Վան, քաղաքը վարչականօրէն Արեւմտեան Հայաստանի մաս կը կազմէ եւ կը գտնուի Վանայ լիճի արեւելեան ափին։ Բաժնուած էր նահանգներու, որոնք կը կոչուէին վիլայէթներ։ Մինչեւ Ի․ դարու սկիզբները Արեւմտեան Հայաստանը կը կազմէին այն վեց նահանգները (վիլայէթները), որոնք ծանօթ են նաեւ «արեւելեան նահանգներ» կամ «հայկական վեց նահանգներ» անունով։ Անոնք են՝ Վանի, Բաղէշի կամ Պիթլիսի, Կարինի կամ Էրզրումի, Խարբերդի (Մումուրէթ ուլ Ազիզի), Տիարպեքիրի, Սեբաստիոյ կամ Աւազի նահանգները։

Բնակավայր
Վան
թրք.՝ Van
քրտ.՝ Wan
Երկիր  Թուրքիա[1]
Abdullah Zeydan?[2]
Տարածութիւն 1938 քմ²
ԲԾՄ 1730 մեթր
Բնակչութիւն 1 127 612 մարդ (2023)[3]
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 65000
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 65
Պաշտօնական կայքէջ van.bel.tr(թուրք.)

Վանի Թագաւորութիւն

Խմբագրել

Քաղաքը հիմնադրած է Վանի թագաւոր Սարդուրի Ա.-ը (Ք․Ա․ 835-825), անուանած է Տուշպա եւ դարձուցած պետութեան մայրաքաղաքը։ Այդ օրերուն, քաղաքին մէջ կառուցուած են 2-3 յարկանի քարաշէն տուներ, ընդարձակ փողոցներ, բաղնիքներ եւ այլ շինութիւններ։ Քաղաքը արեւմուտքէն պաշտպանուած էր Վանայ լիճով, իսկ հարաւէն՝ Հայկական Տաւրոս արեւելեան հատուածներով։ Ռազմական կարեւոր նշանակութիւն ունէր քաղաքի կեդրոնը դէպի վեր խոյացած քարաժայռի վրայ կառուցուած միջնաբերդը, որ իր նշանակութիւնը պահպանած էր մինչեւ 1915։ Այսպիսով, Վանը հին աշխարհի անառիկ ու մարդաշատ քաղաքներէն էր, որ իր հիմնադրման օրէն գոյութիւն ունի մինչեւ օրս։ Քաղաքին արեւմտեան մասը, որու տրուած էր Բուն քաղաք կամ Քաղաքամէջ անունը, երեք կողմերէն շրջապատուած է պարիսպներով (մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները), իսկ հիւսիսէն բլուրներով։ Ունեցած է քաղաքային 4 դուռ, արեւելեանը կը կոչուի Թաւրիզի դուռ, հարաւայինները՝ Նոր կամ Սարայի եւ Միջին դուռ, հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը գտնուի Նաւահանգիստի դուռը։ Հիւսիս-արեւելեան կողմը 1 քմ. երկարութեամբ 100-120 մ. բարձրութեամբ ուղղաձիգ քարաժայռ մը կ’երկարի, որու վրայ կը գտնուին հին բերդի (Շամիրամի բերդ) պարիսպներու եւ այլ շինութիւններու մնացորդներ ու բազմաթիւ սեպագիր արձանագրութիւններ։ Այստեղ քաղաքին յատակագիծը անկանոն է, փողոցները՝ նեղ, տուները՝ իրարու կից, բուսականութիւնը՝ աղքատ։ Քաղաքին մէջտեղը կը գտնուի շուկան, կառավարչատունը, փոստ-հեռագրատունը, զօրանոցն ու Հայոց Առաջնորդարանը։ Քաղաքին արեւելեան մասը ունէր հարուստ բուսականութիւն, փարթամ այգիներ եւ կը կոչուէր Այգեստան, որ կ’երկարէր շուրջ 4-5 քմ. տարածութեան վրայ։ Այստեղ էր ուռենիներով, կաղամախիներով զարդարուած Խաչփողանի փողոցը՝ համանուն հրապարակով։ Միւս փողոցները անկանոն էին, նեղ եւ ծուռումուռ, տուները՝ հողաշէն եւ համեստ։ Այգեստանը այն ժամանակ իր մէջ կ’առնէր Հայկավանք, Նորաշէն եւ Ս.Յակոբ թաղերը։ Այգեստանի մէջ կը գտնուէին անգլիական, պարսկական, ռուսական եւ ֆրանսական հիւպատոսութիւնները, բողոքական հայերու դպրոցն ու որբանոցը։ Ըստ աւանդութեան՝ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամը Այգեստանի մէջ կառուցած է նաեւ իր ամառանոցը։ Մենուայի ջրանցքի (Շամիրամի առու) ջուրերով կ’ոռոգուէին քաղաքին հարաւային մասի արտերն ու այգիները, ուր կը մշակուէին հացահատիկներ, խաղող եւ պտուղ-բանջարեղէն, յատկապէս ծիրան, խնձոր, դեղձ, տանձ եւ ընկոյզ։ Ժթ.դարու վերջերէն մինչեւ Ի.Դարու սկիգբները Վանէն կահոյքի համար ընկոյզի փայտ կ’արտահանէին Ֆրանսա (Մարսէյ

Վան քաղաքի դիրք, տարածութիւն եւ բնակչութիւն

Խմբագրել

Վան քաղաքը կը գտնուի Վանայ լիճի ափին։ Վանի նահանգին սահմաններն են՝ հիւսիսէն Էրզրումի նահանգը, արեւմուտքէն՝ Պիթլիսի նահանգը, հարաւէն՝ Տաւրոսեան լեռները, արեւելքէն՝ Պարսկահայքը: Նահանգի տարածութիւնը մօտաւորապէս 40․000 քլ² էր, բնակչութիւնը մինչեւ Եղեռն 350 000 կը հաշուէր, որոնցմէ 200 000 հայեր էին։ Վանի նահանգը կը բաժնուէր երկու մասերու՝ Վանի եւ Հեքիարիի: Վանը ոչ միայն համանուն նահանգին գլխաւոր քաղաքն էր, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական եւ հայաշատ քաղաքներէն մէկը։

Նշանաւոր Վայրեր

Խմբագրել

Քաղաքին հիւսիս–արեւելեան մասին մէջ կը գտնուէին Թոփրակ-Քալէի բարձունքները։ Ասիկա այն հռչակաւոր վայրն է, որ բազմաթիւ պեղումներու շնորհիւ՝ յայտնաբերուած է իր թանկարժէք հնութիւններով, լոյս սփռելով Վանի պատմական մեծ անցեալին վրայ։ Այդ հնութիւնները կամ յափշտակուած են, կամ տարուած են եւրոպական թանգարանները։ Վանի մէջ կը գտնուի նաեւ Ագռաւի կամ Ակրփու քար կոչուող ժայռը, որ ըստ աւանդութեան, կապուած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւն հետ։ Փոքր Մհերը, իր հօր՝ Դաւիթի անէծքով փակուած է այդ ժայռ –քարանձաւին մէջ. տարին մէկ անգամ կը բացուէին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանէին Մհերն ու իր ձին, որմէ ետք, նորէն կը փակուէին ժայռին դռները։

Վանը՝ Մայրաքաղաք

Խմբագրել

Վանը յայտնի է իր բազմաթիւ արձանագրութիւններով։ Վանը հայ ժողովուրդի պատմութեան լաւագոյն յուշարձանն է։ Երկու անգամ եղած է մայրաքաղաք, մէկը՝ Ուրարտուի, միւսը Վասպուրականի Արծրունիներու ժամանակ։

Մշակութային Կեանք

Խմբագրել

Վանը Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն հայաշատ եւ ամէնէն յաառաջադէմ քաղաքն էր։ Վանը ոչ միայն Վասպուրական նահանգի, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի մտաւորական կեանքի գլխաւոր կեդրոններէն մէկն էր։ Վանեցիները շատ ընթերցասէր էին։ Վանեցիներէն նշանաւոր եղած են՝ Թովմա Արծրունի, Խոսրով Անձեւացի, Գրիգոր Նարեկացի, Գրիգորիս Ախթամարցի, Թովմա Մեծոփացի, Նահապետ Քուչակ, Մկրտիչ Խրիմեան (Հայոց Հայրիկը) եւ ուրիշներ։ 1860-ական թուականներուն, Վարագայ վանքը նշանաւոր դարձած է Խրիմեան Հայրիկի օրով, որ հիմնած է գիշերօթիկ ժառանգաւորաց դպրոց, տպարան եւ հրատարակած «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրը։ Այստեղ նշանաւոր էր մատենադարան-թանգարանը, ուր դասաւորուած էին հին եւ նոր, թէ՛տպուած եւ թէ՛ ձեռագիր բարոյական, իմաստասիրական, գիտական, պատմական եւ այլ մատեաններ։ Վարագայ վանքի Ս. Խաչը հոյակապ տաճար մըն է։ Վանը եղած է միջնադարեան հայ գրչութեան ու մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնը։ Այստեղ ապրած ու ստեղծագործած են գրչութեան ու արուեստի շատ ու շատ վարպետներ, որոնց գրած բազմաթիւ ձեռագիրներէն պահպանուած են 13 Աւետարան, 4 Մաշտոց, 3 Յայսմաւուրք, 2 Ճաշոց, 2 Գանձարան, 2 Ճառընտիր եւ բազմաթիւ յիշատակարաններ ու ձեռագրական պատառիկներ։ Հայերն ունէին բազմաթիւ դպրոցներ։ Վանի մէջ կը գտնուէին Երեմեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Բոլոր թաղերը ունէին իրենց դպրոցները։

Արհեստներ ու ճաշեր

Խմբագրել

Արհեստներէն զարգացած էին ոսկերչութիւնը, կտաւագործութիււնը, շալագործութիւնը։ Վանեցի հայուհիները լաւ տնտեսուհիներ էին, կը պատրաստէին ընտիր կերակուրներ ու խմիչքներ։ Յայտնի էր Վանի թանապուրը, հարիսան, խաշը եւ բանջարեղէնով խառն պանիր–ժաժիկը։

Տես նաեւ

Խմբագրել

Վանայ լիճ

Արճէշի «Խորտակուած Քաղաք»ը

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայաստանի մայրաքաղաքները. Գիրք I, Վան (Վան քաղաքի առաջին յիշատակութեան 2865-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու), Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատարակչութիւն, 2013։ ISBN 978-5-8080-1003-1
  • «Հայաստանի և հարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (5 հատորով), 1986-2001 թթ., Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն