Գագիկ Ա. (անյայտ– 1020), Հայոց թագաւոր 990–էն։ Բագրատունիներու թագաւոր։

Գագիկ Ա.
Ծնած է անհայտ
Մահացած է 1020
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ
Ամուսին Քաթրանիտէ Բ․
Ծնողներ հայր՝ Աշոտ Գ․ Ողորմած, մայր՝ Խոսրովանուշ
Երեխաներ Աշոտ Դ Քաջ?, Յովհաննէս-Սմբատ, Աբաս Բագրատունի? եւ Խուշուշ Բագրատունի?

Գահակալութիւն

Խմբագրել

Սմբատ մեռաւ անժառանգ։ Իրեն յաջորդեց եղբայրը՝ Գագիկ, որ նոյնպէս շարունակեց շինութիւններով բարեզարդել Անին ու իր շրջակայքը։ Ան Տրդատ ճարտարապետին աւարտել տուաւ Մայր Տաճարին շինութիւնը (1001): Տրդատ շինեց նաեւ կաթողիկոսարանը, ինչպէս նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ հռչակաւոր Այա Սոֆիա մեծ տաճարին գմբէթը։

Թագաւորական Կեանք

Խմբագրել

Գագիկ Ա.-ի օրով, Բագրատունեաց թագաւորութիւնը հասաւ իր զօրութեան գագաթնակէտին, թէ՛ ռազմական զօրութեամբ եւ թէ հողային ընդարձակութեամբ։ Ան բանակին ընդհանուր թիւը հասցուց 100 հազարի, սպարապետութիւնը յանձնելով Վահրամ Պահլաւունիին:

  • Գագիկ Ա.-ի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական գիծը եղաւ քրիստոնեայ պետութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութիւն ցուցաբերել՝ Հայաստանը ձերբազատելու համար թշնամիներէն։ Ան բարեկամութիւն հաստատեց Տայքիի Կիւրողապատ իշխանին հետ, որ յարձակելով Մանազկերտի Աբբաս էմիրին վրայ, խլեց քաղաքը։ Երբ իր կարգին էմիրը քալեց Դաւիթի դէմ, Գագիկ հասաւ իր դաշնակեցին օգնութեան եւ անոնք միասնաբար կոտորեցին էմիրին զօրքերը։
  • Աւելի ուշ, Գագիկ միացաւ նաեւ Վրաստանի Բագրատ Գ. Թագաւորին՝ յարձակելու համար Գանձակի արաբ էմիրին վրայ, որ պարտուելով կորսնցուց իր հողերուն մէկ մասը։
  • Ներքին քաղաքականութեան մէջ, կեդրոնական իշխանութեան դէմ առնուած որեւէ քայլ խստօրէն պատժուեցաւ։ Այսպէս, ան յարձակեցաւ իրեն անհնազանդ Ձորագետի Դաւիթ թագաւորին վրայ ու գրաւեց անոր հողերը, որուն համար վերջինը կոչուեցաւ Դաւիթ Անհողին։ Գագիկ Ա. Նաեւ Վասպուրականէն խլեց կարգ մը հողամասեր, զորս կցեց իր թագաւորութեան։
  • Անիի պեղումներէն յայտնաբերուած է Գագիկ Ա.-ի 2.26 մեթր բարձրութեամբ անդրին։
  • Գագիկ Ա.-ով վերջ կը գտնէ յարաբերական խաղաղութեան շրջան մը։ 925-էն ի վեր Հայաստան չէր ենթարկուած կարեւոր արշաւանքին։ Ան զօրացած էր, եւ օգտուելով քաղաքական ու ռազմական ապահով վիճակէն, լծուած էր շինարարական աննախընթաց աշխատանքի։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայոց Պատմութիւն, Հայաստան ու Հայութիւնը Գ.- ԺԳ. Դարերուն, Ա. Տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009: