Աշոտ Գ. Ողորմած (ծննդեան թուականը անյայտ է՝ շուրջ 905-977 թուականներ) Հայոց թագաւոր 953-էն։ Յաջորդած է հօրը՝ Աբաս Ա. Բագրատունի։ Աշոտ Գ.-ի թագաւորութեան տարիներուն Հայաստան տնտեսական եւ մշակութային վերելք ապրած է եւ երկրին մէջ համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ մը տիրած է։ 953-ին փորձած է Դուինը ազատագրել արաբներէն, բայց յաջողութիւն չէ գտած։ 961-ին արքունիքը Կարսէն տեղափոխած է Անի, զոր պարսպապատած է, կառուցել տուած է պալատներ եւ այլ շինութիւններ եւ զայն հռչակած՝ Հայաստանի մայրաքաղաք։ Աշոտ Գ. յաջողութեամբ ետ մղած է Կովկասի լեռնականներն ու Աղձնիքի արաբ ամիրային յարձակումները։ 973-ին 80 հազարնոց բանակով մը յարձակած է Տարօնի ճամբով դէպի Միջագետք արշաւող բիւզանդական զօրքերուն դէմ՝ հեռացնելով Հայաստանին սպառնացող վտանգը։ Յովհան Չմշկիկ կայսեր առաջարկով հաշտութիւն կնքուած է Հայաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ։ Աշոտ Գ.-ի օրով Հայաստանի մէջ ընդարձակուած են հին քաղաքները եւ կառուցուած՝ նորերը։ Անոր կինը՝ Խոսրովանուշ թագուհին, 966-ին հիմնած է Սանահինի վանքը, իսկ 976-ին՝ Հաղբատի վանքը, որոնք շուտով գիտակրթական կեդրոններ դարձած են։ Աշոտ Գ. երկրին գլխաւոր քաղաքներուն մէջ բացած է դպրոցներ, հիւանդանոցներ, անկելանոցներ, անոնց պահպանման համար յատկացուցած է որոշ եկամուտներ։ Աշոտ Գ. «բարեգործ էր», որու համար ալ կոչուած է «Ողորմած»։

Աշոտ Գ. Ողորմած
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 977[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն պետական գործիչ, գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ[1]
Ամուսին Խոսրովանուշ
Ծնողներ հայր՝ Աբաս Ա. Բագրատունի[1], մայր՝ Բագրատունի (անանուն)
Երեխաներ Գագիկ Ա., Սմբատ Բ. տիեզերակալ, Գուրգէն Կիւրիկէ . եւ «անանուն» Բագրատունի?

«Ողորմած» անուանումը

Խմբագրել

Աշոտ Գ. իր գահակալութեան օրերուն ծանօթ էր «բարեպաշտ» անունով,իր մահէն ետք զինք կոչած են «Ողորմած» նկատի ունենալով աղքատներուն, հիւանդներուն, կաղերուն եւ կոյրերուն նկատմամբ անոր հոգատար վերաբերմունքը:[2]: Աշոտ Գ-ի բարեպաշտութեան եւ կատարած ողորմածութիւններուն շնորհիւ ան դասուած է Հայ եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին, իսկ իր վարքը գրուած է «Յայսմաւուրք»ին մէջ:

  «Այս Աշոտ խաղաղասէր բարուք կալեալ զաշխարհս Հայոց՝ խոնարհութեամբ եւ ողորմածութեամբ զանցոյց զամենեքումբք, վասն զի զգոնջացեալսն եւ զկաղսն եւ զկոյրսն հաւաքէր առ ինքն եւ բարձակից ինքեան առնելով ի խրախճանութիւնսն. զոմանս ի նոցանէ իշխանս եւ իշխանաց իշխանս եւ կիւրապաղատս անուանէր եւ զբաւսնոյր նոքաւք. եւ զքոսն կարմիր եւ զվէրս նոցա առաջի աչաց իւրոց փոխանակ զարդուց եւ ականց փայլելոց համարէր: Այլ եւ զբաժակն իւր թագաւորական ըմպելեաւք մատուցանէր նոցա, եւ յորժամ թարախ վիրաց նոցա խառնէր ընդ գինւոյն, յայնժամ զմնացորդս նոցա առեալ ինքն ճաշակէր: Եւ այնքան առատաձեռնութեամբ բաշխէր կարաւտելոց՝ մինչեւ ի մահուն իւրոյ ոչ լինել դրամ մի ի գանձատան նորա. այլեւ զկապուտ զարդուցն եւ զբազմականացն եւ որմոց տայր կարաւտելոց: Եւ քաւեաց զմեղս իւր ողորմութեամբ եւ գթով տնանկաց»
- Ասողիկ
 


Անի Քաղաքին Հիմնարկութիւնը (952-961)

Խմբագրել

Աշոտ կ'որոշէ մայրաքաղաքը փոխադրել ուրիշ աւելի յարմար տեղ մը եւ, բաւական փնտռելէ ետք` Ախուրեան գետի ափին շատ յարմար բարձրավանդակ մը կը գտնէ եւ կ'որոշէ հոն կառուցել նոր մայրաքաղաքը, զոր կը կոչէ Անի։ Ան կ'որոշէ իր թագադրութիւնը կատարել տալ միայն Անիի շինութեան աւարտէն ետք։ Ամբողջ ժողովուրդը կը մասնակցի այս իւրայատուկ քաղաքի շինութեան, որ կը զարդարուի տուներով, պալատներով, առեւտրական հաստատութիւններով եւ բերդերով, ինչպէս նաեւ աննման եկեղեցիներով ու մատուռներով, այն աստիճան որ կը կոչուի հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք։ Յատուկ ջրմուղներ շինել կու տայ, որպէսզի ամէն տեղ ջուր հասնի եւ զայն կը դարձնէ միջին դարու լաւագոյն քաղաքներէն մին։

Թագաւորին Պաշտօնական Օծումը (961)

Խմբագրել

961-ին, երբ քաղաքին շինութեան մեծ մասը արդէն աւարտած էր, Անանիա Մոկացի կաթողիկոսը զինք փառաւոր հանդիսութեամբ թագաւոր կ'օծէ, ի ներկայութեան Աղուաններու թագաւորին եւ կաթողիկոսին, իրեն հպատակ բոլոր արքաներուն եւ հայկական բանակի 45.000 զինուորներուն, Գոռ Մարզպետունի հայոց զօրավարի հրամանատարութեան ներքոյ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հ. Պատմութիւն, Արմէն Մարաշլեան, Զ. Գիրք, Համազգայինի «Վ. Սէթեան տպարան», Պէյրութ, 2011: