Սահակ Պարթեւ

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 10-րդ կաթողիկոսը

Սահակ Պարթեւ (348 թ. Սեպտեմբեր 29-ին[4] - 439 թ. Սեպտեմբեր 7-ին, գ. Բլուր, Բագրեւանդ գաւառ), Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 10-րդ կաթողիկոս (Ամենայն հայոց կաթողիկոս 387 թ. ընդմիջումներով), եկեղեցական, քաղաքական եւ մշակութային նշանաւոր գործիչ, քարոզներու եւ հոգեւոր օրհներգերու հեղինակ, քաղաքական-հասարակական գործիչ։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնելի սուրբ։

Սահակ Պարթեւ
Ծնած է 348 թ. սեպտեմբեր 29
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա[1]
Մահացած է 439 թ. սեպտեմբեր 7-ին
Մահուան վայր Աշտիշատ
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն քահանայ
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1]
Ծնողներ Պահլավունի և Մամիկոնեան տոհմերէն
Երեխաներ Սահականույշ Պարթև?[2][3]

Անոր օրով ստեղծուած են հայկական գիրերը եւ հայերէնի թարգմանուած է Աստուածաշունչը։ Աջակցած է Մեսրոպ Մաշտոցին հայ գիրերու ստեղծման եւ տարածման գործով։ Սահակի անունով մեզի հասած են կանոնական գրուածքներ եւ թուղթեր։ Ներդրում ունեցած է շարականագրութեան մեջ։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Պարթեւ Պահլավունի եւ Մամիկոնեան տոհմերէն է, Ներսէս Մեծի որդին է։ Կրթութիւն ստացած է կապադովկեան Կեսարիայի, Աղեքսանդրիայի եւ Կոստանդնուպոլսոյ դպրոցներուն մէջ։ Տիրապետած է յունարէնի, ասորերէնի, պարսկերէնի։ 387 թուականին ընտրուած է հայոց հայրապետ՝ եռանդուն աջակցութիւն բերելով Խոսրով Գ. թագաւորին՝ վերականգնելու Մեծ Հայքի միասնականութիւնը։ Խոսրովի գահընկէց ըլլալէն եւ աքսորուելէն ետք, Սահակ Ա. Պարթեւը նոյնպէս զրկուած է հայրապետական աթոռէն (389 թ.) եւ միայն Վռամշապուհ թագաւորին ջանքերուն շնորհիւ վերաստանձնած իր պաշտօնը։ Յետագային ան պարսից Վռամ Ե. արքային կողմէ ենթարկուած է հալածանքներու ու շնորհազրկման։

Մահացած է իր ծննդեան օրը, Նաւասարդ 30-ին (439 թ. Սեպտեմբեր 7-ին), Բագրեւանդի Բլրոցաց գիւղը եւ թաղուած է Տարօնի Աշտիշատի մէջ։

Ժառանգութիւն

Խմբագրել

Նշանակալի է Սահակ Ա. Պարթեւի մատենագրական ժառանգութիւնը։ Ան կարգաւորած է հայկական Տօնացոյցը, գրած՝ եկեղեցական ու աշխարհիկ դասերուն, պաշտօնեաներուն, հայ ընտանիքին, ամուսնութեան եւ այլ հարցերու վերաբերող բազմաթիւ կանոններ, գրած եւ եղանակաւորած է շարականներ, պատարագամատոյց, ծիսական աղօթքներ, յատկապէս վճռական դեր խաղցած է յունարէն Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ կանոնացման գործին մէջ։

Ղազար Փարպեցին գրած է, որ Մեսրոպ Մաշտոցը եւ միւս թարգմանիչները հայերէն եւ յունարէն հնչիւնաբանութիւնը համեմատելու համար, յաճախ դիմած են Սահակ Ա. Պարթեւին, որովհետեւ ան ստացած էր հիմնաւոր ուսում, կատարելապէս տիրապետած էր հնչիւնաբանութեան ու հռետորական մեկնաբանութեանը, քաջատեղեակ էր փիլիսոփայական ճարտասանութիւններուն։

Սահակ Ա. Պարթեւին անունով պահպանուած են դաւանաբանական թուղթեր՝ ընդդէմ նեստորականութեան, բորբորիտներու ու մծղնէներու, ինչպէս նաեւ նամակներ՝ ուղղուած Թէոդոսիոս II կայսրին, Անատոլիոս կուսակալին, Կոստանդնուպոլսոյ Պրոկղ պատրիարքին, Ատտիկոս, Ակակիոս եպիսկոպոսներուն։ Այս թուղթերուն մէջ (Գիրք թղթոց, էջ 1–21) Սահակ Ա Պարթեւը եւ Մեսրոպ Մաշտոցը Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովէն ետք բանաձեւած են Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դիրքորոշումը, յատկապէս Պրոկղ պատրիարքին ուղղուած պատասխան թուղթին մէջ Հայ եկեղեցւոյ հայրերը հաստատած են Մարդեղութեան խորհուրդին (ընդդէմ Նեստորի) վերաբերեալ Նիկիայի Հանգանակի բանաձեւումը, երեք տիեզերաժողովներու դաւանական վճիռները։ Այդ թուղթը, իբրեւ ուղղափառութեան փաստ, ընթերցուած է 553-ի Կ. Պոլսոյ ժողովին մէջ՝ Կիւրեղ Ալեքսանդրացիին թուղթէն անմիջապէս ետք։

Սահակ Ա. Պարթեւը կարեւոր դեր խաղցած է Հայ եկեղեցւոյ պաշտօներգութեան, երաժշտածիսական գիրքերու հայացման եւ կազմաւորման գործին մէջ։ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ ան հայ հոգեւոր ինքնուրոյն երգերու սկզբնաւորողն է։ Անոր անունով յայտնի են Ժամագիրքին մէջ զետեղուած գիշերային ժամի չորս երգեցիկ քարոզները, ինչպես նաեւ բազմաթիւ շարականներ՝ Ղազարի յարութեան, Ծաղկազարդի կանոնները, երկրորդ Ծաղկազարդի հին կանոնի երգերը եւ Աւագ շաբթուայ բոլոր օրերու կանոններու երգերու մեծամասնութիւնը։

Ուշագրաւ է նաեւ միջնադարեան գրչագիր Գանձարաններուն մէջ պահպանուած՝ Սահակ Ա. Պարթեւի «Պարագրի անպարագրելի բանն» սկզբնատող ունեցող տաղը։

Շարք մը հայ միջնադարեան աղբիւրներ Սահակ Ա. Պարթեւին կը վերագրեն հայոց եկեղեցական ձայնեղանակներու՝ ութձայնի առաջին կարգաւորումը։

Հայ եկեղեցին Ս. Սահակ Ա. Պարթեւի յիշատակը կը տօնէ տարին երկու անգամ։ Յիշատակի օրերուն առաջինը նշուած է Մեծ Բարեկենդանին նախորդող Կիրակիի նախընթաց շաբաթ օրը (Առաջաւորաց պահքի Կիրակիի 14-րդ օրը՝ Յունուարի 24-էն Փետրուարի 28-ը), երկրորդը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հետ՝ Հոգեգալստեան 4-րդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը (Յունիսի 1-էն Յուլիսի 16-ը ինկած շրջանին մէջ)։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 10 — հատոր 10. — է. 134–135.
  2. Toumanoff C. Les dynasties de la Caucasie chrétienne de l'Antiquité jusqu'au xixe siècle: Tables généalogiques et chronologiquesRome: 1990. — P. 244.
  3. (unspecified title) — է. 66.
  4. «Հայկական Հանրագիտարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-02-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-07