Դուին, Պատմական Հայաստանի մայրաքաղաքներէն մէկը։ Հիմնուած է Դ. դարու առաջին կիսուն։ Կը գտնուի Այրարատ նահանգի Հայոց Ոստան գաւառին մէջ։ Ըստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիին՝ «դուին» բառը պարսկերէն ծագում ունի եւ կը նշանակէ բլուր։ Փաւստոս Բիւզանդի կարծիքով Դուինը բլրան անուանումն է։

Մայրաքաղաք
Դուին
Երկիր  Հայաստան
Հայկական մարզպանութիւն
Պարսկահայք
Բնակչութիւն 1190 մարդ (1912),
517 մարդ (1880)
Ժամային գօտի UTC+4։00

Միջնադարեան Հայաստանի Դուին մայրաքաղաքին աւերակները կը գտնուին Վերին Դուին, Հնաբերդ, Վերին Արտաշատ, Նորաշէն եւ Այգեստան գիւղերուն տարածքներուն, Երեւանէն շուրջ 30 Քմ հարաւ։ Ներառուած է Հնաբերդի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Դուինի մասին յիշատակած են ոչ միայն հայ պատմիչները, նաեւ յոյն, արաբ, հռոմէացի, վրացի ու ասորի բազմաթիւ մատենագիրներ։ Սակայն անհնար էր ամբողջական պատկերացում կազմել Դուինի մասին, քանի որ յաճախ անոնք սոսկ յիշատակած են քաղաքին անունը․ շատ հարցերու պատասխանները միայն պեղումները կարենան տալ[1]։

Հիմնում Խմբագրել

 
Դուին քաղաքին քարտէսը

330-338 թուականներուն Մեծ Հայքի թագաւորն էր Տրդատ Մեծի որդին՝ Խոսրով Կոտակ: Անոր գահակալութեան առաջին տարիներուն կատարուած շինարարական գործերէն մէկը Դուին քաղաքին հիմնադրումն է (Դ. դարուն, 30-ական թուականներուն)։

Ըստ պատմիչներուն՝ այն ատեն Արաքս գետը փոխած է իր հունը եւ հեռացած Արտաշատէն, որուն պատճառով խախտած էր մայրաքաղաքին ռազմական պաշտպանութիւնը։ Բացի ատկէ, Արաքսին ընթացքը փոխելուն հետեւանքով ջուրերը դուրս եկած են հունէն եւ ստեղծած ճահիճներ մայրաքաղաքին շուրջ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, այդ պատճառով նոյնիսկ օդը դարձած էր վատառողջ։ Այս ամէնը հաշուի առնելով՝ արքունիքը կ'որոշէ մայրաքաղաքը տեղափոխել առողջ կլիմայով բարձրադիր վայր մը։ Արարատեան դաշտին տաքը եւ կլիման առողջացնելու համար քաղաքին մօտակայքը անտառներ կը տնկէ, որոնք մինչեւ օրս պահպանուած են մինչեւ այժմ «Խոսրովի անտառ» անունով[2]։

Նոր մայրաքաղաքին համար յարմար տեղ կ'ընտրուի Արտաշատէն ոչ հեռու գտնուող Դուին կոչուող բլուրը, ուր կը հիմնուի քաղաքը[2]։ Նորաստեղծ մայրաքաղաքին մէջ կը կառուցուին արքունական ապարանքներ եւ այլ գեղեցիկ շէնքեր։ Դուին կը շարունակուի զարգանալ եւ 428-ին կը դառնայ Մարզպանական Հայաստանի կեդրոնը։ 450-ին բերդապահ պարսիկ Վնդոն հայերը ձուլելու նպատակով Դուինի մէջ հիմնուած է զրադաշտական ատրուշան մը, իսկ եկեղեցին վերածուած է մեհեանի, սակայն Վարդան Մամիկոնեան, զօրքով մտնելով քաղաք, կրկին վերահաստատած է քրիստոնէութիւնը։ Այնուհետեւ, հայ նախարարները Հայաստանի նկատմամբ բիւզանդացիներն ու պարսիկները կրօնա-դաւանափոխական նկրտումները ձախողելու նպատակով Գիւտ Արահեզացի կաթողիկոսը խրատած են կաթողիկոսական աթոռը Էջմիածինէն տեղափոխել Դուին։ Այդ նպատակով քաղաքին կեդրոնը՝ եռանաւ եկեղեցւոյ մօտակայքը, կառուցուած են վեհարան, պաշտօնատուներ, բարձրագոյն դպրոցներ եւ այլ շէնքեր։

Դուինի համայնապատկեր


Անկումը Խմբագրել

Մայրաքաղաքը կործանած է 863-ի հզօր երկրաշարժէն, մասնակի վերականգնումէ մը ետք` երեսուն տարի վերջ, հուժկու երկրաշարժ մը ի սպառ ջնջած է քաղաքը երկրի երեսէն` շէնքերու փլատակներուն տակ թաղելով մօտ 70 հազար մարդ:

Քաղաքը կրկին ու կրկին վերականգնած է, բայց վերջնականապէս աւերուած է 1236-ին[2], Ճալալ Էտ Տինի արշաւանքներուն հետեւանքով[3]։ Մոնկոլ-թաթարական արշաւանքէն ետք Դուինի տարածքին յառաջացած են մի քանի գիւղեր:

Պատկերներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Դուին»։ aregnapayl.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-22 
  2. 2,0 2,1 2,2 «ՀԱՅՈՑ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ԴՈՒԻՆ»։ www.araraddaily.com։ արտագրուած է՝ 2021-01-22 [permanent dead link]
  3. Հայրենիք օրաթերթ, Հայաստան ԺԳ․ դարուն, 25 Փետրուար 1971

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր երրորդ, Երեւան, 1979
  • Ռաֆայէլ Իշխանեան, «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց», գիրք երկրորդ, Երեւան, 1997
  • Հայ ժողովուրդի պատմութիւն, հատոր առաջին, Հայկական ՍՍՀ ԳԱԱ հրատարակչութիւն, Երեւան, 1971
  • Ղաֆադարեան Կ., Դուին քաղաքը եւ անոր պեղումները, հհ. 1,2, Երեւան, 1952, 1982:
  • Յարութիւնեան Վ., Հայկական ճարտարապետութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992:
  • Քալանթարեան Ա., Դուին, Երեւան, 1987:
  • ՀՀ Հանրագիտարան, հ. 2, Երեւան, 1995:
  • Գառնիկ Շախկեան, «Հայ ժողովուրդի ճարտարապետական-շինարարական գործունէութիւնը Ը.- Թ.դարերուն», 2004: