Յովհաննէս Քաջազնունի
Յովհաննէս Մաթեւոսի Քաջազնունի (Տէր-Յովհաննիսեան) (1 Փետրուար 1868, Ախալցխա - 1938[2], Երեւան), հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, Անդրկովկասեան սէյմի անդամ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ։ Եղած է նաեւ ճարտարապետ, որ մեծ ներդրում ունեցած է Պաքուի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ճարտարապետութեան վրայ։
Յովհաննէս Քաջազնունի | |
---|---|
| |
Ծնած է | 14 Փետրուար 1868 |
Ծննդավայր | Ախալցխա, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 15 Յունուար 1938 (69 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն Ռումինիայի թագավորություն Խորհրդային Միութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր | Սանթ Փեթերսպուրկի քաղաքացիական ճարտարապետներու հիմնարկ |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, ճարտարապետ, ճարտարագէտ |
Վարած պաշտօններ | Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ? |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Ամուսին | Սաթենիկ Միրիմնադնա |
Երեխաներ | 4 որդի, 2 դուստր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԵրիտասարդ տարիները
ԽմբագրելԾնած է 1 Փետրուար 1868-ին Թիֆլիսի Ախալցխա քաղաքին մէջ (ներկայիս՝ Վրաստանի Ջաւախեթի շրջան)։ Քաջազնունիի նախնիները արմատներով Էրզրումէն եղած են, որոնք ԺԹ. դարու սկիզբը տեղափոխուած են Ջաւախք։
Մականունին ծագումը
ԽմբագրելՔաջազնունի ծնունդով Տէր-Յովհաննիսեան մականունը կը կրէր։ Անոր մեծ հօրը հայրը՝ Տէր Յովհաննէս քահանան, Էջմիածին ուխտի գալով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն իր մականունը Իգթիխանեանի փոխելու իրաւասութիւն կը ստանայ, իսկ իր երեխաներուն կու տայ Տէր-Յովհաննիսեան մականունը։ Յովհաննէս իր հերթին հայերէնի կը թարգմանէ իր մեծ հօր «Իգիթխանեան» մականունը ու կը ստանայ «Քաջազնունի» մականունը։
Կրթութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի մէջ, 1877 - 1886 թուականներուն:
1887-ին ընդունուած է Սանթ Փեթերսպուրկի քաղաքացիական ճարտարապետներու հիմնարկը, որու ընթացքը 1893-ին գերազանցութեամբ աւարտելով՝ կը ստանայ ճարտարապետի վկայական։ Նոյն շրջանին ան կ'ուսումնասիրէ գրականութիւն, մասնաւորապէս Շէյքսփիրի ժառանգութիւնը։ Անոր անունը ներառուած է համալսարանի Փառքի սրահին մէջ։
Ուսանողական տարիներուն, հիմնարկին 25-ամեակին առիթով կը տպագրուին ուսանողներու լաւագոյն նախագիծերը, ուր Քաջազնունի կը ներկայանայ հայկական եկեղեցիներու, յատկապէս՝ Անիի ու Էջմիածինի եկեղեցիներու նախագիծերու ուսումնասիրութեամբ։ Ան շատ կը գծէր ու կը մասնակցէր բազմաթիւ ցուցահանդէսներու[2]։
Ուսանողական տարիներուն կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերուն։
Հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւն
Խմբագրել- 1905 - 1906-ին կովկասեան թաթարներու կողմէ հայերու ջարդերուն ընթացքին բռնութիւնները դադրեցնելու համար կը դառնայ Խաղաղութեան հաստատման յանձնաժողովի անդամ։
- 1906-էն սկսեալ, աշխուժօրէն կը ներգրաւուի հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեան մէջ։ Նոյն տարին կը մեկնի Նիս՝ կապուելու Ալեքսանդր Մանթաշեանցի հետ եւ խնդրելու անոր աջակցութիւնը կուսակցութեան[3]։
- ՀՅԴ-ի կարգադրութեամբ, 1908-ին կը մեկնի Պաքու եւ Կոստանդնուպոլիս։
- 1909-ին կը ձերբակալուի հակադաշնակցական յայտնի գործի շրջանակներու մէջ։ Ազատ կ'արձակուի ի փոխան 10000 ռուբլիի։
- 1911-ին ստիպուած կը մեկնի երկրէն՝ խուափելու համար Սանթ-Փեթերսպուրկ կանչուելէ՝ վկայութիւն տալու համար Դաշնակցութեան դէմ դատավարութեան։ Կ'ապրի Ֆրանսայի, Պելճիքայի ու Վանի մէջ։
- 1914-ին կը վերադառնայ Կովկաս։
- 1917-ին Քաջազնունի կ'ընտրուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի անդամ։
- Փետրուար 1918-ին կ'ընտրուի Անդրկովկասեան սէյմի անդամ։
Քաջազնունի անդամ եղած է Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին, որ կը մասնակցէր Տրապիզոնի ու Պաթումի հաշտութեան համաժողովներուն։ Ալեքսանդր Խատիսեանի հետ միասին՝ ստորագրած է Պաթումի պայմանագիրը՝ հայկական պատուիրակութեան անունով[3]։
Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն
ԽմբագրելՀայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունի կը նշանակուի նորաստեղծ պետութեան առաջին վարչապետ։ Հայ Ազգային Խորհուրդի Թիֆլիս գտնուած ընթացքին՝ 30 Յունիսին, ան կը ներկայացնէ կառավարութեան կազմը՝ բաղկացած չորս նախարարներէ.
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ | ԱՆՈՒՆ | ՊԱՇՏՕՆ | ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ |
---|---|---|---|
Յովհաննէս Քաջազնունի | ՀՀ Վարչապետ | ՀՅԴ | |
Ալեքսանդր Խատիսեան | ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար | ՀՅԴ | |
Արամ Մանուկեան | ՀՀ Ներքին Գործոց նախարար | ՀՅԴ | |
Խաչատուր Գարճիկեան | ՀՀ Ելեւմուտքի նախարար | ՀՅԴ | |
Յովհաննէս Հախվէրտեան | ՀՀ Ռազմական նախարար | Չէզոք |
Առիթով մը ան յայտնած է.
«Բացառիկ ծանր պայմաններու մէջ գործի անցած է կազմած կառավարութիւնդ... Կառավարութիւնը ոչ մէկ յենարան ունի անցեալի, ան չի յաջորդեր նախկին կառավարութեան՝ շարունակելու արդէն ընթացքի դրած պետական աշխատանքը»
19 Յունիս 1918-ին, Հայաստանի կառավարութեան կազմը կը տեղափոխուի Երեւան`Վրաստանի մէջ ձգելով գրեթէ իր ամբողջ շարժական ու անշարժ գոյքերը ։ Կառավարութեան կազմին կայարան գտնուած միջոցին Վրաստանի ոչ մէկ պաշտօնեայ ներկայ կ'ըլլայ։ Ճանապարհային կառավարութեան կազմը գնացքով կը կանգնի Ղազախի կայարանին մէջ, ուր տեղի ազրպէյճանցիները ճոխ ընդունելութիւն կը կազմակերպեն ու իրենց ճամբան կը շարունակեն դէպի Երեւան։ Յետ պատերազմական շրջանին, Երեւանի կառավարութեան կազմին մէջ կ'ընդունուի Արամ Մանուկեանը, որ շուրջ 2 ամիս իրականացուցած էր հանրապետութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները՝ կրելով «Երեւանի տիքթաթոր» կոչումը։ Իր վերջնագիրին շնորհիւ կառավարութիւնը կ'որոշէ վերջապէս բարգաւաճ Թիֆլիսէն տեղափոխուիլ յետ պատերազմական Երեւան՝ ստանձնելու համար երկրին ղեկավարութիւնը։
Հոկտեմբերին, Ազգային Ժողովի ճնշման հետեւանքով, Քաջազնունի հրաժարական կը ներկայացնէ։ Ազգային Ժողովը կ'ընդունի կառավարութեան հրաժարականը ու կրկին Քաջազնունիին կը յանձնարարէ կազմել նոր՝ միակցական կառավարութիւն մը։ Միակցական կառավարութեան կազմին միանալէն կը հրաժարին Սոցիալ-յեղափոխական կուսակցութիւնը եւ Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, որուն պատճառով նոր կառավարութեան կազմը կը ձեւաւորուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու Ժողովրդական կուսակցութեան անդամներէ։ 4 Նոյեմբերին կը կազմուի միակցական կառավարութիւնը.
