Հայկ նահապետ (նաեւ Հայկ թագաւոր[1] Հայկ դիւցազն), առասպելական հերոս, հայոց անուանադիր նախնին։

Հայկ Նահապետ

Մովսէս Խորենացի իր «Հայոց պատմութիւն» աշխատանքին մէջ գրի առած աւանդազրոյցին մէջ զինք կ'անուանէ նախահայր եւ ազգապետ։ Աստուածաշունչին համաձայն՝ Հայկ Հաբէթի սերունդներէն էր եւ այդ պատճառով երբեմն կ'անուանուի Հաբէթոսթեան Հայկ: Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Հայկ Նոյի սերունդէն է՝ աւագ որդի Հաբէթէն: Հայկ Նոյի 5-րդ սերունդն է՝ Հաբէթ (Japheth), Գամեր (komer), Թիրաս (Tiras), Թորգոմ (Tokarmah) եւ Հայկ (Haig

Մ. Խորենացի «Պատմութիւն Հայոց»-ին մէջ կը գրէ, որ Հայկ կ'ապստամբի Բաբելոնի տիրակալ Բելի (Belus/Belos) դէմ, Վանայ լիճին մօտ: Հայկ պատերազմելով Բելի դէմ, կը ջարդէ անոր զօրքը, կը սպաննէ զինք եւ հիմը կը դնէ հայոց պետութեան, որմէ ետք՝ երկիրը կը կոչուի ՀԱՅՔ։

Ժա. դարու վրացի պատմիչ Լեոնտի Մրովելուի վրացիներու ծագումը ներկայացնելով կը նշէ, որ Հայկ որդին է Թորգոմի։ Ըստ նոյն պատմիչին՝ Թորգոմ ունէր 8 զաւակ։ Կովկասեան բոլոր ժողովուրդները, ըստ անոր, սերած են Թորգոմի զաւակներէն, անոնց մէջ առաջինը հայերու նախահայր Հայկն է, երկրորդ զաւակը՝ վրացիներու նախահայր Քարթլոսն է (Kartlos), ապա՝աղուաններու եւ ուրիշներու։ Վրացիները Հայաստանը կ'անուանեն Սոմխեթի (Սոմխիթի)։ Այս անուանումը վրացի եւ հայ ուսումնասիրողները լուրջ ուսումնասիրած են, սակայն անոնց եզրակացութիւնները բաւարար եւ համահունչ չեն եղած՝ ինչպէս Մ. Խորենացիի, այնպէս ալ Լ. Մրովելուիի կողմէ յիշատակուող Հայկ/Հայոս անուան եւ Հայաստան երկիրի անուան ծագման աւանդաբանութեան հետ։ Համաձայն նոր տեսակէտի մը՝ Սոմխեթի (Սոմխիթի) անուանումը պէտք է հասկնալ որպէս «Արեւու կամ արեւելեան խեթեր»։

Բնութագրում

Խմբագրել

Հայկ յաղթանդամ եւ վայելչակազմ ռազմիկ-առաջնորդ էր։ Անոր զէնքերը՝ թուրը, նետը եւ աղեղը օժտուած էին գերբնական յատկութիւններով։

Հայկ եւ Բել

Խմբագրել

Հայկի կեանքին յայտնի դրուագներէն է անոր պատերազմը բաբելոնեան առաջնորդ Բելին դէմ։ Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան խառնաշփոթի ընթացքին Տիտանեան Բել ինքզինք կը հռչակէ աշխարհակալ եւ կը պարտադրէ, որ մարդիկ պաշտեն զինք։ Սակայն Հայկ չի ճանչնար Բելի ինքնակոչ իշխանութիւնը իր հարազատներուն եւ ցեղակիցներուն վրայ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Բաբելոնի մէջ իր անդրանիկ զաւակին՝ Արամանեակին (Արմէն) ծնելէն ետք Հայկ երեք հարիւր այլ ցեղակից ընտանիքներու հետ միասին կը վերադառնայ Հայք։ Հայրենիք ժամանելուն պէս, Հայկ բնակութիւն կը հաստատէ Տուրուբերանի Հարք գաւառին մէջ։ Հարք անունը կը մեկնաբանուի որպէս «հայրեր», «հայրենիք»։ Այդ ընթացքին Բել, Ասորեստանի տիրակալ դառնալով, մեծ բանակով կը ներխուժէ Հայկի վրայ։ Հայկի թոռ Քատմոս, որ բնակութիւն հաստատած էր Հայկական լեռնաշխարհի հարաւը՝ Կորճայքի, Արարատ լերան ստորոտին, կը զգուշացնէ Հայկը Բելի արշաւանքէն։ Հայկ իր բազմաթիւ զաւակներով եւ թոռներով Հայկաշէնէն կը մեկնի (Վանայ լիճին հիւսիսային ափի եզրով) դէպի Վան քաղաքը։ Վանէն հարաւ ինկած Հայոց Ձոր կոչուող գետի հովիտին մէջ Հայկ եւ Բել իրենց բանակներով դուրս կու գան իրարու դէմ։ Հայկ իր բանակը կը տեղադրէ եռանկիւնաձեւ գետի հիւսիսային (աջ) ափին, աջէն եւ ձախէն տեղադրելով իր աւագ որդին եւ թոռը՝ Արամանեակն ու Քատմոսը։ Սակայն Բել, բաղդատելով իր զօրքին քանակը, Հայկի փոքրաթիւ ռազմիկներուն հետ, կը հրամայէ իր զինուորներուն անցնիլ գետը եւ յարձակիլ Հայկի եւ իր զօրախումբին վրայ։ Բել կը խուսափի մարտէն, փոխարէնը բարձրանալով բլուրի մը վրայ, ուրկէ կը հետեւի մարտին։

Ճակատամարտի ամենաթեժ պահուն, Հայկ կը նկատէ Բելը բլուրին վրայ, կ'անցնի գետը եւ եռաթեւ նետով կը նետահարէ զինք։ Քանի որ Հայկի նետը երկաթէ ծայր ունէր, իսկ Բելին հանդերձները՝ պղնձեայ, Հայկին արձակած նետը կ'անցնի Բելին հանդերձներուն միջէն ու զինք կը զգետնեն։ Տեսնելով Բելի մահը՝ անոր զօրքը սարսափահար փախուստի կը դիմէ։ Հայկ կը հրամայէ ռազմադաշտին մօտ կառուցել ամրոց մը, որ կ'անուանի Հայկաբերդ։ Այդ ամրոցին մնացորդները կը պահպանուին մինչեւ օրս։ Բելի դիակը Հայկ կը հրամայէ տանիլ Հարք եւ, թաղելով Հայկաշէնէն ոչ հեռու, բլուր դարձնել անոր գերեզմանը՝ ի զգուշացում բոլոր օտարներուն, որոնք կը յանդգնին յարձակիլ Հայկին հայրենիքին վրայ։ Այս յաղթանակէն ետք երկար տարիներ ապրելով, Հայկին արեւը (հոգին) կը համբարնայ երկինք եւ կը դառնայ Օրիոն համաստեղութիւնը, որ հայերը կ'անուանեն Հայկի համաստեղութիւն։

Առասպելաբանութիւն

Խմբագրել

Ըստ որոշ հեղինակներու, Հայկի մասին պատմութիւնը հիմնուած է իրական պատմական իրադարձութիւններու վրայ եւ կ'արտացոլէ վաղ, նահապետական հայկական ցեղախումբերու պատերազմները հիւսիսային Միջագետքէն Հայկական լեռնաշխարհ ներխուժող ցեղերու դէմ։ Բացի ատկէ, Հայկին անունը եւ առասպելացուած արարքները կը յիշատակուին նաեւ արեւմտաիրանական ցեղերու մօտ եւ կը գտնեն իրենց արտացոլումը՝ Հուշանգ անուան տակ։

Ժառանգներ

Խմբագրել

Ըստ Մովսէս Խորենացիի եւ այլ հայ պատմագիրներու՝ Հայկին սերունդէն է Հայկազունիներու արքայատոհմը։ Այդ ազնուական հարստութեան վերջին ներկայացուցիչը՝ Վահէ արքան կը զոհուի Gaugamela-ի մէջ, Հայքը Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքէն պաշտպանելու ընթացքին։

«Հաբեթի սերունդներու ցանկը սահմանած եւ առաջադրած է Մովսէս Խորենացին, որպէս Հին Կտակարանի ազգաբանութեան ցանկերուն այլընտրանք, որովհետեւ, Պատմահայրը կը բողոքէ. «Ս. գիրքը իւրայինները (հրեաները) զատելով իբրեւ իր սեփական ազգը՝ միւսները լքեց, իբրեւ արհամարհելի եւ իր կողմէ նշանակուելու անարժան…(աւելցնելով) մեր Հաբեթի սերունդները բոլորովին չկան»։ Խորենացի առաջադրած է ՝ Նոյի Հաբեթ որդիին ազգաբանութեան ցանկ մը, աւելցնելով, որ ան աւելի հաւաստի է, քան Ծննդոց բաժինի ցանկերը, քանի որ այնտեղ Հաբեթի սերունդները կը բացակային (Մ. Խորենացի, ՀՊ, էջ՝ 77-78)։ Ի տարբերութիւն իրմէ առաջ եւ ետք պատմութիւններ գրող պատմիչներու, Պատմահայրը կը թուարկէ, թէ Հաբեթի ազգաբանութիւնը ճշդելով, ինք ինչ աղբիւրներէ օգտուած է՝ Աբիւտենոս, Կեփաղիոն, յունարէն գրականութիւն, իսկ Հին Կտակարանի Ծննդոց բաժինի ազգանութեան ցանկերը որեւէ հաւաստի աղբիւրներ չունին։ Խորենացիէն սկսեալ, մեր բոլոր պատմիչները անփոփոխ ձգած են «Հաբեթէն սկսող ազգաբանութեան», այդ թուականին «Առաջին հայկեաններու»՝ Հայկէն մինչեւ Արա Գեղեցիկ» Հայկազունի առաջնորդներու ցանկը։

Ըստ Խորենացիի շարք մը հայոց ազնուական տոհմեր իրենց ակունքներուն սկիզբը կը համարեն Հայկ Նահապետը։ Անոնցմէ են Բզնունիները, Խորխոռունիները, Մանդակունիները, Վահեւունիները, Վարաժնունիները, Առանշահիկները եւ այլն։ Ժամանակակից գիտնականներուն մէկ մասն ալ կը հրաժարի Հայկը դիտարկելէ իբրեւ զուտ առասպելական անձ մը եւ հակած է զինք ներկայացնելու իբրեւ հայոց թագաւոր, որ մեծ աւանդ ունեցած է հայկական արժեհամակարգին պահպանման եւ տարածման գործին մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել