանի աջ կողմի վերի մասին վրայ։
Անիին մէջ գտնուած են եւս երկու զինանշանային քանդակներ՝ Առիւծին գլուխը դէպի աջ ուղղուած։ Վստահօրէն կարելի է փաստել, որ Բագրատունիներու կեդրոնական իշխանութեան զինանշանը նաեւ կը գտնուի Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ գմբէթի խորշերէն մէկուն մէջ։
Բագրատունիներու զինանշան-արծիւը քանդակուած է արձանային եղանակով եւ ունի ուղղահայեաց կառուցուածք։ Թռչունի թեւերը հպուած են մարմինին, կուրծքը՝ դուրս ցցուած, վիզը՝ թեքուած քիչ մը ձախ եւ գլուխը՝ ջարդուած։ Հզօր ճանկերուն մէջ պոչին սեղմած կը պահէ ինչ-որ անորոշ կենդանի։ Քանդակը ստեղծուած է թեփոտ կամ տաշուած քանդակային եղանակով։
Բագրատունիներու՝ Անիի շրջանէն, յայտնի է զինանշանային մէկ այլ տարբերակ, որ կը գտնուի հայոց մայրաքաղաքի գլխաւոր եկեղեցւոյ՝ Անիի Մայր տաճարի արեւմտեան ճակատին։ Այստեղ՝ կեդրոնական մասը, իրարու զուգահեռ, երկու խորշերու գլուխին, գրեթէ նոյն ոճով քանդակուած են զինանշան-արծիւի պատկերներ։
Արծիւը ունի հորիզոնական կառուցուածք, պատկերուած է այն պահուն, երբ երկինքէն, թեւաբախումով, բացուած պոչով կ՝իջնէ ու կը ճանկէ զոհին։ Ամբողջ պատկերը շարժման մէջ է. հզօր թեւերը ալիքաձեւ, ոլորուն կը ճախրեն օդին մէջ, մագիլները խրուած են աննշան եւ անորոշ զոհի մարմինին մէջ ու սեղմուած են հզօր պոչին։
Արծիւին գլուխը քիչ մը ձախ թեքուած եղած է, որ կ՛որոշէ նաեւ կուրծքի ձախ ուղղուածութիւնը։ Ինչպէս եւ Կարսի, Անիի Մայր տաճարի երկու արծիւներու գլուխներն ալ կոտրուած են, քանի որ զինանշանային այս անզուգական պատկերները որոշ չափով կը խամրին։
Զինանշանային արծիւաքանդակները թէեւ զուրկ են մանրամասներու ընգծումէն եւ ընդհանրապէս մշակուած չեն, սակայն լաւագոյնս կ՝արտայայտեն հզօր թագաւորներու՝ Բագրատունիներու կարգավիճակը. անոնք այնքան հզօր էին, որ իրենց դէմ թշնամիները աննշան ոչնչութիւն են։ Բագրատունիներու այս զինանշանը կերտուած է Գագիկ Ա. թագաւորի օրօք, երբ Բագրատունիները կը գտնուէին փառքի գագաթնակէտին, եւ իրենց զինանշան ալ այդ կ՝ապացուցէ։
Անիի մայր տաճարի զինանշանային պատկերի նմանութեամբ՝ երկու նոյնատիպ արծիւապատկերներ են փորագրուած Անիի միջնաբերդի պալատական եկեղեցւոյ ներսը։ Եկեղեցին կառուցուած է Բագրատունիներու օրօք՝ 10-11-րդ դարերուն։
Աւելի ուշ Բագրատունիներու զինանշանային պատկերները որդեգրեցին իրենց Բագրատունեաց տոհմէն սերունդ համարող՝ ժառանգորդ Զաքարեանները։ Զաքարէ Բ․-ի եւ Իվանէ Աճի համար որոշ փոփոխութիւններով օգտագործուեցաւ Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ արծիւապատկերները, իսկ Վահրամեանները որդեգրեցին Անիի Մայր տաճարին գտնուող զինանշանը՝ անոր վրայ որոշ յաւելում կատարելով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Պետական կարգը, բանակը, դատարանը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-02-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-01