Ռուսական Կայսրութիւն
Ռուսական կայսրութիւն (ռուս. նախ.՝ Россійская Имперія, ռուս.՝ Российская империя), կայսրութիւն, որ հիմնադրուած է 1721–ին եւ գործած է մինչեւ Ռուսաստանի հանրապետութեան հռչակումը Ժամանակաւոր կառավարութեան կողմէ, որուն իշխանութիւնը սկսած է Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք[1]։
Համաշխարհային պատմութեան մէջ Ռուսական կայսրութիւնը եղած է ամենամեծ կայսրութիւններէն մէկը, որ իր չափով միայն Անգլիական եւ Մոնկոլական կայսրութիւններուն կը զիջէր։
Ռուսական կայսրութեան ընդարձակումը տեղի կ'ունենայ դրացի կայսրութիւններու հաշւոյն` որոնցմէ են Շուետական կայսրութիւնը, Ռեճ Փոսփոլիթան, Պարսկաստանը եւ Օսմանեան կայսրութիւնը։ Այս մէկը մեծ դեր կը խաղայ 1812–1814 թուականներուն Նափոլէոն Պոնափարթը պարտութեան մատնելու մէջ։
Ռոմանովները Ռուսական կայսրութեան վրայ կ'իշխեն 1721–1762 թուականներուն, իսկ անոր գերմանական ծագում ունեցող ճիւղը` Հոլշթայն-Հոտտորպ-Ռոմանով հարստութիւնը՝ 1762–էն սկսեալ։
Դարու սկիզբը Ռուսական կայսրութեան տիրոյթները կը տարածուէին Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսէն մինչեւ Սեւ ծով, Պալթիք ծովէն Խաղաղական ովկիանոս եւ (մինչեւ 1867) Ալասքա[2]։
1897-ի մարդահամարով, Ռուսական կայսրութեան մէջ կ'ապրէր 125.6 միլիոն հոգի, այսպիսով Ռուսիա իր բնակչութեան թիւով կը դառնար աշխարհի երրորդը Ցին Չինաստանէն եւ Հնդկաստանէն ետք։ Ինչպէս բոլոր կայսրութիւններուն մէջ, հոս եւս բազմաթիւ ցեղային խումբեր կային, որոնք տարբեր կրօններ կը դաւանէին։ Ռուսաստանի մէջ կային բազմաթիւ անհնազանդ տարրեր, որոնք բազմաթիւ ապստամբութիւններ եւ մահափորձեր կը կազմակերպէին։ ԱՆոնք հիմնականին մէջ կը յայտնաբերուէին գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ եւ հազարաւոր մարդիկ Սիպերիա կ'աքսորուէին։
Տնտեսական գետնի վրայ, կայսրութիւնը գիւղատնեսութեան վրայ հիմնուած էր, լայնածաւալ տարածքներու մէջ կ'աշխատէին գլխաւորաբար ճորտ գիւղացիները։ Տնտեսութիւնը դանդաղօրէն արդիւնաբեր կը դառնայ գործարաններուն եւ երկաթուղիին մէջ՝ օտար երկիրներու ներդրումներու օգնութեամբ։ Ժ. դարէն մինչեւ Ժէ. դար Ռուսիոյ մէջ հողի սեփականատէրեր էին ազնուականները (մօրուքաւորները), որոնք կայսրին կ'ենթարկուէին։
- Իւան Գ. (1462–1505) հիմը կը դնէ պետութեան մը, որ հետագային կայսրութիւն կը դառնայ։ Ան կ'եռապատկէ երկրին տարածքը եւ կը վերանորոգէ Մոսկոֆեան Գրեմլը։
- Պետրոս Մեծ (1682–1725) բազմաթիւ պատերազմներու ընթացքին կը մարտնչի եւ կը ձեւաւորէ վիթխարի կայսրութիւնը զայն վերածելով եւրոպական գերտերութեան։ Ան մայրաքաղաքը կը տեղափոխէ Մոսկուայէն Ս. Փեթերսպուրկ, բացի այս բոլորէն, մշակութային յեղափոխութիւն մը կ'իրականացնէ` հրաժարելով որոշ հին աւանդոյթներէն եւ միջնադարեան հասարակական եւ քաղաքական կանոնները կը փոխէ նորերով, որոնք հիմնուած էին եւրոպական տիպարին վրայ։
- Քաթրինա Բ. (կառավարած է 1762–1796) Ռուսիոյ կը բերէ Ոսկեայ դարաշրջան մը, նուաճումներով կ'ընդարձակէ երկրի տարածքը եւ կը շարունակէ Պետրոս Մեծի քաղաքականութիւնը երկրի արդիականացման ուղղութեամբ։
- Ալեքսանտր Բ. կայսրը (կառավարած է 1855–1881) բազմաթիւ բարեփոխումներ կ'իրականացնէ, ամենանշանաւորը 21 միլիոն ճորտերու ազատումն էր 1861-ին։ Անոր քաղաքականութեան շնորհիւ՝ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ Արեւելեան Եւրոպայի ուղղափառ քրիստոնեաները կը պաշտպանուին։ 1914-ին Ռուսիա Ա. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կը ներքաշուի Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Սերպիոյ կողմէ՝ ընդդէմ Կեդրոնական ուժերու։
Ռուսական կայսրութիւնը կը գործէր որպէս բացարձակ միապետութիւն մինչեւ 1905-ի յեղափոխութիւնը, որմէ ետք կը պարտուի սահմանադրական միապետութիւնը։ Կայսրութիւնը կը քայքայուի 1917-ի փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ, որուն գլխաւոր պատճառը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին բազմաթիւ անյաջողութիւններն էին։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀակառակ անոր, որ կայսրութիւնը պաշտօնապէս հռչակուած է Մեծն Պետրոսի կողմէ 1721-ին Նիշտադտի հաշտութենէն ետք, որոշ պատմաբաններ համոզուած են, որ կայսրութիւնը իրականութեան մէջ ստեղծուած է Իւան Գ.-ի կողմէ, երբ ան Մեծ Նովգորոդը կը նուաճէ, կամ երբ Իւան Դ. Ահեղը կը նուաճէ Կազանի խանութիւնը։ Այլ տեսակէտի մը համաձայն, Ցարական կոչումը, որ կը սկսի օգտագործուիլ Իւան Դ.-ի թագադրութենէն ետք, ինքնին ռուսերէն «կայսրութիւն» բառին հոմանիշն է եւ Մեծն Պետրոսը միայն լատինատառի կը վերածէ՝ զայն «Իմբերիա» կոչելով։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելՌուսիոյ նուաճումներու մեծ մասը տեղի կ'ունենայ Ժէ. դարուն, երբ Սիպերիան եւ Ալասքան կը նուաճուին: Ժէ. դարու կէսերուն Ռուս-Լեհական պատերազմէն ետք անոր կը կցուի Ուքրանիոյ արեւմտեան հատուածը։ Լեհաստանը կը բաժնուի 1790-էն 1815-ի միջեւ, եւ երկրի բնակչութեան մեծ մասը կ'անցնի Ռուսաստանի հպատակութեան տակ։ Ժթ. դարուն տարածքը կ'ընդարձակուի Ասիոյ, Կովկասի եւ հարաւային Սիպերիոյ մէջ[3]։
Տարի | Ռուսաստանի բնակչութիւն (միլիոն)[4] | Նշումներ |
1720 | 15.5 | ներառեալ նոր լեհական եւ պալթեան տարածքները |
1795 | 37.6 | ներառեալ Լեհաստանի մէկ մասը |
1812 | 42.8 | Ներառեալ Ֆինլանտան |
1816 | 73.0 | ներառեալ Պեսարաբիան |
1914 | 170.0 | Ներառեալ Ասիոյ եւ Կովկասի նոր տարածքները |
Ժը. դար
ԽմբագրելՄեծն Պետրոս (1672–1725)
ԽմբագրելՄեծն Պետրոս (1672–1725) գլխաւոր դեր կ'ունենայ Ռուսաստանը եւրոպական կառավարման համակարգով պետութեան վերափոխելու գործընթացին մէջ։ Այնուամենայնիւ, այս հսկայական տարածքին մէջ ընդամէնը 14 միլիոն հոգի կ'ապրէր։ Ցորենի արտերը գլխաւորաբար արեւմտեան հատուածին մէջ կը մշակուէին[5], եւ կը համարուէր բնակչութեան հիմնական եկամուտի աղբիւրը։ Բնակչութեան միայն փոքր մասը կ'ապրէր քաղաքներու մէջ։ Խոլոպները, որոնք կարգավիճակով կը նմանէին ստրուկներուն, կը մնային Ռուսաստանի գլխաւոր աշխատուժը մինչեւ 1723, երբ Մեծն Պետրոս խոլոպները ճորտեր կը դարձնէ` զանոնք հարկային դաշտ բերելով։
Պետրոսի Ա.-ի ռազմական գործողութիւնը ուղղուած էր Օսմանեան կայսրութեան դէմ։ Անոնցմէ ետք ան իր ուշադրութիւնը կ'ուղղէ դէպի հիւսիս։ Պետրոս կը ցանկար կառուցել նոր, անվտանգ նաւահանգիստ մը, քանի որ Սպիտակ ծովու Արխանգելսկ նաւահանգիստը ոչ արդիւնաւէտ էր. ծովը տարին ինը ամիս պատուած էր սառոյցով։ Պալթիք ծովու մուտքը փակուած էր շուէտացիներու կողմէ, որոնք ծովը շրջապատած էին երեք կողմերէ։ Պետրոս դէպի Եւրոպա պատուհան բանալու իր ցանկութիւնը իրականացնելու նպատակով 1699-ին գաղտնի դաշնութեան պայմանագիր մը կը կնքէ Սաքսոնիոյ, Ռեչ Պոսպոլիտայի եւ Դանիոյ հետ ընդդէմ Շուէտի, որու իբրեւ արդիւնք կը սկսի Հիւսիսային պատերազմը։
Պատերազմը վերջ կը գտնէ 1721-ին եւ պարտուած Շուէտը հաշտութիւն կը խնդրէ Ռուսաստանէն։ Ռուսիոյ կ'անցնին Ֆիննական ծոցի արեւելքի եւ հարաւի չորս տարածաշրջանները։ Պալթիք ծով մուտքը կը դառնայ անվտանգ։ Հոն ան նոր մայրաքաղաք մը կը կառուցէ, զոր կը կոչէ Ս.Փեթերսպուրկ, որ երկար ատեն կը մնայ Ռուսաստանի մշակութային կեդրոնը։
1722-ին ան իր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ Կովկասի եւ Կասպից ծովու վրայ, որ այդ ժամանակ կը մտնէր թոյլցած Սէֆեան Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ։ Տարածքները ընդարձակելու համար Պետրոս Աստրախանի պարսիկներուն դէմ կը դարձնէ պատերազմի գլխաւոր յենակէտը եւ լայնամաս արագ պատերազմ մը կը սկսի անոնց դէմ 1722–1723 թուականներուն[6]։
Պետրոս կը վերակազմաւորէ իր կառավարութիւնը, որու հիմքին մէջ ինկած էին այդ ժամանակուան վերջին կառավարական տիպարները՝ դարձնելով Ռուսիոյ ինքնիշխան պետութիւն։ Ան հին Տուման (ազնուականներու խորհուրդ) ինը անդամ ունեցող ծերակոյտի կը վերածէ, որ իրեն կ'ենթարկուէր։ Երկրի վարչատարածքային բաժանումը նոյնպէս կը փոխուի։ Պետրոս կը յայտարարէ, որ ծերակոյտին գլխաւոր խնդիրը հարկերու հաւաքագրումն էր։ Որպէս կառավարութեան բարեփոխման մաս՝ Ուղղափառ եկեղեցին մասնակիօրէն կը մասնակցէր պետական կառավարման` պետութեան գործիք դառնալով։ Պետրոս կը կազմալուծէ պատրիարքարանը եւ կը ստեղծէ միասնական մարմին մը Ս. Սինոտ, որ կը ղեկավարուէր կառավարութեան պաշտօնեային կողմէ։ Հակառակ այս բոլոր բարեփոխումներուն՝ պետական պաշտօնները կը գրաւէին միայն ազնուականները, եւ պետութիւնը կը ծառայէր ազնուականներու շահերուն համար[7]։
Պետրոս կը մահանայ 1725-ին՝ ժառանգի հարցը անլոյծ ձգելով։ Անոր մահէն ետք կարճ ժամանակամիջոց մը երկիրը կը ղեկավարէ անոր այրին՝ Քաթրինա Ա.-ը, որ գահը կը յանձնէ կայսրուհի Աննա Յոհանովնային, որ կը դանդաղեցնէ բարեփոխումները եւ յաջող պատերազմ մը կը մղէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ, որմէ զգալիօրէն կը թոյլնայ օսմանեան վասալ Ղրիմի խանութիւնը, որ երկար ատեն Ռուսաստանի թշնամին էր։
Աննայէն ետք գահ կը բարձրանայ Պետրոսի դուստր Էլիզապէթ Պետրովնան։ Էլիզապէթ կը գնահատէր արուեստները, ճարտարապետութիւնը եւ գիտութիւնը (օրինակ՝ կը հիմնէ Մոսկուայի պետական համալսարանը)։ Սակայն ան նշանակալի կառուցողական բարեփոխումներ չ'իրականացներ։ Ան 20 տարի կը կառավարէ, որուն ընթացքին կը ներքաշուի Եօթնամեայ պատերազմի մէջ։ Այս մէկը ռազմական տեսանկիւնէն յաջող էր Ռուսաստանի համար, սակայն ոչ քաղաքական տեսանկիւնէն[8]։
Մեծն Քաթրինա (1762–1796)
ԽմբագրելՔաթրինա Բ. եղած է գերմանացի արքայադուստր, որ ամուսնացած է Պետրոս Գ.-ի հետ։ Երբ Էլիզապէթ կայսրուհին կը մահանայ, ան իշխանութեան գլուխ կ'անցնի իր ամուսինին դէմ յաջող յեղաշրջումէ ետք։ Ան կը վերականգնէ ռուս ազնուականութեան իրաւունքները, որոնք կորսուած էին Մեծն Պետրոսի մահէն ետք։ Քաթրինա կը վերադարձնէ մարզերու ղեկավարներու պաշտօնները` անոնց լայն իրաւունքներ տալով [9]։
Քաթրինա Բ. կը զօրացնէ քաղաքական վերահսկողութիւնը Ռեչ Փոսփոլիթայի տարածքին վրայ։ Անոր գործողութիւնները, որոնցմէ են ռազմական արշաւանքներու եւ պետական ծախսերու բարձր մակարդակը, 1773-ին ապստամբութեան մը կը յանգեցնեն Եմելեան Պուքաչովի գլխաւորութեամբ, որու կարգախօսն էր, «Կախաղան բոլոր հողատէրերուն»: Ապստամբները կը փորձեն առնել Մոսկուան, սակայն չեն յաջողիր։ Բացի աւանդական պատիժներէն, Քաթրինա ապստամբութենէն ետք գաղտնի ցուցմունքներ կու տայ դահիճներուն մահապատիժները արագօրէն իրականացնելու նուազագոյն ցաւ պատճառելով մեղաւորներուն[10]։ Ան նաեւ կը հրամայէ Դարեայ Նիքոլաեւնա Սալտիքովան ցմահ դատապարտել մահապատժի փոխարէն։ Այս բարեգթութիւնը կ'ողջունուի Եւրոպական հասարակութեան կողմէ, սակայն երկրի յեղափոխական մթնոլորտը կը շարունակէր վնասել երկրին։
Ան կը շարունակէ հովանաւորել ազնուականները, որոնք անոր կառավարութեան անբաժանելի մասերն էին։ Այդ պատճառով Քաթրինա ստիպուած էր գործել հարուստներու շահերէն ճորտերու եւ գիւղացիներու հաշուոյն։ Հակառակ անոր որ Քաթրինա կը հասկնար, որ ճորտատիրութիւնը պէտք է արգիլել, սակայն անոր համար աւելի կարեւոր էր ազնուականութեան վստահութիւնը։
Քաթրինա կը յաջողի Ռուս-թրքական պատերազմներու ընթացքին Ռուսաստանի հարաւային սահմանը մինչեւ Սեւ ծով հասցնել։ Անոնցմէ ետք, ան Աւստրիոյ եւ Պրուսիոյ հետ կը բաժնէ Լեհաստանը` իր սահմանը հասցնելով մինչեւ Կեդրոնական Եւրոպա։ Քաթրինա կ'ընդարձակէ իր տարածքները նաեւ Կովկասի մէջ` արշաւանք կազմակերպելով Պարսկաստանի դէմ եւ իր կազմին կը միացնէ Վրաստանը։ 1796-ին երբ Քաթրինա կը մահանայ, կայսրութիւնը արդէն դարձած էր Եւրոպական գերտէրութիւն[11]։ Ալեքսանտր Ա. նուաճումները կը շարունակէ, եւ 1809-ին կը նուաճէ Ֆինլանտան՝ թոյլցած Շուէտէն, Պեսարաբիան՝ Մոլկովական իշխանութենէն։
Պետական Պիւտճէ
ԽմբագրելՌուսիա յարատեւ կը մնար նիւթական ճգնաժամի մէջ։ Ծախսերը կ'աճէին մեծ չափերով։ Պիւտճէի 46 տոկոսը կը ծախսուէր ռազմական նպատակներու, 20 տոկոսը` կառավարութեան տնտեսական աշխուժացման վրայ, 12-տոկոսը վարչական ծախսերն էին. ինը տոկոսը` Ս. Փեթերսպուրկի կայսերական պալատին վրայ։ Պիւտճէին բացը գոցելու համար սկզբնական շրջանին փոխառութիւններ կը վերցնէին, Ամսթըրտամէն։ Պիւտճէին հինգ տոկոսը կը ծախսուէր պարտքը սպասարկելու վրայ։ Թղթադրամները պատերազմներու ծախսերը հոգալու համար կը հրատարակուէին, ինչ որ բարձր մակարդակով աճ կ'ապահովէր։ Մեծ գումարներու շնորհիւ Ռուսիա մեծաթիւ լաւ զինուած բանակ կը պատրաստէր։ Հակառակ անոր, որ Ռուսաստանի կառավարութիւնը զարգացած երկիր մը կը համարուէր, իրականութեան մէջ Ժը. դարուն Ռուսաստան յետամնաց, աղքատ գիւղատնտեսական երկիր մը կը մնար[13]։
Ժը. դարու առաջին կէս
ԽմբագրելՆափոլէոն 1812–ին կը ներխուժէ Ռուսաստան։ Արշաւանքը աղէտալի հետեւանք կ'ունենայ։ Նափոլէոնի Մեծ բանակը կ'ուղղուի դէպի Մոսկուա, իսկ ռուսերը կը նահանջեն, ամայի ձգելով իրենց ետեւը։ Խստաշունչ ռուսական ձմրան եւ պարտիազնական ջոկատներու յարձակումներու պատճառով Նափոլէոնի բանակը ծանր կորուսնտեր կը կրէ[14]։ Նափոլէոն ստիպուած կը նահանջէ, իսկ ռուսական զօրքերը կը հետեւին անոնց՝ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպային մէջ մինչեւ Փարիզի դարպասները։ Երբ Ռուսաստան եւ անոր դաշնակիցները կը յաղթեն Նափոլէոնին, Ալեքսանտր կայսրը յայտնի կը դառնայ որպէս «Եւրոպայի փրկիչ» եւ կը մասնակցի Եւրոպայի վերաբաժանման Վիեննայի համաժողովին ընթացքին (1815), որու համաձայն ան նաեւ կը դառնայ Լեհական թագաւորութեան միապետը[15]։
Հակառակ անոր, որ Ռուսական կայսրութիւնը առաջատար քաղաքական դեր կ'ունենայ Եւրոպայի յաջորդ դարու ընթացքին, շնորհիւ Նափոլէոնի դէմ յաղթանակին, սակայն նոյնատիպ տնտեսական յաջողութիւններ չ'ունենար։ Քանի որ Արեւմտեան Եւրոպայի տնտեսութիւնը արագօրէն կ'աճէր արդիւնաբերական յեղափոխութենէն ետք, Ռուսաստանի տնտեսութիւնը շատ աւելի ետ կը մնար։ Այս իրավիճակին մեղաւորը կառավարութիւնն էր, որ համապատասխան միջոցներ ձեռք չէր առներ ժամանակին համընթաց շարժելու համար։ Նափոլէոնի յաղթանակէն ետք Ալեքսանտր Ա.-ը պատրաստ էր քննարկելու սահմանադրական բարեփոխումներ, սակայն բացի մանր բարեփոխումներէն էական ոչինչ կը փոխուի[16]։
Ժողովրդական ցարը կը փոխարինէ իր կրտսեր եղբայր Նիքոլա Ա.-ը (1825–1855), որու կառավարման սկիզբը ապստամբութեամբ կ'ուղեկցի։ Այս յեղափոխութեան նախապատմութիւնը ինկած էր Նափոլէոնական պատերազմներուն մէջ, որբ մեծ թիւով լաւ կրթուած սպաներ Եւրոպա կ'ուղեւորուին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին եւ իրենց տեսած ազատականութիւնը կ'որոշեն տարածել անձնիշխանական Ռուսաստանի մէջ։ Արդիւնքը այն էր, որ տեղի կ'ունենայ Տեկաանգլիական Յեղափոխութիւնը (Դեկտեմբեր 1825), որ որոշ ազատական ազնուականներ կը կազմակերպեն եւ բանակի սպաներ կը փափաքին Նիքոլայի եղբայրը սահմանադրական միապետ նշանակել։ Սակայն յեղափոխութեան փորձը արագօրէն կը ճնշուի եւ Նիքոլայ կը հրաժարի Մեծն Պետրոսի արդիականացման գաղափարներէն[17]։
Այս յեղափոխութեան փորձին շնորհիւ 14 Դեկտեմբերը երկար ժամանակ կը յիշուի հետագայ յեղափոխական շարժումներու կողմէ։ Որպէսզի բացառուէին հետագայ յեղափոխութիւնները, գրաքննութիւնը կ'ուժեղանայ ներառեալ դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսուցողական դասագիրքերուն մէջ։ Տպագրութիւնը խստօրէն կը վերահսկուի կառավարութեան կողմէ։ Ոստիկանութեան լրտեսները ամէնուր կ'ըլլան։ Յեղափոխականութեան մէջ իւրաքանչիւր կասկածեալ Սիպերիա կ'աքսորուի։ Նիքոլա Ա.-ի ժամանակ հարիւր հազարաւոր մարդիկ կ'ուղարկուին հանքավայրերուն մէջ աշխատելու[18]։
Քանի որ Ռուսաստան 1783-ին Գէորգիեւեան դաշնագրով պարտաւոր էր Վրաստանը պաշտպանել Պարսկաստանի յարձակումներէն, 1804-ին կը սկսի Ռուս-պարսկական պատերազմը, որովհետեւ պարսիկները կը յարձակին Վրաստանի վրայ։
Ռուսաստան նաեւ կը ներքաշուի Կովկասեան պատերազմի մէջ։ 1804–1813-թուականներու պատերազմներու ընթացքին ռուսերը յաղթանակ կը տանին եւ իրենց կը միացնեն ներկայի Տաքեստանը, Վրաստանը եւ ներկայի Ազրպէյճանի մեծ մասը համաձայն Կիւլիստանի դաշնագիրին[19]։ Հարաւ արեւելքի մէջ Ռուսաստան կը փափաքի ընդարձակուիլ Օսմանեան կայսրութեան հաշուոյն` օգտագործելով Վրաստանը որպէս ռազմական յենակէտ դէպի Կովկաս եւ Անատոլիա։ Ռուս-պարսկական պատերազմի առաջին տարին Ռուսաստան կը կորսնցնէ գրեթէ բոլոր նուաճուած հողերը, ռուսերը հակայարձակում կը գործեն եւ կը հասնին Պարսկաստանի խորերը, եւ կը կնքուի Թիւրքմենչայի դաշնագիրը, որու համաձայն Ռուսաստանի կ'անցնին Արեւելեան Հայաստանը, ներկայի Ազրպէյճանը եւ Ցոլակերտի Նահանգը[20]։ 1828–29-թուականներու Ռուս-թրքական պատերազմի արդիւնքով, Ռուսաստան կը նուաճէ հիւսիս արեւելեան Անատոլու, Էրզրում եւ Կիւմիւշխանէ քաղաքները։
Ռուսաստանի զարգացման ուղիները կը սկսին Մեծն Պետրոսի սահմանած նոր կարգ ու կանոններէն։ Շատեր ուրախ էին Արեւմտեան Եւրոպայի տիպարներու կիրառման վիճակէն, սակայն որոշ կառոյցներ դէմ էին անոր եւ կ'ուզէին վերադառնալ նախկին աւանդոյթներուն։ Վերջինիս կողմնակիցները կ'անուանուէին «Սլավոֆիլներ», որոնք ատելութեամբ լեցուած էին Արեւմուտքի նկատմամբ։ Սլավոֆիլները հարստութեան ընդդիմադիրներն էին, որոնք միջնադարեան Ռուսաստանի համայնավարութիւնը կը գերադասէին արեւմտեան անհատականութենէն վեր[21]։
Ռուսական ցարերը կը ճնշեն երկու ապստամբութիւններ նոր կցուած լեհական տարածքներուն մէջ` 1830-ի Նոյեմբերեան ապստամբութիւնը եւ 1863-ի Յունուարեան ապստամբութիւնը։ Ռուսական անձնիշանութեան պատճառով լեհական արհեստաւորները 1863-ին կ'ապստամբին, որպէսզի պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, կրօնը եւ մշակոյթը[22]։ Արդիւնքը այն էր, որ ռուսերը մեծ ուժերու շնորհիւ կը ճնշեն Յունուարեան ապստամբութիւնը։ Ֆրանսա, Անգլիա եւ Աւստրիա կը փորձեն միջամտել, սակայն չեն յաջողիր։ Ռուսական հայրենասիրական մամուլը լեհական ապստամբութիւնը կ'օգտագործէ ռուսական ազգային համախմբման համար եւ ըստ անոնց Ռուսաստանին աստուծոյ կողմէ յանձնարարուած է փրկել Լեհաստանը եւ աշխարհը[23]։ Լեհաստան կը պատժուի, կորսնցնելով քաղաքական եւ դատական իրաւունքները, կը ռուսականանան դպրոցները եւ ուսումնական կեդրոնները[24]։
Ժթ. դարու երկրորդ կէս
Խմբագրել1854-55-թուականներուն Ռուսաստան կը պարտուի Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ դէմ՝ Ղրիմի պատերազմի ընթացքին։ Պատերազմի գլխաւոր նպատակն էր Ղրիմի թերակղզիին տիրանալ, սակայն պատերազմը կ'ընթանայ նաեւ Պալքանեան եւ Կովկասեան ճակատներուն մէջ։ Գլխաւոր դերը խաղալով, Նափոլէոնը պարտութեան մատնելու մէջ` Ռուսաստան ռազմական տեսանկիւնէն անպարտելիի համբաւ ունէր, սակայն մէկ անգամ ընդդիմանալով Եւրոպական գերտէրութիւններուն, կը բացայայտուի ցարական ուժի թոյլ կողմերը ցամաքին եւ ծովուն մէջ։
Երբ Ալեքսանտր Բ. գահ կը բարձրանայ 1855-ին, ձեռնամուխ կ'ըլլայ լայնամաս շտապ բարեփոխումներու։ 1859-ին Ռուսաստանի մէջ կ'ապրէին շուրջ 23 միլիոն ճորտ գիւղացիներ, որոնք աղքատութեան եզրագիծին կը գտնուէին։ Ալեքսանտր Բ. կ'որոշէ վերացնել ճորտատիրութիւնը, քանի որ համոզուած էր, որ այս մէկը վաղ թէ ուշ պիտի վերանայ յեղափոխական ուղիով[25]։
1861-ի գիւղական կանոնադրութիւններով ճորտերը ազատ կ'արձակուին, ինչ որ կը համարուի Ժթ. դարու Ռուսաստանի պատմութեան ամենանշանակալի իրադարձութիւնը։ Անոր հետ սկիզբը կը դրուի հողատէր ազնուականներու մենաշնորհ իշխանութեան վերջին։ 1860-ններուն կ'իրականացուին այլ ընկերա-տնտեսական բարեփոխումներ, որոնք կը բարձրացնեն Ռուսաստանի կառավարութեան վստահութիւնը ժողովուրդին եւ միջազգային կառոյցներուն աչքին[26]։ Ազատագրութիւն կը բերէ քաղաքներուն մէջ աշխատուժի առաջարկի ուռճացման, արդիւնաբերութիւնը կը սկսի զարգանալ, միջին խաւը կը մեծնայ: Այնուամենայնիւ, հակառակ անոր որ գիւղացիները իրենց հողերը կը ստանան որպէս նուէր, անոնք ստիպուած էին բազմաթիւ տեսակի հարկեր վճարել, որոնք չվճարելու պարագային պետութիւնը ետ կ'առնէր հողերը։ Բազմաթիւ գիւղացիներ կը կորսնցնեն իրենց հողերը եւ կը ստիպուին վարձքով աշխատիլ այլ կալուածատէրներու մօտ, եւ որուն իբրեւ արդիւնք ճորտատիրութիւնը կը վերացուի, բայց յեղափոխական տրամադրութիւնները ժողովուրդին մօտ չի վերանար, ինչպէս կը մտածէր Ալեքսանտր Բ.-ը։
Ալեքսանտր Բ.-կը վերցնէ Վերին Մանջուրիան Ցին կայսրութենէն 1858–60-ններուն եւ Ալասքան կը ծախէ ԱՄՆ-ին՝ 1867-ին։
1870-ններու վերջը Ռուսաստան դարձեալ կը պատերազմի Օսմանեան կայսրութեան դէմ։ 1875-1877 թուականներուն Պալքանեան ճգնաժամը առիթ կ'ըլլայ բազմաթիւ ապստամբութիւններու ընդդէմ Օսմանեան լուծին։ Այս մէկը Ռուսաստանի համար քաղաքական վտանգ էր, որ կրնար զայրացնել Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ իսլամները։ Ռուսական ազգայնական կարծիքը որոշիչ դեռ կը խաղայ օգնելու Պալքաններու քրիստոնեաներուն եւ Պուլկարիան եւ Սերպիան անկախ դարձնելու։ 1877-ին կը սկսի Ռուս-Թրքական պատերազմը։ Մէկ տարուան ընթացքին ռուսերը կը մօտենան Իսթամպուլին եւ օսմանցիները հաշտութիւն կը խնդրեն։ Ռուսերու եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ Մարտ 1878-ին կը կնքուի Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը, որու հետ Պուլկարիա կ'անկախանար: Սակայն եւրոպական գերտէրութիւններու շահերէն չէր բխեր Ռուսաստանի հզօրացումը եւ կը ստիպեն Ռուսաստանին հրաժարիլ պայմանագիրէն։ Փոխարէնը, Յուլիս 1878-ին կը գումարուի Պերլինի համաժողովը, ըստ որուն Պուլկարիա կը դառնայ ինքնավար պետութիւն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին:
Ռուս-թրքական պատերազմին միւս նշանակալի ձեռքբերումն էր Պաթումի, Արտահանի եւ Կարսի միացումը Ռուսաստանի մէջ, որու արդիւնքով կը ստեղծուին Պաթումի նահանգը եւ Կարսի նահանգը։
Ալեքսանտր Գ.
Խմբագրել1881-ին Ալեքսանտր Բ. կը սպաննուի Նարոդնաեայ Վոլյա Նիգիլիստական ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէն։ Գահը կ'անցնի Ալեքսանտր Գ.-ին (1881–1894), որ Նիքոլա Ա.-ի գաղափարներու կրողն էր։ Որպէս ընգծուած Սլավոֆիլ, Ալեքսանտր Գ. կը հաւատար, որ Ռուսաստան քաոսէն կը փրկուի միայն եթէ Արեւմտեան Եւրոպայի ազդեցութենէն դուրս գայ։ Անոր օրով կը կնքուի Ֆրանս-ռուսական դաշինքը ի հակադրութիւն Գերմանիոյ աճող հզօրութեան, կ'աւարտին նուաճումները Կեդրոնական Ասիոյ մէջ եւ կը լուծէ տարածքային վէճերը Ցին կայսրութեան հետ։ Ցարին ամենաազդեցիկ խորհրդականը Կոնստանդին Պոբեդոնոսցեւն էր, որ Ալեքսանտր Գ.-ի եւ անոր որդի Նիքոլայի տնային ուսուցիչն էր։ Ան սորվեցուցած էր իր անուանի աշակերտին զգուշանալ խօսքի եւ մամուլի ազատութենէն, չսիրելով ժողովրդավարութիւնը, սահմանադրութիւնը եւ խորհրդարանական համակարգը։ Պոբեդոնոսցեւի ժամանակներուն ընթացքին յեղափոխականները կը հետապնդուէին[27][28]։
Աֆղանիստանով դէպի Հնդկաստան յառաջխաղացքը կը կասեցուի Անգլիական կողմէն, որու պատճառով ռուսերու ջանքերը չեն իրականանար տաք ջուրերուն մօտ նաւահանգիստի կառուցման համար։ Երկու երկիրներն ալ չէին փափաքեր պատերազմիլ իրարու դէմ, աւելին 1907-ին կը դառնան դաշնակիցներ[29][30]։
Ի. դարու սկիզբ
Խմբագրել1894-ին Ալեքսանտր Գ.-ի կը փոխարինէ անոր որդի Նիքոլա Բ.-ն, որ կը շարունակէ ինքնիշխանութիւնը։ Նիքոլա Բ. անարժան գահակալ մը կ'ըլլայ որ վերջ կը դնէ իր տոհմին եւ գահընկեց կ'ըլլայ իրեն դէմ կազմակերպուած յեղափոխութեան միջոցով[31]։ Արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը կը սկսի նշանակալի ազդեցութիւն ունենալ Ռուսաստանի վրայ, սակայն երկիրը կը մնար թոյլ տնտեսութեամբ երկիր։ Արդիւնաբերական դրամատէրերու եւ ազնուականութեան ազատական տարրերը կը հաւատային խաղաղ հասարակական բարեփոխումներուն եւ սահմանադրական միապետութեան անցման եւ կը ստեղծեն Սահմանադրական ժողովրդական կուսակցութիւնը[32]։
Ձախակողմեան Սոցիալիստ յեղափոխական կուսակցութիւնը (ՍՅԿ) կը միաւորուի Նարոդնիկներու գաղափարներու շուրջ, որոնք կը համարէին, որ հողը պէտք է պատկանի անոնց, որոնք անոր վրայ կ'աշխատին, այսինքն գիւղացիներուն։ Ուրիշ գլխաւոր խումբ մըն էր Ռուսական սոցիալ ժողովրդական աշխատաւոր կուսակցութիւնը որ հիմնուած էր մարքսիզմի գաղափարներու վրայ։ Սոցիալ դեմոկրատները կը տարբերէին ՍՅԿ-էն այն ձեւով, որ կը մտածէին որ յեղափոխութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ արդիւնաբեր բանուորներու վրայ, ոչ գիւղացիներու[33]։
1903-ին տեղի կ'ունենայ Սոցիալ ժողովրդական կուսակցութեան Բ. հանրագումարը, որ կուսակցութիւնը կը բաժնէ երկու մասի` գրող Մենշեւիկներու եւ աւելի արմատական Պոլշեւիկներու։ Մենշեւիկները կը հաւատային, որ Ռուսաստանի բանուոր դասակարգը բաւարար զարգացած չէ եւ ընկերվարութեան կարելի է հասնիլ միայն քաղքենի ժամանակաշրջանէն ետք։ Այսպիսով անոնք դաշինք կը կնքեն քաղքենի-դեմոկրատական ուժերու հետ։ Պոլշեւիկները Վլատիմիր Լենինի գլխաւորութեամբ, կ'աջակցէին փոքր էլիտար արհեստավարժ յեղափոխականներու խումբի ստեղծման գաղափարին, որ ուժեղ կարգ ու կանոն կը մուծէ կուսակցութեան մէջ եւ կ'առաջնորդէ բանուորութիւնը՝ հասնելու իշխանութեան[34]։
Ռուս-ճափոնական պատերազմի ընթացքին (1904–1905) պարտութիւնը կը դառնայ ցարական վարչակարգին գլխաւոր սխալը։ Յունուար 1905-ին միջադէպ մը տեղի կ'ունենայ, որ յայտնի է «Արիւնոտ կիրակի» անուամբ, որու ընթացքին Գէորգի Գապոնի քահանային գլխաւորած երթը դէպի Ս. Փեթերսպուրկի Ձմեռնային պալատը կ'աւարտի արիւնահեղութեամբ, ցարական բանակի զինուորները կրակ կ'արձակեն ցուցարարներուն ուղղութեամբ` սպաննելով հարիւրաւոր մարդիկ։ Ասկէ ետք սկիզբ կ'առնէ 1905-ի յեղափոխութիւնը։ Խորհուրդներ (բանուորներու խորհուրդներ) կը կազմուին քաղաքներու մեծ մասին մէջ եւ կը սկսին յեղափոխական աշխուժութիւն ցուցաբերել։ Ռուսաստանը հաշմանդամ կը դառնայ եւ կառավարութիւնը անյոյս վիճակի մէջ կը մնայ [35]։
Հոկտեմբեր 1905-ին Նիքոլա հակառակ իր կամքին Հոկտեմբերեան հռչակագիրը կը հրատարակէ, ըստ որուն ազգային Դուման կը ստեղծուի (օրէնսդիր մարմին)։ Քուէարկութեան իրաւունք կը տրուի ըստ որուն ոչ մէկ օրէնք կրնայ գործել առանց Դումայի վաւերացման։ Որոշ ուժեր բաւարարուած էին, սակայն ժողովրդավարները համաձայն չեն գտնուիր եւ նոր բախումներ կը կազմակերպեն։ 1905-ի վերջը բարեփոխողներուն մէջ միասնութիւնը կը բացակայէր, ինչ որ կ'ուժեղացնէր Ցարին դիրքը։
Պատերազմ, Յեղափոխություն, կործանում
ԽմբագրելՆիքոլա Բ. կայսրը մեծ խանդավառութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ մուտք կը գործէ Համաշխարհային Ա. Պատերազմ, որպէսզի Ռուսաստանը պաշտպանէ Ուղղափառ սլաւական սերպերէն։ Օգոստոս 1914-ին, Ռուսական բանակը կը ներխուժէ Արեւելեան Պրուսիա եւ կը նուաճէ Աւստրո-Հունգարիոյ մաս կազմող Քալիսիան։ Սակայն Գերմանիոյ վերահսկողութեան ներքեւ գտնուող Պալթիք ծովը եւ Օսմանա-գերմանական հսկողութեան տակ գտնուող Սեւ ծովը կտրած էին Ռուսաստանի հիմնական սնուցման ուղիները։
1915-ի կէսերուն պատերազմէն ետք հիասթափութիւնը ամէնուր էր։ Սնունդի եւ վառելիքի պաշարները սպառած էին, կորուստները մեծցած, իսկ գնաճը արագօրէն բարձրացած։ Բախումները քիչ վճարուող բանուորներու շրջանին մէջ կ'աւելնան եւ լուրեր կը տարածուին, որ բարեփոխումներու սպասող գիւղացիները նոյնպէս դժգոհ են։ Նիքոլա կ'որոշէ անձամբ գլխաւորել զօրքերը եւ կը տեղափոխուի ռազմաճակատ` իր կինը` կայսրուհի Ալեքսանտրան մայրաքաղաքը ձգելով։ Իր որդիին` Ալեքսէյի հիւանդութեան պատճառով Ալեքսանտրան կառավարչական գործերը կը յանձնէ սիպերիացի գիւղացի Գրիգորի Ռասբութինին (1869–1916), որ կը համոզր արքայական ընտանիքը, թէ ինք ունի դեղամիջոցներ, որոնք կը բուժեն Ալեքսէյը։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունէր, սակայն չէր կրնար ազդել որեւէ որոշման վրայ։ 1916-ին անոր սպաննութիւնը ազնուականներու խումբին կողմէն չի վերադարձներ ցարին կորսնցուցած հեղինակութիւնը[38]։
3 Մարտ 1917-ին մայրաքաղաքի գործարաններէն մէկուն մէջ բախում մը կը կազմակերպուի, որմէ մէկ շաբաթ ետք քաղաքի փողոցներուն մէջ կը սկսին կռիւները։
Ցարական ռեժիմը կը տապալի 1917-ի ազատական Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք։ Կը ստեղծուի Ռուսաստանի ժամանակաւոր Կառավարութիւնը եւ Ռուսաստան հանրապետութիւն կը հռչակուի։ Սակայն այս մէկը երկար չի գոյատեւեր, մէկ այլ յեղափոխութիւն տեղի կ'ունենայ նոյն 1917-ի Հոկտեմբերին, որու իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնը կ'անցնի Պոլշեւիկներուն, իսկ ցարական ընտանիքը կ'ենթարկուի մահապատիժի 1918-ին[39]։
Տարածք
ԽմբագրելՍահմաններ
ԽմբագրելԵւրոպական Ռուսաստանի սահմանները կ'անցնէին Ֆինլատայէն եւ Լեհաստանէն եւ կ'ընդգրկէին գրեթէ ամբողջ Արեւելեան Եւրոպան։ Հիւսիսի մէջ կը սահմանակցէր Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսին։ Նովայա Զեմլեան, Կոլգուեւը եւ Վայգաչը նոյնպէս Ռուսաստանի կը պատկանէին։ Արեւելքի մէջ կայսրութեան կազմին մէջ կը մտնէին Սիպերիան եւ Խրխզական տափաստանը, որոնք Եւրոպական մասէն կը բաժնուէին Ուրալեան լեռներէն, Ուրալ գետէն եւ Կասպից ծովէն։ Հարաւը սահմանը կ'երկարէր մինչեւ Սեւ ծով եւ Կովկաս։ Արեւմուտքը սահմանը կ'անցնէր Գոլայի թերակղզիէն Վարանկեր ֆյորթէն Պոթնիկի ծոց։ Այնուհետեւ այս մէկը կ'անցնէր Կուրոնեան ծոցէն, հարաւային Պալթիք ծովէն մինչեւ Տանուպի գետաբերան` իր մէջ ներառելով այժմեան Լեահստանի մեծ մասը եւ սահմանակցելով Պրուսիոյ, Աւստրիական Կալիցիոյ եւ Ռումանիոյ հետ։
Հակառակ ընդարձակ տարածքին, Ռուսաստան շատ քիչ ելքեր ունէր դէպի բաց ծով, առանց նկատի առնելու Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսը, ուր նաւարկելը ձմրան ամիսներուն անհնար էր։ Պոդնիա Ծոցը եւ Ֆիննական ծոցը շրջապատուած էին էթնիկ ֆիննական տարածքներով եւ միակ ապահով վայրը մայրաքաղաքն էր, որ տեղակայուած էր Նեւա գետի գետաբերանին։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԺթ. դարու վերջը Ռուսական կայսրութեան մակերեսը կը կազմէր շուրջ 22.400.000 քառ.քմ, կամ Երկիր մոլորակի ցամաքի 1/6-րդ մասը, որ փոքր էր միայն իր ժամանակներու Անգլիական կայսրութենէն։ Սակայն այդ ատեն բնակչութեան մեծ մասը կ'ապրէր Եւրոպական Ռուսաստանի մէջ։ Ռուսական կայսրութեան տարածքին կ'ապրէին շուրջ 100 տարբեր ցեղային խումբեր, որոնց մէջ Ռուսերը կը կազմէին բնակչութեան 45%-ը[40]։
Տարածքի ընդարձակին մէջ
ԽմբագրելԲացի Ռուսաստանի ներկայ տարածքէն, 1917-ին Ռուսական կայսրութեան մէջ կը մտնէին Ուքրանիան, Պելառուսը, Պեսարաբիան, Ֆինլանտան, Հայաստանը, Արցախը, ներկայի Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսական Թուրքմենիստանը, Պալթեան երկիրներու մեծ մասը, Լեհական թագաւորութեան մեծ մասը եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը։
1742-էն 1867-թուականներուն Ռուս-ամերիկեան ընկերութիւնը Ալասքան որպէս գաղութ կը կառավարէր։
1808–1809-թուականներուն Ֆիննական պատերազմի ընթացքին Շուէտի պարտութենէն ետք, 17 Սեպտեմբեր 1809-ին կը ստորագրուի ՖրտրիխհԱՄՆ-ի պայմանագիրը, ըստ որուն Շուէտի արեւելեան մասը, որ յետոյ Ֆինլանտա կը դառնայ, Ռուսական կայսրութեան կը կապուի, որպէս ինքնավար մեծ դքսութիւն։
1806-1812 թուականներուն Ռուս-թրքական պատերազմէն ետք կը ստորագրուի Պուխարեստի Պայմանագիրը, ըստ որուն Մոլտովիա նահանգի արեւելեան մասը կ'անցնի Ռուսական կայսրութեան իշխանութեան տակ։ Այս տարածքը (Պեսարաբիա) Ռուսական կայսրութեան վերջին ձեռքբերումն էր Եւրոպայի մէջ։ 1815-ին Վիեննայի համաժողովով Ռուսաստան իրաւունքներ ձեռք կը բերէ Լեհական թագաւորութեան նկատմամբ, որ թուղթի վրայ կը համարուէր ինքնիշխան թագաւորութիւն եւ դաշինքի մէջ էր Ռուսաստանի հետ։ Սակայն Լեհական թագաւորութիւնը ինքիշխանութիւնը կը կորսնցնէ 1831-ի ապստամբութենէն ետք եւ վերջնականապէս կ'արգիլուի 1867-ին։
Ռուսաստան իրեն կը միացնէ Կովկասը Ժթ. դարուն, երբ կ'արշաւէ Պարսկաստանի դէմ եւ կը յաղթէ Ռուս-Պարսկական Պատերազմին 1804–1813 եւ 1826–1828-թուականներու պատերազմներու ընթացքին եւ համաձայն Կիւլիստանի եւ Թիւրքմենչայի Պայմանագիրներուն[41]։
Ռուսական կայսրութիւնը կ'ընդլայնէ իր ազդեցութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատկապէս Ժթ. դարու վերջը` նուաճելով Ռուսական Թուրքիստանի մեծ մասը 1865-ին եւ կը շարունակէ ընդլայնել տարածքը մինչեւ 1885:
Նոր յայտնաբերուած կղզիները Ռուսական կայսրութեան մաս կը դառնան, քանի որ ռուս ճանապարհորդներն յայտնաբերած էին զանոնք, որոնցմէ են Նոր Սիպերեան կղզիները Ժը. դարու սկիզբը, եւ Հիւսիսային երկիրը («Նիքոլա Բ. կայսրի երկիր»), որոնք առաջին անգամ քարտէսի մէջ գրուած են իբրեւ Ռուսական կայսրութեան կազմին մաս կազմող՝ 1913-ին:
Ա. համաշխարհային պատերազմի ատեն Ռուսաստան կարճ ժամանակով կը նուաճէ Արեւելեան Պրուսիոյ փոքր հատուածը, Աւստրիական Գալիցիոյ մեծ մասը եւ Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասը: Հակառակ անոր, որ ժամանակակից Ռուսաստանի դաշնութեան կազմին մէջ կը մտնէ Կալինինկրատի մարզը, որ պատմական Արեւելեան Պրուսիոյ հիւսիսային մասն է, այս մէկը կը տարբերի կայսրութեան 1914-ին նուաճած հատուածէն:
Կայսերական տարածքներ
ԽմբագրելՕրկանական օրէնքի առաջին յօդուածին համաձայն, Ռուսական կայսրութիւնը աննուաճելի պետութիւն է: Դարձեալ նոյն օրէնքի 26-րդ յօդուածին համաձայն, «Ռուսական կայսերական թագը անբաժանելի է Լեհաստանի թագաւորութենէն եւ Ֆինլանտայի մեծ իշխանութենէն»: Ֆինլանտայի մեծ իշխանութեան հետ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին նաեւ 2-րդ յօդուածով, որու համաձայն «Ֆինլանտայի մեծ իշխանութիւնը կը համարուի Ռուսական կայսրութեան անբաժանելի մասը:
1744-էն 1867-թուականներուն կայսրութիւնը նաեւ կը վերահսկէ Ռուսական Ամերիկան, որ ներկայիս Ալասքան է:
Բացի այս բոլորէն, կայսրութիւնը որոշ ժամանակ կը վերահսկէ վիճելի տարածքներ, որոնցմէ նշանաւորներն են Քուանտունեան մարզը եւ Չինական արեւելեան երկաթուղին, որոնք հետագային զիջած է Ցին Չինաստանին:
1889-ին ռուս ճանապարհորդ Նիքոլա Իվանովիչ Աչինով կը փորձէ ռուսական գաղութ մը հիմնել Սագալլոյի մէջ, որ կը գտնուէր Տանջուրա ծոցին մէջ, ներկայիս Ճիպութի: Սակայն փորձը կը կանխուի ֆրանսացիներու կողմէ, որոնք ռազմանաւ կ'ուղարկեն գաղութին դէմ: Փոքր բախումէ ետք գաղութը կը շրջապատուի եւ ռուս բնակիչները կ'ուղարկուին Օտեսսա:
Կառավարութիւն եւ վարչական համակարգ
ԽմբագրելԿայսրութեան ձեւաւորումէն մինչեւ 1905-ի յեղափոխութիւնը երկիրը միանձնեայ կը ղեկավարէր ցարը/կայսրը, ցարական մենիշխանական համակարգին տակ: 1905-ի յեղափոխութենէն ետք կը ձեւաւորուի նոր կառավարման համակարգ մը, զոր դժուար է դասակարգել: 1910-ին Գոթայի Ալմանախը Ռուսաստանը որպէս սահմանադրական միապետութիւն կը բնորոշէ անձնիշխանական ցարին վերահսկողութեան տակ: Այսպիսով, Հոկտեմբեր 1905-էն ետք Ռուսաստանի մէջ կառավարման համակարգ մը կը ստեղծուի, որ իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ։ Մինչեւ 1905 Ռուսաստանի օրէնքներով կայսրին տրուած էր անսահմանափակ իրաւունքներ: Հոկտեմբեր 1905-էն ետք կայսրը կը մնար Ռուսաստանի միանձնեայ ղեկավարը եւ սահմանադրութենէն հեռացուած էր «անսահմանափակ» բառը: Մինչդեռ կայսրին կը մնայ իր հին իրաւունքներու մեծ մասը, ներառեալ վեթոյի իրաւունքը օրէնսդրական գործընթացքներուն մէջ, առանց կայսրին համաձայնութեան ոչ մէկ օրէնք կրնար ընդունուիլ կամ փոխուիլ: Իրականութեան մէջ համակարգը շատ հեռու էր խորհրդարանական կոչուելէն, միայն «անսահմանափակ անձնիշխանութիւն» արտայայտութիւնը փոխարինուած էր «սահմանափակ անձնիշխանութիւն» արտայայտութեամբ, այս պայմաններուն մէջ Ռուսաստանի կառավարման համակարգը աւելի ճիշդ է «սահմանափակ միապտութիւն կայսրի միանձնեայ իշխանութեան տակ» արտայայտութեամբ բնորոշել:
Կայսր
Խմբագրել1721-ին,Մեծն Պետրոս կը փոխէ իր տիտղոսը Ցարէն Ամբողջ Ռուսաստանի կայսր տիտղոսին: Սակայն իր հետեւորդները կը պահպանեն այս տիտղոսը: Ռուսաստանի ղեկավարը նաեւ յայտնի էր Ցար կամ Ցարիցա տիտղոսով մինչեւ կայսրութեան անկումը: Մինչեւ 1905-ի Հիկտեմբերեան հռչակագիրը, կայսրը կը կառավարէր որպէս միանձնեայ միապետ, երկու սահմանափակումով, առաջինը, որ կայսրը պէտք է պատկանի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ պէտք է բաւարարէ ժառանգութեան օրէնքները (Պետրոսեան օրէնքներ) հիմնադրուած Մեծն Պետրոսի կողմէ:
17 Հոկտեմբեր 1905-ին կացութիւնը կը փոխուի: Կայսրը ինքնակամ կը սահմանափակէ իր օրէնսդրական իշխանութիւնը, օրինագիծեր ընդունելու գործառոյթը դնելով:
Կրօն
ԽմբագրելՌուսական կայսրութեան պետական կրօնը Ուղղափառ քրիստոնէութիւնն էր[42]: Կայսրը իրաւունք չունէր դաւանելու կամ հետեւելու ուղղափառէն զատ այլ կրօնի (Ռուսաստանի 1906-ի հիմնական օրէնքի 62-րդ յօդուած): Հակառակ անոր որ ինք կը նշանակէր եկեղեցւոյ բարձր պաշտօնեաները, սակայն ան իրաւունք չունէր հակադրուելու եկեղեցական օրէնքներուն եւ ուսմունքներուն: Ուղղափառ եկեղեցւոյ պաշտօնեաները մեծ լիազօրութիւններ ունէին կայսրութեան ամբողջ տարածքին մէջ եւ Սրբագոյն Սինոտին կողմէ կը ղեկավարուէին: Կը թոյլատրուէր ազատօրէն դաւանիլ բոլոր կրօնները, բացառութեամբ որոշ սահմանափակումներու, ինչպէս՝ հրեականը: 1905–ին, Ռուսական կայսրութեան 1897–ի մարդահամարի տուեալները կը հրատարակուին, որոնց համաձայն ըստ կրօնական պատկանելութեան երկրին բնակչութիւնը հետեւեալ տեսքը ունէր.
Կրօն | Հաւատացեալներու քանակ[43] | % |
---|---|---|
Ռուս Ուղղափառ | 87,123,604 | 69.3% |
Իսլամներ | 13,906,972 | 11.1% |
Լատին կաթոլիկներ | 11,467,994 | 9.1% |
Հրեաներ | 5,215,805 | 4.2% |
Լուտերականներ | 3,572,653 | 2.8% |
Հնակրօնականներ | 2,204,596 | 1.8% |
Հայ Առաքելական | 1,179,241 | 0.9% |
պուտտաներ եւ Լամայականներ | 433,863 | 0.4% |
Այլ ոչ քրիստոնէական հաւատքներ | 285,321 | 0.2% |
Քալուինիստներ | 85,400 | 0.1% |
Մաննոնիստներ | 66,564 | 0.1% |
Հայ Կաթոլիկներ | 38,840 | 0.0% |
Պեպթիստներ | 38,139 | 0.0% |
Գարաիսթ հրեաներ | 12,894 | 0.0% |
Անգլիականներ | 4,183 | 0.0% |
Այլ քրիստոնէական հաւատքներ | 3,952 | 0.0% |
Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը կազմուած էր երեք Մեթրոփոլիտներէ (Ս. Փեթերսպուրկ, Մոսկուա, Քիեւ), տասնչորս արքեպիսկոպոսներէ եւ յիսուն եպիսկոպոսներէ: Շարքային հոգեւորականներուն կը թոյլատրուէին ամուսնութիւնները, սակայն կնոջ մահանալէն ետք երկրորդ անգամ ամուսնանալը արգիլուած էր, այս կանոնը ի զօրու է մինչեւ օրս:
Զինուած Ուժեր
ԽմբագրելՌուսական կայսրութեան զինուած ուժերուն մէջ կը մտնէին Ռուսական կայսերական բանակը եւ Ռուսական կայսերական նաւատորմը: 1853–1856 թուականներուն Ղրիմի պատերազմի ընթացքին ցուցաբերած վատ արդիւնքը առիթ կը հանդիսանայ լայնամաս արագ բարեփոխումներու՝ Ռուսական զինուած ուժերու կազմին մէջ։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, ռուսական զօրքերը աւելի ու աւելի կը զիջին գիտարուեստական, զօրավարժական եւ կազմակերպչական տեսանկիւնէն գերմանական, ֆրանսական եւ յատկապէս անգլիական զինուած ուժերուն[44]:
Հասարակութիւն
ԽմբագրելՌուսական կայսրութիւնը բազմամշակոյթ հասարակութիւն ունէր՝ անծայրածիր տարածքին մէջ սփռուած: 1913-ին բնակչութեան 80%-ը գիւղացիներ էին: Խորհրդային պատմագրութիւնը կը վկայէ, որ Ժթ. դարուն Ռուսական կայսրութիւնը ճգնաժամերու մէջ էր, ինչ որ ծայրագոյն աղքատ բանուորներով եւ գիւղացիներով կը բնորոշուէր, եւ որու իբրեւ արդիւնք յեղափոխութիւններ տեղի կ'ունենան՝ Ի. դարու սկիզբը: Ռուս գիտնականներու վերջին հետազօտութիւնները կը ժխտեն այս տեսակէտերը: Միրոնովի կարծիքով 1861-բարեփոխումներու արդիւնքը այն էր, որ էական գիւղացիներու կենսամակարդակը կը բարելաւեն: Աւելի համաշխարհային դիրքի վրայ, ան կը կարծէ, որ ռուս հասարակութեան կենսամակարդակը անկում կ'ապրի մինչեւ Ժը. դարը եւ դանդաղօրէն կը վերականգնի Ժը. դարէն մինչեւ 1914[45][46]:
Հասարակական Դասեր
ԽմբագրելՌուսական կայսրութեան մէջ հասարակութիւնը բաժնուած էր դասակարգերու, որոնցմէ են ազնուականութիւնը, հոգեւորականութիւնը, առեւտրականները, կազակները եւ գիւղացիները: Կովկասի բնիկները, ոչ էթնիկ ռուսական տարածքի բնակիչները, որոնցմէ են Թաթարստանը, Բաշկիրստանը, Սիպերիան եւ Կեդրոնական Ասիան պաշտօնապէս արձանագրուած էին որպէս այլ դասակարգի, որ ինոռոդցի (ոչ սլաւոններ կ'անուանէին, թարգմանուած «այլ ծագում ունեցող ժողովուրդներ»):
Բնակչութեան 81.6%-ը գիւղացիներ էին, ազնուականութիւնը` 0.6%, հոգեւորականութիւնը` 0.1%, առեւտրականները` 9,3% եւ զինուորականները` 6.1%: Գիւղացիները աւելի քան 88 միլիոն մարդ կը հաշուէին: Անոնց մէկ մասը ճորտ էր (10,447,149 տղամարդ 1858-ին):
Ճորտատիրութիւն
ԽմբագրելՃորտատիրութիւնը, որ Ռուսիոյ մէջ զարգացած է Ժզ. դարուն, պաշտօնապէս կ'ընդունուի 1649-ին եւ չեղեալ կը նկատուի 1861-ին[47][48]:
Տնային սպասաւորները եւ ծառաները միայն ազատութիւն կը ստանան, իսկ գիւղացիները կը ստանան տուն, այգի եւ վարելահողի վրայ աշխատելու իրաւունք: Այս իրաւունքները գիւղական համայնքներու կողմէ կը տրուէին, որոնք այս իրաւունքներու հարկերու միջոցներով կը ձեւաւորուէին: Գիւղացիները ստիպուած էին հաստատուն վարձք վճարել վարելահողի համար: Անոնց փոխարէն այս վարձքերը կրնար պետութիւնը վճարել, սակայն գիւղացին տակաւին պարտք կ'ունենար պետութեան, քառասունինը տարի` տարեկան 6% տոկոսով:
Գիւղացիներ
ԽմբագրելԲարեփոխումէն ետք գիւղացիներու քառորդ մասը վարելահող 2,9 ակր կը ստանայ, իսկ կէսը` 8,5-էն 11,4 ակր, գիւղացիի գոյութիւնը պահպանելու համար հողատարածքին բնական չափը պէտք է 28-էն 42 ակր կազմէր: Այսպիսով գիւղացին ստիպուած էր վարձակալութեամբ հող առնելու հողատէրերէն: Կարգ մը դէպքերու պարագային հողի վճարումները կը հասնին 185-էն 275%-ի, որ իր մէջ կը ներառէր հարկերը, վարձքերը, ոչ պաշտօնական հարկերը օրինակ եկեղեցւոյ, ճամբաներուն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, որոնք հիմնականին մէջ գիւղացիին հաշուոյն կ'ապրէին:
Տարածքները տարուէ տարի կը դատարկուին, ժողովուրդին մէկ հինգերորդ մասը կը լքէ իր տունը, մեծ եղջերաւոր անասունները կը սկսին նուազիլ: Ամէն տարի աշխատունակ բնակչութեան կէսը իրենց տուները կը ձգէ եւ կը թափառի Ռուսաստանի մէջ աշխատանք գտնելու յոյսով: Սեւծովեան տարածքներուն մէջ իրավիճակը քիչ մը աւելի լաւ էր։ Գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը ցած վարձքեր կը վճարէր, որոնք այդ ատեն միջին վարձքերու իններորդ մասը կը կազմէին[49][50]:
Խերսոն 2.9-էն 5.8 ակրի համար գիւղացին միջին հաշուով 5-էն 10 ռուպլի կը վճարէր: Գիւղացիներու վիճակը քիչ մը աւելի լաւ էր, սակայն բարեկեցիկ ըլլալէ հեռու էր:
Հողատէրեր
ԽմբագրելՆախկին հողատէրերու վիճակը նոյնպէս լաւ չէր: Թէեւ անոնք համակերպած էին ստիպողական աշխատուժ ունենալու, սակայն չեն յարմարիր նոր իրականութեան: Կառավարութեան կողմէ տրամադրուած միլիոնաւոր ռուպլիները որպէս փոխ հատուցում կը ծախսուին առանց որեւէ իրական արդիւնք տալու: Անտառները կը ծախուին եւ միակ եկամուտի աղբիւրը գիւղացիներու կողմէ իրենց հողերու վարձակալութիւնը կը դառնայ: 1861-էն 1892-թուականներուն ազնուականներու սեփական հողերը 30%-ով կը կրճատուին: Միւս կողմէ 1861-էն եւ յատկապէս 1882-էն, երբ Գիւղացիներու հողային դրամատունը կը հիմնադրուի, գիւղացիները վարկերու միջոցով հողեր ձեռք կը բերեն, միայն նախկին չարախօսները 1883-էն 1904-թուականներուն շուրջ 19.500.000 ակր հողատարածք կը գնեն իրենց նախկին տէրերէն: Այսպիսով բարեկեցութիւնը փոքրամասութեան մօտ տեղի կ'ունենայ, սակայն գիւղացին կը մնայ աղքատ:
«Մետիա»
ԽմբագրելԳրաքննութիւնը խստօրէն կը վերահսկուէր մինչեւ Ալեքսանտր Բ.-ի կառավարումը[51]: Օրաթերթերը շատ սահմանափակ էին եւ անոնք միայն ազնուականութեան հաճելի տեղեկատուութիւն կրնային հրատարակել: Ֆէօտոր Թոլթոյեւսկին օրինակ ծաղրանքի ենթարկած է Փեթերսպուրկի մամուլը, որոնցմէ օրինակներ են Գոլոսը եւ Փեթերսպուրկի Լիստոքը, որոնք ոչ կարեւոր եւ հասարակութեան շեղող տեղեկատուութիւն կը հրատարակէին[52]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ . Swain says, "The first government to be formed after the February Revolution of 1917 had, with one exception, been composed of liberals." Geoffrey Swain (2014)։ Trotsky and the Russian Revolution։ Routledge։ էջ 15; also see Alexander Rabinowitch (2008)։ The Bolsheviks in Power: The First Year of Soviet Rule in Petrograd։ Indiana UP։ էջ 1
- ↑ In pictures: Russian Empire in colour photos, BBC News Magazine, March 2012.
- ↑ Brian Catchpole, A Map History of Russia (1974) pp 8-31; MArtin Gilbert, Atlas of Russian history (1993) pp 33-74.
- ↑ Catchpole, Brian (1974)։ A Map History of Russia։ էջ 25
- ↑ Pipes Richard (1974)։ «Chapter 1: The Environment and its Consequences»։ Russia under the Old Regime։ New York: Scribner։ էջեր 9–10
- ↑ James Cracraft, The Revolution of Peter the Great (2003)
- ↑ Lindsey Hughes, Russia in the Age of Peter the Great (1998)
- ↑ Philip Longworth and John Charlton, The Three Empresses: Catherine I, Anne and Elizabeth of Russia (1972).
- ↑ Isabel De Madariaga, Russia in the Age of Catherine the Great (Yale University Press, 1981)
- ↑ John T. Alexander, Autocratic politics in a national crisis: the Imperial Russian government and Pugachev's revolt, 1773–1775 (1969).
- ↑ Robert K. Massie, Catherine the Great: Portrait of a woman (2011)
- ↑ Catherine II. Novodel Sestroretsk Rouble 1771, Heritage Auctions, http://coins.ha.com/itm/russia/russia-catherine-ii-novodel-sestroretsk-rouble-1771-romanov-eagle-with-date-on-breast-within-wreath-crown-over-value-in-two-line/a/410-14564.s?type=, վերցված է 1 September 2015
- ↑ Nicholas Riasanovsky, A History of Russia (4th ed. 1984), p 284
- ↑ Alan Palmer, Napoleon Ա.n RussԱ.a (1967).
- ↑ LeonԱ.d Ա.van Strakhovsky, Alexander Ա. of RussԱ.a: the man who defeated Napoleon (1970)
- ↑ Baykov, Alexander. "The economԱ.c development of RussԱ.a." EconomԱ.c HԱ.story RevԱ.ew 7.2 (1954): 137–149.
- ↑ W. Bruce LԱ.ncoln, NԱ.cholas Ա., emperor and autocrat of all the RussԱ.ans(1978)
- ↑ Anatole Gregory Mazour, The fԱ.rst RussԱ.an revolutԱ.on, 1825: the DecembrԱ.st movement, Ա.ts orԱ.gԱ.ns, development, and sԱ.gnԱ.fԱ.cance (1961)
- ↑ DowlԱ.ng, 2014, էջ 728
- ↑ DowlԱ.ng, 2014, էջ 729
- ↑ SteԱ.n, 1976
- ↑ Stephen R. Burant, "The January UprԱ.sԱ.ng of 1863 Ա.n Poland: Sources of DԱ.saffectԱ.on and the Arenas of Revolt." European HԱ.story Quarterly 15#2 (1985): 131-156.
- ↑ Olga E. MaԱ.orova, "War as Peace: The Trope of War Ա.n RussԱ.an NatԱ.onalԱ.st DԱ.scourse durԱ.ng the PolԱ.sh UprԱ.sԱ.ng of 1863." KrԱ.tԱ.ka: ExploratԱ.ons Ա.n RussԱ.an and EurasԱ.an HԱ.story 6#3 (2005): 501-534.
- ↑ Norman DavԱ.es: God's Playground: A HԱ.story of Poland (OUP, 1981) vol. 2, pp.315–333; and 352-63
- ↑ Edvard Radzinsky, Alexander II: The Last Great Tsar (2006)
- ↑ Baten, Jörg (2016)։ A History of the Global Economy. From 1500 to the Present.։ Cambridge University Press։ էջ 81։ ISBN 9781107507180
- ↑ Charles Lowe, Alexander III of Russia (1895) online.
- ↑ Robert F. Byrnes, Pobedonostsev: His Life and Thought (1968).
- ↑ Seton Watson, The Russian Empire, pp 441-44 679-82.
- ↑ * Rodric Braithwaite, "The Russians in Afghanistan". Asian Affairs 42.2 (2011): 213-229. summarizes the long history.
- ↑ Robert D. Warth, Nicholas II: the life and reign of Russia's last monarch (1997).
- ↑ Gregory L. Freeze, ed., Russia: A History (3rd ed. 2009) pp 234-68.
- ↑ Oliver H. Radkey, "An Alternative to Bolshevism: The Program of Russian Social Revolutionism." Journal of Modern History 25#1 (1953): 25-39.
- ↑ Richard Cavendish, "The Bolshevik-Menshevik split November 16th, 1903." History Today 53#11 (2003): 64+
- ↑ Abraham Ascher, The Revolution of 1905: A Short History (2004) pp 160-86.
- ↑ Ascher, The Revolution of 1905: A Short History (2004) pp 187-210.
- ↑ Sidney Harcave, First blood: the Russian Revolution of 1905 (1964) ch 1.
- ↑ Andrew Cook, To kill Rasputin: the life and death of Grigori Rasputin (2011).
- ↑ Geoffrey Swain (2014)։ Trotsky and the Russian Revolution։ Routledge։ էջ 15; also see Rabinowitch (2008) p 1
- ↑ Martin Gilbert, Routledge Atlas of Russian History (4th ed. 2007) excerpt and text search
- ↑ Dowling, 2014, էջ 728-730
- ↑ Article 62 of the 1906 Fundamental Laws (previously, Article 40): ″The primary and predominant Faith in the Russian Empire is the Christian Orthodox Catholic Faith of the Eastern Confession.″
- ↑ Первая всеобщая перепись населения Российской Империи 1897 г. Распределение населения по вероисповеданиям и регионам [First general census of the population of the Russian Empire in 1897. Distribution of the population by faiths and regions] (ռուսերեն)։ archipelag.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 24 October 2012-ին
- ↑ David R. Stone, A Military History of Russia: From Ivan the Terrible to the War in Chechnya (2006).
- ↑ Boris N. Mironov, "The Myth of a Systemic Crisis in Russia after the Great Reforms of the 1860s–1870s," Russian Social Science Review (July/Aug 2009) 50#4 pp 36–48.
- ↑ Boris N. Mironov, The Standard of Living and Revolutions in Imperial Russia, 1700–1917 (2012) excerpt and text search
- ↑ Elise Kimerling Wirtschafter, Russia's age of serfdom 1649–1861 (2008)
- ↑ Jerome Blum, Lord and Peasant in Russia from the Ninth to the Nineteenth Century (1961)
- ↑ Steven Hoch, "Did Russia's Emancipated Serfs Really Pay Too Much for Too Little Land? Statistical Anomalies and Long-Tailed Distributions". Slavic Review (2004) 63#2 pp. 247–274.
- ↑ Steven Nafziger, "Serfdom, emancipation, and economic development in Tsarist Russia" (Working paper, Williams College, 2012). online Archived 2014-04-29 at the Wayback Machine.
- ↑ Louise McReynolds, News under Russia's Old Regime: The Development of a Mass-Circulation Press (1991).
- ↑ Katia Dianina, "Passage to Europe: Dostoevskii in the St. Petersburg Arcade." Slavic Review (2003): 237-257. in JSTOR