Բզնունիներ
Բզնունիներ—հնագոյն իշխանական, նախարարական տոհմ Հայաստանի մէջ։
Ծագումնաբանութիւն
ԽմբագրելՀամաձայն տոհմական աւանդութեան, որ մեզ փոխանցած է Մովսէս Խորենացին, Բզնունիներու տոհմը կը սեռի Բազ նահպետէն։
Բազը Մանաւազ Հայկազունիի թոռն էր։ Ան հաստատուեցաւ Վանայ ծովու հիւսիս-արեւմտեան կողմին մէջ։ Անոր անունով ծովը կոչուեցաւ Բզնունեաց, իսկ գաւառը՝ Բզնունիք:
Այլ պատմական վկայութեան համաձայն Հայաստանի Լոռիի հիւսիսային շրջանին մէջ եւս Բազ նահապետը հիմնադրած է Բազակերտ աւանը Բազաբերդ ամրոցով, որուն մասին բազմաթիւ յիշատակումներ կան միջնադարեան հայ պատմիչներու մօտ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԲզնունիներու տոհմը նախնական շրջանին վարած է արքունի որսապետութիւնը, այնուհետեւ զօրահրամանատարութեան պաշտօնները։
Բզնունիներու տոհմական տոտեմը եղած է Բազէն, որ հետագային դարձած է տոհմի զինանշանը։
Տրդատ Գ. Մեծի ժամանակ անոնց վստահուած է Ձորայ պահակ սահմանային լեռնանցքը։ Բզնունեաց նախարարները եղած են զօրահրամանտարներ եւ սահմանային կ'ուսակալներ։ Բզնունիները կը յիշատակուին Գահնամակի եւ Զօրանամակի մէջ։ Զօրանամակի համաձայն Բզնունիները Հայոց արքունիքին տուած են 3000 հեծեալ։
Խոսրով Կոտակի ժամանակ տոհմի տանուտէր Դատաբեն Բզնունին, չենթարկուելով կեդրոնաձիգ իշխանութեանը, ապստամբեցաւ արքայի դէմ։ վաչէ Մամոկոնեանը Առեստի ճակատամարտին կը ջարդէ ապստամբներու մէկ մասը, իսկ մնացած մասը փախուստի կը դիմէ։ Դատաբեն Բզնունին շղթայակապ կը բերեն արքայի մօտ, եւ ըստ ժամանակի պատժական միջոցներու, անոր մահուամբ կը դատապարտեն դաւաճանի նման՝ քարկոծելով։
Սակայն Բզնունեաց աւատատիրական վերնախաւը դեռ գոյութիւն ունէր եւ նահապետական կարգերուն հաւատարիմ այդ տունը դեռ կը պահպանէր նախկին անհնազանդ ու ինքնիշխան կացութաձեւը, ուստի Վաչէ Մամիկոնեանին հրաման տրուեցաւ՝ ոչնչացնել դաւադրութեան մասնակից ամբողջ տանուտիրական աւագանին, որմէ ետք Բզնունեաց տիրոյթները կը բռնագրաւուին եւ կը միացուին արքայական կալուածներուն։ Հետագային, որպէս բռնագրաւուած գաւառ, շնորհման կարգով զայն կը յանձնեն Աղբիանոս եպիսկոպոսին, քանզի եկեղեցին կը սահմանափակուէր հեթանոսական տաճարապատկան հողերով եւ բռնագրաւուած տիրոյթներու ստացմամբ։ Չնայած տոհմի տանուտիրական վերնախաւի վերացմանը, Բզնունեաց տոհմը կրցաւ պահպանել իր գոյութիւնը աւատատիրական կարգի մէջ։ 6-7-րդ դարերուն կը յիշատակուին Բզնունեաց եպիսկոպոսներ, տարբեր ձեռագրերու յիշատակարաններուն մէջ կը հանդիպինք պատուիրատու եւ ստացող Բզնունի վարդապետներու, ուր կը խօսի անոնց աւատատիրական եւ ազնուական աստիճանի պահպանման մասին։
Մշտապէս յիշողութիւնը վառ էր տեղանուններու նկարագրութեան ժամանակ։ Օրինակ 13-րդ դարուն Խլաթը կը յիշատակուի որպէս «քաղաք Բզնունեաց Խլաթն» :
Տոհմի ոչնչացում ըսելով միանշանակ կը հասկացուի տոհմական աւագանի ու տանուտիրական իշխանութեան վերացումը, քանզի տոհմի հազարաւոր անդամներ խնամիական ու պաշտօնակատար բազմաթիւ կապերով կապուած ու սերտաճած էին պետութեան բոլոր տարածքներուն ու բնագաւառներուն մէջ, ան ալ դեռեւս դարաւոր հեռաւորութենէն։
Հետագային Բզնունի նախարարական տոհմի ներկայացուցիչներէն հազուադէպօրէն կը յիշատակուին ։ 16-17-րդ դարերուն կը յիշատակուին ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ որպէս պատուիրատու, ստացող կամ վարդապետ։
Բզնունի նախարարական տոհմէն կը սեռին Ներսէս Վրդ. Բզնունին (Ծն. 1839-ին Կարինի մէջ (Էրզրում)), Սուրբ Թադեւոսի վանքի վանահայր Սիմէոն Բզնունի եպիսկոպոսը, Բալուի գաւառի 19-րդ դարավերջի հոգեւոր առաջնորդ Ներսէս վրդ. Բզնունին եւ Յովհաննէս վրդ. Բզնունին։ 21-29 Մայիս 1918-ին Սարդարապատի հերոսամարտի մասնակից՝ դաշնակցական Յարութիւն Բզնունին, 20-րդ դարու պարսկահայ բանաաստեղծ Լեւոն Բզնունին եւ այլք։ Տոհմի ներկայացուցիչներ կան նաեւ մեր օրերուն։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մովսէս Խորենացի, «Պատմութիւն Հայոց», էջ 226, Երեւան 1961։
- «Իրանահայ արդի գրողներ» գիրքի առաջին հատորէն, էջ 103, Տպարան «Մոդեռն», Թեհրան, 1964։