Տէր Զօր (քաղաք), (արաբերէն՝ دير الزور), Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Վարչական կեդրոնը:

Քաղաք
Տէր Զօր Քաղաք
արաբերէն՝ دير الزور
Երկիր  Սուրիա
ԲԾՄ 210 մեթր
Բնակչութիւն 271 800 մարդ (2018)[1]
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 051

Եփրատի ափին գտնուելուն շնորհիւ, բնակչութիւնը Եփրատի ջուրերը կ'օգտագործէ, արտերը ոռոգելու, որ առիթ կ'ընծայէ բնակչութեան՝ զբաղելու ոռոգովի երկրագործութեամբ։

Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն կ'անջատուի, 1865-ին:

Հռոմէական ժամանակաշրջանին Եփրատ գետին վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»:

Անուանումին զանազան բացատրութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ «Տէր Զօր» բառը յայտնաբերուած է ԺԹ. դարուն:

Տէր Զօրի Բնակչութիւնը

Խմբագրել

Տէր Զօրի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը սերի արաբական հետեւեալ տոհմերէն.

–  Պակկարա, կը բաժնուի երեք ցեղախումբերու` ապիտ, պուսըլթան, ապետ եւ ըկետաթ:

Աշխարհագրական-ընկերային շարք մը ուսումնասիրութիւններու մէջ, հայերուն ներկայութիւնը չէ յիշատակուած, այլ յիշուած է, որ բնակչութիւնը կազմուած է բացարձակապէս արաբներէ. շրջանին բնակիչներուն կազմութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով.

– Արաբ ցեղեր, որոնք վերջին չորս դարերուն ընթացքին կազմաւորուած են եւ հոն հաստատուած` ԺԹ. դարու վերջաւորութեան: Կը զբաղին հողագործութեամբ կամ անասնաբուծութեամբ, եւ հին արաբներէ, որոնք հաստատուած են պատմական քաղաքներուն մէջ[2]:

Պատմական Իրադարձութիւններ

Խմբագրել
  • 272-ին, Զենուպիա թագուհին Փալմիրա (Թըտմոր) քաղաքը ձգելով` կ'ուղղուի դէպի Եփրատ, ուր կը հասնի «Տէր» կոչուած վայր մը` Եփրատի եզերքին: Գետը անցնելու համար նաւակ նստելու պահուն կը ձերբակալուի: Այս տեղեկութիւնը կը համարուի Տէր Զօրի մասին հնագոյն յիշատակումը[3]:
  • 636-ին, արաբական տիրապետութեան ատեն, արաբ աշիրեթները կը յաջողին արաբները ազատել հռոմէացիներու եւ պարսիկներու բռնութենէն:
  • 640-ին, իսլամական կրօնը Տէր Զօր մուտք կը գործէ խալիֆա Օմար պըն Ապի Խաթթապի օրով, եւ այդպէս արաբները կը գիտակցին Տէր Զօրի աշխարհագրական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւորութեան:
  • 786-ին, խալիֆա Հարուն Ալ Ռաշիտ Տէր Զօրէն կ'անցնի դէպի Ռագգա եւ զայն կը դարձնէ իր ամրոցը:
  • 1696-ին, յիսուսեան հայր Ժաքոպ Ֆիլիոփ կ'այցելէ Տէր Զօր:
  • 1864-ին օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր: Արաբները կը դիմադրեն: Օսմանցիները, երբ կը կազմեն իրենց վարչական երկրորդ բարենորոգումները, Տէր Զօր կը դառնայ սանճագ:
  • Տէր Զօր կը տարածուէր Անայի սահմաններէն մինչեւ Մեսքէնէ, որուն կը պատկանէր Փալմիրան` մինչեւ Նըսեպին (Մծբին):
  • 1864-ին, առեւտրական առաջին շուկան «Սուք Պերեճիկ» անունը կը ստանայ` ի յիշատակ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայաբնակ Պերեճիկ գիւղէն բերուած ապրանքներուն:
  • 1865-ին, Տէր Զօր կը դառնայ գայմագամութիւն, որ կապուած էր ուղղակիօրէն Բարձր Դրան: Խալիլ Սաքեպ Օրֆալլի Տէր Զօրի գայմագամ կը նշանակուի:
  • 1865-ին, կը հիմնուի զինուորական առաջին զօրանոցը:
  • 1866-ին, Եփրատի եզերքը գտնուող հովիտները կը բաժնուին աշիրեթներու միջեւ:
  • 1868-ին, Տէր Զօր կը դառնայ գաւառ (մութասարիֆիէ), կ'անջատուի Հալէպէն եւ ուղղակի կը կապուի Պոլսոյ:
  • 1868-ին, Տէր Զօրի կառավարիչ (մութասարեֆ) կը նշանակուի Արսլան փաշան:
  • 1868-ին, Տէր Աթիքի մէջ կը կառուցուի Կառավարութեան տունը (կամ` Կառավարութեան պալատը):
  • 1870-ին, Տէր Զօր գաւառ ըլլալէ կը դադրի եւ կը կապուի Հալէպի:
  • 1870-ին, Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ (սանճագ)`կապուած Պոլսոյ:
  • 1876-ին, Տէր Զօր կրկին կը կապուի Հալէպի:
  • 1878-ին, անգլիացի արեւելագէտ լէյտի Անն Պլենթի կ'այցելէ Տէր Զօր, ձիեր գնելու նպատակով:
  • 1881-ին, Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ:
  • 1882-ին, կը կատարուի առաջին մարդահամարը: Բնակչութեան թիւը կ'ըլլայ հինգ հազար: Քաղաքը կը բաժնուի չորս թաղամասերու. «Ապտուլ Ազիզ», «Ուասաթ» (մէջտեղ), «Ժամէ Քապիր» (մեծ մզկիթ), «Ղարպ» (արեւմուտք):
  • 1893-ին, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով «Համիտիէ» թերթը կը հրատարակուի:
  • 1904-ին, Մեծ կամուրջին հիմքերը կը զետեղուին:
  • 1905-ին, Հին կամ Փոքր կամուրջը կը կառուցուի:
  • 1911-ին, Փալմիրան կ'անջատուի Տէր Զօրէն:
  • 1916-ին` համաճարակներ:
  • 1918-ին, կը հիմնուի «Չէօլ» թերթը` Ապտիւլ Քատեր բեկի օրով:
  • 1918-ին, Ռագգան կ'անջատուի Հալէպէն եւ կրկին կը կապուի Տէր Զօրի:
  • 1924-ին, Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը միանայ Դամասկոսի` Սուրիական ազգային կառավարութիւնը կազմելու:
  • 1930-ական տարիներուն, Ցեղասպանութենէն վերապրողներ կառուցած են Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ու անոր կից՝ հայկական վարժարան մը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած կոթող մը։ Յաջորդ տասնամեակներուն, հայերու թիւը աստիճանաբար նօսրացած է Տէր Զօրի մէջ, հետեւաբար, եկեղեցին մատնուած է անմխիթար վիճակի[4]։
  • 1932-ին, ֆրանսացի զօրավար Տը Կոլ կ'այցելէ Տէր Զօր` իբրեւ գնդապետի տեղակալ:
  • 1936-ին, կը հիմնուի Ահմատ Մուսթաֆայի «Ֆուրաթ» անունով առաջին տպարանը:

Տէր Զօրի ապստամբութիւնները

Խմբագրել
  • Տէր Զօրի մէջ պատմական իրադարձութիւններէն կը համարուին ապստամբութիւնները: Տէր Զօրի առաջին ապստամբութիւնը տեղի կ'ունենայ 1864-ին: Օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր, ուր տեղի կ'ունենայ ժողովրդային դիմադրութիւն: Օսմանցիները տուրքեր կը պարտադրեն եւ տղամարդիկը կը ձերբակալեն:
  • Տէր Զօրի երկրորդ ապստամբութիւնը տեղի կ'ունենայ 1871-1874 թուականներուն: Կառավարիչ Օմար փաշայի օրով կը պարտադրուին տուրքեր, տեղի կ'ունենան թալան եւ ջարդեր, շատեր կը բանտարկուին:
  • 1889-ին, տեղի կ'ունենայ արեւելեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուին բերքերու թալանում եւ ունեցուածքներու գրաւում:
  • 1895-ին, տեղի կ'ունենայ արեւմտեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն պատճառով տեղի կ'ունենան բանտարկութիւններ եւ տուրքի գանձում:
  • 1913-ին, կը հիմնուի «Ահըտ Ֆուրաթի» կազմակերպութիւնը, որմէ ետք ան կը դառնայ «Ահըտ» կազմակերպութեան կորիզը:
  • 1914-1918 տարիներուն թուրքերու դէմ ապստամբութիւններուն տեղի կ'ունենան անհատական եւ հաւաքական դիմադրութիւններ: Այդ ապստամբութիւններուն հերոսներն էին` Ռամատան Շլաշ, Մոհամետ Ֆուրաթի եւ ուրիշներ:
  • 1918-ին, Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը զինուորական ուժ եւ կառավարիչ սպայ մը կ'ուղարկէ, որպէսզի ռազմական-վարչական գործերը կատարուին Սայքս Փիքոյի համաձայնութեան ծրագիրին հիման վրայ:
  • Ռամատան Շլաշի զբաղեցուցած է զինուորական պաշտօններ, իսկ 1919-ին եղած է Ռագգայի զինուորական կառավարիչը:
  • Տէր Զօրի մէջ Շլաշի ապստամբութիւնը ծանօթ է իբրեւ այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական եւ ռազմական ամէնէն կարեւոր ապստամբութիւններէն մէկը, քանի որ քաղաքական տեսանկիւնէն Տէր Զօրը կը դարձնէ կեդրոն եւ կ'ըլլայ մեկնակէտը Իրաքի ապստամբութեան, իսկ ռազմական տեսանկիւնէն` կը վտարէ անգլիացիները եւ կ'ազատագրէ Տէր Զօրը:

Ցեղախումբերը

Խմբագրել

Ցեղախումբերու տեսակները կարելի է սահմանել հետեւեալ ձեւով. ուղտապան աշիրեթներ (շրջող պետեւիներ), խաշնարած աշիրեթներ եւ նստակեաց աշիրեթներ:

Տէր Զօր եւ հայերը

Խմբագրել

Պատմական առումով, Տէր Զօր քաղաքը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, յատկապէս` սուրիահայերուն համար, նաեւ բարոյական խորհրդանշան` սուրիական քաղաքներուն միջեւ, նկատի առնելով, որ ան հայկական կարաւաններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացած էր բռնի տեղահանութեան ճանապարհին եւ բեմահարթակ` թուրք ժանտարմաներու ձեռամբ կատարուած սպանութիւններուն. այդ պատճառով հայերըհոն կառուցած են նահատակներուն յիշատակին նուիրուած մատուռը (պաշտօնապէս կառուցուած` 1991-ին) եւ թանգարան, որուն մէջ ամփոփուած էին նահատակներու մնացորդացները, հաւաքածոներ եւ քարտէսներ` առ ի յիշատակում նահատակներուն, որոնք զոհուած են այդ շրջանին մէջ օսմանցի թուրքերու ձեռամբ: Աւելի ուշ քաղաքը կը հանդիսանայ ուխտատեղի հարիւրաւոր հայերու`ամէն տարուան 24 Ապրիլին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը զայն կը յայտարարէ հայոց ուխտատեղի, 2002 թուականին[5]:

Միջազգային մակարդակի վրայ 11 Փետրուար 2010-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացումը Տէր Զօրի մէջ, որուն ներկայ եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ամէնէն մեծ իրադարձութիւնը հանդիսացած է ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին կողմէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբահարումը, Տէր Զօրի Ռըշտիէ թաղամասին մէջ, 21 Սեպտեմբեր 2014-ին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել