Խարբերդ (յունարէն՝ Խարպոտէ, ասորերէն՝ Քորբերդ, թրքական անուանումով՝ Հարբութ), քաղաք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, այժմ՝ Թուրքիա։ Կը գտնուի Խարբերդի դաշտին մէջ, Արածանիի ձախ ափին։ Կարգ մը հետազօտութիւններու համաձայն, Խարբերդը յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ՝ (Strabo (/ˈstreɪboʊ/; Greek: Στράβων Strábōn; 64 or 63 BC – c. AD 24) Սթրապոնի կամ Ստրաբոնի յիշատակած Արկաթիակերտ կամ Քարքաթիոքերթն է (Carcathiocerta Ancient Greek: Καρκαθιόκερτα, Karkathiokerta Ծոփքի թագաւորութեան մայրաքաղաքը):

Քաղաք
Խարբերդ
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 1270 մեթր
Ժամային գօտի UTC+3։00
Խարբերդի մարզ
խարբերդ

Ի. դարու սկիզբը, Արեւմտահայաստանի Խարբերդ գաւառը, որ Մամուրէթ- ալ-Ազիզ (Էլազիկ) նահանգին երեք գաւառներէն մէկն էր, Տերսիմի եւ Մալաթիոյ կողքին, ունէր 32.900 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն:

Խարբերդ գաւառը բաժնուած էր չորս մասերու՝ գլխաւորը Խարբերդ-Մեզրէն, ապա Քեպան Մատէն, Արաբկիրը եւ Ակնը:

Անդի Տաւրոսեան լեռանաշղթայով շրջապատուած, ոռոգուած Եփրատի եւ անոր միացող Արածանիի ջուրերով, 1267 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Խարբերդի դաշտը՝ Արեւելքէն Բալուի դաշտին ու Արեւմուտքէն Մալաթիոյ դաշտին կը միանար: Խարբերդ իր գետերէն եւ անոնց բազմաթիւ հարկատուներէն բացի, ունի Հազար Լիճ, Պատմական Հայաստանի՝ Ծովք Լիճը, Ներսէս Շնորհալիի կղզիով:

Անուանում

Խմբագրել
 
Խարբերդի բերդը

«Խարբերդ» տեղանունը նախապէս ստուգաբանուած է, որ կազմուած է «քար» եւ «բերդ» բառերէն։ Ըստ ուրիշ տեսութեան՝ անիկա սերած է քաղաքին ներկայ տարածքին մէջ գտնուող Ք.Ա. 2000 տարի առաջ գոյութիւն ունեցած Խար գիւղին անունէն, որուն աւելի ուշ աւելցած է բերդ բառը։ Այսպիսով, Խարբերդ կը նշանակէ «ճանապարհի բերդ» կամ «բերդի ճանապարհ»։

Հետագային Դարեհ Ա.-ի օրերուն (Ք.Ա. 522-484) կառուցուած Աքեմենեաններու մայրաքաղաք Սուզան Միջերկրականին միացող ուղին դարձեալ կ'անցնէր Խարբերդ գաւառով՝ պատմական Անձիտով։ Իբրեւ ջրային ճանապարհ օգտագործուած է Արածանիի ստորին հոսանքը։ Մեր ժամանակներուն Խարբերդը պահպանած է ճանապարհներու հանգոյցի այդ դերը։ Ուրիշ տեսութեան մը համաձայն Խարբերդ եղած է որսորդութեան, հողագործութեան եւ լուսնի՝ խեթա-խուրրիական աստուածուհի Խատիին նուիրուած մեհենական սրբավայր, որմէ եկած է իր անուանումը։

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Խարբերդի մուտքը
  • Խարբերդի մէջ պեղուած հնագոյն դամբարանները թուագրուած են Ք.Ա. 20-րդ - 18-րդ դարերով, երբ հոն բնակած են խուրիական ցեղերը։
  • Խարբերդի բերդը կառուցած են ուրարտացիները Ք.Ա. 9-րդ եւ 8-րդ դարերուն։
  • 1070-ական թուականներուն, Խարբերդի մէջ բիւզանդական կայազօրին հրամանատարն էր հայազգի զօրավար Փիլարտոս Վարաժնունին։
  • Մանազկերտի ճակատամարտին, բիւզանդացիներուն պարտութենէն ետք (1071), Կապադովկիոյ, Կիլիկիոյ, Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Միջագետքի հայկական իշխանութիւնները մէկ պետութեան մէջ կը միանան, իսկ Խարբերդը կը դառնայ մայրաքաղաք։
  • Ժ.- ԺԳ. դարերուն քաղաքը նշանաւոր կը դառնայ իր ամուր բերդով։
  • 1185-ին Խարբերդ կ'անցնի Որդոքեաններու իշխանութեան տակ։
  • 1236-ին զայն կը գրաւեն մոնկոլները։ Անկէ ետք, Խարբերդը յաճախ կ'անցնի ձեռքէ ձեռք. անոր կը տիրեն Լենկ-Թիմուրը, քարաքոյունլուները եւ աք-քոյունլունները։
  • 1507-ին Խարբերդ կը ներխուժէ պարսից շահ Իսմայիլի զօրքը, որ կը կողոպտէ ու կ'աւերէ քաղաքը։
  • 1515-ին Խարբերդի վրայ կ'իշխէ օսմանցի սուլթան Սելիմ Ա.-ը։ Թրքական տիրապետութեան շրջանին աւելի կը սաստկանայ բնիկներուն՝ հայերուն կեղեքումը։
  • Վիճակը յատկապէս կը ծանրանայ ԺԶ. դարու վերջին, երբ իշխող վերնախաւին կամայականութիւններուն, ենիչերիններու բռնութիւններուն եւ կրօնական հալածանքներու հետեւանքներով կը քայքայուին արտադրողական ուժերը, կը տիրէ աւելի քան մէկ տասնամեակ շարունակուող սովը, որուն զոհ կը դառնան մեծ թիւով խարբերդցիներ։ Ապրուստի միջոց որոնելով՝ անոր բնակչութեան մեծ մասը կը տեղափոխուի դէպի կայսրութեան արեւմտեան սահմանները։
  • 1617-ին Խարբերդ հիմնայատակ կը կործանի եւ բնակիչները սուրէ կ'անցընէ Չոպան օղլի բէկը։
  • ԺԸ. դարուն Խարբերդն ու շրջակայքը մաս կը կազմեն Սեբաստիոյ վիլայէթին։ Այն ատեն Խարբերդը կրկին կը դառնայ խճողուած քաղաք մը՝ հիմնականօրէն շրջակայ գաւառներու հայերուն շնոհիւ։
  • 1800-ին հոն կը բնակէր 8.000, իսկ 1850-ին՝ 6.000 ընտանիք։
  • Թուրքիոյ 1834-ի վարչական բաժանումով Խարբերդը կը մտնէ Տիարպեքիրի վիլայէթին մէջ։
  • 1878-ին կը կազմուի Խարբերդի վիլայէթը։
  • Ի. դարու սկիզբին Խարբերդի թաղերն էին՝ հարաւ-արեւելքէն երկու ձորի մէջ տարածուած Սինամուտը, որմէ ետք յաջորդաբար կը բարձրանային ասորիներու Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Կարապետ թաղերը։ Արեւմտեան բարձունքներուն վրայ կը գտնուէր Վերի թաղը, որ նաեւ կը կոչուէր Ս. Յակոբի կամ Սիսիոներներու թաղ, որովհետեւ հոն կը գտնուէին Ս. Յակոբ եկեղեցին եւ Եփրատ Քոլէճը։ Քաղաքը կառուցապատուած էր մէկ-երկյարկանի տուներով։
  • Խարբերդի պատմական հնագոյն յուշարձանը եւ ճարտարապետական ամէնէն մեծ կառոյցը բերդն էր, որ կառուցուած էր լերան բարձունքին։ Անիկա հիմնուած էր ուրարտացիներու կողմէ, ապա վերաշինուած՝ Ք.Ա. 2-րդ դարուն՝ Արտաշիսեաններու օրով։ Գլխաւոր պարիսպը կառուցապատուած էր 1.5 մ լայնքով եւ 2 մ բարձրութեամբ քարէ զանգուածներով։ Բերդը ունեցած է բազմաթիւ սենեակներ, իսկ ստորերկրեայ ճանապարհը հասած է մինչեւ մերձակայ Քեորբէ, Հիւսենիկ եւ Մեզիրէ գիւղերը։
  • ԺԹ. դարու վերջին, Ի. դարու սկիզբին թուրք բարբարոսները հիմնայատակ կը կործանեն Խարբերդի բերդը՝ քարերը օգտագործելով Մեզիրէի կառավարական շէնք կառուցելու համար։
  • Տնտեսական եւ մշակութային վերելքին զուգընթաց՝ 1880-ական թուականներուն արագօրէն կ'աճի Խարբերդի բնակչութիւնը, որուն մեծ մասը հայեր էին։ Հոն կը բնակէին նաեւ թուրքեր, ասորիներ եւ քիւրտեր։ Այն ատեն վերջ կը գտնէ խարբերդցիներու արտագաղթը՝ նախապէս դէպի Քանատա, ապա՝ ԱՄՆ։ Արտագաղթը կ'աւելնայ յատկապէս 1895-1896 տարիներուն՝ Համիտեան ջարդերու ատեն։
  • 1914-ին Խարբերդ ունէր 18-20 հազար բնակիչ, որուն շուրջ 10.000-ը հայեր էին։
  • Յուլիս 1915-ին կը սկսի հայերու զանգուածային բնաջնջումը։ 2.500 եւ 3.000 հոգիէ բաղկացած 2 կարաւանով, Խարբերդ-Մեզիրէ-Տիգրանակերտ-Ռաս էլ Այն ճանապարհով, կը բռնագաղթեն դէպի Տէր Զօր եւ կ'ոչնչանան անապատներուն մէջ։

Տնտեսութիւն

Խմբագրել
 
Հիւսեյնիկի կահագործներ
 
Խարբերդ Մետաքսէ թել քաշող վարպետներ
  • Խարբերդ քաղաքը շրջապատուած էր 365 գիւղերով եւ աւաններով, որոնք կը կերակրուէին Խարբերդի ընդարձակ դաշտին երեք բերրի հովիտներուն միջոցով, որոնք այդ իսկ պատճառով «Ոսկեղէն» կոչումին արժանացած էին: Կ'արտադրուէին ցորեն, եգիպտացորեն, բամպակ, բազմատեսակ բանջարեղէններ եւ սննդեղէններ: Բլրալանջերը ծածկուած էին այգիներով, ընկուզենիներով եւ պտղածառերով:
  • Շրջանը նշանաւոր էր գինիով, մեղրով եւ թութի ծառերով: Այս վերջիններուն շնորհիւ բնակիչները կը զբաղէին շերամաբուծութեամբ, մետաքսի արտադրութեամբ եւ արտածումով, ինչպէս նաեւ՝ բնական ներկերու պատրաստութեամբ:
  • Ոչխարներու բազմաթիւ հօտերու շնորհիւ զարգացած էին խաղախորդութիւնն ու կաշեգործութիւնը:
  • Խարբերդի բնակչութիւնը կը զբաղէր արհեստներով, երկրագործութեամբ եւ առեւտուրով։ Հայերը նշանաւոր էին իբրեւ հմուտ դերձակներ, կօշկակարներ, դարբիններ, թիթեղագործներ, հուսներ, կտաւագործներ, ոսկերիչներ, կաշեգործներ եւ զինագործներ։ ԺԹ. դարու վերջին անոնք առեւտրական կապեր ունէին Հալէպի, Կ.Պոլսոյ, Տիգրանակերտի, Այնթապի, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Սամսոնի, Թոխաթի, Վանի, Ատանայի, Արաբկիրի, Բալուի, Պիթլիսի եւ ուրիշ շրջաններու հետ։ Վանի Գափամաջեան առեւտրական ընկերութիւնը մասնաճիւղ ունէր Խարբերդի մէջ։ Քաղաքին մէջ կար մօտաւորապէս 100 խանութ։
  • 1880-1890-ին Խարբերդի հայ վաճառականները կը հասնին մինչեւ արտասահմանեան շուկայ՝ Ռուսաստան, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Անգլիա, նոյնիսկ՝ Ամերիկա։

Մշակոյթ

Խմբագրել
  • Խարբերդ եղած է հայ մշակոյթի նշանաւոր կեդրոն։ 1160-ի ձեռագիրի մը մէջ նշուած է, որ անիկա գրուած է «ի մայրաքաղաքն Խարբերդ»։
  • Խարբերդի նշանաւոր վարժարաններէն էին Ս. Յակոբ Կեդրոնական Վարժարանը, Աղջկանց Հռիփսիմեանց Վարժարանը եւ Սմբատեան Ճեմարանը: Առաջին արդիական ծրագիրով վարժարանը հիմնուած 1892-ին՝ Մեզիրէի Կեդրոնական Երկրորդական Վարժարանն է:
  • Երեք մեծ քոլէճներ հաստատուած են ֆրանսացիներուն, գերմանացիներուն եւ ամերիկացիներուն կողմէ, յատկապէս՝ Արմենիա Քոլէճը, որ հիմնուած է 1878-ին եւ 1888-ին թուրքերուն հարկադրանքով՝ Եփրատ Քոլէճ վերանուանուած է:
  • 1900-ին հիմնուած է Եփրատ Քոլէճին Մանկավարժական դպրոցը, ուսուցչուհի ունենալով ամերիկացի միսիոնարուհի՝ Միս Փրէթը: Շնորհիւ այս կրթական ցանցին Խարբերդ կոչուած էր նահանգին Աթէնքը եւ զարգացած Խարբերդցիները հասած են պետական բարձր պաշտօններու:  
  • Համազգային հռչակ կը վայելէր Աստուածաբանական ճեմարանը, որ գործած է 1859-1915 թուականներուն։ Հոն կը դասաւանդուէին հայերէն, գրաբար եւ աշխարհաբար քերականութիւն, հայոց պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, մարդակազմութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ տիեզերագիտութիւն։
  • Եփրատ Քոլէճը տուած է աւելի քան 600 շրջանաւարտ։
  • 1865-ին կազմակերպուած է կրթական եւ մշակութային «Սմբատեան ընկերութիւն»ը, որ հիմնած է երկսեռ վարժարան մը։
  • 1880-ական թուականներուն Խարբերդի մէջ բեմադրուած է առաջին ներկայացումը՝ «Քաջն Վարդան»-ը։
  • 1889-ին հայերը հոն հիմը դրած են տպագրութեան, 1909-ին հրատարակուած է «Եփրատ» թերթը։
  • Խարբերդի բարբառը իր բառամթերքով եւ կառոյցով շատ տարբեր չէ արեւմտահայերէնէն:

Ժողովուրդ

Խմբագրել

Խարբերդցիները զուարթ եւ ընկերային նկարագիրով մարդիկ էին: Ընտանեկան եւ հաւաքական տօնախմբութիւնները իրենց բարքերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէին:

Գլխաւոր Գիւղեր

Խմբագրել
  • Մեզիրէ,
  • Հիւսեյնիկ,
  • Եղէք,
  • Ծովք,
  • Թլկատեն կամ Խույու,
  • Բազմաշէն,
  • Խուլագիւղ,
  • Հողէ գիւղ,
  • Քէսիրիկ,
  • Իչմէ գիւղ,
  • Բարջանճ,
  • Բարջանճ,
  • Մորենիկ,
  • Դատեմ,
  • Գոմք,
  • Խոխ,
  • Չոր գեղ,
  • Հապուսի,
  • Քէօրբէ,
  • Սուրսուրի,
  • Արփաւուր,
  • Շէյխ Հաճի,
  • Վերի Մեզիրէ,
  • Շէնթիլ,
  • Կարմըրի,
  • Վարդաթել,
  • Երթմընեկ,
  • Մեծկերտ,
  • Բերրի,
  • Շիրօ:

Եկեղեցիներ

Խմբագրել

Խարբերդ քաղաքին մէջ հիմնուած են հինգ եկեղեցիներ՝ Ս. Յակոբ, Ս. Ստեփանոս, Ս.Կարապետ, Ս.Աստուածածին եւ Ս. Նշան: Իսկ խարբերդի գաւառներուն մէջ գտնուած են 55 Եկեղեցիներ եւ տասնեակ վանքեր ու սրբավայրեր:

Խարբերդի Հայկական Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը
Խմբագրել

Թուրքիոյ Խարբերդ քաղաքին մէջ 200 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին ներկայիս կ'օգտագործուի իբրեւ կառատուն:

Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին ասորական եկեղեցւոյ անուան տակ արձանագրուած է Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ: Ցեղասպանութեան յաջորդած շրջանին քանի մը տարի եկեղեցւոյ տարածքը օգտագործուած է նաեւ իբրեւ ալիւրի արտադրամաս, որմէ ետք մատնուած է անտէրութեան: Որոշ ժամանակ մը եկեղեցւոյ տարածքին վրայ կազմակերպուած են շաբաթական տօնավաճառներ, ինչպէս նաեւ օգտագործուած է իբրեւ ոչխարներու ախոռ[1][2]:

Ականաւոր Խարբերդցիներ

Խմբագրել

Կղերականներ

Խմբագրել
  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան,
  • Սրապիոն Վրդ. Ուլուհոճեան,
  • Յովհաննէս Արք. Նազլեան,
  • Ստեփանոս Բ. Եպս. Խրայէլեան,
  • Թաթէոս Վրդ. Թումաճեան,
  • Պատ. Գարեգին Չիֆճեան,
  • Վարդան Քհնյ. Արսլանեան,
  • Պատ. Վարդան Ամիրխանեան,
  • Եղիշէ Արք. Կարոյեան:

Գրագէտներ

Խմբագրել

Արմատով Խարբերդցիներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (5 հատորով), 1986-2001, Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն:
  2. «Խարբերդ եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը»,Վահէ Հայկ, Նիւ Եորք, 1959։