Ոստան (բերդ), Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայրերէն մէկը, տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պատմագիրներու կողմէ յիշատակուած է իբրեւ բերդ, գիւղ, քաղաք։

Բերդաքաղաք
Ոստան

Պատմութիւն

Խմբագրել

Վաղագոյն ժամանակներէն ի վեր Վանայ լիճի աւազանը դարձած էր հասարակական կեանքի աշխոյժ կեդրոն, Հայկական լեռնաշխարհի ամէնէն խիտ բնակեցուած երկրամասերէն մէկը։ Միայն Վանայ լիճի ափերուն առաջացած էին 10-է աւելի քաղաքներ ու գիւղաքաղաքներ։ Անոնց թուին էր նաեւ Ոստանը։

Ոստան կը նշանակէ «արքունի կալուածք», «իշխանանիստ», «մայրաքաղաք»։  Պատմական Ոստան քաղաքը, որուն աւերակներու վայրը նոր ժամանակներուն տեղացիները կը կոչեն Հերիշատ, կը գտնուէր Վանայ լիճի հարաւային ափին մօտ, լճափէն մօտ 1քմ հարաւ, Աղթամար կղզիին դիմաց։ Քաղաքը բոլոր կողմերէ շրջապատուած է պտղատու այգիներով։ Ունեցած է անուշահամ աղբիւրներ եւ գեղեցիկ պարտէզներ։

4-5րդ դարերէն Ոստան Ռշտունեաց նախարարներու աթոռանիստն էր։ Յետագային, 10-րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ 11-րդ դարու սկիզբները Ոստանը Աղթամար քաղաք-կղզիին հետ միասին Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր, իսկ նոր ժամանակներուն՝ Վան նահանգի Գաւաշի գաւառի կեդրոնը։

Ոստանի բնակչութեան զբաղմունքները նոր ժամանակներուն եւս նոյնն էին։ Անոնք կը զբաղէին այգեգործութեամբ, ձկնորսութեամբ, արհեստներով ու մանրածախ առեւտուրով:

Ոստան միջնադարեան Հայաստանի գրչութեան յայտնի կեդրոններէն է։ Մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը գլխաւորաբար հայաբնակ եղած է եւ ունեցած 35 հայկական գիւղեր, որոնց բնակիչները 1916-ի նահանջող ռուսական զօրքին հետ միասին գաղթած ու բնակութիւն հաստատած են Արեւելեան Հայաստան[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Ոստան»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-01-31։ արտագրուած է՝ 2023-03-27 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկական համառոտ հանրագիտարան, Հատոր 4, Երեւան, 2003:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։