Մովսէս Խորենացի

Ոսկեդարու գրող-պատմիչ

Մովսէս Խորենացի (13 Յունուար 410 - 490), Ոսկեդարու գրող-պատմիչ, մեկնիչ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, իմաստասէր, աստուածաբան, կը համարուի հայ միջնադարեան պատմագրութեան ամենակարեւոր դէմքը՝ Պատմահայրը։ անոր «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութիւնը եղած է ազգային ինքնաճանաչման, քաղաքական-հայրենասիրական դաստիարակութեան ուսումնական ձեռնարկ։ Հայ սերունդները ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն Խորենացիին, անուանած են անոր «Պատմահայր», «Մեծն Մովսէս», «Քերթողահայր», «Տիեզերահռչակեալ» եւ այլ պատուանուններով։

Մովսէս Խորենացի
Ծնած է 410[1]
Ծննդավայր Խորնի, Տարօն, Տուրուբերան, Մեծ Հայք[1]
Մահացած է 490
Մահուան վայր Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Երկեր/Գլխաւոր գործ Պատմութիւն Հայոց
Մասնագիտութիւն պատմաբան, թարգմանիչ, բանասէր, գրագէտ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Անոնց մեծ մասը կը հաղորդէ ինքը՝ հեղինակը, իր «Հայոց պատմութեան» մէջ պատահական կերպով։ Մովսէս Խորենացին ծնած է 5-րդ դարուն սկիզբը՝ մօտ 410-415 թթ., ենթադրաբար՝ Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը, մէկ այլ վարկածով՝ Սիւնիքի Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղը։ Ենթադրուած է, որ 15-16 տարեկան հասակին, այսինքն մօտ 427 թ., ան ուղարկուած է Վաղարշապատ։ Վաղարշապատի դպրոցը ան եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի կրտսեր աշակերտներէն։ Այստեղ ան ուսած է 5-6 տարի՝ բացի հայերէնէն սորված է նաեւ յունարէն եւ ասորերէն։ 431 թ.-էն յետոյ ուսուցիչները իրեն այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են Եգիպտոսի Ալեքսանտրիա քաղաքը՝ «իսկական ճեմարանում կատարելագործուելու»։ Ան օտար լեզուներ սորուեցաւ, յատկապէս յունարէն, իւրացուցած է փիլիսոփայութիւն, քերթողական արուեստ, երաժշտութիւն, ճարտասանութիւն, աստուածաբանութիւն, պատմութիւն։ Այստեղ մօտ 5-6 տարի ուսանելէն յետոյ Խորենացին եւ իր ընկերները կը վերադառնան եւ կ’ուղղուին դէպի Յունաստան։ Սակայն ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւը կը քշէ դէպի Իտալիոյ ափերը։ Օգտուելով առիթէն՝ հայ երիտասարդներն կ’այցելեն Հռոմի սրբավայրերը, այնուհետեւ կը մեկնին Աթէնք։ Ձմեռը հոն անցնելէ ետք գարնան կը վերադառնան Հայաստան Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուընէ ետք, այսինքն 440 թ։ Այս առիթով Խորենացին անկեղծ ու խոր հուզմունքով կ’արտահայտէ իր ապրումները. «Նոյնիսկ չհասայ տեսնելու անոնց աչքերու փակուիլը, լսելու անոնց վերջին խօսքն ու օրհնութիւնը»։

Չնայած իրեն նկատմամբ եղած հալածանքին եւ անտարբերութեան՝ Խորենացին եռանդուն կերպով կը զբաղուի գրական աշխատանքով. կը կատարէ թարգմանութիւններ, կը գրէ ինքնուրոյն երկեր։ նոյնիսկ ծերութեան տարիներուն պատմահայրը գնահատուած եւ արժանացած է մեծարանքի, ստացած է եպիսկոպոսական աստիճան։

Ան ապրած է զրկանքներով լեցուն կեանք մը՝ վախճանուելով, ենթադրաբար, 490-ական թուականներու սկիզբին հիւանդութեան ու աղքատութեան մէջ:[2]

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

«Հայոց պատմութիւն»

Խմբագրել

Հիմնական յօդուած՝ Պատմութիւն Հայոց (Մովսէս Խորենացի)

Միջնադարեան ձեռագիրները Մովսէս Խորենացիին վերագրուած են ինքնուրույն և թարգմանական շարք մը երկեր՝ ճառեր, թուղթեր, ներբողականներ, հոգեւոր երգեր՝ շարականներ, քերականական, փիլիսոփայական աշխատանքներ, թարգմանութիւններ։ Բայց նրա մատենագրական վաստակի թագ ու պսակը «Պատմութիւն Հայոց» երկն է, որը՝ գրած է իշխան Սահակ Բագրատունիի խնդրանքով։ Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը» բաղկացած է երեք մասերէ, որոնք հեղինակը կոչեր է գիրքեր։

  1. «Հայոց մեծերու ծննդաբանութիւնը»
  2. «Միջին պատմութիւն մեր նախնիքներու»
  3. «Մեր հայրենիքի պատմութեան աւարտը»

Առաջին գիրքը կազմուած է 32 գլուխներէ, կը կրէ «Հայոց մեծերու ծննդաբանութիւնը» վերնագիրը եւ հիմնականին մէջ կը ներբողէ հայոց Հայկ, Արամ, Արա Գեղեցիկ նահապետներուն[3], Պարոյր Սկայորդի, Երուանդ Ա. Սակաւակեաց, Տիգրան Մեծ թագաւորներուն։

Երկրորդ գիրքը կը կոչուի «Միջին պատմութիւն մեր նախնիքներու», կազմուած է 92 գլուխներէ և կ'ընդգրկէ Հայաստանի Արշակունիներու թագաւորութեան շրջանի պատմութիւնը՝ մինչև Տրդատ Մեծի գահակալութիւնը, երկրին մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հռչակումը։

«Մեր հայրենիքի պատմութեան աւարտը» խորագրով վերջին գիրքը կազմուած է 68 գլուխներէ եւ կը պատկերացնէ Տրդատ արքայի մահէն ետք Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ աստիճանաբար տեղի ունեցած անկումը՝ մինչև ազգային պետականութեան կորուստը, ինչպէս նաեւ հայ գիրերու գիւտը, ՍահակՊարթեւի (439 թ.) ու ՄեսրոպՄաշտոցի (440 թ.) վախճանը։

Այս գիրքերէն իւրաքանչիւրը իր հերթին բաժանուած է փոքր գլուխներու, որոնք ունին իրենց վերնագիրները։ «Պատմութիւնն», այն տեսքով, ինչպէս մեզի հասեր է, կ'աւարտի ծանօթ «Ողբ»-ով։ Սակայն Ժ. դարու պատմիչ Թովմա Արծրունին կը վկայէ, որ Խորենացին իր «Պատմութեան» շարադրանքը հասցուցեր է մինչև Հռոմէական (Բիւզանդական) Զենոն կայսեր ժամանակը (474-475 թթ, ապա՝ 475-491 թթ), այսինքն երկը ունեցեր է նաեւ չորրորդ մաս։

Աստվածաբանական աշխատություններ

Խմբագրել

Մովսէս Խորենացիի գրիչին վերագրուած են շարք մը աստուածաբանական աշխատութիւններ։ Նշանակալի է «Պատմութիւն Սրբուհւոյն Աստուածածնի և պատկերի նորա» երկասիրութիւնը, որը՝ իրմէ ներկայացուած է Մովսէս Խորենացիին յղուած Վասպուրականի մեծ իշխան Սահակ Արծրունիի նամակի ի պատասխան՝ «Պատասխանի թղթոյն Սահակայ» վերտառութեամբ։ Հեղինակը մանրամասն անդրադառցած է Մարիամ Աստուածածնի ազգաբանութեանը, մեկնաբանած է անոր կենսագրութեան առանձին դրուագներ, շարադրած է անոր պատկերի պատմութիւնը, ներբողած է Աստուածամօր։ Արժեքաւոր է նաեւ «Պատմութիւն Սրբոց Հռիփսիմեանց» վարքագրական երկասիրութիւնը, որտեղ առկայ են Ագաթանգեղոսի մօտ բացակայող՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման առանձին մանրամասնութիւններ։ Այս աշխատութիւնը սերտորէն աղերսուած է «Ներբող ի Սուրբն Հռիփսիմէ» քնարերգական ստեղծագործութեամբ, որը 5-րդ դարու հայ եկեղեցական գրականութեան ամենանշանակալի երկերէն է։ Ճանաչողական մեծ արժէք ունի «Յաղագս Վարդավառին խորհրդոյ» ներբողը (բանասիրութեան մեջ աւանդաբար անուանուէր է «Ճառ»)։ Այստեղ հեղինակը կը փառաբանէ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութիւնը, ծնունդը և հրաշագործութիւնները։ Պատմագիրի անունով մեզի հասեր են փիլիսոփայ-դաւանաբանակն քանի մը երկասիրութիւններ՝ «Հարցմունք Հոբնաղի և պատասխանիք Մովսէսի Հայոց Քերթողի և Դավիթ Անյաղթ փիլիսոփայի», «Վիճումնական հարցաբանութիւն Մելիտոսի յունաց փիլիսոփային ընդ Աթէնականն Մովսէս փիլիսոփային Հայոց տրամաբանական ոճիւ», «Սրբոյն Թէովդորոսի ծննդեանն և սննդեանն եւ վարուց նորա», «Թուղթք» եւ այլն, որոնց հեղինակային պատկանելութիւնը դեռեւս պարզուած չէ։

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Մովսէս Խորենացիի՝ յունարենէն կատարուած թարգմանութիււններէն արժէքաւոր է Կեղծ Կալիսթենեսին վերագրուող «Պատմութիւն վարուց Աղեքսանդրին» երկը։ Այդ թարգմանութեամբ է պայմանաւորուած հայ միջնադարեան քնարերգութեան իւրայատուկ տեսակներէն մէկուն՝ կաֆաներու ժանրային ձեւաւորումը, ինչպէս եւ մանրանկարչութեան մէջ աշխարհիկ թեմական սկզբնաւորումը։ Մովսէս Խորենացին թարգմաներ է նաև Գրիգոր Նազիանզացիի «Ճառերու» զգալի մասը։

Գիրք պիտոյից

Խմբագրել

«Գիրք պիտոյից»-ը կը համարուի Խորենացիի վաղ շրջանի ստեղծագործութիւն, ճարտասանական վարժութիւններու («նախակրթութիւններու») ժողովածու է։ Բաղկացած է 10 գլուխներէ (ըստ ընդգրկուած վարժութիւններու տեսակներու)։ Գիրքի ողջ բնագիրը յագեցած է աստուածաշնչային վկայութիւններու մէջբերումներով, հիշատակութիւններով և վերապատումներով։ Դրսեւորեր է Սուրբ Գիրքի խոր իմացութիւն, ստեղծագործական մօտեցում, վարպետութիւն, երեւակայութիւն։

Մովսէս Խորենացիի հայրենասիրութեան և ստեղծագործական մտքի փայլուն արտայայտություններէն է «Ողբը», որը զետեղուած է «Պատմություն Հայոց» երկի վերջաւորութեան՝ որպէս եզրափակիչ գլուխ: Այս մեզ հասած գրական ողբի հնագոյն նմուշն է, որով սկզբնավորուած է միջնադարին լայն կիրառութիւն գտած ողբերգութիւնը: Խորենացին այստեղ ցոյց կուտայ Հայաստանի պետականութեան վերացման հետեւանքով հայ իրականութեան մեջ ծայր  առած քաղաքական անկման,ազգային և հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ առաջ եկած բարոյալքութեան խտացուած պատկերը: Առաջին իսկ պարբերութիւնը, որով շարադրութիւնը կը ստանայ պատկերաւոր բնոյթ և յուզումնալից ուղղուածութիւն, արդէն կանխորոշուած է յօրինուածքի մէջ յետագային շօշափուող խնդիրներու շրջանակը. «Ողբում եմ քեզ, Հայոց աշխա՛րհ,ողբում եմ քեզ, բոլոր յիւսիսային ազգերու մէջ վեհագո՛յնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ. վրդովեցաւ խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, տգէտութեամբ հաստատուեցաւ չարափառութիւնը»: Մովսէս Խորենացին դառն կսկիծով կը պատկերացնէ իր երկրի թշվառ վիճակը: Հայրենի գահէն անարգաբար վտարուած է թագաւորը: Սահակ Պարթեւի և Մեսրոպ Մաշտոցի մահուամբ եկեղեցին զրկուեցաւ իր «քաջ հովիւէն եւ հովիւականներէն», մատնուէր է անտերութեան: Չկա ազգին առաջնորդելու ընդունակ գործիչ, երկիրն ինկած է չար ու դաժան թշնամիներու ձեռքը. «…Մեզ տիրել են խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր ու դժուարակիր բեռեր են բարձում, անտանելի հրամաններ տալով:…Տուները կը թալանուին, ունեցուածքները՝ կը յափշտակուին, առաջնորդները կը շղթայուին, նշանաւոր մարդիկ՝ կը բանտարկուին, դէպի օտարութիւն կ'աքսորուին ազնւականները, անթիւ նեղութիւններ կը կրեն ռամիկները»: Հայրենիքին հասած աղետները հեղինակը կը շաղկապէ իր անձնական ճակատագիրին, որ շարադրութեան կը յաղորդէ ընդգծուած քնարականութիւն. «Այսպիսի վշտէ շունչս դէմ է կը կանգնի կոկորդիս, մեր հօր կարոտէն կը մաշիմ: Ու՞ր է այն զուարթ շրթունքներու ժպիտը լաւ աշակերտներուն հանդիպելու ժամանակ…»: Ասոնք չարակամ որակումներ չեն, այլ երկրի հարազատ զաուակի ցաւատանջ հոգիէն պոկուած ծանր, բայց անկեղծ հառաչանքներ, որ երկար տարիներ կուտակուէր են անոր կրծքին տակ՝ հայրենիքի կործանման տխուր գիտակցութիւնէն։

Մովսէս Խորենացիի կերպարը արուեստի մէջ

Խմբագրել

Տես Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

[2]

[3]

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 40–41.
  2. 2,0 2,1 Մովսես Խորենացու «Հայոց պատմություն» երկի աշխարհաբար թարգմանության Ստեփան Մալխասյանի ներածություն (Մովսես Խորենացի, Հայոց պատմություն, Երևան, 1990, էջեր IX-XIII:)
  3. 3,0 3,1 Լ. Միրիջանյան։ Հայկյան հարստությունը առասպել չէ։ Ե 1986։