Տէր Զօր (նահանգ), (արաբերէն՝ محافظة دير الزور), Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան շրջանի կարգավիճակ ունեցող վարչական միաւոր, որ կը հանդիսանայ Տէր Զօր գաւառի 7 շրջաններէն մէկը։ Միակ շրջանն է, որ կը գտնուի Եփրատ գետի աջ ու ձախ ափերուն՝ միաժամանակ։

Տէր Զօր շրջան
Երկիր Սուրիա Սուրիա
Կարգավիճակ Սիրիայի շրջաններ?
Մտնում է Դեյր-էլ-Զորի գավառ?
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.

Վարչական կեդրոնն է Տէր Զօր քաղաքը։ 2004-ի մարդահամարի տուեալներով, շրջանը ունէր 239 196 բնակչութիւն[1]։ Ի տարբերութիւն Տէր Զօրի մարզի միւս շրջաններուն՝ այստեղ բնակչութիւնը, հիմնականօրէն, քաղաքաբնակ է։ Գիւղերուն մէջ հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն է՝ ուղտաբուծութիւն, Մեծ եւ փոքր եղջերաւոր անասուններ։ Մերձաւոր Արեւելքի ամենաերկար գետին՝ Եփրատի ափին գտնուելու շնորհիւ, բնակչութիւնը Եփրատի ջուրերը կ'օգտագործէ, արտերը ոռոգելու, որ առիթ կ'ընծայէ բնակչութեան՝ զբաղելու ոռոգովի երկրագործութեամբ ։

Ունի 10 գիւղ եւ աւան՝

  • Ալ-Պաղիլիա (البغيلية)
  • Ալ-Մաաիշիա (المعيشية)
  • Ալ-Ժանինա (الجنينة)
  • Ալ-Ժաֆրա (الجفرة)
  • Ալ-Ժիաա (الجيعة)
  • Աայաշ (عياش)
  • Ատման (عضمان)
  • Մաաիզիլա (معيزيلة)
  • Շաքրա (شقرة)
  • Ժաուլա ալ-Ղըր (جولة الغر)
  • Սաֆիրա Ֆուքանի (سفيرة فوقاني)
  • Քապա Ժըպ (كبا جب)

Տէր Զօր նահանգին անապատը կը բաժնուի երկու մասի[2].

ա.- Շամի անապատը, որ կը տարածուի Ռագգայի սահմաններէն դէպի Հոմսի սահմանները եւ շարունակաբար` մինչեւ իրաքեան սահմանները. Եփրատի հիւսիսի զուգահեռ մասը, որ կ’ընդգրկէ հետեւեալ խմբաւորումները.

– Մըեզելէ, ուր կ'ապրի մշահատէ ցեղախումբը: Անոր կը պատկանին Ժըպ Թամահ, Սուհ, Սատուն եւ Մսէյետ շրջանները:

– Ֆէյտայի մէջ կ'ապրին իպն մուինկ եւ պայաաթ սապաա ցեղախումբերը:

– Քապաքեպի մէջ կ'ապրին ֆատաան եւ հուէշան ցեղախումբերը:

– Չոլայի մէջ կ'ապրի պուսրայա ցեղախումբը:

– Տֆենէի մէջ կ'ապրի ֆատաան ցեղախումբը:

բ.- Ճեզիրայի անապատը, որ կը բաժնուի երկու մասի.

1.- Խապուր գետի արեւելեան շրջանը մեծ բնակչութիւն գոյութիւն չունի. հոն կ'ապրի ըկետաթ ցեղախումբը:

2.- Խապուր գետի արեւմտեան շրջանը` հիւսիսէն մինչեւ Հասաքէի սահմանները եւ արեւմուտքէն Ռագգայի սահմանները. հոն կ'ապրին հետեւեալ ցեղախումբերը.

– Ռուէշետի մէջ կ'ապրի ըկետաթ ցեղախումբը:

– Ժարուանի մէջ կ'ապրի պակկարա ցեղախումբը, որուն կը պատկանին հետեւեալ շրջանները` Ատման Տպես, Պալասեն, Քուեթեր:

– Ապու Խաշապի մէջ կ'ապրի պակկարա ցեղախումբը, ասոր կը պատկանին Սաֆու, Շապութ, Սահու, Ժապլա շրջանները:

– Մալհա Զրոյի մէջ կ'ապրի պակկարա ցեղախումբը:

Տէր Զօրի շրջանին մասին ընդհանրապէս արաբ կամ սուրիացի հետազօտողները հիմնուած են, իբրեւ սկզբնաղբիւր, օտար ճանապարհորդներու նամակներուն եւ տեղեկագիրներուն վրայ:

Այս իմաստով իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն անգլիացի ճանապարհորդ լէյտի Անն Պլենթի յուշերը, ուր ան կը նկարագրէ պետեւի ցեղախումբերը` Ալ-Անեզա, Շըմմար, Ալ-Հատիտի եւ այլն:

Նկարագրելով Տէր Զօրը` ան կը գրէ. ««Տէրը» բնակուած էր արաբ գիւղացիներով, որոնք քաղաքի հիմնադիրներն էին, մաս մըն ալ եկած էր Մուսուլէն եւ Ուրֆայէն: Անոնք կ'ապրէին ալ-անեզա ցեղէն անկախ, սակայն կը նեղանային թուրքերու միջամտութենէն: Անոնք պաշտպանեցին քաղաքը»: Ապա «Տէրը» անցաւ փաշաներու հանգրուան, Հալէպի կառավարիչի իշխանութեան տակ, որ յայտարարեց, թէ Եփրատի վերին հոսանքի բաժինը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէ[3]:

Անուանումը

Խմբագրել

Համեմատել՝ Տէր Զօր Քաղաք յօդուածին հետ: Տէր Զօր քաղաքին ամէնէն հարազատ նկարագրութիւնը ԺԳ. դարու արաբ աշխարհագրագէտ Եաքութ Համուիի յիշատակութիւնն է: Ան իր «Երկիրներու հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ «Տէր Զօր»ի ակնարկելով` առաջին անգամ յիշատակած է «Տէր ալ-Ռումման» (նռան վայր) անուանումը:

Վայրը բացատրելու համար կ'ըսէ.

Մեծ քաղաք`անապատային շուկաներով, Ռագգայի եւ Խապուր գետին միջեւ, ուրկէ կ'անցնին Իրաքէն Շամ գացող կարաւանները

Ըստ «Արաբական հանրագիտարան»ին, մինչեւ 1864, Տէր Զօր ճանչցուած էր միայն «Ալ-Տէր» անունով: Արաբերէն «Տէր» բառը կը նշանակէ վանք, հետեւաբար «Տէր» կոչուած է արուեստական բլուրի մը մէջտեղը գոյութիւն ունեցող հոգեւորականներու վանքին պատճառով:

Հետագային, երբ օսմանցիները քաղաքը կ'ընտրեն իբրեւ սանճագի վարչական կեդրոն, «Ալ-Զօր» բառը կ'աւելցնեն` նկատի առնելով, որ «Զօր» կը նշանակէ խիտ ծառեր` Եփրատ գետին եզերքին պարտէզներու եւ ծառերու առկայութեան պատճառով:

Այլ բացատրութեամբ, «Տէր» բառը կը ստանայ վայր իմաստը: Հետեւաբար, ըստ պատմական տուեալներուն, քաղաքը ունեցած է զանազան պատմական անուանումներ: Օրինակ` «Տէր ալ-Ռահպան» (վարդապետներու վայր), «Տէր ալ-Ռումման» (նռան վայր)` նռնենիներու առատութեան պատճառով, իսկ անապատի բնակիչները շրջանը կոչած էին «Տէր ալ-Շուար», այսինքն` բանաստեղծներու վայր (շուաար, եզակին` շաէր, արաբերէնով կը նշանակէ բանաստեղծ), քաղաքին մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներու գոյութեան համար. անոնցմէ յայտնի է բանաստեղծ Մուհամետ Ֆուրաթին:

Կայ այլ տեսակէտ մը եւս, թէ Տէր Զօր բառը առնուած է ասորի Տէր Զաուր անուանումէն, որ ճանչցուած էր որպէս փոքր վանք: Հետագային անոր վրայ կը կառուցուի Տէր Աթիքը (հին վայր):

Սակայն, օսմանեան վարչական բարենորոգումներու ժամանակ կը կոչուէր «Տէր ար-Ռահպա», մօտակայ քաղաք Մայատինի Ռահպա Մալեք պին Թաուքի համաձայն: Իսկ 1864-ին, օսմանեան երկրորդ վարչական բարենորոգումներու ժամանակ Տէր Զօրը դարձաւ Մութասարիֆիէթ Տէր Զօր, անջատուած Հալէպէն եւ կապուած` Պոլսոյ: Ապա ան դարձաւ Լիուա Զօր, իսկ երեսունականներէն մինչեւ օրս` Տէր Զօրի նահանգ:

Տէր Զօրի անուանումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր տեսակէտեր եւ բացատրութիւններ.

– Օմայետներու ժամանակաշրջանին կը կոչուէր Տէր Հաթլիֆ, իսկ տասներորդ դարուն՝ Ալ-Տէր:

– Կարգ մը եւրոպացի ճանապարհորդներ զայն կոչած էին Տէր Ասաֆիր (թռչուններու վայր), հոն բազմաթիւ թռչուններու գոյութեան պատճառով:

– Տէր Զօրը անուանուած է նաեւ Աժուժ (արաբերէն «աժաժ» կը նշանակէ մրրիկ), յաճախակի մրրիկի պատճառով:

– Շատեր կ'ենթադրեն, որ «Զօր» թրքերէն բառ է եւ կը նշանակէ դժուարութիւն, մինչ «Զօր» արաբերէն կը նշանակէ անտառ:

– Օսմանցիները զայն կոչած են «Տէր Զօր»` հետեւեալ բացատրութեամբ. «Տէր» կը նշանակէ վայր կամ տուն (արաբերէն` տար), սակայն պետեւիներուն մօտ ընդունուած էր «Տիրա», որ կը նշանակէ վայր: «Զօր» ունի զանազան բացատրութիւններ.

– Վայր, ուր գետը կը թեքի հակառակ ուղղութեամբ:

– «Զօր» բայէն, որ կը նշանակէ ծուռ կամ կոր` մատնանշելով գետին կորութիւնը:

– Սերած` «Զաիրա» բառէն, որ կը նշանակէ ջուրէ եւ եղէգէ անտառ:

Տէր Զօր ունեցած է տարբեր անուանումներ եւս. օրինակ` «Ազօրա» քաղաքին անունէն:

Սակայն լեզուագէտները «Տէր» բառին կու տան հետեւեալ բացատրութիւնը.

– Աղօթատեղի:

– Արամէական «Ժտերթա» կամ «Ժտերա» քաղաքի անուանման աղաւաղուած ձեւ, հետագային` «Տէրթա» կամ «Տէրա», որուն վայրը կը համընկնի Տէր Զօրին:

– «Տէրա» կամ «Տիրա», այսինքն` վայր:

Իսկ «Զօր» բառը կը նշանակէ.

–  Խիտ ծառեր կամ անտառ:

– Դաշտավայր, նկատի ունենալով Եփրատի դաշտավայրը:

– Խումբի տէր, մատնանշելով այն քաղաքը, որ տիրած էր շրջանին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սուրիոյ մարդահամար,2004
  2. Տէր Զօր նահանգին անապատը
  3. Տէր Զօր