Թաւրիզ (պարս․՝ تبريز), կը գտնուի Իրանի հիւսիս-արեւմտքը, Աճիչայ գետի հովիտին մէջ, 1364 մեթր բարձրութեան վրայ։ Բնակչութիւնը՝ 1 558 693 մարդ (2016)[2][3]։

Քաղաք
Թաւրիզ
պարս․՝ تبریز
Դրօշակ

Երկիր  Իրան[1]
Քաղաքապետ Iraj Shahin Baher?
Տարածութիւն 324 քմ²
ԲԾՄ 1340 մեթր
Պաշտօնական լեզու Պարսկերէն
Բնակչութիւն 1 558 693 մարդ (2016)[2][3]
Ժամային գօտի UTC+3:30?
Հեռախօսային ցուցանիշ 041
Փոստային ցուցանիշ 51368
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 15
Պաշտօնական կայքէջ tabriz.ir

Պատմութիւն Խմբագրել

Հիմնադրած են Սասանեանները 3-4 դարերուն։ Կ՛ենթադրեն, որ անուանումն առաջացած է հին պարսկերէն թեպրիզ «տենդը վանող» բառէն (նկատի ունեցած են տեղանքի առողջարար կլիման)։ Հայ մատենագրութեան մէջ առաջին յիշատակութիւնը պահպանուած է Փաւստոս Բիւզանդի մօտ (5-րդ դար)։ Հայ մատենագրութեան մէջ յիշատակուած է Թաւրէզ, Թաւրէժ եւ այլ ձեւերով։

Հայերը Թաւրիզի մէջ Խմբագրել

Հայերու Թաւրիզ հաստատման սկզբնական թուականի մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չկան։ Սակայն ծանօթ է, որ սելճուք նուաճողները գերեվարած են հազարաւոր հայեր եւ Թաւրիզի մէջ բնակեցուցած։

Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն համեմատ, Թաւրիզի հայերու թիւը բազմացած կամ նուազած են։

1830-ին Թաւրիզի մէջ եղած է քառասուն տուն հայ։ Իսկ եւրոպացի ճանապարհորդները վկայած են՝ Մարքօ Փոլօն (1271) եւ Կանտարինին (1474), որ ԺԳ․-ԺԵ․ դարերուն Թաւրիզի մէջ եղած են մեծ թիւով հարուստ հայեր[4]։

Բնակչութիւն Խմբագրել

Տարի Բնակչութիւն
2016 1 558 693 մարդ [2][3]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • «Լոյս» հանրագիտակ 5, Յովսէփ Նալպանտեան, Երեւան, Տիգրան Մեծ 2009։