Արցախի Հանրապետութիւն

(Վերայղուած է Արցախ-էն)

Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութիւն[4], անկախ, սակայն միջազգայնօրէն չճանչցուած պետութիւն Անդրկովկասի մէջ[5]։ Արեւմուտքէն սահմանակից է Հայաստանի Հանրապետութեան, հարաւէն՝ Իրանին, իսկ արեւելքէն եւ հիւսիսէն՝ Ազրպէյճանին։ Մայրաքաղաքն է Ստեփանակերտը, որ պատմամշակութային կեդրոն է[6]։

Արցախի Հանրապետութիւն
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Շահումեան (Արցախ), Շուշիի շրջան, Մարտունիի Շրջան, Մարտակերտի շրջան?, Քաշաթաղի շրջան, Հադրութի շրջան? եւ Ասկերանի շրջան?
Պետական լեզու հայերէն եւ ռուսերէն[1]
Մայրաքաղաք Ստեփանակերտ
Օրէնսդիր մարմին Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողով?
Երկրի ղեկավար Սամվել Շահրամանյան?[2]
Կառավարութեան ղեկավար Բակո Սահակյան?
Ազգաբնակչութիւն 146 600 մարդ (2012)[3]
Օրհներգ Ազատ ու անկախ Արցախ?
Հիմնադրուած է 2 Սեպտեմբեր 1991 թ.
Արժոյթ Դրամ? եւ Հայկական Դրամ
Ժամային համակարգ UTC+4։00
Հեռաձայնային համակարգ +37447

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հայկական երկրորդ պետութիւնն է։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախութեան հռչակագիրը ընդունած է 2 Սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանի ընթացքին[7]։ Հռչակագիրին առաջին կէտը ունի հետեւեալ ձեւակերպումը.

Ընդունել ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ սահմանակից Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) հռչակման մասին հռչակագիրը։


Անուանում

Խմբագրել

Ճշգրիտ ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ. առաջին յիշատակութիւնները Վանի թագաւորութեան շրջանէն են։ Ըստ ժողովրդական ստուգաբանութեան, «Արցախ» անուանումը կը նշանակէ Առանի ծառաստան[8]։ Աւանդութեան համաձայն Առանը հայոց Վաղարշակ արքային կողմէն նշանակուած Մեծ Հայքի հիւսիս արեւելեան նահանգներու նախարարն էր՝ Սիսակեան տոհմէն[9]։ Առանը, որ աւանդօրէն կը համարուի Առանշահիկներու եւ անոնցմէ ճիւղաւորուած Արցախի միջնադարեան իշխաններու ու մելիքներու նախահայրը, կը պատկանէր Հայկ նահապետի զարմին, ուստի եւ միջնադարեան պատմիչները Արցախի իշխանները կը կոչեն «Հայկազեանք»[10]։

«Ղարաբաղ» տեղանունը յստակ ստուգաբանութիւն չունի։ Ըստ մէկ ստուգաբանութեան կը թարգմանուի իբրեւ «Սեւ այգի»[11]։ Ըստ երկրորդ ստուգաբանութեան՝ «բաղ» արմատով բազմաթիւ տեղանուններ գոյութիւն ունէին Սիւնիքի, Արցախի, Գանձակի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Եւ «Ղարաբաղը» «Բաղաբերդ» տեղանուան պարզ ու սովորական թարգմանութիւնն է։ «Ղարաբաղի» առաջին՝ «ղարա» մասը հայերէն «բերդ» բառի թարգմանութիւնն է՝ լ-ր հնչիւնափոխութեամբ։ Ինչպէս օրինակ, Կալա-կարա՝ Կալա, Կալաքենդ (Բերդաշէն), իսկ պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ՝ Կարաքենդ։ Տեղանուան երկրորդ՝ «բաղ» մասը օտար նուաճողներու կողմէն չէ թարգմանուած։ Այսպէս Ղարաբաղը Բաղաբերդ տեղանուան քմահաճ թարգմանութիւնն է[12]։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հին շրջան

Խմբագրել

Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին

Խմբագրել

Ք.Ա. 3-1 հազարամեակներուն հանդէս կու գան առաջին պետական կազմաւորումները, որոնց շարքին մէջ կ'առանձնանար Վանի կամ Արարատի թագաւորութիւնը (Ուրարտու)[13]։ Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին (Ք.ա. 9-6 դարերուն) Արցախ ծանօթ էր Ուրտեխէ-Ուրտեխինի անունով։ Արցախի՝ իբրեւ Հայաստանի մաս, յիշատակումներ կան Ստրաբոնի, Դիոն Կասիոսի, Պլինիոս Աւագի, Պլուտարքոսի եւ այլ հին հեղինակներու աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արգիշտի Ա.-ի՝ Կոտայքի մէջ յայտնաբերուած ժայռափոր արձանագրութեան մէջ, ուր խօսուած է Զառ քաղաքի մասին։ Ըստ պատմաբան Վ. Բալայեանի անիկա կը համընկնի Արցախի միջնադարեան Ծար մելիքանիստ աւանի եւ ներկայիս Քարվաճառի Զառ գիւղին հետ։

Երուանդունիներու օրով

Խմբագրել

Ք.ա. 4-րդ դարուն արդէն Երուանդունիներու թագաւորութեան օրով, նոյնպէս վկայութիւններ կան, որ հայկական պետութեան կազմին մէջ կը մտնէին Արցախը եւ Ուտիքը[14]։ Այդ մասին կը փաստեն յոյն պատմագիր եւ աշխարհագիր Ստրաբոնի վկայութիւնները, ուր ան Արցախը կը ներկայացնէ իբրեւ Մեծ Հայքի կազմին մէջ գտնուող նահանգ՝ Օրխիստինա - Արցախ։

Արշակունեաց հարստութեան օրով

Խմբագրել

66 -ին, Արշակունեաց հարստութեան շրջանին, Արցախը նոյնպէս կը գտնուէր հայկական միասնական պետութեան կազմին մէջ[15]։ Այդ մասին կը վկայէ հռոմէական կայսր՝ Ներոնի ժամանակներէն Հռոմի մէջ պահպանուած պատի մը վրայ փորագրուած աշխարհի մարմարէ քարտէսը, ուր կը նշուի, թէ Արցախը Արշակունեաց Հայաստանի յառաջատար նահանգներէն մէկն է։

Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք

Խմբագրել

Մեծ Հայքի թագաւորութեան բաժանումէն ետք (387 թուական) Արցախ մաս կը կազմէ Արեւելահայկական թագաւորութեան, որ ա'լ շուտով կ'իյնայ Սասանեան Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ[16]։ Սակայն նոյնիսկ օտար լուծի տակ գտնուելով՝ Արցախ կը շարունակէ պայքարիլ եւ պահպանել իր հայկականութիւնը։ Այդ մասին կը փաստեն Կորիւնի վկայութիւնները, որոնց համաձայն Մ. Մաշտոց լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէր Արցախի մէջ, որ այդ օրերուն կը կոչուէր Փոքր Սիւնիք։ Եւ ըստ աւանդութեան նոյն նահանգին Հաբանդ գաւառի Ամարաս գիւղաքաղաքին մէջ Մեսրոպ Մաշտոց կը բանայ իր առաջին դպրոցներէն մէկը։ 451-ին օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկիզբ առած քաղաքական անկայունութիւններէն՝ Կուրի աջափնեայ Արցախ եւ Ուտիք նահանգներու Առանշահիկ հայ իշխանական տոհմը ինքզինք կը յայտարարէ իբրեւ թագաւորութիւն։ Նոյնինքն Առանշահիկներն ալ կը կամզակերպեն Արցախի հայութեան հակապարսկական ընդվզումները, զորս կը գլխաւորէր Վաչէ Առանշահիկ թագաւորը՝ Վարդան Մամիկոնեանի համախոհներէն մէկը։ Զօրավարին մահէն ետք Արցախ աշխարհը պարսկական հետագայ ասպատակութիւններէն պաշտպանելու եւ ազատագրական պայքարներու միջոցով անկախութիւն հաստատելու նպատակով՝ Վաչէ Առանշահիկը կեղծ ուրացութեան ուղին կը բռնէ եւ նոյնիսկ կ'ամուսնանայ Պարսկաստանի թագաւոր՝ Յազկերտ Բ.-ի քրոջ աղջկան հետ։ Սակայն 457-ին Յազկերտ Բ.-ի մահէն ետք, օգտուելով Պարսկաստանի մէջ սկսած գահակալական կռիւներէն՝ Վաչէ կը վերադառնայ քրիստոնէական-լուսաւորչական կրօնին եւ ապստամբութիւն կը բարձրացնէ պարսիկներուն դէմ։ Վաչէէն ետք շուրջ 30 տարուան անիշխանութենէ ետք, Հայոց Արեւելեան աշխարհին մէջ թագաւոր կը դառնայ անոր եղբօր որդին՝ Վաչագանը։ Այդ օրերուն բուն Մեծ Հայքի եւ կեդրոնական նահանգներուն մէջ հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Վաչագան Բարեպաշտին թագաւորութիւնը հայահաւաք կեդրոնի դեր կը կատարէր։ Անոր կառավարման տարիները աչք կը մտնեն սահմանադրական ու կրօնական բարեփոխումներով եւ տնտեսական ու մշակութային կեանքի վերելքով։ Եւ այսպէս մինչեւ Զ. դարու կէսերը Արցախ աշխարհի մէջ տեւական խաղաղութիւն եւ ինքնավարութիւն կը տիրէր։ Սակայն ամէն ինչ կը փոխուի Է. դարու սկիզբը, երբ Հայոց երկիր կը ներխուժեն արաբները։

Միջնադար

Խմբագրել

Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին

Խմբագրել

652 -ին Թէոդորոս Ռշտունին Ասորիքի եւ Վերին Միջագետքի կառավարիչ Մուավիայի հետ կը ստորագրէ պայմանագիր մը, որուն միջոցով Հայաստան կը պահպանեց իր ներքին ինքնավարութիւնը[17]։ Սակայն Սեբէոսի վկայութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան Սիւնիքէն եւ Արցախէն զատ կը դիտարկուէր։ Իրավիճակը կը փոխուի Թէոդորոս Ռշտունիի մահէն ետք, երբ գահ կը բարձրանայ անոր փեսան՝ Համազասպ Մամիկոնեանը։ Ան կը յաջողի իր իշխանութեան տակ դնել Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր գաւառները, ներառեալ՝ Արցախը։ Այդ տարիներուն տեղի ունեցած հակաարաբական ընդվզումները վերջնականապէս կ'ունենան իրենց արդիւնքը եւ 885-ին արաբական խալիֆայութիւնը կը ճանչնայ Աշոտ Ա. Բագրատունիի Մեծ Հայք նահանգի թագաւորութիւնը։ Այսպէս Հայաստան կը վերականգնէ իր անկախութիւնը, եւ Արցախ աշխարհը դարձեալ կը յայտնուի համահայկական պետութեան կազմին մէջ։

Սելճուք-թուրքերու արշաւանքներուն ընթացքին

Խմբագրել

Ամէն ինչ կը փոխուի ԺԱ. դարուն՝ սելճուք-թուրքերու արշաւանքներուն ատեն[18]: Տուղրիլ բէկի (1025-1063 ) կառավարման տարիներուն սելճուք-թուրքերը կ'աւերեն Հայաստանի կեդրոնական, արեւմտեան եւ հարաւային շրջանները, սակայն Արցախ դեռ կը շարունակէր անվնաս մնալ։

1064-ին սելճուք-թուրքերու մեծաքանակ զօրքերը՝Ալփասլանի գլխաւորութեամբ սուրի ու գերութեան կը մատնեն Արցախը։

ԺԲ. դարու սկիզբներէն, սելճուք-թուրքերու կայսրութեան քայքայման զուգընթաց, կը հզօրանար վրացական թագաւորութիւնը։ Հայ ժողովուրդը, մնալով սելճուք-թուրքերու գերիշխանութեան տակ՝ չէր համակերպեր այդ կացութեան հետ։

Զաքարեաններու օրով

Խմբագրել

Հայերուն անհրաժեշտ էր Վրաստանի օգնութեամբ թօթափել սելճուք-թուրքերու լուծը։ Եւ հայ-վրացական ռազմա-քաղաքական համագործակցութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն կ'ունենան վրաց արքունիքին մէջ ծառայող հայ իշխանները, յատկապէս Զաքարեաններու տոհմի ներկայացուցիչները[19]։ ԺԲ. դարու 90-ական թուականներուն նոր թափ կը ստանայ Հայաստանի ազատագրման եւ հայկական պետականութեան վերածնունդի ապահովման գործը։ Հայ-վրացական միացեալ ուժերու կողմէ կ'ազատագրուէին հայկական տարածքները, որոնց մէջ էր նաեւ Արցախը։ Սակայն Զաքարեանները չեն յաջողիր միաձոյլ կեդրոնաձիգ պետութիւն մը ստեղծել։ Այդ իսկ պատճառով հայոց միասնութիւնը պահելու համար Զաքարեան իշխանները խնամիական կապեր կը ստեղծեն գաւառային հզօր իշխանական տոհմերու հետ։ Այս ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ գտնուող երեք իշխանութիւնները՝ Ներքին Խաչէն, Հաթերք եւ Վերին Խաչէն, տարբեր յարաբերութիւններ ունէին Զաքարեաններուն հետ։ Վերին Խաչէնը (Ծարա), որ ազատագրուած էր Զաքարեաններու օգնութեամբ, կ'ընդունէր վերջիններուս գերագահութիւնը։ Միջին Խաչէնի կամ Հաթերքի իշխանութեան տիրոյթները ժամանակի ընթացքին կը բաժանուին Վերին Խաչէնի եւ Ներքին Խաչէնի միջեւ։ Վերջինիս իշխանական տան ներկայացուցիչները Արցախի միւս իշխանութիւններուն համեմատ առաւել մեծ ինքնուրոյնութիւն ունէին։ Ներքին Խաչէնը տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ վերելք կ'ապրի Հասան-Ջալալի օրով։ Այդպիսի զարգացման շնորհիւ երկրամասը կը ստանայ նաեւ քաղաքական անկախութիւն, զոր կ'ընդունէին նոյնիսկ վրաց թագաւորները։

 
Արցախը Զաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ, ԺԳ. դար

Է. դարէն մինչեւ Թ. դարասկիզբը Արցախ կը գտնուէր Արաբական խալիֆայութեան տիրապետութեան տակ՝ Արմինիա կուսակալութեան կազմին մէջ։ Այդ շրջանին բազմացեղ ըլլալով (Արցախի մէջ՝ հայեր, այլ գաւառներու մէջ՝ աղուանական եւ իրանական ցեղեր) Աղուանէն թագաւորութեան մասը գտնուած է իշխող Միհրանեան տոհմին տիրապետութեան տակ։

Մոնկոլական արշաւանքներու ընթացքին

Խմբագրել

1221-ին Կոտման (Թոուզ) գետին մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտին, հայ-վրացական միացեալ ուժերը պարտութիւն կը կրեն, որմէ ետք մոնկոլները կը սկսին ասպատակել Հայաստանն ու Վրաստանը։ Երկրորդ արշաւանքին ընթացքին կը գրաւեն նաեւ Արցախը[20]։ Եւ հակառակ այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները կորսնցուցած էին իրենց ինքնավարութիւնը, ժողովուրդը կը շարունակէր յամառ դիմադրութիւն ցուցաբերել։ Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ, երբ մոնկոլները Ղազան խանի օրով պաշտօնապէս կ'ընդունին մահմետականութիւնը։ Ազգային եւ ընկերային ճնշումներուն վրայ կ'աւելնան կրօնական հալածանքները։ 1386-ին Լենկ-Թիմուր, գրաւելով Թաւրիզը՝ կ'անցնի Արաքսը եւ կը մտնէ Սիւնիք, եւ անկէ ետք անոր զօրքերը կը ներխուժեն Արցախ եւ կը գրաւեն Վերին Խաչէնը։

Իրավիճակը կը փոխուի Լենկ-Թեմուրի մահէն ետք, երբ անոր հսկայածաւալ պետութիւնը կը սկսի քայքայուիլ։

ԺԵ. դարուն Կարա-Կոյունլի տիրակալներու իշխանութեան տակ հայերը համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին։ Կարա-Կոյունլուները գիտակցելով իրենց տիրապետութեան տակ ինկած երկիրներու քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման եւ պետական գանձարանը լեցնելու կարեւորութիւնը՝ համեմատաբար մեղմ քաղաքականութիւն կը վարէին հայ իշխաններուն նկատմամբ։ Անոնք պետական բարձր պաշտօններու վրայ կը նշանակէին հայ նախարարական անուանի տուներու ներկայացուցիչներ եւ շատերը կը դարձնեն իրենց նախկին տիրոյթներու տնօրէններ ու լիիրաւ իշխաններ։ Նոյն իրավիճակը կը տիրէր նաեւ ակ-Կոյունլիի տիրապետութեան շրջանին։ Այս ժամանակաշրջանին կը վերականգնուին Ներքին Խաչէնի եւ Վերին Խաչէնի իշխանական տուներու ներկայացուցիչներուն իրաւունքները։

ԺԴ.- ԺԵ. դարերուն հայ նախարարական տուներու զգալի մասը կը կորսնցնէ իր ինքնավարութիւնը՝ զայն զիջելով Հայաստանին տէր դարձած քոչուոր ցեղերու աւագանիին։ Հակառակ անոր, որ Արցախի լեռնային գաւառներուն մէջ Առանշահիկներու իշխանական տուներու առանձին ճիւղեր կը յաջողին ընդդիմանալ եկուորներու ճնշումներուն եւ պահպանել երկրամասին պետական հիմնարկներու կենսունակութիւնը։ Այդ մասին կը վկայէ կարա-Կոյունլիի Ջեւանշահի հրովարտակը, որմով կը ճանչցուի լեռնային Արցախի տէր մելիքներու իշխանութիւնը։

Թուրք-պարսկական պատերազմներ

Խմբագրել

ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն Հայաստան կը դառնայ թուրք-պարսկական պատերազմներու թատերաբեմ։ 1555-ին պատերազմող կողմերը Ամասիոյ մէջ հաշտութիւն կը կնքեն[21]։ Անդրկովկաս կ'անցնի Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ։ ԺԶ. դարուն պարսկահպատակ տարածքներուն մէջ կը ստեղծուին ռազմա-վարչական երեք միաւորներ՝ Շիրւանի, Չուխուր Սադի (Երեւան եւ Նախիջեւան) եւ Ղարաբաղի բեկլարբեկութիւնները։ 1580-ին թուրք զօրավար Մուսթաֆա Լալա-փաշայի զօրքերը կը ներխուժեն Ղարաբաղ, այնուհետեւ կ'աւերեն Երեւանը ու կը հասնին Գեղարքունիք։ Հայոց հողին վրայ թուրք-պարսկական բախումները կը շարունակուին մինչեւ 1639 եւ կ'աւարտին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կնքուած հաշտութեան պայմանագիրով։ Պարսկաստանի կ'անցնին Հայաստանի արեւելեան նահանգները՝ Գուգարքը, Շիրակը, Արարատեան դաշտը, Սիւնիքն ու Արցախը եւ Վասպուրականի արեւելեան հատուածը։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ, գտնուելով պարսկական տիրապետութեան տակ՝ Արցախի մելիքութիւնները ունէին ներքին ինքնավարութիւն եւ անոր հետ իսկ կը ստեղծէին ինքնատիպ մշակոյթ մը։

Երկրամասին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար, Արցախի մելիքները լեռնային անմատչելի ծերպերուն մէջ տասնեակ ամրոցներ կառուցած էին։

Սղնախներու ձեւաւորումը

Խմբագրել

ԺԸ. դարու սկիզբներուն օգտուելով Պարսկաստանի ներքին երկպառակտութիւններէն ու աֆղաններու հետ պատերազմներէն՝ Արցախի մելիքները աւելի մեծ ինքնուրոյնութիւն ձեռք կը բերեն։ Անոնք կը հրաժարին Պարսկաստանի հարկեր վճարելէն, եւ այս մէկը կը նպաստէ Արցախի հայ բնակչութեան տնտեսական վիճակին բարելաւման։ Այդ շրջանին պարբերաբար կրկնուող աւերիչ արշաւանքները դիմակալելու նպատակով՝ Արցախի մելիքները կը միաւորուին եւ կը ստեղծեն զինուորական միասնութիւն, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է Սղնախներ անունով[22]։ Ծանօթ են Գիւլիստանի, Ջրաբերդի, Աւետարանոցի, Շուշիի, Բադարա գիւղի մօտակայքը, Հերհեր ու Ծովատեղ գիւղերու թիկունքին, Տող եւ Տումի գիւղերու սղնախները։ Այդ ժամանակահատուածին մէջ ինքնավարութեան տեղական մարմինները իրենց ուժերը կը համախմբէին Լեռնահայաստանի մէջ պարսկական իշխանութիւնը վերացնելու համար։

1723-ին Արցախի սղնախականները ստիպուած էին դիմակալելու թուրքերուն, որոնք յամառօրէն կը փորձէին հասնիլ Կասպից ծովու ափերը։ Հայերը կը յաջողին պարտութեան մատնել թուրքերը, եւ վերջիններս կը նահանջեն։ Ամէն ինչ կը փոխուի 1726 -ին՝ Կ.Պոլսոյ մէջ կնքուած ռուս-թրքական պայմանագիրէն ետք, երբ Թուրքիոյ կ'անցնին այսրկովկասեան տիրոյթները՝ ներառեալ Թիֆլիս, Գանձակ, Նախիջեւան քաղաքները, Ղարաբաղի ու Ղափանի մարզերը[23]։

Մելիքութիւններ

Խմբագրել

Հայկական սղնախները մարտեր կը մղէին թուրքերուն դէմ, եւ վերջ ի վերջոյ անոնց հիմքին վրայ կը ծնի վարչաքաղաքական նոր միաւոր մը՝ Խամսայի մելիքութիւնները, որոնք հետագայ տասնամեակներուն կը դառնան հայ ազգային ազատագրական պայքարի նոր հանգրուաններ։ Նադիր շահը յաղթանակ կը տանի թուրքերուն դէմ։ Օսմանեան կառավարութիւնը ի վիճակի չըլլալով՝ ստիպուած կը շարունակէ պատերազմը եւ 1736-ին Էրզրումի մէջ հաշտութեան պայմանագիր կը կնքէ պարսիկներուն հետ։ Այս պայմանագիրին մէջ թուրքերը պարսիկներուն կը յանձնեն Արեւելեան Հայաստանը (Երեւանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը), Վրաստանի մէկ մասը, Գանձակը, Շամախին եւ Ատրպատականը։ Նադիր շահի օրով եւ անոր հովանաւորութեամբ 1735 -ին հինգ (Խամսայի) հայկական մելիքութիւնները (Գիւլիստան, Ջրաբերդ, Խաչէն, Վարանդա, Դիզակ) կը միաւորուին մէկ ռազմաքաղաքական եւ վարչական միաւորի մէջ եւ իրենց ծաղկման եւ հզօրութեան գագաթին կը հասնին ԺԸ. դարու աւարտին[24]։ Այսպիսով կը ձեւաւորուի հինգ մելիքութիւններէ կազմուած նահանգը, որուն կեդրոնը Տող աւանն էր։ Այս կազմաւորումը Դիզակի Մելիք-Եգանի գլխաւորութեամբ կը ճանչցուի իբրեւ հայկական ինքնավար երկիր մը, որուն սահմանները կ'երկարէին Գանձակի մատոյցներէն մինչեւ Արաքս գետը։ Մելիք-Եգանը, Նադիրէն խանական տիտղոս ստանալով՝ մինչեւ 1744 կը գլխաւորէ Խամսայի մելիքութիւնները։ Իրավիճակը փոխուեցաւ Նադիր շահի սպանութենէն ետք, երբ Պարսից երկիրին մէջ առաջացած անիշխանութեան հետեւանքով պատմութեան թատերաբեմ կը բարձրանայ Փանահ խանը, որուն նպատակն էր գրաւել լեռնային Արցախը։ Խամսայի մելիքները չհանդուրժեցին Փանահի այս քաղաքականութիւնը եւ զինք ետ մղեցին Արցախի լեռնային հատուածներէն։ Այդ ժամանակաշրջանին մելիքներու միջեւ առաջացած գժտութիւններուն հետեւանքով՝ Փանահ խանը հնարաւորութիւն կը ստանայ տիրանալու Արցախին։ Վարանդայի մելիք՝ Շահնազարը, Փանահին նուիրաբերեց Շուշի բերդը, եւ այդ քայլը աւելի սրեց Արցախի ներքաղաքական կեանքը։ Շուտով Փանահ ինքզինք հռչակեց խան եւ Պարսից շահին միջոցով հայ մելիքներուն ստիպեց ընդունիլ իր գերիշխանութիւնը։ Այդպէս Խամսայի մելիքութիւնը թուլցաւ եւ սկսաւ կործանիլ։ 18-րդ դարուն վերջերուն Իրանի մէջ գահին տիրելու համար նորէն պայքար կը սկսի եւ 1794 -ին Աղա Մուհամմադ խանը ինքզինք շահ կը հռչակէ։ Վերջինիս կ'անհանգստացնէին ռուսական կողմնորոշում ունեցող Արցախի մելիքները։ Ան մելիքներուն խոստացաւ հաստատել իրենց իշխանութիւններուն մէջ, եթէ անոնք օգնեն տապալելու Իպրահիմ խանը։ Սակայն Արցախի մելիքները հաստատօրէն մերժեցին Պարսից շահին պահանջը, որուն պատճառով 1795 -ին շահը պաշարեց Շուշիի ամրոցը, սակայն յաջողութեան չհասաւ։ Յետագային Աղա Մուհամմատ խանը նորէն կը յարձակի Շուշիի վրայ՝ այս անգամ արդէն յաջողութեան հասնելով։ Ան կը հաստատուի Շուշի, սակայն որոշ ժամանակ ետք դաւադրաբար կը սպաննուի։

Ռուսական նուաճում

Խմբագրել

Ռուս-պարսկական պատերազմներուն ժամանակ

Խմբագրել

Աղա Մուհամմատ շահի սպանութենէն ետք իշխանութեան գլուխ կ'անցնի Ֆաթալի շահը, որ կը փորձէ ամրապնդել Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը Այսրկովկասի մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանին ռուս-պարսկական խորացող հակասութիւնները կը վերածուին երկարատեւ պատերազմի (1804-1813)[25]։ 1804-1813 ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտին՝ 12 Հոկտեմբեր 1813 -ին Գիւլիստանի հաշտութեան պայմանագրով Արցախը կ'անցնի Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ Այդ պայմանագիրը կը վկայէ, որ Արցախը առանձին ազգային-պետական միաւորի կարգավիճակով է անցած է Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ։ 1828 -ին, Թուրքմենչայի պայմանագրով վերջ կը դրուի ռուս-պարսկական պատերազմին։ Հայաստան, մէկընդմիշտ կ'ազատագրուի պարսկական լուծէն։ Սակայն հայերու վիճակը ռուսական լուծի տակ աւելի վատթարացաւ։

Ռուսական կայսրութեան տարիներուն

Խմբագրել

1840-1917 թուականներուն շարք մը վարչատարածքային բաժանումներ կատարուեցան Ցարական Ռուսաստանի կողմէն, որոնց իբրեւեւ արդիւնք Ղարաբաղը մէկի կը վերածուի Կասպիական մարզի, մէկ՝ Շամախի նահանգի, մէկ՝ Ելիզաւետպոլի նահանգի կազմին մէջ[26]։ ։ Փետրուարեան բուրժուա-ժողովրդապետութեան յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք Ժամանակաւոր կառավարութիւնը 9 մարտ 1917 -ին ստեղծեց Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ (Օզակոմ), որուն կարգադրութեամբ ստեղծուեցան գաւառային, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէ։ իբրեւեւ արդիւնք, Անդրկովկասի մէջ ստեղծուեցան երեք ազգային պետութիւններ՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւնները։ Իսկ արցախահայերը իրենց ներքին կեանքը վարելու համար ստեղծեցին Ղարաբաղի Ազգային գրասենեակ[27]։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, որուն 95%-ը հայեր էին, գումարեցին իրենց առաջին համագումարը, որ Լեռնային Ղարաբաղը հռչակեց անկախ վարչաքաղաքական միաւոր, ընտրեց Ազգային խորհուրդ եւ կառավարութիւն։ 1918-1920 Լեռնային Ղարաբաղը ունէր պետականութեան բոլոր ատրիբուտները՝ ներառեալ բանակն ու օրինական իշխանութիւնները[28]։ ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի խաղաղ նախաձեռնութիւններուն ի պատասխան, Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը դիմեց ռազմական գործողութիւններու։ Մայիս 1918 -էն մինչեւ ապրիլ 1920 թուականը Ազրպէյճանի եւ անոր սատարող Թուրքիոյ զինուած ստորաբաժանումները հայ բնակչութեան հանդէպ իրագործեցին բռնութիւններ եւ ջարդեր։ Սակայն, անոր հետ հնարաւոր չեղաւ պարտադրել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ ընդունելու Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ Օգոստոս 1919 -ին Ղարաբաղը եւ Ազրպէյճանը՝ ռազմական բախումը կանխելու նպատակով կնքեցին նախնական պայմանագիր, որուն հետ համաձայնեցան երկրամասի կարգավիճակի խնդիրը քննարկել՝ Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին մէջ։

Խորհրդային ժամանակաշրջանին

Խմբագրել

Անդրկովկասի մէջ, խորհրդային կարգերու հաստատումը ուղեկցուեցաւքաղաքական նոր կարգերու ստեղծմամբ։ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի տարածք է, որ ճանչցուած է նաեւ Խորհրդային Ռուսաստանի կողմէն։ Օգոստոս 1920 -ին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագրով, ռուսական զօրքերը ժամանակաւորապէս տեղակայուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, 30 Նոյեմբեր 1920 -ին Ազրպէյճանի կոմկուսի Կենտկոմի քաղբիւրոյի եւ կազմբիւրոյի համատեղ նիստին մէջ ընդունուեցաւ որոշում մը, ըստ որուն Ազրպէյճանի բանւորագիւղացիական կառավարութեան կողմէն կը յայտարարուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վիճերը վերջացած կը համարեն[29]։ Որուն իբրեւեւ արդիւնք, Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը կը համարուին Հայաստանի սոցիալիստական հանրապետութեան մաս։ Այդ որոշումը վաւերացուեցաւ 1 Դեկտեմբեր 1920 -ին Պաքուի խորհուրդի ընդլայնուած նիստին մէջ ընդունուած հռչակագրով[30]։ Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ հաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի հայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ՝ Յունիս 1921 -ին, Հայաստանը, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը հայտարարեց իր անբաժանելի մաս։

ԼՂ բռնակցումը ԱդրԽՍՀ-ին

Խմբագրել

4 Յուլիս 1921 -ին Ռուսաստանի համայնավար կուսակցութեան Կովկասեան գրասենեակը, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս կը հրաւիրէ լիագումար նիստ, որուն ընթացքին կը հաստատուի Լեռնային Ղարաբաղը Հայկական ԽՍՀ մաս հանդիսանալու փաստը։ Սակայն, Մոսկուայի թելադրանքով եւ Ստալինի անմիջական միջամտութեամբ, 5 Յուլիս-ի լոյս գիշերը կը վերանայուի նախորդ օրուան որոշումը եւ կ'ընդունուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային զրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու եւ այդ տարածքին մէջ ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում՝ չպահպանելով նոյնիսկ ընթացակարգը։ Այս որոշումը, աննախադեպ իրավական արարք է միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ, երբ երրորդ երկրի կուսակցական մարմինը (ՌԿ(բ) կ)՝ առանց որեւէ իրաւական հիմքի կամ իրաւասութեան, կ'որոշէ մէկ այլ տարածքի, երկրի կարգավիճակը։ Ազրպէյճանական եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ները դեկտեմբեր 1922-ին ընդգրկեցին ԽՍՀՄ-ի կազմաւորման գործընթացներուն մէջ, իսկ Ղարաբաղի տարածքի ընդամէնը մէկ հատուածի մէջ, 7 Յուլիս 1923 -ին, Ազրպէյճանական ԽՍՀ Կեդրոնական գործադիր յեղափոխական կոմիտէի որոշմամբ կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը՝ Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ, որուն հետ, ըստ էութեան, ոչ թէ լուծուեցաւ, այլ ժամանակաւորապէս սառեցուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։ Աւելին, ամէն ինչ աւերեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը ընդհանուր սահման չունենայ Հայաստանի հետ[31]։ Խորհրդային ամբողջ ժամանակահատուածին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը չհաշտուեցաւ այդ որոշման հետ եւ տասնեակ տարիներ պայքարեցաւ Մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու համար։ Արցախը Ազրպէյճանին անմիջապէս բռնակցելէ ետք՝ սկիզբ առաւ ազգային-ազատագրական պայքարը։ 1920-ական Արցախի մէջ հակաազրպէյճանական շարժումը ղեկավարելու նպատակով ստեղծուեցաւ «Ղարաբաղը՝ Հայաստանին» միութիւնը[32]։ Նոյեմբեր 1927-ի սկիզբներուն միութիւնը հազարաւոր թռուցիկներ ցրած է՝ Ղարաբաղը Հայաստանին նշանաբանով։ ։ 1962-ին Ստեփանակերտի մէջ 300 աշխատաւորներ բողոք-նամակ գրեցին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան, կուսակցութեան Կենտկոմ եւ Մինիստրներու խորհուրդ։ Նամակին մէջ ներկայացուեցաւ մարզի գաղութային վիճակը եւ առաջարկուեցաւ ԼՂԻՄ-ը վերամիաւորել ՀԽՍՀ-ին։ 1962-ին շարք մը մտաւորականներ նմանօրինակ նամակով դիմեցին ԽՄԿԿ Կենտկոմին։ Այսպիսի դիմումները կը կրէին պարբերական բնոյթ եւ կը հղուէին թէ ԼՂԻՄ-էն, թէ ՀԽՍՀ-էն։ Միայն Լեռնային Ղարաբաղէն Կենտկոմին հասած դիմումներու տակ ստորագրած էին 45 հազար աշխատաւորներ։ Փաստօրէն, չնայած ԼՂ-ը ապօրինաբար բռնակցուած էր ԱդրԽՍՀ-ին, զայն երբեք չէր կորսնցնէր անկախանալու եւ Մայր Հայաստանին միաւորուելու ձգտումը։

1988 - Շարժման սկիզբ

Խմբագրել
  • 1985 ԽՄԿԿ ապրիլեան պլենիումի կողմէն գորբոչովեան «գլաստնոստի» հռչակումէն ետք արցախահայութիւնը հնարաւորութիւն ունեցաւ ԼՂԻՄ-ը ՀԽՍՀ-ի հետ վերամիաւորուելու համար։
  • 1987-1988 թթ ԼՂԻՄ-ի հայութիւնը աշխոյժ ստորագրահաւաք սկսաւ՝ ԼՂԻՄ-ը Հայկական ԽՍՀ-ի հետ վերամիաւորուելու հանրագիր, որուն տակ ստորագրուեցաւ աւելի քան 80 հազ. մարդ[33]։
  • 20 Փետրուար 1988 -ին ԼՂԻՄ-ի Ժողովրդական պատգամաւորներու մարզխորհրդի նստաշրջանը որոշում տուաւ դիմել ԱդրԽՍՀ՝ ԼՂԻՄ-ն ԱդրԽՍՀ-ի կազմէն դուրս բերելու եւ Հայաստանի կազմի մէջ ընդգրկելու խնդրանքով[34]։
  • Խնդրին խաղաղ լուծում տալու փոխարէն 21 Փետրուարին ԽՄԿԿ Կենտկոմի գրասենեակը որոշում տուաւ, ըստ որուն Ղարաբաղեան շարժումը որակուեցաւ «ծայրահեղական» եւ «նացիոնալիստական», որ կը հակասէ ԱդրԽՍՀ եւ ՀԽՍՀ աշխատաւորներու շահերուն։
  • Տեսնելով, որ խնդիրը վերէն լուծում չըստանար, ժողովուրդը ինքը սկսաւ իր պայքարը, որուն յաջորդեցին ազրպէյճանական սադրիչ գործողութիւնները, որոնց վերջարդիւնքը դարձաւ 27-29 Փետրուար 1988 -ին տեղի ունեցած Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը։ Երթալով, իրավիճակը աւելի կը բարդանար եւ անորոշ կը դառնար թէ' ազրպէյճանահայերուն եւ թէ' արցախահայութեան ճակատագիրը։
  • 16 Օգոստոս 1989 -ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի լիազօր ներկայացուցիչներու համագումար, որ ընտրեց Ազգային Խորհուրդ։ Համագումարի որոշմամբ մինչեւ ժողովրդական դեպուտատներու մարզխորհուրդի ու կուսակցութեան մարզկոմի գործունէութեան վերականգնումը՝ երկրամասի բարձրագոյն գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւնները կը յանձնուին Ազգային Խորհուրդին։ Բացի անոնցմէ համագումարի ժամանակ ընդունուեցաւ հռչակագիր մը, ըստ որուն, Ինքնավար Մարզի գործերուն ԱդրԽՍՀ-ի միջամտութիւնը պիտի գնահատուէր որպէս ագրեսիայի արարք եւ ստանար համարժէք պատասխան։
  • 28 նոյեմբեր 1989 -ին ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի ընդունած որոշման համաձայն Լեռնային Ղարաբաղը նորէն կը բռնակցուի Ազրպէյճանին[35]։ Դէպքերու զարգացման նման ընթացքը բերին անոր, որ 1 Դեկտեմբեր 1989-ին ՀԽՍՀ ԳԽ եւ ԼՂ Ազգային Խորհուրդը կ'ընդունեն համատեղ որոշում ԼՂ-ի եւ Հայկական ԽՍՀ-ի վերամիաւորման մասին[36]։

1 Դեկտեմբեր 1989 թուականի որոշումը

Խմբագրել

1 Դեկտեմբեր 1989-ին ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը եւ ԼՂ Ազգային խորհուրդը իրենց համատեղ նիստին մէջ միաձայն ընդունեցին ՀԽՍՀ եւ ԼՂԻՄ վերամիաւորման մասին որոշում[37]։ Միացումը, որուն կարգախօսի տակ բարձրացած էր Ղարաբաղեան շարժումը՝ կայացաւ։ ՀԽՍՀ եւ ԼՂԻՄ վերամիաւորման մասին ընդունուած «Համատեղ որոշումը» օրինական է եւ ընդունելի, միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներու տեսնակիւնէն։ Յայտնի է, որ միջազգային իրաւունքի՝ «ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման» սկզբունքը ՄԱԿ-ը հռչակած է որպէս պետութիւններու ու ազգերու յարաբերութիւններու կարգաւորման համապարտադիր սկզբունք։ Միացման այս արարքը միջազգային իրաւունքի տեսակետէն որեւէ առարկութիւն չի հարցներ, մանաւանդ, որ խօսքը ոչ թէ ինքնորոշման առաջնային արարքի, այլ արդէն ինքնորոշման սուբյեկտ հանդիսացող պետական երկու կազմաւորումներու մասին է։ Որեւէ արգելք չկար նաեւ ԽՍՀՄ օրէնքին մէջ, ուր նախընթաց տարիներուն հանրապետութիւններու ու ազգային պետական կազմաւորումներու սահմաններու փոփոխութեան գրեթէ երկու տասնեակ դէպք արձանագրուած էր ( Կարելոֆիննական միութենական հանրապետութիւնն, օրինակ, վերակազմաւորուած է ինքնավար հանրապետութեան, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան Ղազախստանի ինքնավար հանրապետութեան Կեդրոնէն տրուած է միութենական հանրապետութեան կարգավիճակ)։ ԽՍՀՄ-ի՝ որպէս միասնական պետութեան մէջ տարբեր ազգային կազմաւորումներու սահմաններու փոփոխութիւնները երբեք չէին կապած սահմաններու անխախտելիութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հետ։ Անոնք դիտուած են, որպէս միութենական դաշնային պետութեան ներքին գործը նաեւ իրաւական այն հիմքով, որ նման վերակազմաւորումներն ու վերաենթարկումները չէին կապուէր ԽՍՀՄ-ի՝ որպէս միասնական պետութեան սահմաններու փոփոխութեան կամ անոր տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետ։ «Տարածքային ամբողջականութեան» սկզբունքը, որ մինչ այդ լրջօրէն չէր կիրառկուած հանրապետութիւններու ու ինքնավար կազմաւորումներու նկատմամբ, ձեռք բերաւ սկզբունքային նշանակութիւն հենց ԼՂ դեպքին մէջ, երբ յայտնի էր, որ ան բռնութեամբ մտցուած է ԱդրԽՍՀ կազմ եւ երբ ակնյայտ էր, որ ԱդրԽՍՀ-ի մէջ կ'իրագործուի հանրապետութեան հայ ազգաբնակչութեան ցեղասպանութիւն։ Բայց եթէ միութենական հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան նոյնիսկ տրուած էր նման սկզբունքային բնոյթ, ապա սահմանադրական արգելք չէր առաջանար, քանի որ խօսքը ինքնորոշման իրաւունքի սուբյեկտ հանդիսացող եւ ԽՍՀՄ ազգային-պետական կառուցուածքի երկու կազմաւորումներու մասին է։ ԼՂԻՄ-ի վերամիաւորումը ՀԽՍՀ հետ չէր հակասեր ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան 78 յօթուածին, որ կ'արգիլէր փոփոխութեան ենթարկել միութենական հանրապետութեան սահմանները, առանց անոր համաձայնութեան։ ԼՂԻՄ-ը ՀԽՍՀ ենթադասութեան տալը չէր նշանակեր, թէ կը խախտի ԱդրԽՍՀ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Հենց անոր հաշիւով ալ Փետրուար 1988-ին ժողպատգամաւորներու մարզային խորհուրդը բարձրացած է ՀԽՍՀ հետ միայն մարզի վերամիաւորման հարցը, չնայած, որ բոլորը գիտէին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հսկայական տարածքները, որոնք գրասենեակի որոշմամբ պետք է ըլլային ԼՂԻՄ կազմին մէջ, կամայականօրէն դուրս նետուած էին անոր սահմաններէն։ ԼՂԻՄ եւ ՀԽՍՀ բարձրագոյն իշխանութիւններու կողմէն վերամիաւորման մասին «Համատեղ որոշմանը» հետեւեցան ԱդրԽՍՀ պատժիչ գործողութիւնները։ Ապրիլ 1991-էն մինչեւ Յուլիս ինկած ժամակահատուածին ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան (ՕՄՕՆ) զինուած խումբերը՝ խորհրդային բանակի զօրքերու հետ մեկտեղ իրականացուցին «Օղակ» օպերացիան՝ Արցախի հայաթափման եւ անոր տարածքին տեր դառնալու համար ձեռնարկուած ծայրահեղ գործողութիւն[38]:

2 Սեպտեմբեր 1991

Խմբագրել

2 Սեպտեմբեր 1991-ին, ԼՂԻՄ-ի եւ դեռեւս չհայաթափուած հարակէն Շահումեանի շրջանի բոլոր մակարդակներու խորհուրդներու ժողովրդական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած նստաշրջանը ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին» հռչակագիրը։ Իսկ արդէն 10 Դեկտեմբեր 1991 -ին, ԼՂ-ի բնակչութիւնը հանրաքուէով ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը։ Այսպիսով, նախկին Ազրպէյճանական ԽՍՀ տարածքին մէջ ձեւաւորուեցան երկու իրավահաւասար պետական կազմաւորումներ՝ ԼՂՀ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն։ Ստեղծուած իրավիճակը անսպասելի էր Ազրպէյճանի համար եւ 3 շաբաթ ետք սկսաւ Պաքուի պատասխան գործողութիւնը։

Արցախեան ազատամարտ

Խմբագրել
 

25 Սեպտեմբեր 1991 -էն սկսեալ, Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը՝ սկսաւ Արցախեան ազատամարտը[39]։ Պատերազմի հորձանուտուին մէջ հայերը միացեալ ուժերով ստեղծեցին հայոց ազգային բանակ, որ կը կամէր մօտ 20-25 հազար։ Ազրպէյճանի բանակը 75-80 հազար։ Սակայն հայերը կրցան ետ մղել հակառակորդի գրոհը եւ ազատագրել Արցախը։ Ազրպէյճանական բանակի նշանառուած հարուածներուն զոհ կ'երթան հազարէ աւելի հայ խաղաղ բնակիչներ։ Հայկական կողմը կորսնցուց Արծուաշէնի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Շահումեանի շրջանների մէկ մասը։ Հայկական ուժերու վճռական գործողութիւններուն հակառակորդը' կարողութիւնը չունենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելու գաղափարէն զինադադար կը խնդրէ, որ կը կնքուի 12 Մայիս 1994 -ին։ Արդիւնքը այն կ'ըլլայ, որ Հայերը կ'ունենան 5856 զոհ[40](ինչպէս նաեւ՝ 1264 զոհ՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին, եւ 596 անյայտ կորսուած՝ որոնց մէչ էին խաղաղ բնակիչներ), իսկ ազրպէյճանցիները՝ 11557[41][42] /30հզ. զոհ[43]։ 9 Ապրիլ 1994 -էն սկսաւ արցախեան գոյամարտին մէջ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի յաղթարշաւը։ Այդ պայմաններուն մէջ Ազրպէյճան, այլ ելք չունէր, քան զինադադարի պայմանագիր կնքել։ Այդպիսով 12 Մայիս 1994 -ին Ազրպէյճանը, Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը կնքեցին հրադադարի համաձայնագիր, որ՝ չնայած խախտումներուն, ուժի մէջ է այսօր[44]։

Պատերազմ Արցախի վրայ

Խմբագրել

Կիրակի 27 Սեպտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամերէն Արցախ թիրախ կը դառնայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման[45]: Պատերազմը կը տեւէ 43 օր։

Առաջին հերթին կը հրթիռակոծուին, կը հրետակոծուին եւ կը ռմբակոծուին սահմանամերձ բնակելի վայրեր ու մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ․ զոհ կ'երթան անզէն բնակիչներ՝ կիներ, երեխաներ, ծերունիներ։ Ակներեւ է թէ ռմբակոծումները թիրախ ունին անզէն բնակչութիւնը եւ քաղաքին հանրային սպասարկութիւններու ենթակառոյցները (նոյնիսկ ծննդատուները)։ Հ․Հ․ եւ Արցախ ընդհանուր զօրակոչ կը յայտարարեն, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանը։

Շրջանի եւ աշխարհի բոլոր մեծ ուժերը՝ Ռուսիա, Չինաստան, Ա․Մ․Ն․, Ֆրանսա, Պարսկաստան եւ Եւրոպական Միութիւն, կոչ կ'ուղղեն հակամարտող կողմերուն ընդհարումները դադրեցնել, բացի Թուրքիայէն։ Պատերազմի սկիզբէն յայտնի կ'ըլլայ Թուրքիոյ մխրճումը այս պատերազմին․ Ատրպէյճանին կը հայթայթէ մեծաքանակ արդի արտադրութեան ռազմական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ հազարաւոր վարձկան զինուորներ։ Վրաստան Հ․Հ․ հետ իր սահմանները կը փակէ՝ «ապահովութեան» պատրուակով։

Այս պատերազմին Ատրպէյճան կը գործածէ միջազգային դաշինքներով արգիլուած զէնքեր, օրինակ՝ լուսածնի ռազմամթերք։ Ինչպէս նաեւ, կը հրթիռակոծէ Հ․Հ․ սահմանամերձ շրջաններ՝ Վարդենիս, Սիւնիք․․։

 
Արցախի քարտէսը ըստ 10 Նոյեմբեր 2020 համաձայնագրին․ կարմիրով՝ Ատրպէյճանի հակակշռին տակ եւ մինչեւ Դեկտեմբեր 2020 անոր յանձնուելիք տարածքներ, բաց կանանչով՝ Արցախին մնացած տարածքներ, իսկ Հ․Հ․ եւ Պարսկաստանի միջեւ կարմիրով գօտին պիտի կապէ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ եւ պիտի պահուի ռուս խաղսղապահներէ։

Սփիւռքի հայութիւնը՝ աշխարհի չորս ծագերուն, զանազան միջոցներով միակամ իր զօրակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Արցախին եւ Հ․Հ․։ Կը ստեղծուի Հայաստանի Համահայկական Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի «Մենք ենք մեր սահմանները․ բոլորս Արցախի համար» խորագրով համազգային դրամահաւաքի արշաւ։ Հիմնադրամին զուգահեռ, Սփիւռքի տարածքին հայկական կազմակերպութիւնները մարդասիրական (դեղեր, բժշկական արդի սարքեր, հագստեղէն․․․) օգնութիւն կը հասցնեն Հ․Հ․ եւ Արցախին։ Հայեր կը կամաւորագրուին, որպէսզի Արցախի հայկական բանակին օգնութեան հասնին։

Պատերազմի ընթացքին կը ստորագրուին մարդասիրական հրադադարի չորս համաձայնագրեր՝ 10, 18, 26 եւ 30 Հոկտեմբեր[46], որոնք սակայն յաջորդող վայրկեաններէն իսկ կը խախտուին Ատրպէյճանին կողմէ։ Վերջինս, օրէ օր կը սաստկացնէ օդային յարձակումները թիրախաւորելով Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը․ ապահովութեան համար, բնակչութեան գրեթէ կէսը կ'ապաստանի Հ․Հ․։

Նոյեմբերի սկիզբէն, թրքատրպէյճանական ուժերը հարաւէն առաջանալով Շուշին եւ Ստեփանակերտը կը պաշարեն։ Պատերազմը անհաւասար է (մարդուժ, ռազմական սարքեր, վարձկան զինուորներ)․ հայերը կը կռուին բազմաթիւ թշնամիներու դէմ։ 10 Նոյեմբեր ժամը 01։00'ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ կը ստորագրէ պատերազմի ամբողջական կրակի դադարեցման համաձայնագիրը[47]։ Ատրպէյճանին կը յանձուին Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն զգալի մասը՝ Շահումեան, Քաշաթաղ, Հադրութ, Մարտունիի հարաւային մասը եւ Շուշի։ Արցախի եւ Հ․Հ․ միջեւ կապը կը մնայ միայն Բերձորի (Լաչին) նեղ գօտին, որ սակայն պիտի պահուի ռուսերուն կողմէն։ Իսկ՝ Հայաստանի հարաւը, ճամբայ պիտի բացուի, որպէսզի արեւելեան Ատրպէյճանը միանայ Նախիջեւանին եւ հետեւաբար՝ Թուրքիոյ։ Համաձայնագրի ստորագրութեան յաջորդող ժամերուն Հ․Հ․ նախագահ Արմէն Սարգիսեան կը յայտարարէ թէ ինք անտեղեակ եղած է այս համաձայնութենէն։

Այս համաձայնութեան ստորագրութենէն անմիջապէս ետք՝ հետեւող ժամերուն, Հայաստան հերթաբար կը ժամանեն ռուս խաղաղապահ ուժեր, որոնք կը տեղակայուին Հ․Հ․ սահմանային հինգ կէտերու վրայ եւ Արցախի մէջ[48]։

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Արցախի Հանրապետութիւնը կը գտնուի Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ։ Ունի լեռնային մակերեւոյթ։ Նշանաւոր է հարուստ եւ գեղեցիկ բնութեամբ։ Համեմատաբար ցածրադիր ու հարթավայրային են հարաւն ու արեւելքը. Արաքս գետի երկայնքով կը տարածուին Արցախի դաշտավայրերը։

Արցախի հիւսիսային կողմը, արեւմուտքէն արեւելք կ'երկարի Մռաւի լեռնաշղթան, որ Սեւանի լեռնաշղթային արեւելեան շարունակութիւնն է եւ ունի մօտաւորապէս 70 քիլոմեթր երկարութիւն: Լեռնագագաթներն են. Մեծ Հինալ` 3367 մեթր, Սպիտակասար` 3200 մեթր, Քէօռօղլուտաղ` 3462 մեթր, Օմար` 3395 մեթր, Մռաւ` 3340 մեթր, որուն անունով ալ կը կոչուի լեռնաշղթան, եւ Գոմշասար` 3724 մեթր, որ կոչուած է նաեւ Արիութեան լեռ:

Արցախի արեւմտեան կողմը, Թարթառէն մինչեւ Արաքսի հովիտը Արցախի լեռնաշղթան է: Մեծ Քիրս լեռը ունի 2724 մեթր բարձրութիւն: Լեռնաշղթային փէշերուն կը գտնուի Ազոխի քարայրը:

Արեւելեան Սեւանի լեռները կ'երկարին Գեղարքունիքի մարզի եւ Արցախի սահմանին վրայ: Մեծ Ծարասար լեռնահանգոյցը ունի շուրջ 40 քիլոմեթր երկարութիւն եւ մինչեւ 3441 մեթր բարձրութիւն: Սոթքի լեռնանցքը, 2366 մեթր բարձրութեան վրայ, Սեւանայ լիճին աւազանը կը կապէ Թարթառ գետի հովիտին:

Սիւնիքի բարձրաւանդակը, Զանգեզուրի ու Արցախի լեռնաշղթաներուն միջեւ, 2800-էն 3200 մեթր բարձրութեամբ սարահարթ է: Ծղուկի լեռները, 3594 մեթր բարձրութեամբ Թրասար գագաթով, եւ Մեծ Իշխանասար` 3549 մեթր բարձրութեամբ, կը գտնուին Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի սահմանին վրայ:

Ծռասար եւ Մխմաթիք լեռնաշղթաներուն միջեւ, Գժասար ունի 3616 մեթր բարձրութիւն:

Շուշիի սարաւանդը Արցախի լեռնաշղթային արեւելեան լանջերէն կ'իջնէ դէպի Կարկառ գետի եւ անոր Քարինտակ վտակի հովիտները:

Դէպի արեւելք եւ հարաւ մակերեւոյթը աստիճանաբար կը ցածնայ: Միլի դաշտավայրը կ'ընդգրկէ Արաքս գետի երկայնքով տարածուող եւ մինչեւ Կուրի աջ ափը հասնող կիսաանապատային գօտին[49]։

Բնութիւն

Խմբագրել

Արցախի տարածքի շուրջ 35 առ հարիւրը ծածկուած է անտառներով։ Հատկապէս բարձրադիր՝ 1.500-2.250 մ բարձրութեան վրայ գտնուող շրջանները։ Յաճախ կը հանդիպինք նաեւ հին թթաստաններու, որոնք կը վկայեն հին ժամանակներուն արցախցիներու գլխաւոր արհեստներէն մէկը՝ մետաքսագործութիւնը։ Ցածրադիր վայրերու սարալանջերը ծածկուած են թփուտներով եւ մարգագետիններով։ Դաշտավայրերու Երբեմն կը հանդիպին նաեւ լերկ ժայռուտներ (հատկապէս Դիզակի մէջ)։

Կենդանական Աշխարհ

Խմբագրել

Կենդանական աշխարհը հարուստ է եւ բազմազան.

  • Գայլ, արջ, աղուէս, նապաստակ, շնագայլ, այծեամ, վարազ, ճէյրան, սկիւռ, վայրի կատու, լուսան, քնամուկ եւ խլուրդ.
  • թռչուններ` կաքաւ, արծիւ, անգղ, բազէ, կաչաղակ, արտոյտ, լոր, երաշտահաւ, սարեակ, աղաւնի, ագռաւ, ճնճղուկ, չղջիկ, ուրուր, կկու, չարդ, փայտփորիկ, յոպոպ, բու, ինչպէս նաեւ վայրի սագ եւ բադ:
  • Տափաստանային շրջաններուն մէջ տարածուած են օձը, մողէսը, կարիճը եւ մորմը:
  • Գետահովիտներուն մէջ կրիան եւ ոզնին:
  • Կան մորեխներու, բզէզներու եւ թիթեռնիկներու բազմաթիւ տեսակներ, մրջիւն, թեւաւոր մրջիւն, ճպուռ, սեւաճանճ, մեծ ճանճ, կանաչ ճանճ, ձիաճանճ, պիծակ, մոծակ, քառասնոտեայ, զատիկ եւ սարդ:
  • Գետերուն եւ ջուրերուն մէջ կան ձուկեր եւ գորտեր:
         
Բնապատկեր Կարմիր շուկայ գիւղի մօտ Լեռնային բնատեսարան գ.Վաղուհաս Սարսանգի ջրամբար Մարտակերտի շրջանին մէջ Ջրվէժ Քարքառ գետի վրայ Քարքառ գետի կիրճ, Քարինտտակ գիւղի մօտ

Կլիմայ

Խմբագրել

Արցախի կլիման ընդհանուր առմամբ չոր է եւ առողջարար եւ կլիմայական առանձնայատկութիւններ կան տարբեր շրջաններու միջեւ:

Ձմեռը, Դեկտեմբերէն Մարտ, ընդհանուր առմամբ ցուրտ է եւ ձիւնառատ: Երկինքը գորշ ամպերով կը ծածկուի եւ դառնաշունչ հովեր կը փչեն: Երբեմն օրերով, գիշեր-ցերեկ ձիւն կու գայ: Բարձր լեռնային շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 10-էն 15 աստիճան կ'իջնէ, հովիտներուն մէջ` զերոյէն վար 3-էն 4 եւ երբեմն մինչեւ 10 աստիճան, մինչ ցածրադիր շրջաններուն մէջ հազուադէպօրէն զերոյէն վար կ'իջնէ եւ ձիւնը տեւական ծածկ չի պահեր: Լեռները տարուան հինգ-վեց ամիսները ձիւնածածկ կ'ըլլան:

Գարունը, Մարտէն Յունիս, աննման է: Ձիւնհալը կը սկսի եւ գետերը կը վարարին: Ծառերը կը ծաղկին, ծաղիկները եւ խոտերը կ'աճին եւ կը տարածեն իրենց բոյրը: Թռչունները տաք երկիրներէն կը վերադառնան եւ ծլուըլալով կը վերանորոգեն իրենց բոյները: Յորդառատ անձրեւներ կը տեղան եւ յաճախակի են կարկուտները: Լեռնային շրջաններուն մէջ ցերեկը ջերմաստիճանը կը տարուբերի 10-էն 15 աստիճանը միջեւ, իսկ գիշերները յաճախ ցուրտ կ'ընէ: Դաշտային շրջաններուն մէջ սակայն, գարունը կարճատեւ է եւ շուտով կը հասնի տաք ամառը:

Ամառը, Յունիսէն Սեպտեմբեր, ընդհանուր առմամբ բարեխառն է եւ արեւոտ: Լեռնային շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը կը տարուբերի 10-էն 20 աստիճանի միջեւ եւ երբեմն կը հասնի մինչեւ 30-32 աստիճանի. ցերեկուան տաքին կը յաջորդէ գիշերուան ցուրտը: Դաշտային շրջաններուն մէջ սակայն, տաքը կիզիչ է եւ ջերմաստիճանը կը տարուրբերի 25-էն 30 աստիճանի միջեւ եւ երբեմն մինչեւ 40 աստիճանի կը բարձրանայ. բայց գիշերները լեռներէն փչող հովերը կլիման կը դարձնեն տանելի:

Աշունը, Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր, սքանչելի է եւ ամէնուրեք զով կ'ընէ: Տերեւները կը դեղնին «կը թափին, խոտերը կը չորնան, եւ տերեւաթափ անտառներն ու պարտէզները գեղեցիկ տեսարան կը ստանան: Արեւոտ կամ ամպոտ, անձրեւ, ամպրոպ ու կայծակ:

Տարեկան տեղումներուն քանակը բարձրադիր վայրերուն մէջ 560-էն 840 միլիմեթր է, ցածրադիր վայրերուն մէջ` 420-էն 480 միլիմեթրը:

Լեռնագագաթներ

Խմբագրել

Կարեւորագոյն գետերը

Խմբագրել

Արցախի գրեթէ բոլոր գետերն ալ կը բխին արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան բարձրաբերձ լեռներէն եւ անդնդախոր ձորերէն ու հովիտներէն գահավիժելով կը հոսին դէպի արեւելք եւ հարաւ-արեւելք: Գետերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի Կուրի աւազանին եւ Կուրի վտակներն են:

  • Թարթառ, Արցախի ամէնէն մեծ գետը, 200 քիլոմեթր երկարութեամբ, սկիզբ կ'առնէ Սիւնիքի բարձրաւանդակէն:
  • Խաչէնագետը սկիզբ կ'առնէ Արցախի լեռնաշղթային Կարմրասար լեռնազանգուածէն եւ ունի 119 քիլոմեթր երկարութիւն. գլխաւոր վտակն է Քոլատակ:
  • Կարկառ սկիզբ կ'առնէ Արցախի լեռնաշղթային արեւելեան լանջերէն. երկարութիւնը 109 քիլոմեթր է. վտակներն են` Մեղրագետ եւ Բագարան: Արաքսի աւազանին վտակներն են:
  • Հագարի սկիզբ կ'առնէ Արցախի բարձրաւանդակին Դալիդաղ լեռնազանգուածին հարաւային լանջէն. երկարութիւնը 170 քիլոմեթր է. գլխաւոր վտակը Հոչազն է:
  • Վարանդա սկիզբ կ'առնէ Արցախի լեռնաշղթայէն եւ ունի 81 քիլոմեթր երկարութիւն:
  • Իշխանագետ սկիզբ կ'առնէ Արցախի լեռնաշղթային հարաւային լանջերէն եւ ունի 74 քիլոմեթր երկարութիւն:

Աղբիւրներ, ջուրեր

Խմբագրել

Արցախ ունի նաեւ հանքային սառն եւ տաք ջուրեր ու աղբիւրներ:

  • Երկաթաջուրը կը գտնուի Շուշիի վերը, Քիրս լեռնաշղթային հիւսիսահայեաց ձորին մէջ. ջուրը սառնորակ է եւ կը բխի ձորին ձախ ափէն. աւելի վեր՝ կը գտնուի Թթուջուրը:
  • Արան աղբիւրը կը գտնուի Գանձասար վանքին մօտ, Եկեղեցիներու Եալ վայրին մէջ:
  • Անահիտի աղբիւրը կը գտնուի Մարտունիի շրջանի Հացի գիւղին մէջ:
  • Օհանանց աղբիւրը` Թաղավարդ գիւղին մօտ:
  • Գագիկ թագաւորին աղբիւրը կը գտնուի Հադրութի շրջանին Տումի գիւղին մէջ:
  • Արջի աղբիւրը` Դիզափայտ լերան լանջին:
  • Ալհարակ լճակը Գետաշէնէն դէպի Մռաւի լեռնաշղթան ճամբուն վրայ, շրջապատուած է անտառախիտ լեռներով եւ հսկայ ժայռերով: Լճակը բաժնուած է երկու մասի, վերնամասը կը կոչուի Ըստծու (Աստուծոյ) ծով:

Բուսականութիւն

Խմբագրել

Արցախի տարածութեան մօտաւորապէս կէսը ծածկուած է կաղնիի, հաճարենիի, բոխիի, լորենիի, թխկիի, հացենիի, կեչիի եւ ճապկիի թանձրախիտ եւ մթին անտառներով:

Անտառները հարուստ են նաեւ պտղատու վայրի ծառատեսակներով` խնձորենի, տանձենի, ընկուզենի, սալորենի, հոնի, զկեռենի, տկողենի, թզենի եւ սզնենի: Կան նաեւ շագանակենիներ:

Գետահովիտներու երկարութեամբ տարածուած են ուռենիները: Ամէնուրեք տարածուած են մոշի եւ մասրենիի թուփեր:

Անտառներուն մէջ առատօրէն կ'աճի սխտորի համ ունեցող խազազը, որ կ'օգտագործուի թարմ վիճակի մէջ: Տարածուած է նաեւ սունկը:

Ամէնուրեք կ'աճին բուրումնաւէտ ծաղիկներ` մանուշակ, անտառավարդ, կակաչ, շուշան, մեխակ, նունուֆար, անթառամ, նարկիզ, ձնծաղիկ, երեքնուկ եւ յասմիկ: Իսկ ուրցը ժողովուրդին կողմէ լայնօրէն տարածուած բոյս է:

Արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան ցածրադիր շրջաններուն մէջ տարածուած են ուղտափուշը, ոզնախոտը, երնջնակը, տերեփուկը, սիբեխը, թրթնջուկը, կապարը, եղինջը, խատուտիկը, դանդուռը, ծնեբեկը, խնջլոզը, փիփերտը, իշակաթնուկը, շրիշը, կնձմնձուկը, կուսածաղիկը, հազար տերեւուկը, առիւծագը եւ լոշտակը:

Ամէնուրեք, գետերու եզրերուն տարածուած են ջրկոտեմը, ճանճախոտը, մակարդախոտը, մացառաեղէգը, շերեփուկախոտը, ջրոսպը, ջրահարսը եւ դաղձը:

Հանքեր

Խմբագրել

Արցախ հարուստ է հանքատեսակներով: Կան պղինձի, կապարի, ոսկիի, ծծումբի եւ երկաթի հանքավայրեր ու պաշարներ, գլխաւորաբար` Մեհմանայի, Դրմբոնի, Գիւլաթաղի, Կուսապատի, Վանքի, Մաղաւուզի եւ Մարտունիի շրջակայքը, Թարթառ եւ Խաչէն գետերուն միջեւ եւ Մռաւ լերան լանջին:

Մարմարի եւ կրաքարի հանքավայրեր կան գլխաւորաբար Ստեփանակերտի, Շուշիի, Քարագլուխի, Նորաշէնի եւ Ճարտարի շրջաններուն մէջ:

Քարածուխի պաշարներ կան Մաղաւուզ, Նարեշտար եւ Քոլատակ գիւղերուն մերձակայքը:

Կան նաեւ տուֆի, աւազի եւ կաւի հանքավայրեր:

Վարչական բաժանում

Խմբագրել

Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 11.458 քմ² եւ վարչակա-տարածքայնօրէն բաժնուած է 8 շրջաններու[50]։ Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը նոյնպէս շրջանի կարգավիճակ ունի։ Շրջանները, իրենց հերթին բաժնուած են 242 համայնքներու։

 
Արցախի Հանրապետութեան վարչա-տարածքային բաժանման քարտէս։ Մութ գոյնով ծածկուած տարածքները գրաւուած են Ազրպէյճանի կողմէն։
Շրջան Բնակչութիւն (2006)[51] Տարածք (քմ2.)
Ստեփանակերտ 50, 400 25.66
Ասկերանի շրջան 17, 000 1221.92
Հադրութի շրջան 12, 400 1876.80
Մարտակերտի շրջան 18, 900 1795.10
Մարտունիի շրջան 23, 100 951.20
Շահումեանի շրջան 2, 800 1829.80
Շուշիի շրջան 4, 500 381.30
Քաշաթաղի շրջան 8, 600 3376.60

Շահումեանի շրջանը՝ այժմ Ազրպէյճանի ռազմական տիրապետութեան տակ է եւ հայ բնակչութիւնը դուրս մղուած է եւ կը կազմէ ազատագրուած Վայկունիքի գաւառը։ Այս ութ շրջաններուն մէջ կը մտնեն նաեւ ազատագրուած եօթը հայկական պատմական գաւառները՝ Ճրաքն, Կովսական, Քաշունիք (Աղաւնօ գետի հովիտ, Քաշաթաղի շրջան) Վայկունիք (Տրտու գետի վերին հովիտը), Ակն (Տիգրանակերտի դաշտակ, նախկին Աղդամի շրջան) եւ Մուխանք (Արցախի դաշտավայր)։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Արցախի Հանրապետութեան մշտական բնակիչներուն ընդհանուր քանակը 1 Յունուար 2010-ի դրութեամբ կազմած է 141.400 հոգի։ Ազգաբնակչութեան մեծ մասը հայեր են։ Կան նաեւ ռուսեր, ուքրանացիներ, վրացիներ եւ յոյներ։ Քաղաքաբնակներուն թիւը 74.183 է կամ 52.5%, գիւղական բնակչութիւնը՝ 67.217 է կամ 47.5%։ Արցախի մէջ տղամարդոց թիւը կազմած է 68.048 կամ 48.1%, կիները՝ 73.352 կամ 51.9%։ Արցախի կեդրոն Վարարակնի բնակչութիւնը կը կազմէ 52.310 մարդ։[52]։

Տարի Բնակչութիւն
2006 137 700 մարդ [3]
2007 138 800 մարդ [3]
Տարի Բնակչութիւն
2008 139 900 մարդ [3]
2009 141 400 մարդ [3]
Տարի Բնակչութիւն
2010 143 600 մարդ [3]
2011 144 700 մարդ [3]
Տարի Բնակչութիւն
2012 146 600 մարդ [3]

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնական հումքի հնարաւորութիւններով պայմանաւորուած՝ Արցախ-Ղարաբաղի մէջ աւանդաբար գործած են շերամորդի բոժոժի նախնական մշակման, մետաքսագործութեան, գորգագործութեան, գինեգործութեան, մետաղաձուլութեան, օղեթորման (թութէն եւ խաղողէն) գործատներ, բրուտագործութեան կետեր, կղմինտրի, սայլերու, կառքերու պատրաստման, կոշիկի, կարի արհեստանոցներ, ձիթհաններ, ջրաղացներ եւ այլն։ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի տարածքին մէջ ֆրանսացիները դեռեւս 19-րդ դարուն արդիւնահանած են բազմամետաղներու հանքանիւթ։ Շուշիի մէջ գործած է ջրէկ (30 կՎտ)։

Արցախ-Ղարաբաղի մէջ, բոժոժի վերամշակումը սկսած են ԺԹ. դարու 60-ական թուականներուն։ Մինչեւ 1918, երկրամասին մէջ գործած են մետաքսաթելի 36 եւ թելի ոլորման 10 գործատներ։ Արտադրած մետաքսաթելը սպառած է Ռուսաստանի ու Ֆրանսայի մէջ, իսկ գորգերը՝ Պարսկաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ։ 1879 -ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ (ԱՄՆ) կազմակերպուած միջազգային տօնավաճառի մը, Ղարաբաղի մետաքսը արժանացած է արծաթէ, իսկ 1882-ի Մոսկուայի ցուցահանդէսին՝ ոսկէ մետալի։ ԺԹ. դարու վերջին Ղարաբաղի մետաքսաթելէն գործածուած են Փարիզի Ելիսեան պալատին վարագոյրները։

Գիւղատնտեսութիւն

Խմբագրել

Գիւղատնտեսութեան կարեւոր ճիւղերն էին հացահատիկային տնտեսութիւնը, այգեգործութիւնը, պտղաբուծութիւնը եւ անասնապահութիւնը։ Մշակուած են նաեւ բրինձ, ձիթատուվուշ, գետնախնձոր եւ այլն։ 1805 -ին Ղարաբաղ, ինքնակամ ընդունելով Ռուսաստանի տիրապետութիւնը (հաստատուած է 1813-ին Գիւլիստանի դաշնագիրով) եւ գտնուելով Ռուսաստանի կայսրութեան վարչաքաղաքական ու ընկերա-տնտեսական համակարգին մէջ, զարգացած է կայսրութեան ծայրամասային շրջաններուն բնորոշ հաստատութեան օրինաչափութիւններով։ Ռուսաստանի մէջ հոկտեմբերեան յեղաշրջումը (1917), անդրկովկասեան ազգերու անկախացումն ու ազգամիջեան հակամարտութիւններու սրումը նոր անկախացած երկրներու տնտեսութիւնը հասցուցած են քայքայման եզրին։ Մեծ չափով տուժած է նաեւ Արցախ-Ղարաբաղի տնտեսութիւնը։ Խորհրդայնացումէն ետք պահանջուած է քանի մը տասնամեակ, որպէսզի Ազրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ ստացած ԼՂ-ն իր մաքրոտնտեսական ցուցանիշներով մօտենար 1915-1916 թուականներու մակարդակին։

Փոխադրութիւն

Խմբագրել
 
Գանձասար — «ԺԳ. դարու հայկական ճարտարապետութեան հանրագիտարանը» (Ա. Յակոբսոն)[53]։

Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը բաց է եւ երթեւեկութիւնը երկկողմանիօրէն ազատ է։ Հայաստանի Հանրապետութենէն՝Գորիս քաղաքէն A 312 մայրուղին անցնելով Բերձոր, ապա Շուշի քաղաքներով, կը միանայ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին։

Զբօսաշրջիկութիւն

Խմբագրել

Հայաստանի եւ ԱՊՀ երկրներու քաղաքացիները կարողութիւնը ունին երկիր այցելելու առանց անցագիրի։ Այլ երկրներու քաղաքացիները պարտաւոր են անցագիր ունենալ, որ աւելի դիւրին կարելի է ստանալ սահմանին, այլեւ Երեւանի մէջ, Ուաշինկթոնի, Փարիզի, Մոսկուայի եւ այլ շրջաններու մէջ՝ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւններէն ներս։

Պետական կառուցուածք

Խմբագրել
Քաղաքականութիւն
Խմբագրել
  • Նախագահ – Արայիկ Յարութիւնեան
  • Խորհրդարան – Ազգային Ժողով, 33 պատգամաւոր, 5 տարի ժամկէտ
  • Արցախի Հանրապետութեան մէջ կը գործէ համընդհանուր ընտրութեան իրաւունք, 1991 -էն ի վեր
  • Ընտրելու տարիքը՝ 18 տարեկան

Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան միջազգային իրաւական կարգավիճակը

Խմբագրել
 
Արցախի փողոցը Ուոթըրթաունի մէջ, Մասսաչուսեթս նահանգ, ԱՄՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանաչցած են մասամբ ճանաչուած պետութիւններ՝ Աբխազիոյ[54][55][56] եւ Հարաւային Ասիոյ հանրապետութիւնները, ինչպէս նաեւ չճանաչցուած Մերձդնեստրի Հանրապետութիւնը[54] հանրապետությունները, ինչպէս նաեւ չճանչցուած Մերձդնեստրի Հանրապետութիւնը[57]:

Աւստրալիոյ բնակչութեամբ ամէնէն մեծ նահանգը՝ Նոր Հարաւային Ուելսը, նոյնպէս ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ կոչ ըրած է Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն պաշտօնապէս ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը[58][59][60]։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման կոչ (ԱՄՆ նախագահին եւ Գոնկրէսին) պարունակող ռեզոլուցիաներ ընդունած են ԱՄՆ քանի մը նահանգներու օրենսդրական մարմինները՝ Ռոդ-Այլենդ[61][62], Մասսաչուսեթս[63][64], Մեն[65][66], Լուիզիանա[67][68][69] եւ Գալիֆորնիա:[70][71][72][73], Հաուայ Նահանգը[74]՝ 2016 Մարտ 29-ին։

ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման նախագիծ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ

Խմբագրել

12 Նոյեմբեր 2014 -ին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ քուէարկութեան կը դրուի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի ներկայացուցած «Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան ապահովման ռազմաքաղաքական հիմնադրոյթներու հայեցակետերու մասին» օրէնքի նախագիծը։ Օրինագիծին կողմ կը քուէարկեն 8 պատգամաւորներ՝ ՀՅԴ խմբակցութեան բոլոր 5 պատգամաւորները (Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան, Արմէն Բաբաեան, Միքայէլ Մանուկեան, Արծուիկ Մինասեան), «Ժառանգութենէն»՝ Զարուհի Փոստանջեանն ու Ռուբիկ Յակոբեանը, ՀԱԿ խմբակցութենէն՝ Նիկոլ Փաշինեանը։ ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Հրանդ Բագրատեանը ձեռնպահ քուեարկեց։ Բոլոր միւս պատգամաւորները քուէարկութեանը չեն մասնակցած, որուն իբրեւեւ արդիւնք նախագիծը չընդունուեցաւ։ Ըստ Նախագիծին՝ կը նախատեսուէր պաշտօնապէս ճանաչնալ ԼՂՀ անկախութիւնը եւ բացառել այլ պետութիւններու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէն զինուած ուժերու տեղակայումը ԼՂՀ (Արցախ)-ի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններու սահմաններուն, ինչպէս նաեւ երկու այլ դրոյթներ[75]։ Նախկինին մէջ եւս«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան կողմէն առաջարկուած են ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման նախագիծեր, որոնք նոյնպէս մերժուած են Ազգային ժողովի կողմէն։

Լեռնային Ղարաբաղի զինուած հակամարտութեան վերջին զարգացումներ

Խմբագրել
  • 12 Նոյեմբեր 2014 -ին ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան մասի օդային տարածքին մէջ ժամը 13.45-ի սահմաններուն մէջ ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի ռեժիմի խախտման արդիւնքին խոցուած է ԼՂՀ ՌՕՈւ ՄԻ-24 ուղղաթիռը։ Ուղղաթիռի խոցման արդիւնքին մէջ անձնակազմի բոլոր երեք անդամները զոհուած են[76][77]։
  • 13 Նոյեմբեր 2014 -ին Ազրպէյճանը ԼՂՀ-ի (Արցախ) տարածքը ոչ թռիչքային գոտի յայտարարած է եւ այդ մասին տեղեկացուցած է Քաղաքացիական միջազգային կազմակերպութեան անդամներուն[78]։ Սակայն այդ յայտարարութենէն ժամեր ետք, ըստ «tert.am» կայքի տեսաձայնագրութեան, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ուղղաթիռը վայրէջք կատարեց Ստեփանակերտի օդակայան մէջ[79]։
  • 2016, 1 Ապրիլի լոյս 2-ի գիշերը ազրպէյճանական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սկսած է լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ։ Յարձակումը կը տեւեէ մինչեւ 7 Ապրիլ, ուր եւ համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի։ Հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներու միջնորդութեամբ, իրականացած են զոհուածներու որոնողական աշխատանքներ, որոնց ընթացքին հրադադարի շուրջ համաձայնութիւններու խախտում չէ արձանագրուած։

Լայնածաւալ պատերազմ Արցախի վրայ

Խմբագրել

Կիրակի 27 Սեպտեմբեր 2020ին, առաւօտեան ժամերէն Արցախի հանրապետութիւնը թիրախ կը դառնայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ նախայարձակման։ Յարձակումը, պատերազմի կը վերածուի։ Անխնայ կը հրետակոծուին, կը հրթիռակոծուին, կը ռմբակոծուին սահմանագիծը, ինչպէս նաեւ բնակելի վայրեր՝ Ստեփանակերտը, Շուշի, Մարտակերտ, Հադրութ եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներ, ինչպէս օրինակ՝ հիւանդանոցներ, ծննդանոցներ, եկեղեցիներ․․․։ Կը մահանան ու կը վիրաւորուին անզէն բնակիչներ․ կիներ, երեխաներ, ծերունիներ։ Ատրպէյճանի կողքին Թուրքիան ալ կը կռուի անոր հայթայթելով մեծաքանակ ռազմական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր վարձկան զինուորներ։ Մարդասիրական հրադադարի երկու համաձայնութիւններ կը գոյանան՝ Հոկտեմբեր 10 եւ 18, որոնք սակայն անմիջապէս ու շարունակ կը խախտուին Ատրպէյճանին կողմէ։

Մշակոյթ

Խմբագրել
նուանում
1 Յունուար, 6 Յունուար Ամանոր եւ Սուրբ ծնունդ[Ն 1]
20 Փետրուար Արցախի վերածնունդի օր[Ն 2]
21 Փետրուար Մայրենի լեզուի օր
23 Փետրուար Հայրենի պաշտպանի օր
8 Մարտ Կանանց միջազգային օր
7 Ապրիլ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօն
1 Մայիս Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր
9 Մայիս Յաղթանակի տօն[Ն 3]
28 Մայիս Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օր
1 Յունիս Երեխաներու պաշպանութեան միջազգային օր
1 Սեպտեմբեր Գիտելիքի եւ դպրութեան օր
10 Դեկտեմբեր Արցախի Հանրապետութեան օր[Ն 4]
Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը կը նշուի։ Թարգմանչաց տօն[Ն 5]
Արցախի Հանրապետութեան յիշատակի օրեր[80][81][Ն 6]։
Օր Անուանում
24 Ապրիլ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր
29 Յունիս Հայրենիքի համար նահատակուածներիու եւ անյայտ կորածներու յիշատակի օր
7 Դեկտեմբեր Եկրաշարժի զոհերու յիշատակի օր

Դրօշակը

Խմբագրել

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը ստեղծուած է Հայաստանի դրօշին նմանութեամբ, աւելցուած է սպիտակ եռանկիւնաձեւ նախշանկար (հայկական գորգի նմանութեամբ), որ կը խորհրդանշէ Արցախի՝ մայր Հայաստանէն անարդարացիօրէն բաժանումը եւ անկախութեան հռչակմամբ վերամիաւորումը: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ անկախութեան համար հայ ժողովուրդին թափած արիւնը, կապոյտ գոյնը՝ Հայաստանի երկինքը, նարնջագոյնը՝ Ժողովուրդին ստեղծարար աշխատանքը:

