Նոյ
Նոյ (եբր.՝ נֹחַ, Նոահ, Հին Կտակարանի Ծննդոց գիրքին մէջ անունը կը բացատրուի որպէս «հանգիստ, մխիթարութիւն», ըստ այլ մեկնութիւններու՝ «նոր». հին յուն․՝ Νῶε, արաբերէն՝ نوح, Նուհ), հինկտակարանեան նահապետ։ Նոյի պատմութիւնը կը ներկայացուի Ծննդոց գիրքին 6–9 գլուխներուն մէջ[1], ուր կ'ըսուի թէ ան կը կառուցէ Նոյեան տապանը ու ջրհեղեղէն կը փրկէ իր ընտանիքը (կինը, երեք որդիները եւ անոնց կիները) եւ կենդանիներու բոլոր տեսակներէն կը հաւաքէ, ու կը տեղաւորէ զանոնք Նոյեան տապանըին մէջ։ Ան նաեւ կը յիշատակուի որպէս «առաջին գիւղատնտես» եւ «առաջին գինեգործ»։ Նոյը նաեւ բազմիցս կը յիշատակուի Ղուրանին մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԸստ Հին Կտակարանի պատումի՝ Նոյ Նահապետի օրօք երկրի վրայ բազմացած էր մեղքը։ Մարդիկ հեռացած էին Աստուծմէ եւ կը գործէին անոր կամքին հակառակ։ Ապականուած աշխարհը նորոգելու համար Նոյը կը մաքառի 120 տարի, բայց ապարդիւն։ Տէրը, տեսնելով, որ մարդոց չարութիւնն ու այլասերուածութիւնը հսկայական չափերու հասած են, եւ անոնց սիրտն ու միտքը հակուած են միայն չարիք գործելու, կ'որոշէ վերացնել մեղսագործ մարդկութիւնը՝ շնորհ ընելով միայն Նոյին։ Ան միակ կատարեալ ու արդար մարդն էր ապականուած, չարութեամբ ու անիրաւութեամբ լի աշխարհին մէջ։
Վերահաս ջրհեղեղէն փրկուելու համար, Աստծոյ հրահանգով, Նոյը կը կառուցէ եռահարկ նաւ մը՝ տապան, եւ երբ կը սկսի ջրհեղեղը, ան կնոջ, 3 որդիներու (Սեմ, Քամ, Հաբեթ) եւ անոնց կիներուն հետ կը մտնէ տապան՝ իր հետ վերցնելով նաեւ երկրի բոլոր ցամաքային կենդանի արարածներէն ու թռչուններէն մէկական զոյգ՝ արու եւ էգ, իսկ «մաքուր» կենդանիներէն 2-ական զոյգ՝ Աստծուն զոհ մատուցելու համար։ Երկրորդ ամսուան 27-ին կը ժայթքին ստորգետնեայ բազում աղբիւրներ, կը բացուին երկինքին ջրվէժները, երկրի վրայ 40 օր ու գիշեր անձրեւ կը տեղայ, ջուրը կը բարձրանայ եւ 150 օր կը ծածկէ ցամաքը՝ ոչնչացնելով մարդիկն ու անասունները։
Երբ ջուրը կը սկսի կամաց-կամաց ետ քաշուիլ, Նոյի տապանը կը հանգրուանէ Արարատ (Մասիս) լերան վրայ. ասոր համար ալ Արարատ լեռը կ'ընկալուի որպէս մարդկութեան փրկութեան խորհրդանիշ։
Ջրհեղեղի դադարէն 40 օր անց Նոյը կը բանայ տապանի պատուհանը՝ տեսնելու համար, թէ արդեօ՞ք երկրի վրայէն ջուրը քաշուած է, եւ կ’արձակէ ագռաւ մը, որ չի վերադառնար։ Ապա կ'արձակէ աղաւնի, որ, ոտք դնելու տեղ չգտնելով, կը վերադառնայ տապան։ 7 օր անց նորէն կ'արձակէ աղաւնիին, որ այս անգամ կը վերադառայ՝ կտուցին ձիթենii շիւղը՝ կեանքի աւետիսը։ Կեանքի 601-րդ տարուան Նոյը դուրս կու գայ տապանէն, զոհասեղան կը պատրաստէ Արարատ լերան վրայ եւ գոհութեան պատարագ-ողջակէզ մատուցում Աստծուն։ Աստուած կ'օրհնէ Նոյին եւ անոր որդիներուն եւ կ'ըսէ. «Ահա ես իմ ուխտը կը հաստատեմ ձեզի հետ եւ ձեզմէ յետոյ՝ ձեր սերունդին հետ»։ Եւ երկինքին մէջ առաջին անգամ կը յայտնուի ծիածանը՝ ի նշան այն բանի, որ Տէրն այլեւս չկործանէ աշխարհը։
Նոյի որդիները ունեցած են շատ զաւակներ, որոնցմէ սեռած են բազմաթիւ ազգեր։ Հայ ժողովուրդը կը սեռի Նոյի Հաբեթ որդիէն։ Հիմք ընդունելով Աստուածաշունչը եւ պատմական այլ աղբիւրներ՝ Մովսէս Խորենացին «Հայոց պատմութեան» մէջ կը ներկայացէ Նոյի եւ անոր որդիներու ազգաբանութիւնը՝ Հաբեթի ճիւղը հասցնելով մինչեւ Արա Գեղեցիկ։ Նոյի անուան հետ կը կապուի հողագործութեան եւ գինեգործութեան յառաջացումը։
Ըստ հրեայ Յովսեպոս Փլաւիոս եւ յոյն Եւսեփիոս Կեսարացի պատմագիրներու, ինչպէս նաեւ ըստ հայկական աւանդութիւններու՝ Նախիջեւան տեղանունը կը մեկնաբանուի որպէս Նոյի առաջին իջեւանատեղի։ Հիմնուելով հնագոյն այլ առասպելներու վրայ՝ Վարդան Արեւելցին Նոյի գերեզմանատեղին կը յիշատաուի Վասպուրականի Նախճաւանի մէջ, իսկ անոր կնոջ՝ Նոյեմզարի գերեզմանատեղին՝ Մարանդի մէջ։ Աւանդաբար Նոյի անուան հետ կապուած են Ակոռի գիւղի, Առնոյոտն գաւառի, Երեւան քաղաքի, Նպատ լերան եւ այլ անուանումներ։
Նոյ Նահապետի յիշատակը կը նշեն Ընդհանրական, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցիները։ Հայ եկեղեցին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ, որպէս սուրբ մասունք, կը պահէ Նոյեան տապանէն փայտի կտոր մը. ան ըստ աւանդութեան, Մասիսի լանջին հրեշտակէն ստացած է Մծբին քաղաքի եպիսկոպոսը՝ սուրբ Յակոբ Մծբնացի հայրապետը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Silverman Jason (2013)։ Opening Heaven's Floodgates: The Genesis Flood Narrative, Its Context, and Reception։ Gorgias Press