Մեղու Հայաստանի

«Մեղու Հայաստանի», հայկական քաղաքական, բանասիրական եւ առեւտրային շաբաթաթերթ, որ 1873 թուականէն հրատարակուած է որպէս օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1858-1886 թուականներուն Թիֆլիս քաղաքին մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ս․ Մանդինեան, Պ․ Սիմոնեան (1863 թ.-ից)։ Ունեցած է կղերապահպանողական, ուղղութիւն, պայքարած է «Հիւսիսափայլ»-ի եւ Մ․ Նալպանտեանի դէմ, սուր բանավէճերու մէջ մտած «Մշակ»-ի եւ անոր խմբագրին հետ։ Երկրորդ խմբագրի օրօք դարձած է հայ ազգային-պահպանողական հոսանքի գաղափարախօսը, քննադատած ցարիզմի ազգաձուլման քաղաքականութիւնը։ Այդ շրջանին տպագրած է Նալպանտեանի, Ռափայէլ Պատկանեանի, Ղազարոս Աղայեանի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի, Մուրացանի, Վիքթոր Հիւկոյի, Շանտոր Փետեֆիի եւ այլոց գործերը։ Պարբերականին աշխատակցած են Ա․ Հայկունին, Ծերենցը եւ այլք[1][2]։

Մեղու Հայաստանի
Մեղու Հայաստանի
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1 Յունուար 1858
Երկիր  Ռուսական Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Թիֆլիս

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։