 
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը

Զինանշանը

Խմբագրել

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութան զինանշանը հանրապետութեան պետական ինքնիշխանութեան, անոր տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդներու պետական միասնութեան, կառուցուող ազատ, իրաւական պետութեան խորհրդանիշն է: Հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրաապետութիան գլխաւոր խորհուրդին կողմէ 17 Նոյեմբեր 1994-ի որոշմամբ: Զինանշանը կը ներկայացնէ թեւատարած արծիւ մը, որ կը կրէ Արտաշեսեաններու արքայատոհմին թագը, իսկ գլխուն վերը կը տարածուին արեւուն ճառագայթները: Կեդրոնը դրուած է Հանրապետութեան դրօշը (հորիզոնական դիրքով) եւ Ստեփանակերտի մօտ գտնուող «Մէնք ենք, մեր սարերը» («Տատիկ եւ Պապիկ») յուշարձանը՝Մեծ Քրիս լերան Ֆոնին: Վարի մասը արծուի ճանկերու մէջ խաղողի վազեր են, թթենի պտուղներ, ցորենի հասկեր: Վերի կիսաշրջանաձեւ ժապաւէնին վրայ կատարուած է հայերէն մակագրութիւն՝«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Արցախ»:

Զինանշանին հէղինակն է Լավրտենտ Ղալաեանը:

 
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զինանշան

Գրականութիւն

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Պաշտօնական կայքեր

Լրատուական միջոցներ

Այլ

Տե'ս նաեւ

Խմբագրել

Նշումներ

Խմբագրել
  1. Նշվում են դեկտեմբերի 31-ից հունվարի 6-ը։ Ոչ աշխատանքային օրեր են։
  2. Փետրուարի 20, 1988 թ-ի այդ օրը սկսվել են Լեռնային Ղարաբաղի անկախացման ցույցերը։
  3. ԼՂՀ պաշտպանության բանակի և Շուշիի ազատագրման օր. մայիսի 9: Ոչ աշխատանքային օր են։
  4. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության պետական անկախության մասին հանրաքվեի և Սահմանադրության օր՝ նշվում է դեկտեմբերի 10-ին, ոչ աշխատանքային օր։
  5. Նշվում է հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության պետական անկախության մասին հանրաքվեի և սահմանադրության օր. դեկտեմբերի 10: Ոչ աշխատանքային օր է։
  6. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետությունում կարող են նշվել միջազգային, ավանդական, եկեղեցական, մասնագիտական այլ տոներ ու հիշատակի օրեր։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://lenta.ru/news/2021/03/25/nkr/
  2. Սամվել Շահրամանյանն ընտրվել է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 3,7 http://stat-nkr.am/files/publications/joxovrdagrakan_2012.pdf
  4. Ըստ սահմանադրության Արցախի Հանրապետություն և Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետություն անունունները նույնական են։ Արցախի Հանրապետության սահմանադրություն, 1.2 Archived 2011-05-26 at the Wayback Machine.
  5. «Արցախի սահմանադրություն, 1.1»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-26-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-08 
  6. Լեո, «Հայոց պատմություն», Երկերի ժողովածու, հատոր 2, Երեւան - 1973, էջ 32-33։
  7. «ԼՂՀ անկախության հռչակագիր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-08 
  8. Շահեն Մկրտչյան, «Արցախի գանձերը», Երեւան 2000 - Տիգրան Մեծ հրտ., էջ 10։
  9. Ղևոնդ Ալիշան, «Արցախ», գրաբարից թարգմանեց Գ. Բ. Թորոսյան։ Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչություն – 1993, էջ 8։
  10. Մովսես Կաղանկատվացի, «Աղուանից աշխարհի պատմութիւն», 1.4, 1.18, 3.22։
  11. Robert H. Hewsen, Armenia: a Historical Atlas. University of Chicago Press, 2001, pp. 119–120.
  12. Լևոն Հարությունյան, Նշխարներ Արցախի բանահյուսության
  13. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 32
  14. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 34
  15. Մկրտչյան. Շ., «Արցախ», Երեւան, 1991, էջ 26
  16. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 78
  17. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 85
  18. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 114
  19. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 118
  20. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 125-136
  21. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 144
  22. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 152
  23. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 157
  24. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 204
  25. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 200
  26. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 242-243
  27. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 296
  28. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 298
  29. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 307
  30. «Կոմունիստ», 2 դեկտեմբերի, 1920, Հոկտեմբերյան սոցիալիստական մեծ հեղափոխությունը և սովետական իշխանության հաղթանակը Հայաստանում, ժողովածու, Երեւան, 1957, էջ 497-498
  31. mfa.am, http://www.mfa.am/hy/artsakh/#a3 Archived 2015-12-01 at the Wayback Machine.
  32. Ուլուբաբյան Բ., «Արցախի պատմությունը», Երեւան, 1994
  33. Բալայան Վ., Արցախի պատմություն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 354
  34. ՀՀ ԱԺ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Կարգավորման ուղիներ, Խորհրդարանական լսումներ 29-30 մարտի, 2005 թ, «Անտարես», Երեւան, 2006, էջ 279
  35. Մելքումյան Ս., «Լեռնային Ղարաբաղ», Երեւան, 1990, էջ 38
  36. ՀՀ ԱԺ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր. Կարգավորման ուղիներ, Խորհրդարանական լսումներ 29-30 մարտի, 2005 թ, «Անտարես», Երեւան, 2006, էջ 281
  37. Հայաստանի Հանրապետության Ազգային ժողով, «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգավորման ուղիներ», Երեւան 2006, էջ 280
  38. Ալեքսանդր Մանասյան, Ալեն Ղևոնդյան «Լեռնային Ղարաբաղ. Ինչպես է դա եղել…», Երեւան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 102
  39. Ալեքսանդր Մանասյան, Ալեն Ղևոնդյան «Լեռնային Ղարաբաղ. Ինչպես է դա եղել…», Երեւան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 118
  40. Информационно-идеологические аспекты нагорно-карабахского конфликта
  41. публикация сайта Лента.ру
  42. «публикация ИА "AПA"»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-15 
  43. № 2 (232) февраль (1-15) 2014 г.
  44. Ալ. Մանասյան, Ալ. Ղևոնդյան «Լեռնային Ղարաբաղ. Ինչպես է դա եղել…», Երեւան։ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի «Հանրային կապերի և տեղեկատվության կենտրոն», ՊՈԱԿ, 2010, էջ 281
  45. Յարձակում Արցախի վրայ, 27 Սեպտեմբեր 2020#Զօրակոչի հրաւէրներ
  46. Յարձակում Արցախի վրայ, 27 Սեպտեմբեր 2020#Պատերազմի հրադադարի բանակցութիւններու ժամանակագրութիւն
  47. Յարձակում Արցախի վրայ, 27 Սեպտեմբեր 2020#Պատերազմի դադրեցման համաձայնութիւն - 10 Նոյեմբեր 2020, ժամը 01։00՛
  48. Յարձակում Արցախի վրայ, 27 Սեպտեմբեր 2020#Ռուս խաղապահներու տեղադրումը Արցախ
  49. Աշխարհագրութիւն
  50. Վիճակագրության Ազգային Ծառայություն, «Արցախի Հանրապետության վարչատարածքային բաժանումը ըստ շրջանների[permanent dead link]
  51. «Արցախի Հանրապետության բնակչություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-11-ին։ արտագրուած է՝ 2008-09-11 
  52. http://www.president.nkr.am/am/nkr/statePower/
  53. А. Л. Якобсон, Из истории армянского средневекового зодчества: Гандзасарский монастырь, "Иследования по истории культуры народов Востока", Москва-Ленинград, 1960, с 144-158.
  54. 54,0 54,1 Աբխազիայի խորհրդարանի փոխխոսնակ Վյաչեսլավ Ցուգբա.«Աբխազիան, Հարավային Օսեթիան, ԼՂՀ-ն ու Մերձդնեստրիան վաղուց արդեն ճանաչել են միմյանց անկախությունը և շատ սերտ համագործակցում են միմյանց հետ»
  55. «Արխիվացում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-02-10-ին։ արտագրուած է՝ 2012-02-05 
  56. ԼՂՀ Նախագահ Բակո Սահակյանը մասնակցել Աբխազիայի Նախագահի երդման հանդիսավոր արարողությանը
  57. Since the first days of its independent development, the Pridnestrovien Moldavian Republic has established, maintained and has been actively extending friendly interstate relations with the Republic of Abkhazia, the Republic of South Ossetia and the Republic of Nagorno-Karabakh.
  58. Նոր Հարավային Ուելսի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը Archived 2014-09-12 at the Wayback Machine. (անգլերէն)

    (b) recognises the right to self-determination of all peoples including those of the Republic of Nagorno-Karabakh,

    (f) calls on the Commonwealth Government to officially recognise the independence of the Republic of Nagorno-Karabakh and strengthen Australia’s relationship with the Nagorno-Karabakh and its citizens.

  59. Независимая газета: Ավստրալիական նահանգը ընդունել Ղարաբաղի անկախությունը (Ռուսերէն)

    Верхняя палата парламента Нового Южного Уэльса одновременно с резолюцией о признании НКР и права на самоопределение карабахского народа приняла и обращение к властям Австралии официально признать независимость Карабаха со всеми вытекающими последствиями.

  60. ARFD. New South Wales Recognizes Mountainous Karabakh’s Independence. Sahakyan Expresses Gratitude. Archived 2014-05-12 at the Wayback Machine.
  61. Ռոդ-Այլենդ նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերէն)
  62. Armenian Weekly. Rhode Island Legislature Supports Freedom of Artsakh
  63. Armenian Weekly. Massachusetts Legislature Supports Artsakh Independence
  64. Radio Free Europe. Massachusetts State Legislature Calls For Recognition Of Nagorno-Karabakh
  65. Մեն նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերէն)
  66. Armenian Weekly Maine Legislature Supports Artsakh Independence
  67. Լուիզինիա նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը Archived 2014-05-12 at the Wayback Machine. (անգլերէն)
  68. Armenian Weekly. Louisiana State Senate Recognizes Karabakh Independence (անգլերէն)
  69. 168 Ժամ Լուիզիանայի Սենատը Արցախի անկախությանն աջակցող բանաձև է ընդունել
  70. Կալիֆորնիա նահանգի պառլամենտի կողմից ընդունված ռեզոլուցիայի բնօրինակ տեքստը (անգլերէն)
  71. 168 Ժամ։ Կալիֆորնիայի սենատը ճանաչել է ԼՂՀ-ի անկախությունը
  72. Армянская служба Радио Свободная Европа - Радио Свобода: Парламент Калифорнии признал независимость Нагорного Карабаха 09.05.2014
  73. Կալիֆորնիայի սենատը ճանաչել է ԼՂՀ անկախությունը
  74. http://www.yerakouyn.com/?p=103687[permanent dead link] ԱՄՆ Հաուայ Նահանգը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը
  75. ԱԺ֊ն չընդունեց ԼՂՀ֊ի անկախությունը ճանաչելու մասին օրինագիծը
  76. Վարժանքի ժամանակ Ազրպէյճանական կողմը խոցել է ԼՂՀ բանակի ուղղաթիռը
  77. Տեսանյութը ևս մեկ անգամ ապացուցում է, որ ԼՂՀ ՌՕՈւ ուղղաթիռները չեն խախտել սահմանը և չեն գրոհում. Ա. Հովհաննիսյան[permanent dead link]
  78. Ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն ԼՂՀ տարածքը ոչ թռիչքային գոտի է հայտարարել[permanent dead link]
  79. Նախագահի ուղղաթիռը վայրէջք է կատարում Ստեփանակերտի օդանավակայանում (տեսանյութ)[permanent dead link]
  80. «Տոներեր և հիշատակի օրեր»: Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine. Հայկական Հանրագիտարան։ Վերցված՝ 16 Դեկտեմբերի 2014:
  81. «ԼՂՀ տոներ և հիշատակի օրեր»: Արցախի նախագահի պաշտոնական կայք։ Վերցված՝ 16 Դեկտեմբերի 2014: