Լեւոն Շանթ (Լեւոն Նահաշպետեան-Սեղբոսեան[4], 6 Ապրիլ 1869(1869-04-06), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 29 Նոյեմբեր 1951(1951-11-29)[1][2], Պէյրութ, Լիբանան[1][2]), հայ թատերագիր, վիպագիր, բանաստեղծ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ հասարակական գործիչ։ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, ապա խորհրդարանի փոխ նախագահ։ Հիմնադիր՝ «Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» եւ Պէյրութի Հայ (ապագային Նշան Փալանճեան) Ճեմարանին։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գլխաւոր մարմիններու անդամ։

Լեւոն Շանթ
Ծննդեան անուն Լեւոն Նահաշպետեան (Սեղբոսեան)
Ծնած է 6 Ապրիլ 1869(1869-04-06)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 29 Նոյեմբեր 1951(1951-11-29)[1][2] (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[2][3]
Ուսումնավայր Սկիւտարի Ճեմարան[2]
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[2]
Լայփցիկի Համալսարան[2]
Ենայի Համալսարան[2]
Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան Համալսարան, Միւնիխ[2]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ուսուցիչ, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Գայանյան օրիորդաց դպրոց?
Երևանի թեմական դպրոց?
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[2]
Էսայեան Վարժարան[2]
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր
Անդամութիւն Վերնատուն[2]
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1869-1899 Պոլիս, Էջմիածին, Լայփցիկ, Ենա, Միւնիխ

Խմբագրել
 
Լեւոն Շանթին նուիրուած ՀՀ նամականիշ

Ծնած է Պոլիս, 1869-ին, բուն անունով Լեւոն Նահաշպետեան, ապա հօրը՝ Սեղբոսի անունով կոչուած է Սեղբոսեան։ Մանուկ տարիքին կորսնցուցած է մայրը, ապա հայրը։ Մինչեւ 13 տարեկան յաճախած է Սկիւտարի վարժարանը։ Իբր ուշիմ աշակերտ, 1884-ին խումբ մը պատանիներու հետ (որոնցմէ էր Սողոմոն Սողոմոնեան, ապագային՝ Կոմիտաս Վարդապետ) մեկնած է Էջմիածին յաճախելու Գէորգեան Ճեմարանը։ Եօթը տարուան ուսումէ ետք, աւարտած է Ճեմարանը ու վերադարձած՝ Պոլիս։ Տարեշրջան մը ուսուցչութեամբ զբաղած է, նաեւ Պոլսոյ «Հայրենիք»ին մէջ հրատարակած է «Մնաք բարովի իրիկունը» երգիծական վիպակը։ 1891-ին քսաներկու տարեկան Լեւոնը նոյն օրաթերթին մէջ լոյս ընծայած է իր առաջին բանաստեղծութիւնները Լեւոն Շանթ գրական ծածկանունով։

1892–ին մեկնած է Գերմանիա ուսանելու։ Եօթը տարի հետեւած է մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ յարակից ճիւղերու Լայփցիկի, Ենայի եւ Միւնիխի համալսարանները։ Գրած եւ հրատարակած է բանաստեղծութիւններ ու փոքր վէպեր («Դրսեցիները», «Վերժին»․․․)։ Ասոնք, ընդհանրապէս իրապաշտ ներշնչումով, խառնուած են վիպապաշտական եւ այլ տարրերու հետ։

Պատկեր:Գեւորգ Բաշինջաղեանի արւեստանոցում.jpg
Գէորգ Բաշինջաղեան,Կոմիտաս, Ղազարոս Աղայեան, Վրթանէս Փափազեան, Լեւոն Շանթ,Աւետիք Իսահակեան, Յովհաննէս Թումանեան

1899 - 1913 Թիֆլիս, Երեւան, Եւրոպա, Պոլիս

Խմբագրել

Կովկաս վերադառնալով, 1899–էն մինչեւ 1910 դասաւանդած է Թիֆլիսի Գայեանեան աղջկանց եւ Երեւանի Թեմական դպրոցներուն մէջ։ Կովկաս ապրած շրջանին սերտ յարաբերութիւններ ստեղծած է արեւելահայ գրողներու հետ, մասնակցած՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն» գրական խմբակի ժողովներուն եւ Ս. Լիսիցեանի եւ Թումանեանի հետ հրատարակած՝ «Լուսաբեր» դասագիրքերու շարքը։ Գրած է իր առաջին թատերախաղերը, ինչպէս՝ «Եսի Մարդը»։

1911-ին, տարի մը Եւրոպա մնալէ ետք, Պոլիս վերադարձած է, ուր մինչեւ 1913 դասաւանդած է Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ։ Գրած է իր առաջին մեծ թատրերգութիւնը՝ «Հին աստուածներ»ը։

1913 - 1921 Եւրոպա, Անկախ Հայաստան

Խմբագրել
 
Լեւոն Շանթ եւ Յովհաննէս Քաջազնունի

1913–ին կրկին մեկնած է Եւրոպա։ 1915-ին Եւրոպա ըլլալով ազատած է Ապրիլեան Եղեռնէն։ 1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Ա Հանրապետութեան Խորհրդարանի անդամ եւ դարձած՝ փոխ նախագահներէն մէկը։ 1920 Ապրիլին յատուկ պատուիրակութեամբ մը մեկնած է Մոսկուա բանակցելու համար ռուս համայնավար իշխանութիւններուն հետ՝ ապարդիւն։ Այս շրջանին շարունակած է գրել, տալով «Կայսրը» եւ այլ թատերախաղեր։

1921-1929 Մարսէյլ, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ

Խմբագրել

1921–ին Պարսկաստանի ճամբով անցած է Մարսէյլ, ուր հաստատուած է մինչեւ 1925 վարելով ուսուցչական պաշտօններ։1926-ին Նիկոլ Աղբալեան զինք հրաւիրած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) դասաւանդելու համար Ազգային Պօղոսեան վարժարանին մէջ։ 28 Մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականերու հետ հիմնած է «Համազգային Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը»։

1929-1951 Պէյրութ

Խմբագրել
 
Նշան Փալանճեան Ճեմարան-Թիւ 1 շէնքը

1929-ին Նիկոլ Աղբալեանի հետ անցած է Պէյրութ, ուր 3 Մարտ, 1930-ին հիմնած են Հայ Ճեմարանը։ Հետագային Հայ Ճեմարանը ստացած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» անունը իր բարերարին յիշատակին։ Շանթ Ճեմարանի տնօրէն մնացած է մինչեւ իր մահը՚ 1951-ին։

Այս շրջանին, տուած է իր վերջին գրական գործերը՝ ծաւալուն թատրերգութիւն մը եւ վէպ մը։ Աւելի առատ է իր արտադրութիւնը գրական մարզէն դուրս՝ ընկերա-քաղաքական կամ գրական-տեսական ուսումնասիրութիւններ, նաեւ մանկավարժական գործեր։ Ասոնց կարգին հայերէն լեզուի դասագիրքերու շարքերը՝ «Մանկական աշխարհ» եւ «Հայրենի աշխարհ»։

Գրականութիւն

Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններ Եւ Վիպակներ

Խմբագրել
  • «Մնաք բարովի իրիկունը» հրատարակուած 1891-ին
  • «Երազ օրեր» հրատարակուած 1892-ին
  • «Լերան աղջիկը» հրատարակուած 1892-ին
  • «Դրսեցիները» հրատարակուած 1894-ին
  • «Երգեր» հրատարակուած 1896-ին
  • «Վերժին» հրատարակուած 1896-ին
  • «Դարձը» հրատարակուած 1897-ին
  • «Դերասանուհին» հրատարակուած 1898-ին
  • «Կինը» հրատարակուած 1912-ին
  • «Հոգիները Ծարաւի» հրատարակուած 1945-ին

