Հռոմէական Կայսրութիւն
Հռոմէական կայսրութիւն (լատիներէն՝ Imperium Romanum, հին յունարէն՝ Βασιλεία Ῥωμαίων), Հին Հռոմի յետ-հանրապետական ժամանակաշրջան, որ կը բնութագրուի մէկանձնեայ իշխանութեամբ եւ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ հսկայական տարածքներ ընդգրկող պետութեան հաստատմամբ[1]։ Եզրոյթը կը գործածուի առաջին կայսր՝ Օգոստոսի կառավարումէն սկսած մինչեւ 476 թ. Հին Հռոմի պատմութիւնը բնութագրելու համար։
Կայսրութեան նախորդած եւ 500-ամեայ պատմութիւն ունեցած Հռոմի Հանրապետութիւնը տկարացած էր բազմաթիւ քաղաքացիական պատերազմներու պատճառով (քաղաքացիական պատերազմներուն ժամանակ բազմաթիւ սենադորներ (ծերակուտականներ) սպանուած էին, եւ Սենադին (Ծերակոյտին) մէջ կը գերակշէին Առաջին կամ Երկրորդ եռապետութեան այս կամ այն մասնակիցներուն աջակիցները)։ Պատմաբանները կը մատնանշեն շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք կը բնութագրեն հանրապետութենէն կայսրութիւն անցումը, ներառեալ Յուլիոս Կեսարի հռչակումը որպէս ցմահ միապետ (Ք.Ա. 44 թ.), Ագդիումի ճակատամարտը (Ք.Ա. 31 թ., Սեպտեմբեր 2), եւ Սենադին (Ծերակոյտին) կողմէ Կայոս Օգդաւիանոսին պատուաւոր «Օգոստոս» կոչման շնորհումը (Ք.Ա. 27 թ., Յունուար 4) (Օգդաւիանոսը, ըլլալով շատ զգուշաւոր եւ խորամանկ քաղաքական գործիչ, յայտարարեց, որ փրկած է Հռոմը, պահպանեց հանրապետական շրջանի որոշ տարրեր. գոնսուլները (խորհրդատուները) կը շարունակէին ընտրուիլ, Փլեպէյներու ատեանները կը շարունակէին առաջարկել օրինագծեր. սակայն իրականութեան մէջ Օգոստոսն էր, որուն ձեռքին մէջ կը գտնուէր ամբողջ իշխանութիւնը, վերջնական որոշում կայացնելու իրաւունքը եւ բանակը)։
Հռոմի ընդարձակումը սկսաւ հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, սակայն հասաւ իր գագաթնակէտին Դրայանոս կայսեր գահակալման ընթացքին։ Կայսրութիւնը իր առաւել ծաւալման շրջանին կը զբաղեցնէր 6.5 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք[2]։ Տուեալ պետական միաւորման երկարատեւ գոյատեւման շնորհիւ, հռոմէական մշակոյթը, օրէնքներն ու կառավարման համակարգը մեծ ազդեցութիւն ունեցան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդներուն վրայ։
3-րդ դարու վերջաւորութեան, երկրի սահմաններուն պաշտպանութիւնն առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով Տիոգղեդիանոսը հսկայ կայսրութեան տարածքը բաժնեց ենթակայսրերու միջեւ՝ այդպիսով վերջ դնելով 3-րդ դարու ճգնաժամին։ Յաջորդ դարերուն ընթացքին կայսրութիւնը քանի մը անգամ կիսուեցաւ արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու։ Իսկ Թէոտոս Ա. Մեծ կայսեր մահէն յետոյ՝ 395 թ., կայսրութիւնը բաժնուեցաւ վերջնականապէս[3]։
Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ 476 թ., երբ վերջին կայսր Հռումուլուս Աւկուսդուլուսը ստիպուած եղաւ գերմանացի վարձկաններու առաջնորդ Օտոագրին ճանչնալ որպէս կայսր։ Արեւելեան հատուածը կամ Բիւզանդական կայսրութիւնը շարունակեց գոյատեւել եւ նոյնիսկ պահ մը վերականգնած էր Հռոմէական կայսրութեան երբեմնի հզօրութիւնը։ Բիւզանդական կայսրութիւնը կործանեցաւ 1453 թ., երբ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը գրաւուեցաւ օսմանեան-թուրքերուն կողմէ եւ սպանուեցաւ վերջին կայսր Կոստանդին ԺԱ-ը[4]։
Կառավարման Համակարգ
ԽմբագրելԿայսր
ԽմբագրելԿայսրի ղեկավարութեան հեղինակային իրաւունքները կը բաժնուին երկու ճիւղերու՝ «ատենակալական իրաւունք կամ հեղինակութիւն » (potestas tribunicia) (անգլ.՝ tribunician) եւ «փոխնահանգի, փոխկուսակալի կամ փոխհիւպատոսային բացարձակ հեղինակութիւն» imperium proconsulare)[5]։ Ատենակալական հեղինակութիւնները (որոնք նման էին հանրապետութեան «փլէպէյներ Plebs, Plebeians » «tribune of the plebs, tribune of the people» իրաւազուրկ եւ կամ ստորադաս դասակարգի ատենակալի իրաւունքներուն) (փլէպէյներ Plebs, Plebeians լատ.՝ հին հռոմի քաղաքականապէս իրաւազուրկ դասակարգ կամ ամբոխ) կայսրին իրաւունք կամ հեղինակութիւն կու տային ղեկավարելու ամբողջ քաղաքացիական կառավարման համակարգը, ներառեալ ծերակուտական ժողովը (Senate)[5]։
անթիհիւպատոսական իրաւունքները (imperium proconsulare) (որոնք նման էին հանրապետական շրջանի ռազմական գործիչներու իրաւունքներուն) իրեն կու տային բանակը կառավարելու հնարաւորութիւն։ Ան ունէր նաեւ պատերազմ յայտարարելու կամ ալ պայմանագիր կնքելու իրաւունքref name="Աբբոտ, 345">Աբբոտ, 345</ref>։
Կայսրը իրաւունք ունէր նաեւ կառավարելու ծերակուտական (Senate) կազմը, կրօնական հաստատութիւնները եւ, որպէս կայսր, ան միշտ կը համարուէր «Փոնթիֆէքս Մաքսիմուս» (ծայրագոյն Քահանայապետ) եւ չորս գլխաւոր քահանայապետներէն մէկը[6][7]։ Ի հարկէ, իրաւունքներու նման տարբերակը ժամանակի ընթացքին կորսնցուց իր նշանակութիւնը եւ կայսրին իշխանութիւնը դարձաւ նուազ սահմանադրական եւ առաւել միապետական[8]։
Կայսրի իշխանութեան յենարանը բանակն էր։ Զինուորները կը վճարուէին կայսերական գանձարանէն եւ ամէն տարի հաւատարմութեան երդում կու տային կայսրին, որ կը կոչուէր ուխտ «սաքրամենթում sacramentum» (Sacrament)[9]:
Կայսրի մահէն ետք սովորաբար խառնաշփոթութիւն յառաջացաւ։ Ծերակուտական կազմը իրաւունք կամ հեղինակութիւն ունէր հռչակելու նոր կայսր, սակայն կայսրերուն մեծ մասը ինք կ՝ ընտրէր իր ժառանգորդը՝ սովորաբար հարազատներէն որեւէ մէկուն։ Ո՛չ մէկ կայսրը չէր կրնար գահին երկար մնալ առանց Փրեթորական (Pretorian) պահակախումբին եւ լեգէոններու (legions - հետեւակ՝ 400 – 600 ձիաւոր) աջակցութեան։ Որոշ կայսրեր, անոնց համակրանքը շահելու նպատակով, զինուորներուն կը վճարէին յաւելեալ նուիրատուութիւններ՝ այսպէս կոչուած «donative» պարգեւ։
Սենաթ
ԽմբագրելԸնդհանրապէս, կայսրն ու (սենաթը) ծերակոյտը կառավարութեան հաւասարազօր իշխանութեան մարմիններ էին, սակայն իրական իշխանութիւնը կայսեր ձեռքն էր։ Եւ հակառակ իր սենաթոր (ծերակուտական) հանգամանքին ան կը համարուէր պատուաւոր եւ փառահեղ կոչում, սակայն ծերակուտականը ընդամէնը գործիք էր կայսեր ձեռքին մէջ եւ կ՝ օգտագործուէր վերջինիս կառավարութիւնը օրինականացնելու համար[10]։
Որոշ կայսրեր ծերակուտականի նկատմամբ մեծ յարգանք կը ցուցաբերէին, իսկ ոմանք ալ՝ արհամարհանք։ Ծերակուտական կազմի գումարման ժամանակ կայսրը կը նստէր երկու հիւպատոսներու միջեւ[11]: Աւելի ցածր կոչում ունեցող ծերակուտականեր կը խօսէին բարձր կոչում ունեցողներէն ետք, իսկ կայսրը կրնար խօսիլ երբ փափաքէր[11]։ 3-րդ դարուն Ծերակուտական կազմը վերածուած էր բարձրաշուք, սակայն զուտ ձեւական բնոյթ կրող կառավարման մարմինի։
Սենաթորներն ու Հեծեալներ
ԽմբագրելՈչ մէկ կայսր չէր կրնար կառավարել առանց սենաթորներու եւ հեծեալներու կարգին։ Ամենապատշաճ պաշտօնները կը տրուէին այդ երկու ազնուական դասերուն։ Այդ պաշտօններն էին՝ նահանգի կառավարիչ, լէգէոնի հրամանատար եւ նմանատիպ բարձր պաշտօններ։ Հեծեալներու եւ սենաթորներու ծերակուտականներու դասը կը փոխանցուէր ժառանգաբար եւ մեծ մասամբ փակ էր օտարներուն համար։ Հեծեալ կամ սենաթոր կրնար դառնալ մեծ յարգանք վայելող եւ փառաւոր անձնաւորութիւնը, սակայն նման դէպքեր հազուադէպ էին։ Երիտասարդ ազնուականին ապագան կախուած էր իր ընտանիքի կապերէն։
Այնքան որքան ունակութիւնները, գիտելիքը, տաղանդը անհրաժեշտ էին բարձր պաշտօնի համար, նոյնքան ալ անհրաժեշտ էր կայսեր հայեցողութիւնը։
Ծերակուտական Դաս
ԽմբագրելՍենաթորը պէտք է ունենար բաւականաչափ ունեցուածք՝ ամենաքիչը 12, 000 ոսկեդրամ[12], (մօտաւորապէս 100 քկ ոսկի), սահմանում մը, որ դարերու ընթացքին անընդհատ աճի մէջ էր։
Հեծեալներու Դաս
ԽմբագրելՍենաթորներու դասին կը յաջորդէր հեծեալներու դասը։ Որոշ կարեւոր պաշտօններ, ինչպէս օրինակ Եգիպտոս նահանգին կառավարելը արգիլուած էր սենաթորներուն տիրանալ եւ կը տրուէր միայն հեծեալներուն։
Բանակ
Խմբագրելլեգէոններ
ԽմբագրելՔաղաքացիական պատերազմներէն ետք յառաջացած էին 60 լեգէոն, որոնց թիւը Օգոստոտին կրճատուեցաւ մինչեւ աւելի բանական եւ հեշտ կառավարելի 28-ի[13][13]: Ոորշ լեգէոններ ուղղակի ցրուեցան, մի քանիները ձուլուեցան (անոր վկայութիւնն է լեգէոններէն մէկուն տրուած «Կեմինա» (Երկուորեակ) կոչումը)[13]:
Ք.Ա. 9 թուականին գերմանական ցեղերը Թեւթոպուրկեան անտառի ճակատամարտին վերացան 3 լեգէոն, եւ լեգէոններու թիւը կրճատուեցաւ մինչեւ 25-ի: Յաջորդ 300 տարիներու ընթացքին լեգէոններուն թիւը մօտաւորապէս 30 էր[14]:
Օգոստոսը ստեղծեց նաեւ Պրետորական պահակախումբը. անոնք 9 գունդեր էին, որոնք տեղակայուած էին Իտալիոյ մէջ եւ Հռոմի մէջ խաղաղութիւնը պէտք է պահպանէին: Պրետորականներու աշխատավարձը լեգէոններէն աւելի բարձր էր, եւ անոնք աւելի քիչ կը ծառայէին՝ լեգէոններու 25 տարուան փոխարէն 16 տարի[15]:
Օգնական Ուժեր (Աուքսիլիա)
ԽմբագրելԹէեւ աուքսիլիան (Լատիներէն: auxilia = աջակիցներ) յայտնի չէ այնքան, որքան լեգէոնները, սակայն այն որոշակի դեր կը կատարէր հռոմէական զինուորական համակարգին մէջ: Աուքսիլիան հռոմէական քաղաքացութիւն չունեցող անձերու համախմբում էր: Աուքսիլիան թուաքանակով լեգէոնէն աւելի փոքր միաւոր էր, ատոնց մէջ ծառայողները աւելի քիչ կը վճարուէին: 25 տարուան ծառայութենէ ետք ատոնց զինուորները կը ստանային հռոմէական քաղաքացիութիւն, որ ժառանգաբար կ'անցնէր իրենց զաւակներուն: Ըստ պատմիչ Քոռնելիուս Թաքիթուսի կայսրութեան մէջ, որքան աուքսիլիա կար, նոյնքան ալ լեգէոն[16]: Քանի որ յայտնի է, որ այն ժամանակ կար 25 լեգէոն՝ իւրաքանչիւրին մէջ մօտ 5.000 զինուոր, հետեւաբար աուքսիլիայի մէջ պէտք է ընդհանուր առմամբ 125.000 զինուոր եւ մօտաւորապէս 250 աուքսիլիական միաւորում ըլլար[17]:
Նաւատորմ
ԽմբագրելՀռոմէական նաւատորմը (Լատիներէն: Classis, բառացիօրէն. "նաւատորմ") ո՛չ միայն ռազմամթերք կ'ապահովէր լեգէոններուն եւ կը ծառայէր որպէս փոխադրամիջոց իրենց համար, այլ կ'օգնէր կայսրութեան սահմաններ հանդիսացող Հռենոս եւ Տանուպ գետերու պաշտպանութեան: Իրենց պարտականութիւնն էր նաեւ քաղաքացիական նաւերը ծովահէններու յարձակումներէն պաշտպանել: Այսպիսով այն գիշերապահութիւն կ'ընէր ամբողջ Միջերկրական ծովու ափին, հիւսիսային Ատլանտեան ովկիանոսի որոշ հատուածներու (Հիսպանիոյ, Կալիոյ եւ Բրիտանիոյ ափերուն), որոշ ռազմանաւեր ալ կը գտնուէին Սեւ ծովուն մէջ: Չնայած ատոր՝ ցամաքային զօրքերը կը համարուէին բանակի աւելի պատուաւոր եւ աւագ ճիւղը[18]:
Նահանգներ
ԽմբագրելՀռոմէական կայսրութեան Իտալիայէն դուրս գտնուող վարչական եւ տարածքային միաւորները կը կոչուէին փրովինսիաներ (լատ.՝ provincae), թարգմանաբար՝ նահանգներ:
Հանրապետութեան ժամանակ նահանգներու կառավարումը[19] կը շնորհուէր սենատորական դասի ներկայացուցիչներուն: Օգոստոսի բարեփոխումները փոխեցին այդ կարգը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ "Roman Empire", Microsoft Encarta Online Encyclopedia 2008
- ↑ Parker, Philip, "The Empire Stops Here". p.2.
- ↑ Chester G. Starr, A History of the Ancient World, Second Edition. Oxford University Press, 1974. pp. 670–678.
- ↑ Asimov, p. 198.
- ↑ 5,0 5,1 Աբբոտ, 342
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedԱբբոտ, 345
- ↑ Աբբոտ, 354
- ↑ Աբբոտ, 341
- ↑ Գոլդսվորտի Adrian (2003)։ «The Life of a Roman Soldier»։ The Complete Roman Army։ London: Thames & Hudson։ էջ 80։ ISBN 0-500-05124-0
- ↑ Աբբոտ, 385
- ↑ 11,0 11,1 Աբբոտ, 383
- ↑ Suetonius, The Twelve Caesars, Life of Augustus paragraph 41
- ↑ 13,0 13,1 13,2 The complete Roman army by Adrian Գոլդսվորտի, 2003 chapter The Army of the Principate, p.50; ISBN 0-500-05124-0
- ↑ The complete Roman army by Adrian Գոլդսվորտի, 2005 chapter The Army of the Principate, p.183; ISBN 0-500-05124-0
- ↑ Rome and her enemies published by Osprey, 2005 part 3 Early Empire 27BC — AD 235, chapter 9 The Romans, section Remuneration, p.183; ISBN 978-1-84603-336-0
- ↑ Կոռնելիոս Տակիտոս, Տարեգրություններ. IV.5
- ↑ Գոլդսվորտի (2003) 51
- ↑ The complete Roman army by Adrian Գոլդսվորտի 2003, chapter After Service, p.114; ISBN 0-500-05124-0
- ↑ Suetonius, The Twelve Caesars, Life of Augusts paragraph 47