- 1918 - 1919-ի ձմեռը տիֆի համաճարակի ընթացքին կը մահանան Արամ Մանուկեանն ու Պետական վերահսկողի պաշտօնը զբաղեցնող Մինաս Բերբերեանը, իսկ Յովհաննէս Քաջազնունին ու Սիրական Տիգրանեանը նոյնպէս կը վարակուին, բայց կ'ապաքինին։
- 15 Փետրուար 1919-ին Քաջազնունի կը գործուղղուի Վրաստան, այնուհետեւ ԱՄՆ՝ վարելու համար հայանպաստ բանակցութիւններ, միաժամանակ ներկայացնելով իր կառավարութեան երրորդ կազմը.
26 Ապրիլ 1919-էն վարչապետի պաշտօնակատար կը դառնայ Ալեքսանդր Խատիսեանը, իսկ Քաջազնունի կը շարունակէ բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ։
Սեպտեմբեր 1920-ին Հայաստան Վերադառնալով՝ ան կը ստանձնէ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնը, իսկ 25 Նոյեմբերին՝ Ազգային Ժողովի նախագահի պաշտօնը[5]։ Սովետական զօրքերու ներխուժումէն ետք Քաջազնունի կը ձերբակալուի եւ շուրջ մէկ ու կէս ամիս կը մնայ բանտին մէջ։
Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, Քաջազնունի կը ստանձնէ պոլշեւիկներու զոհերու ընտանիքներուն աջակցութեան խորհուրդի նախագահութիւնը։ Խորհուրդը կը տրամադրէ 10, ապա 50 միլիոն ռուբլի։ Ապստամբութեան ձախողութենէն ետք, Քաջազնունի կը լքէ Հայաստանը, կ'ապրի Իրանի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Ռումանիոյ մէջ։ Պուքրէշի մէջ, 1923-ին, ան կը գրէ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս» աշխատութիւնը եւ կը լքէ ՀՅԴ-ի շարքերը։
Ճարտարապետական գործունէութիւն
ԽմբագրելԳերազանց ճարտարապետական կրթութիւն ունենալով, Քաջազնունի կը դառնայ իր ժամանակի Կովկասի մէջ գործող ականաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Ան գործած ու կառուցած է Պաքուի, Թիֆլիսի, Պաթումի, Երեւանի, Գիւմրիի, Վանի[3] եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ։
- 1893 - 1895-ին կ'աշխատի Պաքուի մէջ` Շրջանային Ճարտարապետական բաժինի որպէս ճարտարապետ։ Այդ շրջանին իր կնոջ կը յայտնէ ապագայ կառուցուելիք եկեղեցւոյ նախագիծին մասին։
- 1895 - 1897-ին կ'աշխատի Պաթումի մէջ` որպէս ճարտարապետ:
- 1897 - 1899-ին Թիֆլիսի քաղաքային կառավարութեան մէջ՝ շրջանային ճարտարապետ է։ Ան Թիֆլիսի Մէյտանի շրջանին մէջ կը կառուցէ չայխանայի շէնքը՝ պարսկական ոճով[2]։
- 1899 - 1906-ին Պաքուի քարիւղ արդիւնահանողներու քոնկրեսի խորհուրդին մէջ կ'աշխատի որպէս աւագ ճարտարապետ։ Աշխուժօրէն կը համագործակցի տեղական քարիւղ արդիւնահանողներու հետ։ Պաքուի մէջ նախագիծեր կը պատրաստէ հիւանդանոցներու, բնակելի շէնքերու,[6] եւ հիւրանոցներու՝ Պալախանի շրջանին մէջ[3]։
- 1911 - 1912 ճարտարապետն է Մկրտիչ Փորթուգալեանի ջանքերով հիմնուած Վանի Վարժապետանոցին։[7]
Ս. Թադէոս-Բարդողիմէոս մայր տաճարի շինարարութիւն
ԽմբագրելՄեծահարուստ Բուդաղեանի կտակած միջոցներով Պաքուի կեդրոնը հայկական եկեղեցի կառուցելու համար, 1898-ին Փեթերսպուրկի ճարտարապետներու կայսերական ընկերութիւնը մրցում մը կը յայտարարէ։ 28 Փետրուար 1907-ին մրցումին կը ներկայացուին հինգ նախագիծեր, որոնցմէ մէկն ալ Յովհաննէս Քաջազնունիի նախագիծն էր։ 4 Յունիսին կը յայտարարուի դատական կազմի որոշումը, որու համաձայն շահողն էր Գաբրիէլ Տէր-Միքայէլյանի նախագիծը, իսկ երկրորդ տեղը կը գրաւէր ճարտարապետ Փետրովսկիի նախագիծը։ Սակայն Բուդաղեանի ժառանգները դժգոհ կը մնան արդիւնքներէն, ու 7 Յունիսին անոնք պատուէրը կու տան Քաջազնունիի։ 2 Օգոստոսին կը սկսին եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները։ Եկեղեցւոյ կառուցման պիւտճէն, ըստ նախնական նախագիծին, կը կազմէր 300 հազար ռուբլի, սակայն ժառանգուած գումարը ընդամէնը 200 հազար էր, այդ պատճառով Քաջազնունի կը կատարէ որոշ փոփոխութիւններ, յատկապէս եկեղեցւոյ տարողունակութիւնը կը պակսեցնէ 1500 մարդէ՝ 1000-ի։
Հակադաշնակցական քրէական հետապնդումներու պատճառով, 1911-ին Քաջազնունի ստիպուած կ'ըլլայ մեկնելու երկրէն, չկարենալով անձամբ հսկել եկեղեցւոյ շինարարութիւնը։ Անոր բացակայութեան ընթացքին շինարարութեան կը հետեւի եւ աւարտին կը հասցնէ ճարտարապետ Նիկողայոս Բայեւը։
Եկեղեցին աչքի կ'իյնար իր կոթիկ ոճով։ Ականատեսները կը վկայեն, որ անիկա Պաքուի ամէնէն գեղեցիկ կառոյցն էր, հիանալի էր իր ներքին ու արտաքին շքեղութեամբ՝ վարպետօրէն գծուած ճարտարապետական դրուագներով։ Քաջազնունիի եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը կարելի է դիտել որպէս հայ ազգային ոճի նոր, իւրովի մեկնաբանում, եւ եթէ կարելի է այդպէս բնութագրել՝ «Նոր հայկական կոթիկա»։ Եկեղեցւոյ հիմքին մէջ պահպանելով կեդրոնագմբէթ, հաւասարակողմ խաչի հայեցակարգը, գլխաւոր ծաւալի չորս անկիւնները ձեւաւորած է չորս պարագիծերով, կորագիծ խորաններով, որմով խախտած է հայկական եկեղեցաշինութեան յատակագծային հիմնական առանձնայատկութիւնը՝ կեդրոնագմբէթ համակարգի քառաթեւ պարզ եւ բնորոշ ծաւալը։ Անով մէկտեղ՝ հետաքրքրական ձեւով լուծուած է զանգակատան տեղն ու դիրքը՝ ընդհանուր համայնապատկերին մէջ։ Անիկա եռաթռիչք կամարաշարով առաջ բերուած է արեւմտեան ճակատէն։ Որոշ առումով նման է նաեւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցիին։
Եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցած է 6 Սեպտեմբեր 1906-ին։
Պաքուի Ս. Թադէոս-Բարդողիմէոս մայր տաճարը 1930-ականներու սկիզբը քանդուած է։ Անոր տեղ երաժշտանոց մը կառուցուած է։
Գրականագիտական գործունէութիւն
ԽմբագրելՄեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Քաջազնունիի գրական ժառանգութիւնը։ Տակաւին ուսանող, ան բաւական խոր ուսումնասիրած է Շէյքսփիրի ժառանգութիւնը։ Վանի մէջ բնակութեան տարիներուն ան գրած է անոր նուիրուած շարք մը աշխատութիւններ։ Նոյն շրջանին ան հայերէնի թարգմանած է քրտական աշխատութիւններ[2]։
Հոգեպէս մեծ կապուածութիւն ունենալով իր ժամանակաշրջանի գրական կեանքին եւ գործիչներուն հետ, հետագային անոնց մասին յուշեր գրած է։ Յատկանշական են Յովհաննէս Թումանեանի մասին անոր յուշերը։
Կեանքի վերջին տարիները
ԽմբագրելՔաջազնունի Հայաստան վերադարձած է 1924-ին։ «Խորհրդային Հայաստան» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան նշած է.
Սովետական Հայաստան գալու նպատակս աշխատանքն է։ Ես ունիմ մեծ ցանկութիւն աշխատելու իմ մասնագիտական ոլորտին մէջ Հայաստանին մէջ։
- Հետագայ տարիներուն դասաւանդած է «ճարտարապետական ծրագրաւորում» Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։
- Հանդիսացած է նաեւ Պետնախագիծ հիմնարկի արհեստագիտական խորհուրդի անդամ։
- Անոր նախագիծով ու անմիջական հսկողութեան տակ կառուցուած են բամպակի գործարաններ Երեւանի եւ Սարդարապատի մէջ, ինչպէս նաեւ ձէթի ու օճառի գործարաններ Երեւանի մէջ՝ իրենց յարակից շինութիւններով, ինչպէս նաեւ բնակելի թաղամասներ աշխատողներու համար, որոնք կը դառնան Սովետական Հայաստանի առաջին արդիւնաբերական շինութիւնները[3]։
- 1926-ին, Քաջազնունի կը մասնակցի Օփերայի եւ պալէթի թատրոնի շէնքի մրցումին, սակայն նախագիծը չէ պահպանուած։ Նոյն թուականին Լենինականի մէջ ուժեղ երկրաշարժէ ետք, Քաջազնունի շարք մը նորակառոյց շէնքերու հեղինակ կը դառնայ[3]։
- 1928-ին կը մասնակցի շինարարական կառոյցներու ռուսերէն-հայերէն բառարանի ստեղծման, որ բաղկացած է 7560 բառերէ։
- 1930-ին կը միանայ նորաստեղծ Ճարտարապետութեան ու շինարարութեան հիմնարկին եւ Լուսաւորութեան Ժողկոմին կողմէ իրեն կը շնորհուի «փրոֆեսոր»ի կոչում։
- 1935-ին Պուլվարնայայի 27-րդ փողոցի խաչմերուկին վրայ կը կառուցէ շէնք մը, որ կը դառնայ Լենինականի ներդաշնակ մէկ մասը, որ 1988-ի երկրաշարժէն ետք կը մնայ կանգուն[3]։
- Ստալինեան բռնաճնշումներու տարիներուն, 1937-ին կը ձերբակալուի եւ 15 Յունուար 1938-ին (այլ տուեալներով՝ 29 Դեկտեմբեր 1937-ին) բանտային հիւանդանոցին մէջ հարբուխէ ու թոքերու բորբոքումէ կը մահանայ, այլապէս պիտի գնդակահարուէր 5 Դեկտեմբեր 1937-ին ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ Եռեակի կողմէ կայացուած որոշումին համաձայն, որ ժամանակավորապէս կանխած էր բանտային բժիշկը[8]։ Իր անձնական արխիւը՝ բոլոր նախագիծերով , առգրաւուած է եւ անյետ կորած։ Յետ մահու արդարացուած է՝ 1955-ին։
Որոշ տուեալներու համաձայն, Քաջազնունի թաղուած է Կոզերնի գերեզմանոցին մէջ։ Սակայն գերեզմանատան քանդման հետեւանքով, անոր աճիւնները անյայտ կորած են: Քաջազնունիի դստեր՝ Մարգարիտի ջանքերով, Թոխմախի գերեզմանոցին մէջ կանգնած է անոր յիշատակին նուիրուած շիրմաքար մը:
Ընտանիք
ԽմբագրելՅովհաննէս Քաջազնունի ամուսնացած է Սաթենիկ Միրիմանեանի հետ 1889-ի ամրան ՝ անկախ այն փաստէն, որ Սաթենիկի հայրը ծայր աստիճան դէմ էր իրենց ամուսնութեան։[9]
Իր նամակներուն մէջ Քաջազնունի կնոջը կը գրէր՝
1885, Յունիս 20, Ախալքալաք։
Դուք ծնած էք տաք, կրքոտ հոգիով։ Դուք սիրոյ ծարաւ էիք, բայց ոչ ոք չէր յագեցներ այդ ծարաւը։ Տան մէջ չգտնելով սէր եւ կարեկցանք՝ Դուք զայն դուրսը փնտռեցիք։ Եւ դարձեալ չգտաք։ Զայրացած էք ամէն ինչէ, Ձեր սիրտը սառած ու չարացած է անգիտակցաբար։ Դուք որոշեցիք, որ ինքնազոհ եւ առանց էգոիզմի մարդիկ չկան։ Դուք անվստահութիւն ունիք անոնց հանդէպ, որոնք բարեացակամ են Ձեր նկատմամբ։ Մինչեւ Դուք չյարգէք եւ չսիրէք ձեր անձը, ոչինչ պիտի շտկուի Ձեր կեանքին մէջ։ Դուք կորսնցուցած էք հաւատքը Ձեզի հանդէպ։
1886, 25 նոյեմբեր, Խարկով.
Այն, ինչ որ կենդանի է մէջս, ուժեղ է, կրքոտ, փնտռող, տառապող, մէկ զգացմունքի մէջ է՝ սիրոյ։ Ես հիմա կը հասկնամ այն սարսափելի ուժը, որ մտած է մէջս։ Խլեցէք ինձմէ այդ զգացումը, եւ խլած պիտի ըլլաք ամէն բան, որ ես ունիմ։
Քաջազնունի ունէր 4 որդի ու 2 դուստր։ Անդրանիկը Անահիտն էր, զոր նախ կոչած էին Հրաչեայ, սակայն աղջիկը հետագային կրած է Անահիտ անունը։ Երկրորդը Արամն էր, ապա կը ծնին Աշոտն ու Ռուբէնը (երկուորեակներ), Կարէնը եւ Մարգարիտը[9]։ 1914-ին, աւագ երեք որդիները պատանի հասակին կամաւոր կը մեկնին ռազմաճակատ, երբ սկսած էր առաջին աշխարհամարտը։ Փոքրը՝ Կարէնը, տակաւին շատ փոքր էր։ Աշոտ Քաջազնունի 1918-ի Մայիսին կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին, ապա՝ ռազմիկներուն հետ կը նահանջէ մինչեւ Արցախ եւ Աւետարանոց (Չանախչի) գիւղ, ուր զանոնք կը շրջափակեն թուրքերն ու տեղի գիւղացիներու դաւաճանութեան պատճառով կը գրաւեն զայն եւ կը կոտորեն բոլորը։
30 Ապրիլ 1919-ին դստեր՝ Հրաչեային, կը գրէ.
Աշոտը սպաննուեցաւ անցեալ գարնան Ղարաքիլիսէի կռիւներուն։ Արամը վիրաւորուած է երկու անգամ, բայց բժշկուած է։ Ռուբէնը բախտ ու պատիւ չէ ունեցած հայրենիքի համար վէրք ստանալու։
Արամ Քաջազնունի երկու անգամ վիրաւորուելէ ետք, զոհուած է 1920-ի ամրան Զանգիպազարի մէջ (այժմ Մասիս)՝ հայերու եւ թաթարներու միջեւ տեղի ունեցած ընդհարումներու ընթացքին։[9] Ռուբէն սպաննուած է գերութեան մէջ։[3] Ռուբէն Քաջազնունին գերուած է Կարսին մէջ, երբ թուրքերը կը գրաւեն քաղաքը 1920-ի աշնան ու զոհուած գերութեան մէջ:
Երկեր
Խմբագրել- Քաջազնունի Յովհաննէս, Բաց նամակ Z-ին. Թուրքիա՞, թէ Ռուսաստան, Պուքրէշ, 1924, 54 էջ, Պէյրութ, 1965, 64 էջ, Երեւան, 1990, 47 էջ։
- Քաջազնունի Յովհաննէս, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս, Պուքրէշ, 1923, 91 էջ, Վիեննա, 1923, 108 էջ, Թիֆլիս, 1923, 111 էջ, Գահիրէ, 1954, 112 էջ, Երեւան, 1993, 87 էջ։
- Քաջազնունի Յովհաննէս, Յետ մահու, Պէյրութ, 1965, 252 էջ։
- Քաջազնունի Յովհաննէս, Ազգ եւ հայրենիք, Պէյրութ, 1979, 269 էջ։
- Քաջազնունի Յովհաննէս, Հայաստանի հանրապետութիւն, 1993, 32 էջ։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Յովհաննէս Քաջազնունին ու Լեւոն Շանթը
-
Բուդաղեան եկեղեցւոյ ընդհանուր տեսքի նախագիծը
-
Բուդաղեան եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմի նախագիծը
-
Բուդաղեան եկեղեցւոյ արեւելեան կողմի նախագիծը
-
Բուդաղեան եկեղեցին 1920-ականներուն
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 294. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 «Качазнуни (Игитханян) Ованес Ованесович - архитектор»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2018-04-12
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 3,7 Каджазнуни Ованес Матевосович
- ↑ Թորոսյան Սահակ Դավիթի (1885-1940)[permanent dead link]
- ↑ «Hovhannes Kajaznouni»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-04-ին։ արտագրուած է՝ 2018-04-12
- ↑ Edmond Tigranyan - «Activity of Armenian architects in South Caucasus» - ISBN 99930-0-001-2
- ↑ Իրազեկ․ Վան քաղաքի վարժապետանոցը
- ↑ «Հովհաննես Քաջազնունի. կյանքը, գործունէութիւնը, ընտանիքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-01-30-ին։ արտագրուած է՝ 2018-04-12
- ↑ 9,0 9,1 9,2 ՄԵՐ ՄԵԾԵՐԸ. Հովհաննես Քաջազնունի[permanent dead link]
Աղբւրներ
Խմբագրել- Edmond Tigranyan «Activity of Armenian architects in South Caucasus» - ISBN 99930-0-001-2
- The Republic of Armenia։ The first year, 1918-1919 By Richard G. Hovannisian; ISBN 0520018052
- Энциклопедия «Армянский вопрос», Ереван 1991, ISBN 5-89700-005-0