Թատերախաղեր

Խմբագրել
  • «Եսի մարդը» հրատարակուած 1901-ին
  • «Ուրիշի համար» հրատարակուած 1903-ին
  • «Ճամբուն վրայ» հրատարակուած 1904-ին
  • «Հին աստուածներ» հրատարակուած 1912]]-ին
  • «Կայսրը» հրատարակուած 1916-ին
  • «Շղթայուածը» հրատարակուած 1918-ին
  • «Ինկած բերդի իշխանուհին» հրատարակուած 1918-ին
  • «Օշին Պայլ» հրատարակուած 1928-ին

Գիտական Գործեր

Խմբագրել
  • Ընկերաբանական, մանկավարժական, բանահիւսական եւ հոգեբանական գործեր վեց հատորով
  • «Հայրենի աշխարհ» հայ լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու շարք մը
  • «Մանկական աշխարհ» հայ լեզուի դասագիրքերու շարք մը մանկապարտէզի յաջորդող առաջին հինգ տարիներու համար

1988-ին Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» հրատարակչատունը իր գեղարուեստական երկերը կը հրատարակէ 1600 էջէ աւելի երկու հատորով։

Գրական Հայեացքներ

Խմբագրել

Վիպակներ

Խմբագրել

Շանթ իրապաշտ գրող մը եղած է հակառակ ռոմանթիկ (միջազգային) եւ գեղապաշտ (հայկական) շրջանի մէջ ապրած ըլլալուն։ Ան կը սիրէ կեանքի իրականութիւնը ներկայացնել որոշ գաղափարական ձգտումներով։ Իր վէպերուն մէջ կը տիրապետէ գեղեցիկը, վսեմը եւ արժէքաւորը։ Շանթի վէպերու հերոսները գիտուններ, մտաւորականներ, ուսանողներ եւ արուեստագէտներ են։ Կինը ներկայ է Շանթի վէպերուն մէջ իբրեւ ներշնչող գլխաւոր հերոս եւ ոչ իբր հաճոյքի առարկայ կամ պարզ ստորադաս էակ։ Այսպէս՝

  • «Մնաք բարովի իրիկունը» երկրէն մեկնող ուսանողի մը իր ծանօթ ընտանիքներուն մնաք բարով ըսելու գացող վիպակը երգիծական բնոյթ ունի։
  • «Երազ օրեր»ու 17 տարեկան հերոսուհիին սիրահարութիւնն է իրեն դասաւանդող երիտասարդ ուսանողին։
  • «Լերան աղջիկը» Արագածի լանջերուն արձակուրդ անցնող ուսանողներու կեանքը եւ հովիւ աղջկան ներշնչած սէրը։
  • «Դրսեցիները» կը ներկայացնէ երիտասարդներ, որոնք կը պայքարին նախապաշարումներու եւ շահամոլութեան դէմ։
  • «Վերժին» կը ներկայացնէ հայ կինը որ կը փորձէ ուսուցչուհի ըլլալ հակառակ հանդիպած խոչնդոտներուն։
  • «Դարձը» երիտասարդ վարդապետի մը «դարձ»ը աշխարհիկ կեանք գեղեցիկ կնոջ մը հանդիպելէ ետք։
  • «Դերասանուհին» կը ներկայացնէ աղջիկ մը որ դերասանուհի կ՛ուզէ ըլլալ հակառակ իր սիրած տղուն արգելքին։
  • «Կինը», որուն հերոսուհին Ֆինլատացի կին մըն է սիրհարուած՝ հայ նկարիչի մը։
  • «Հոգիները ծարաւի» ամուսնացած մարդու սէրը երիտասարդուհիի մը հանդէպ եւ իր կնոջ ազնիւ կեցուածքը։

Թատերախաղեր

Խմբագրել

Շանթ արեւմտահայ թատրոնի տիտաններէն մէկն է։ Իր ութը թատերական գործերը բեմ կը հանեն պայքարող մարդիկ, ուր կը տեսնենք «ես»ի եւ կամքի ընդհարումներ։ Շանթի հերոսները ձգտումներ ունին եւ կը պայքարին առհասարակ ընդունուած ընկերային սեղմումներու դէմ՝՝ օրինակ Վանահայրը կամ Օշին Պայլ։ Իր թատրերգութեան տեսակը խորհրդապաշտ է ուր կայ իտէալ եւ գաղափարական Թռիչք։ Այսպէս՝

  • «Հին Աստուածները» երիտասարդ աբեղայի մը սէրը կը ներկայացնէ Սեդա անունով աղջկայ մը հանդէպ զոր կ՛ազատէ Սեւանայ լիճի ջուրերէն։ Սեդան Սեւանայ լիճի վանքին հիմնադրութեան եւ ծախսերուն օգնող Իշխանուհիին եղբօր աղջիկն է որուն սիրահարուած էր վանահայրը։ Աբեղան կը փորձէ, սակայն չի կրնար մոռնալ Սեդան ու անձնասպան կ՛ըլլայ նետուելով Սեւանի ջուրերուն մէջ։ Վանահայրը կը հեռանայ մեղքի վրայ հիմնուած կղզիէն։
  • «Շղթայուածը» կը ներկայացնէ Անի քաղաքի ազնուական եւ քաղքենի դասակարգերու կողմէ սկսած ապստամբութիւնը արաբական տիրապետութեան դէմ։
  • «Ինկած բերդի իշխանուհին» կիլիկեան հայ իշխանուհիին վրէժն է։
  • «Օշին Պայլ» կիլիկեան հայ իշխան մը որ իր սէրը կը զոհէ ամուսնանալով այրի թագուհիին հետ այսպէս ընդունելով գահին խնամակալութիւնը (Պայլ)։
  • «Կայսրը» գրուած է Բիւզանդական կայսրութեան 10-րդ դարուն, ուր կան դաւեր կայսրուհիին կողմէ կայսրին եւ հայազգի զօրավար Օհան Գուրգէնին դէմ։ Օհան կայսրուհին կ՚աքսորէ կղզի մը եւ կը փորձէ ամուսնանալ հայ իշխանուհիի մը հետ։

Ուսուցիչ - Տնօրէնը

Խմբագրել
 
Լեւոն Շանթի կիսանդրին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Թիւ 1 շէնքի դիմաց

Իր ուսումնական կեանքի եւ գործունէթեան մէջ Շանթ մեզի կը ներկայանայ իբր ուսուցիչ, տնօրէն նոյն ատեն եւ իբր դաստիարակ եւ գիտուն։ Գիտնականի մօտեցումը չի հակազդեր դաստիարակի պաշտօնին այլ կը դառնայ հիմք ուսուցիչի եւ տնօրէնի դասաւանդումի աշխատանքին։ Ըստ իր աշակերտ Մուշեղ Իշխանին՝ «Իր գլուխ գործոցը ոչ «Հին Աստուածներ»ն է ոչ ալ «Կայսրը» այլ իր իսկ անձնաւորութիւնը որ քար առ քար բարձրացած ստեղծում կը ներկայացնէր»»։ Շանթ կը սիրէր աշխատիլ անընդհատ, ինչ որ նկատելի է իր 40 տարուան ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր բծախնդիր մօտեցումէն՝ դասաւանդած նիւթերուն հանդէպ։ Կը սիրէր ըսել՝ «Տղաք, աշխատեցէ՛ք, սուրբ է աշխատանքը։ Աշխատողը միայն մարդ կը դառնայ»։ Հայ Ճեմարանի (հետագային Նշան Փալանճեան) ուսուցչական կազմը, աշակերտները եւ նոյնպէս ծնողները կը յարգէին հաստատութեան հիմքը ներկայացնող Շանթը: Տնօրէն մը որ չէր ճնշեր, որ գիտէր կազմակերպել, առանց որուն կարծես դպրոցի գործերը կ՛ընթանային։

Երկերի մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • Դուրսեցիները, Թիֆլիս, 1896, 217 էջ:
  • Երազ օրեր, Թիֆլիս, 1896, 169 էջ:
  • Վերժին, Թիֆլիս, 1897, 220 էջ:
  • Դարձ, Թիֆլիս, 1898, 144 էջ:
  • Դերասանուհին, Թիֆլիս, 1899, 148 էջ:
  • Եսի մարդը, Սանկտ Պետերբուրգ, 1904, 48 էջ:
  • Վերժին, Կ. Պոլիս, 1911, 172 էջ:
  • Կինը, Թիֆլիս, 1913, 69 էջ:
  • Հին Աստվածներ, Թիֆլիս, 1913, 128 էջ:
  • Ճամբուն վրայ, Կ. Պոլիս, 1914, 72 էջ:
  • Ուրիշի համար, Թիֆլիս, 1914, 65 էջ:
  • Կայսր, Թիֆլիս, 1916, 96 էջ:
  • Հին Աստվածներ, Պոսթըն, 1917, 138 էջ:
  • Շղթայւածը, Կ. Պոլիս, 1921, 84 էջ:
  • Շղթայւածը, Թէհրան, 1922, 100 էջ:
  • Շղթայւածը, Նիւ Եորք, 1922, 78 էջ:
  • Դարձ, Կ. Պոլիս, 1924, 140 էջ:
  • Դերասանուհին, Կ. Պոլիս, 1924, 144 էջ:
  • Կինը, Կ. Պոլիս, 1924, 72 էջ:
  • Կայսր, Գահիրէ, 1925, 116 էջ:
  • Մեր անկախութիւնը, Պոսթըն, 1925, 308 էջ:
  • Կայսր, Գահիրէ, 1926, 116 էջ:
  • Մանկական աշխարհ, Պոսթըն, 1928, 124 էջ:
  • Հայրենի աշխարհ, գիրք Ա, Փարիզ, 1930, 144 էջ:
  • Հայրենի աշխարհ, գիրք Բ, Պէյրութ, 1932, 160 էջ:
  • Գործնական քերականութիւն արեւմտեան հայերէնի, Պէյրութ, 1939, 128 էջ:
  • Մանկական աշխարհ, Պէյրութ, 1943, 144 էջ:
  • Հոգիները ծարաւի (վէպ), Պէյրութ, 1945, 225 էջ:
  • Հոգեկան կարողութիւններու զարգացումը մինչեւ մարդ, Պէյրութ, 1946, 224 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ա. Մնաք բարովի իրիկունը, Լերան աղջիկը, Երազ օրեր, Դուրսեցիները, Երգեր, Պէյրութ, 1946, 368 էջ:
  • Երկեր, հատ. Բ. Վերժին, Դարձ, Դերասանուհին, Եսի մարդը, Ուրիշի համար, Ճամբուն վրայ, Պէյրութ, 1946, 384 էջ:
  • Երկեր, հատ. Գ. Հին աստուածներ, Կինը, Կայսր, Շղթայուածը, Ինկած բերդի իշխանուհին, Պէյրութ, 1947, 408 էջ:
  • Երկեր, հատ. Դ. Օշին պայլ, Հոգիները ծարաւի, Գրական երկերուն դերը, Պէյրութ, 1949, 408 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ե. Ընկերաբանական ու գրաբանական հարցեր, Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան, Անհավասարութիւնը կեանքի մէջ, Մտավորականութիւն ու կուսակցութիւն, Անկախութիւնը պահանջ ազգային գոյութեան, Սեռը եւ նիւթը բանահիւսութեան մէջ, Բանահիւսական ճարտարապետութիւն, Պէյրութ, 1948, 468 էջ:
  • Երկեր, հատ. Զ. Կրթութիւնը ընդհանրապես, Կրթութեան էութիւնն ու բաժանումները, Անվար կրթութիւն, Ընտանեկան ու դպրոցական ղեկավարութիւն, Նպաստ կարողութիւններու բացման, Դաստիարակութիւն, Ուսում, Ինքնակրթութիւն, Պէյրութ, 1951, 284 էջ:
  • Երկեր, հատ. Է. Ուսում ու կրթութիւն դպրոցական, Դպրոցային արտաքին կազմը, Ներքին կեանք, Ոգի եւ դաստիարակութիւն, Դպրոցական աշխատանքին կապուած ընդհանուր հարցեր, Դպրոցական չորս շրջանները եւ ուսուցման նիւթերը, Գիտութիւններու ուսուցումը, Լեզուներու ավանդումը, Գեղարուեստներու մշակումը, Խաղ ու մարզանք, Պէյրութ, 1952, 304 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ը. Ընդհանուր ակնարկ մը հայ բանահիւսութեան վրայ, Գուսանական հեթանոս վիպասանութիւն, Գրաբարի քրիստոնեաց հազարամեակը, Աշխարհականացումը գրաբարի, Բարբառական անգիր գրականութիւն, Անհատական ստեղծագործութիւն բարբառով, Նոր գրականութիւն արդի արեւմտեան լեզուով, Նոր գրականութիւն արդի արեւելեան լեզուով, Մեր վաղուան գրականութիւնը, Պէյրութ, 1946, 464 էջ:
  • Մանկական աշխարհ, Պէյրութ, 1955, 128 էջ:
  • Ընտիր երկեր. Լեռան աղջիկը, Երազ օրեր, Դարձ, Հին աստվածներ, Ինկած բերդի իշխանուհին, Օշին Պայլ, Երեւան, 1968, 536 էջ:
  • Մանկական աշխարհ, Պէյրութ, 1973, 128 էջ:
  • Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան: Ժխտում մեր շուրջի ապազգային քարոզչութեան, Պէյրութ, 1979, 128 էջ:
  • Հին Աստվածներ, Երեւան, 1985:
  • Երկեր. Երգեր, Լեռան աղջիկը, Երազ օրեր, Դուրսեցիները, Դարձ, Կինը, Հին աստվածներ, Կայսր, Շղթայվածը, Ինկած բերդի իշխանուհին, Օշին Պայլ, Գրքեր ու մարդիկ, Գրական երերուն դերը, Երեւան, 1989, 864 էջ:
  • Երկեր, Անթիլիաս, 1990, 296 էջ:
  • Անկախությունը պահանջ ազգային գոյության, Երեւան, 1991, 160 էջ:
  • Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան: Ժխտում մեր շուրջի ապազգային քարոզչութեան, Երեւան, 1999, 64 էջ:
  • Հին Աստվածներ, Երեւան, 2001, 124 էջ:
  • Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան: Ժխտում մեր շուրջի ապազգային քարոզչութեան, Երեւան, 2008, 57 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ա. Մնաք բարովի իրիկունը, Լերան աղջիկը, Երազ օրեր, Դուրսեցիները, Երգեր, Պէյրութ, 2008, 352 էջ:
  • Երկեր, հատ. Բ. Վերժին, Դարձ, Դերասանուհին, Եսի մարդը, Ուրիշի համար, Ճամբուն վրայ, Պէյրութ, 2008, 352 էջ:
  • Երկեր, հատ. Գ. Հին աստուածներ, Կինը, Կայսր, Շղթայուածը, Ինկած բերդի իշխանուհին, Պէյրութ, 2008, 392 էջ:
  • Երկեր, հատ. Դ. Օշին պայլ, Հոգիները ծարաւի, Գրական երկերուն դերը, Պէյրութ, 2008, 380 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ե. Ընկերաբանական ու գրաբանական հարցեր, Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան, Անհավասարութիւնը կեանքի մէջ, Մտավորականութիւն ու կուսակցութիւն, Անկախութիւնը պահանջ ազգային գոյութեան, Սեռը եւ նիւթը բանահիւսութեան մէջ, Բանահիւսական ճարտարապետութիւն, Պէյրութ, 2008, 448 էջ:
  • Երկեր, հատ. Զ. Կրթութիւնը ընդհանրապես, Կրթութեան էութիւնն ու բաժանումները, Անվար կրթութիւն, Ընտանեկան ու դպրոցական ղեկավարութիւն, Նպաստ կարողութիւններու բացման, Դաստիարակութիւն, Ուսում, Ինքնակրթութիւն, Պէյրութ, 2008, 264 էջ:
  • Երկեր, հատ. Է. Ուսում ու կրթութիւն դպրոցական, Դպրոցային արտաքին կազմը, Ներքին կեանք, Ոգի եւ դաստիարակութիւն, Դպրոցական աշխատանքին կապուած ընդհանուր հարցեր, Դպրոցական չորս շրջանները եւ ուսուցման նիւթերը, Գիտութիւններու ուսուցումը, Լեզուներու ավանդումը, Գեղարուեստներու մշակումը, Խաղ ու մարզանք, Պէյրութ, 2008, 280 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ը. Ընդհանուր ակնարկ մը հայ բանահիւսութեան վրայ, Գուսանական հեթանոս վիպասանութիւն, Գրաբարի քրիստոնեաց հազարամեակը, Աշխարհականացումը գրաբարի, Բարբառական անգիր գրականութիւն, Անհատական ստեղծագործութիւն բարբառով, Նոր գրականութիւն արդի արեւմտեան լեզուով, Նոր գրականութիւն արդի արեւելեան լեզուով, Մեր վաղուան գրականութիւնը, Պէյրութ, 2008, 464 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 1, Երեւան, 2011, 572 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 2. Դուրսեցիները, Վերժին, Դարձ, Դերասանուհին, Երեւան, 2008, 400 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 3. Կինը, Հոգիները ծարավի, Երեւան, 2008, 340 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 4. Դրամատուրգիա, Երեւան, 2007, 656 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 5, Երեւան, 2012, 696 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 6, Երեւան, 2012, 400 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 7, Երեւան, 2013, 720 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 8, Երեւան, 2016, 712 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 9. Նամակներ եւ բացիկներ, Երեւան, 2017, 712 էջ:
  • Մեր անկախութիւնը, Երեւան, 2011, 200 էջ:
  • Ստեղծագործությունների ժողովածու, Երեւան, 2012, 252 էջ:
  • 13 պիես, հատ. Ա, Երեւան, 2013, 496 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Топчян Э. С. Шант // Краткая литературная энциклопедияМ.: Советская энциклопедия, 1962. — Т. 8.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 2,13 2,14 2,15 2,16 2,17 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 448–449.
  3. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 131. — ISBN 978-2-905686-93-0
  4. «ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ՝ «Համադրեալ Հայը» | Toronto Hye» (en-US)։ 2020-03-29։ արտագրուած է՝ 2020-11-06 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, «Դար մը Գրականութիւն», Ա. հատոր, Նիւ Եորք, 1977
  2. Մուշեղ Իշխան, «Արդի Հայ Գրականութիւն», Գ. հատոր, Պէյրութ, 1992
  3. Մուշեղ Իշխան, «Իմ Ուսուցիչներս», Պէյրութ, 1984
  4. Vartan Gregorian, «The road to home: my life and times», New York, 2003
  5. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Հատոր 8, Երեւան
  6. Լեւոն Շանթ, Գեղարուեստական Գրութիւններ, Հատոր Ա - 1891 - 1914, Լոս ԱնՃելըս, 1988
  7. Լեւոն Շանթ, Գեղարուեստական Երկեր, Հատոր Բ -1896-1941, Լոս ԱնՃելըս, 1988

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել