Կայսր
Կայսր, Լեւոն Շանթի թատերախաղերէն, գրուած՝ 1916 թուականին[1]։
Նկարագրութիւն Խմբագրել
Կենդանի տիպարներով, լաւ կառոյց ունեցող թատերգութիւն մըն է «Կայսր»ը, որ կը ներկայացնէ անհանգիստ եւ իշխանատենչ հոգիներու, չյագեցող ախորժակներու պայքարը:
Նիւթը առնուած է Բիւզանդական կայսրութեան տասներորդ դարու դէպքերէն: Թէոֆանօ կայսրուհիի մեղսակցութեամբ զօրավար նիկեֆոր կը սպաննէ նախկին կայսրը եւ ինք գահ կը բարձրանայ, բայց Թէոֆանօ կայսրուհին միշտ ծարաւի կը մնայ նոր փառքի եւ հեղինակութեան: Կրկին դաւադրութիւն տեղի կ'ունենայ եւ այս անգամ գահ կը բարձրանայ հայազգի զօրավար Օհան Գուրգէն (Յովհաննէս Չմշկիկ), որ Թէոֆանօ կայսրուհիին չի վստահիր եւ զայն կղզի մը կ'աքսորէ: Օհան Գուրգէն իր սիրտը կը յանձնէ Հաննա հայ իշխանուհիին, բայց հայ օրիորդը կը մերժէ թագուհի դառնալ, որպէսզի մնայ միշտ ցանկալի:
Երկին Նպատակը Խմբագրել
Լեւոն Շանթ այս տրամայով ո՛չ թէ պատմութիւնը ներկայացնել նպատակադրած է, այլ պատմութեան այժմէացումով հաստատել իր ժամանակաշրջանի յոռետեսութիւնը[2]։
Աղբիւրներ Խմբագրել
«Արդի Հայ Գրականութիւն», գեղապաշտ շրջան (1900-1915), Մուշեղ Իշխան, Պէյրութ 1984:
Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել
- ↑ http://www.armenianlanguage.am/am/Encyclopedia_shant_levon
- ↑ Լեւոն Շանթ, Ընտիր երկեր, Երեւան, 1968, էջ XXII: