Մկրտիչ Փորթուգալեան

Մկրտիչ Փորթուգալեան (21 Հոկտեմբեր 1848(1848-10-21)[1], Գում գաբու, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Սեպտեմբեր 1921(1921-09-26), Մարսէյլ, Բուշ-դյու-Ռոն[3]), Փորթուգալեան յեղափոխական շարժման առաջին ռահվիրան, որ շրջեցաւ հայկական գաւառներ, ինքնապաշտպանութեան մղեց հայ ժողովուրդը, որ երկար ժամանակ կ'ապրէր ստրկութեան ծանր լուծին տակ։ Ան մէկ կողմէ իբրեւ ուսուցիչ ազատատենչութեան գաղափարը սերմանեց նոր սերունդին մօտ. իսկ միւս կողմէ «Արմէնիա»յով դարձաւ դրօշակ ազատագրական շարժումին[3][4]։

Մկրտիչ Փորթուգալեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Hrant
Ծնած է 21 Հոկտեմբեր 1848(1848-10-21)[1]
Ծննդավայր Գում գաբու, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 26 Սեպտեմբեր 1921(1921-09-26) (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարսէյլ, Բուշ-դյու-Ռոն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, լրագրող, ուսուցիչ, թարգմանիչ, գրագէտ, հրատարակիչ
Աշխատավայր Արմենիա
Ասիա
Մանզումէի Էֆքեար
Մեղու Հայաստանի
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Կուսակցութիւն Արմենական Կուսակցութիւն

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Փորթուգալեան ծնած է Պոլսոյ Գում Գափուի թաղը։ Կը յաճախէ իր թաղի Մայր Վարժարանը։ Ազգային Սահմանադրութեան շրջանն էր։ 1863-ին կ'անցնի Սամաթիոյ Սուրբ Սահակեան դպրոցը,ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզ։ Կարգ մը անհատներու ընկերակցութեամբ, կը հիմնէ հրատարակչական ընկերութիւն մը եւ կը տանի թարգմանչական աշխատանք։Սահմանադրական շարժումը յաղթանակած էր Պոլսոյ մէջ։ Իբրեւ ուսուցիչ կը ղրկուի Եւդոկիա, «Ոսկեան Ճեմարան»ը, որ փայլուն անունով խեղճ վարժարան մըն էր։

1873 թվականի Յունուարին թուրքական կառավարութիւնը բանտարկեր է Փորթուգալեանին եւ փակեր անոր տնօրինութեան տակ գտնուող Եվդոկիոյ Վարդուհեան վարժարանը։ Բանտէն ազատուելէ յետոյ Փորթուգալեանը 1873-1875 թուականներուն խմբագրեր է «Ասիա» (Կ. Պոլիս) լրագիրը։ Եղեր է Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն մէջ լուսաւորութիւն տարածելու նպատակով ստեղծուած «Արարատեան ընկերութիւն Հայոց»-ի հիմնադիր անդամ եւ ատենապետը։ 1881 թուականին Վանի մէջ հիմներ է Հայկազեան կեդրոնական վարժարանը։ 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի, Սան Սթեֆանոյի բանակցութիւններու եւ Պեռլինի Գոնկրեսի օրերուն շրջեր է Հայաստանի, Անդրկովկասի քաղաքներուն մէջ, հայ ժողովուրդին զինուած պայքարի կոչելով։ Փորթուգալեանի խորհուրդով եւ մասնակցութեամբ Վանի մէջ ստեղծուեր է «Սև խաչ» ազատագրական կազմակերպութիւնը, 1885 թվականի Յունուար-Փետրուարին՝ «Հայրենասիրաց ընկերութիւնը։ Մարտի 15-ին թրքական իշխանութիւնները Փորթուգալեանին արտաքսեր են։ Ան անցեր է Մարսէյլ, այնտեղ հրատարակեր է«Արմենիա» պարբերականը։ Ըստ Փորթուգալեանի՝ համազգային յեղափոխութեամբ պէտք է թօթափել օսմանեան լուծը եւ հռչակել Հայաստանի անկախութիւնը։ Ան գնահատեր է հայ եկեղեցիի դերը հայապահպանման, ազգային համախմբման գործին մէջ՝ չընդունելով սակայն հայ հոգեւորականութեան ղեկավար դերը ազգային կեանքին մէջ։ Փորթուգալեանը մտածում էր, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) տարիներուն Անտանտի պետութիւններու օգնութեամբ հայերը կրնան լուծել իրենց դատը, եւ կոչ ըրեր է կամաորներով ու նուիրատուութեամբ օգնել Անտանտին։ Անոր կարծիքով՝ արեւմտահայերը կրնային նաև փրկուիլ՝ Ռուսաստանի հովանաւորութեան տակ անցնելով։

Երկեր[խմբագրել | խմբագրել կոդը]

Խմբագրել
  • Հնդկաստանի տնակը։ Սէն-Բիէր, Պէռնարտէն տը, Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Կ. Պոլիս, տպ. Մ. Էքսէրճեան, 1874։
  • Սաղմոս Իսրայէլի։ Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1886։
  • Վարդապետարան Հայաստանի ազատութեան։ Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, 1848-1921, Մարսէյլ, Հայոց հայրենասիրական միութեան հրատարակչութիւն, 1889։
  • Հայաստանի թշուառները։ Իրական վէպ, Թիւթիւնճեան Մկրտիչ Սարգիսի, Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլ, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1889։
  • Թիւրքիայի հայերն և իրենց դրացիներ։ Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1890։
  • «Արմէնիա»ի յուշարար։ Ա տարեկան (1885-1886), Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1890։
  • Նմոյշներ Մ. Փորթուգալեանի գրած ոտանաւորներէն։ Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1891։
  • Գրացուցակ «Արմենիա»-ի խմբագրատան։ Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Արմենիա խմբագրատուն, Մարսէյլ, Ա. հ., 1891:
  • Մի պուլկար հայրենասէր։ (Զաքարիա Սթոյանով), Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1894։
  • Ժողովրդական ընթերցարան։ Յետ այբուբենն աւարտելուն, Պատկանեան գրական ընկերութիւն, Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափաէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, Ա. թ։
  • Հայ դիւցազնուհի մը։ Ոսկան Ս, Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Բ. տպագրութիւն, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1912։
  • Մի գաղթէք։ Փորթուգալեան Մկրտիչ Ռափայէլի, Մարսէյլ, տպ. Մ. Փորթուգալեանի, 1913։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, Գաբրիէլ Լազեան, «Յուսաբեր» Գահիրէ, 1949։
  • Մկրտիչ Փորթուգալեան (Մի էջ յեղափախական մտքի պատմութիւնից), «Վէմ», 1936 թիւ 4։
  • Սիպիլ, Հերոսը։
  • Հրանդ, Իր դաւանանքը։
  • Զապէլ Եսայեան, Հայ կնոջ կողմէ
  • Թորոսյան Պ. Ռ., Ո՞վ է Մկրտիչ Փորթուգալեանը։ Նյու Յորք, 1912։
  • Քառասուն տարուան աշխատաւորը, Մկրտիչ Փորթուգալեան, ԿՊ, 191