Արցախեան-ազրպէյճանական սահմանային պատերազմ (2016)

Արցախեան-ազրպէյճանական սահմանային պատերազմ, ռազմական գործողութիւններ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն միջեւ, Արցախ-Ազրպէյճան սահմանին գիծին ողջ երկայնքով, որ սկսած է 1 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 2:00-ին[2]:

Արցախեան-ազրպէյճանական սահմանային պատերազմ (2016)
Թուական 2 Ապրիլ 2016- 5 Ապրիլ 2016
Վայր Արցախեան-ազրպէյճանական սահման
Պատճառ Ազրպէյճանի ԶՈՒ-ի կողմէն սահմանային լայնամաս շտապ յարձակում[1]
Արդիւնք
Հակառակորդներ
 ԼՂՀ Արցախի Հանրապետութիւն  Ազրպէյճան Ազրպէյճան
Ռազմական կորուստներ
զինծառայողներու եւ խաղաղ բնակչութեան կորուստներ 2 ուղղաթիռ ԲՄՊ 3 հրասայլ 2 անօդաչու թռչող սարք աւելի քան 40 զինծառայող: Թշնամին ունի 40-էն աւելի զոհ, հայկական կողմը շարքէն դուրս հանած է 3 հրասայլ, 2 ուղղաթիռ, 2 ԱԹՍ:
Արցախ
Արցախ 2016

Դէպքերու ժամանակագրութիւն

Խմբագրել

Ռազմական գործողութիւններու շրջան

Խմբագրել

2 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 1 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Ազրպէյճանական կողմը, կոպտօրէն խախտելով 12 Մայիս 1994-ին ձեռք բերուած կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման մասին համաձայնագիրով ամրագրուած հրադադարը, կիրարկած է իր զինանոցին մէջ եղած ռազմական արհեստագիտութեան գրեթէ բոլոր հնարաւոր տեսակները։
  • Ժամը 9։10-ին, հայկական կողմը տեղեկացուցած է ազրպէյճանական զինուած ուժերու մարդկային կորուստներու եւ հիւսիսային հատուածին մէջ փճացուած մարտական ուղղաթիռին մասին։ Կարճ ժամանակ ետք, հայկական պաշտօնական աղբիւրները յայտնած են ազրպէյճանական զինամթերքի փճացման մասին։
  • Ժամը 10։00-ի շուրջ, Արցախի պաշտօնական աղբիւրները յայտնած են, թէ խաղաղ բնակավայրերու հրթիռակոծութեան հետեւանքով, Արցախի Մարտունի շրջանին Զօրաւան գիւղին մէջ զոհուած է 12 տարեկան Վաղինակ Թաթուլի Գրիգորեանը, իսկ երկու այլ երեխաներ վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած՝ հիւանդանոց։
  • Կէսօրին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ Արցախի Լեւոնարխ գիւղին մօտակայքը ազրպէյճանական հետախուզական ջոկատը ոչնչացուած է, իսկ ազրպէյճանցիները կորուստներ տուած են։

3 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 3 Ապրիլին, ժամը 6։00-էն սկսեալ, առաջնային գիծի հարաւային ուղղութեամբ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակած են ռազմական գործողութիւնները։
  • Աւելի ուշ, Ազրպէյճանական կողմը հրադադար յայտարարած է, սակայն շարունակած է մարտական գործողութիւնները եւ Մարտակերտի խաղաղ բնակիչներուն հրթիռակոծումը[3][4]։
  • ԼՂՀ ՊԲ-ն յայտնած է, թէ հայկական ստորաբաժանումները Թալիշի (Արցախ) ուղղութեամբ ետ առած են նախորդ օրը կորսուած կարեւոր յենակէտերէն մէկը։ Երկու հայ զինուոր վիրաւորուած է։ Ռազմաճակատի հարաւային մասին մէջ ազրպէյճանական երկու թնդանօթ եւ մարտական մեքենայ մը փճացուած են։

4 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 4 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 4:00-ին, ազրպէյճանական կողմը ականանետերով ու հրանօթներով շարունակած է ռմբակոծել պաշտպանութեան բանակի առաջնագիծի դիրքերն ու մերձակայ հայկական բնակավայրերը։
  • Առաւօտեան ժամը 7։00-ի շուրջ տեղի ունեցած են բուռն հրետանակոծութիւններ հարաւ-արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով[5]։
  • Ազրպէյճանական զինուժը կիրարկած է ծանր հրետանի, ներառեալ՝ ՀԿՌՀ հրանետեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ)։ Հայ հրետանաւորները չէզոքացուցած են այդ համակարգերը, իսկ ՀՕՊ ստորաբաժանումները հարուածած են ԱԹՍ մը[6]։
  • ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարած է, թէ Մարտակերտի ճամբուն անօդաչու սարքը ռմբակոծած է Սիսիանի ջոկատին հանրակառքը, որուն հետեւանքով զոհուած է 5 հոգի։ Հանրակառքին մէջ եղած են նաեւ երկու գիւղապետեր[7]:

5 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 5 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 5:00-ի գիշերը, առաջնային գիծին հարաւային ուղղութեամբ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կիրարկած են «Սմերչ» համազարկային կրակի հակազդիչ համակարգ մը[8][9][10]։
  • Ժամը 12:00-ին հրադադար յայտարարուած է եւ ռազմական գործողութիւնները դադրած[11]։ Մեծ կորուստներ կրելով, Ազրպէյճան ստիպուած էր ռազմական գործողութիւններու դադրեցում խնդրել Ռուսաստանի միջնորդութեամբ:[12]։
  • Վիեննայի մէջ հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով[12]։

Յարձակողական գործողութիւններուն ծաւալը, օգտագործուած զինատեսակին եւ կենդանի ուժին քանակը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական ներկայացուցիչներու կողմէ եղած յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ ապրիլեան իրադարձութիւնները նախօրօք ծրագրուած ռազմական յարձակում էին: Ազրպէյճան նպատակ կը հետապնդէր գրաւել Արցախի ողջ տարածքը` փորձելով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծել ուժի կիրարկման միջոցով, որ սակայն ձախողութեան մատնուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին վճռական գործողութիւններուն շնորհիւ:

Հրադադարի շրջան

Խմբագրել

6 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 5 Ապրիլ ժամը 6:00-ի գիշերը, հիմնականին մէջ պահպանուած է 5 Ապրիլի ժամը 12:00-ին ձեռք բերուած հրադադարին շուրջ համաձայնութիւնը[13]։
  • Ժամը 18։30-ին, հիւսիս-արեւելեան (Թալիշի) ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտին մէջ, Ազրպէյճանի ականանետային կրակէն սպաննուած է ՊԲ պայմանագրային զինուոր՝ 1974-ին ծնունդ Արմէն Կառլենի Գասպարեանը[14]։

7 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 6 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, հիւսիս-արեւելեան (Թալիշի) ուղղութեամբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ձեռնարկած են հետախուզական գործողութեան մը, բայց հեռացած են մէկ զոհ տալով[15]։

8 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 8 Ապրիլին, ըստ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը Կարմիր խաչին միջազգային կոմիտէին եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին դաշտային օգնականներու միջնորդութեամբ, իրականացած են զոհուածներու որոնողական աշխատանքներ [16]։

10 Ապրիլ

Խմբագրել
  • 10 Ապրիլին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովը, ըստ Կարմիր խաչին միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակի միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան, Պաշ Քարվենտ բնակավայրին մօտակայքը տեղի ունեցած է դիակներու փոխանակում։ Հայկական կողմին յանձնուած է 18 հայ զինուորի մարմին[17][18]։

Քաղաքական ուղերձներ

Խմբագրել
  • 4 Ապրիլին, Հայաստանի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան, հանդիպած է ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններու հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղին հետ շփման գծով ստեղծուած իրավիճակին մասին տեղեկատուութիւն փոխանցելու, ինչպէս նաեւ իրավիճակին համարժէք լուծումներ գտնելու ճամբաները քննարկելու նպատակով[19].
  Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կողմ են, որպէսզի դադարեցուեն ռազմական գործողութիւնները եւ խստօրէն պահպանուի 1994-ի զինադադարի ռեժիմը եւ որ բոլոր զօրամիաւորումները վերադառնան մինչեւ 1 Ապրիլ 2016-ի իրենց զբաղեցրած դիրքերն ու զօրանոցները։
Որպէս ԵԱՀԿ անդամ երկիր՝ Հայաստանն անհրաժեշտ է համարում կոչ անել * ԵԱՀԿ բոլոր անդամ երկրներին՝ լինել սկզբունքային իրենց դիրքորոշումներում:
 
  • 5 Ապրիլին Մինսքի խումբի անդամ 9 երկիրները յայտարարութիւն մը տարածած են .
  Մենք՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երկիրներու (ՌԴ-ի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Պելառուսիոյ, Ֆինլանտայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Շուէտի, Թուրքիոյ) ներկայացուցիչներս, ինչպէս նաեւ Աւստրիայէն ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահողը (2017) եւ Սերպիայէն նախագահողը (2015), խստօրէն կը դատապարտենք Շփման գիծի երկայնքով բռնութիւններու աննախադէպ բռնկումը: Մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր տուժած ընտանիքներուն: Կողմերը կը յորդորենք անմիջապէս դադրեցնել ուժի կիրարկումը: Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի :

Իրադրութեան վատթարացումը ցոյց կու տայ անյետաձգելի բանակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ՄԽ համանախագահներու հովանիին ներքոյ, համապարփակ կարգաւորման շուրջ: Մինսքի խումբի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները կը վերահաստատեն իրենց աջակցութիւնը ՌԴ-ի, ԱՄՆ եւ Ֆրանսայի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ կ'ողջունեն կողմերու հետ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ արագ ուղիղ խորհրդակցութիւններ սկսելու անոնց ծրագիրները[20]

 

Ապրիլեան Պատերազմին Իսրայէլեան Գործօնը

Խմբագրել

2 Ապրիլ 2016-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը թէեւ «անակնկալ» որակումով բնորոշուած է շատերու կողմէ: Սակայն Ազրպէյճան անհամեմատ քանակով զէնք կը գնէր Ռուսիայէն` շուրջ 16 միլիառ տոլար արժողութեամբ, Իսրայէլէն` շուրջ 5 միլիառ արժողութեամբ, դառնալով Ասիոյ մէջ Իսրայէլի երկրորդ մեծ յաճախորդը, իսկ Թուրքիայէն` չբացայայտուած քանակով:

Ազրպէյճանական «Իլիուշին 76» տիպի բեռնատար օդանաւը երկու անգամ վայրէջք կատարած է Իսրայէլ` 4 Ապրիլին եւ 6 Ապրիլին, ըստ համացանցի թռիչքներու կայքին: Օդանաւը` AZAF8 անցած է Թուրքիոյ, ապա Կիպրոսի վրայէն եւ մտած է իսրայէլեան օդային տարածք` իջնելով Ուվտայի զինուորական խարիսխը: 10 Ապրիլին Հայաստան Իսրայէլի դէմ բողոք ներկայացուցած է` Ազրպէյճանին անօդաչու «անձնասպանական» ռումբ-թռչող սարքեր տրամադրելուն համար[21]:


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով վիրաւորուած է 4 հոգի, ինչպէս նաեւ՝ գիւղապետը:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-02 
  2. «Սահմանին պատահած իրադրութեան աննախադէպ լարման ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանը. ՀՀ ՊՆ:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-02 
  3. «Ազրպէյճան չէ դադրեցուցած կրակը | Ռազմ.info»։ razm.info։ արտագրուած է՝ 2016-04-03 
  4. «Մարտակերտը ծանր հրետակոծութեան տակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-03 
  5. «Ազրպէյճան կը կրակէ 152 մմ հրանօթներով, «Կրատ» կայաններով եւ հրասայլերով | Ռազմ.info»։ razm.info։ արտագրուած է՝ 2016-05-08 
  6. «Ազրպէյճան առաջին անգամ «Սոլնցեպիոկ» կիրարկած է»։ mediamax.am։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  7. «Թշնամին ռմբակոծած է Սիսիանի ջոկատի հանրակառքը, կայ 6 զոհ»։ hraparak.am։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  8. «Իրավիճակը Արցախի սահմանին. 05.04.2016 | Ռազմ.info»։ razm.info։ արտագրուած է՝ 2016-05-08 
  9. «Թշնամին կը զարգացնէ զինատեսակներուն տրամաչափը՝ «Սմերչ» կիրարկուած է»։ PanARMENIAN.Net։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  10. «Ազրպէյճանական կողմը կիրարկած ՄՄ-21 «Կրատ»-ի հրթիռն ու «Սմերչ»-ին հրթիռը Արցախի հարաւ-արեւելքը (լուսանկարներ)»։ www.tert.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  11. «Ղարաբաղա-Ազրպէյճանական շփման գիծին զինադադար է- Arm VersionArm Version»։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  12. 12,0 12,1 «Ժամը 12:00-էն երկկողմանի կրակը դադրած է. ԼՂՀ ՊԲ - Հետք - Լուրեր, յօդուածներ, հետաքննութիւններ»։ hetq.am։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  13. ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն, Նորութիւններ[permanent dead link]
  14. «ԼՂՀ ՊՆ.Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն խախտել դադարը. կան զոհեր»։ lratvakan.am։ արտագրուած է՝ 2016-04-06 
  15. «ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն»։ nkrmil.am։ արտագրուած է՝ 2016-04-07 [permanent dead link]
  16. «Իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ.»։ civilnet.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-09 
  17. «Զոհուածներու մարմիններու փոխանակում կատարուած է»։ fbh.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-09 
  18. «Բաշ Քարվենդի մօտ հայկական կողմին յանձնուած է 18 զոհի մարմին»։ armenpress.am։ արտագրուած է՝ 2016-04-10 
  19. «Նախագահ Սարգսեան երեք ուղերձ յղած է ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններուն | Ռազմ.info»։ razm.info։ արտագրուած է՝ 2016-05-08 
  20. Մինսքի խումբի անդամ 9 երկիրներուն յայտարարութիւնը
  21. Ապրիլեան Պատերազմին Իսրայէլեան Գործօնը