Գանձասարի վանք
Գանձասար, վանական համալիր Արցախ, Մարտակերտ շրջանի Վանք գիւղին մօտակայքը, պատմական Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Մեծ Առանք գաւառին մէջ, Խաչէնագետի ձախ ափին, Գանձասար լերան վրայ։ Անունը ստացած է Վանք գիւղին դիմացը գտնուող բլուրէն, որուն ընդերքը կան արծաթի եւ այլ մետաղներու հանքեր։
Վանքին տեղը կը կոչուէր Աղուան, որ հին հայկական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ ամառանոցավայր (հաւուց տեղիք)։ Գրաբար տառադարձութեամբ Աղուան։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀայ Բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակաշրջանին Հայոց Կաթողիկոս Անանիա Մոկացի (942-965) մտահոգ Հայաստանի արեւելեան թեմերու եկեղեցական գործերով, Արցախ կու գայ եւ Գանձասարի վանքին մէջ հոգեւորականութիւնն ու իշխանները ժողովի կը հրաւիրէ եւ ազգային ոգիով կը պաշտպանէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանանքին ամրութիւնը եւ անաղարտութիւնը[1]:
Գանձասարը առաջնորդարան էր եւ Խաչէնի իշխաններու տոհմական տապանատունը։ Հասան-Ջալալեան տոհմի իշխաններու հոգածութեան շնորհիւ Գանձասարը պահպանած է հոգեւոր կեդրոնի իր դերը։ Վանքը ունեցած է հարուստ ձեռագրատուն, դպրանոց, ուր ստեղծուած են բարձրարժէք ձեռագիրեր, ուսանած են հոգեւոր գործիչներ, որոնք իրենց նպաստը բերած են Խաչէնի եւ յարակից շրջաններու մտաւոր եւ մշակութային կեանքի զարգացման։
Գանձասարը 1400 - 1816 թուականներուն Աղուանից կաթողիկոսներու նստավայրն էր[2]։ 1923-էն՝ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուելէ ետք, չէ գործած, եւ միայն հնարաւոր եղած է զայն նորոգել 1993-1997 թուականներուն։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու՝ 1214-ին Ներքին Խաչէնի կամ Խոխոնաբերդի իշխանութիւնը Վախտանգ Բ.-էն (Տանգիկ) ետք կը ժառանգէ անոր անդրանիկ որդին՝ Հասան (Հայկազ) Ջալալը եւ անոնցմէ սերած տոհմը կը կոչուի Հասան Ջալալի տոհմ։ Պատմական աղբիւրներուն մէջ անոր շարք մը տիտղոսներ տրուած են՝ «Մեծ իշխան», «Իշխանաց իշխան տէր Խաչէնոյ եւ Առանայ», «Թագաւոր Ջալալ Տովլա», «Բարեպաշտ արքայ Ջալալ» եւ այլն։ Ըստ Կիրակոս Գանձակեցիի՝ անոր հայրը՝ Վախտանգ Տանգիկը, երբ կը մահանայ իր որդւոյն՝ Հասան Ջալալին եւ իր կնոջը՝ Խորիշահին, որ Բագրատունեաց տոհմէն իշխանաց իշխան Սարգիս ամիրսպասալար Զաքարեանի դուստրն էր, կտակած է՝ «զի շինեսցուք եկեղեցի ի գերեզմանատ հարց մերոց ի Գանձասար», որուն կառուցումը սկսած է 1216-ին եւ աւարտած 1238-ին եւ օծուած 1240-ին՝ Վարդավառի մեծ տօնին: Ներկայ եղած են Աղուանքի Ներսէս կաթողիկոսը, Վանական Վարդապետը, իշխաններ, եպիսկոպոսներ, Հայաստանի վանքերու առաջնորդներ եւ 700 քահանայ։ Սակայն խաղաղ ժամանակներուն յաջորդող դաժան օրերուն ընթացքին Մամքանի փառաբանուած ամուսինը՝ Ջալալը, 1261-ին ողբերգական վախճան կ'ունենայ, եւ կինը կ'որոշէ կառուցել Գանձասարի գաւիթը, ուր ամփոփուած են ամուսինին աճիւնները։
Մխիթար Գոշ եւ Կիրակոս Գանձակեցի կը վկայեն, որ Գանձասարի վանքին գաւիթը եղած է իշխանական տոհմի ներկայացուցիչներու գերեզմանատունը։ Գաւիթը խաչուող կամարներով ծածկուած է եւ իր յատակագծային-ծաւալային յօրինուածքով կը նմանի Հաղբատի վանքին ժամատան եւ Մշկավանքի գաւիթին ձեւերուն։
1260-ին Թիֆլիս (Տփղիս) լքած վրաց թագաւոր Դաւիթին՝ Լաշայի որդւոյն, ու Վրաստանի ժողովուրդը փրկելու համար եւ թաթարներու դէմ ապստամբութիւն կազմակերպելու պատրուակով ոստիկան Արղունը կը ձերբակալէ թագուհի Գոնցան, Հասան Ջալալին, Զաքարէ ամիրսպասալարի որդին՝ Շահնշահը եւ ուրիշներ։ Փրկագինով բոլորն ալ կ'ազատին, բացի Մեծն Ջալալէն, որուն Արղուն կը ստիպէ ուրանալ հաւատքը եւ «եդեալ փայտ ի պարանոց նորա եւ երկաթ յոտս նորա», կը տանի Ղազվին (Իրան)։ Հասան Ջալալ հաւատափոխ չ'ըլլար 1261-ին Արղունի դահիճներն «անդամ առ անդամ կը յօշոտեն զինք»։ Հասան Ջալալ Տովլայի մարմինին վրայ լոյս կ'իջնէ, եւ պարսիկ մը, ատիկա տեսնելով, կը հաւատայ, որ ան սուրբ է, կը հաւաքէ անոր մարմինին մասերը եւ կը պահէ չոր ջրհորի մը մէջ։ Հասան Ջալալի Աթաբեկ-Իվանէ որդին նահատակ հօր մասունքները կը բերէ հայրենիք եւ կ'ամփոփէ մօր՝ Մամքանի՝ արդէն կառուցած վանքին գաւիթին մէջ։ Մինչեւ օրս Ջալալ Մեծի տապանաքարը կը գտնուի Գանձասարի վանքին գաւիթին մէջ։
Ժէ. դարուն Գանձասարի կաթողիկոսները սերտ համագործակցած են Արցախի մելիքութիւններուն ազատագրական ոգորումներուն։ ԺԸ. դարուն անիկա դարձած է ազատագրական շարժումներու կեդրոն։ Դարասկիզբին Եսայի Հասան-Ջալալեան կաթողիկոսին շուրջ համախմբուած էին շարժման ղեկավար գործիչները։ Ազատագրական շարժման կեդրոնի դերը պահպանուած է մինչեւ 1815, երբ ցարական կառավարութեան հրահանգով Գանձասարի կաթողիկոսութիւնը կը վերանայ, իսկ անոր փոխարինած մետրոպոլիտութեան աթոռանիստը կը դառնայ Շուշին։
Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին Հովասափ Միայնակեցի 1240-ին կ'արձանագրէ Հասան Ջալալ Մեծի Ուխտը։ Ըստ Հասան Ջալալ Մեծի 27 տողէ բաղկացած կտակին՝ երբ կը սկսի Գանձասարի կառուցումը եւ քարագործ վարպետները կը հասնին արեւելեան լուսամուտին, մայրը՝ Խորիշահ, Աբգար թագաւորին կնոջ՝ Հեղինէին նման, Երուսաղէմ կ'երթայ եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը կը ճգնի Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ։ Ըստ իր կտակին՝ ան եկեղեցիները ազատ կը կացուցէ հարկերէ։ Գանձասարի վանքը շուրջ 1400-ին դարձած է Աղուանից կաթողիկոսութեան աթոռանիստը։ Այս վանքին մէջ կաթողիկոսներուն հետ հանդիպումներ ունեցած են ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերու հայ ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչներ Իսրայէլ Օրին եւ Յովսէփ Էմինը։ Հոս շատ յիշարժան գիրքեր գրուած են՝ ԺԵ. դարուն Մատթէոս Մոնողոնի տաղերու ժողովածուն, ուր ներառուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիի չափածոյ պատմութիւնը, իսկ ԺԸ. դարուն՝ Յովհաննէս Բ. կաթողիկոսի «Դատաստանագիրքը»։
Ըստ պատմական փաստերու՝ Գանձասարի մէջ ամփոփուած են Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը, Յովհաննէս Մկրտիչին հօր՝ Զաքարիոյ արիւնը, Գրիգոր Լուսաւորիչին «Օրէնուսույց Ս. ծնօտը», Լուսաւորիչին թոռ Գրիգորիսի, Ս. Պանտալէոն բժիշկի եւ այլ նահատակներու Ս. նշխարները։
Վանքը Արցախեան ազատամարտի ընթացքին
ԽմբագրելԱրցախեան ազատամարտին ընթացքին, Գանձասարը քանի մը անգամ յարձակման ենթարկուած է: Վանքի շրջակայքին մէջ կատաղի մարտեր տեղի ունեցած են 1992-ին, երբ Ազրպէյճան պաշարած էր տարածքը: Վանական համալիրին ներսը գտնուող շէնքերէն մէկ քանին ազրպէյճանական ուղղաթիռներէն ռմբակոծութեան իբրեւ արդիւնք վնասուած էր, սակայն թշնամիին թիրախը յատկապէս եկեղեցին էր:[3]Վանքին պատերու պարիսպներուն վրայ մինչեւ այսօր կարելի է նկատել 90-ականներէն մնացած ռմբակոծումի հետքեր, նոյնիսկ չպայթած ռումբը, որ արձակուած էր վանքին ուղղութեամբ, սակայն նպատակին չէր հասած: Պատերազմէն ետք վանքը ամբողջութեամբ նորոգուած է:[4]
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի
ԽմբագրելԳանձասար վանական համալիրի գլխաւոր տեսարժան վայրը՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կառուցուած է 1216 - 1238 թուականներուն Հասան-Ջալալ իշխանին կողմէ[5]։ Անիկա մեծ խաչագմբէթ եկեղեցի մըն է: Խորհրդային նշանաւոր պատմաբան եւ արուեստագէտ Անատոլի Եակոբսոն, որ երկար տարիներ կ'ուսումնասիրէր վանքը, տաճարը կ'անուանէ «հայկական ճարտարապետութեան շտեմարան»: Փրոֆ. Շարլ Տիլը (1859-1944) Սորպոնի համալսարանէն, արուեստի պատմութեան ֆրանսացի նշանաւոր պատմաբան, Գանձասարը կը դասէ հայ ճարտարապետական արուեստի 5 գլուխ-գործոցներու շարքին, որոնք մտած են համաշխարհային ճարտարապետութեան գանձարան: Գանձասարի վանքէն բացի, Տիլի ցանկին մէջ կը յայտնուին Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին (915-921) (Վանայ լիճ, Թուրքիա), Էջմիածինի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին (618), Հաղբատի վանքը (հիմնուած Ժ. դարուն) եւ Ամենափրկիչի եկեղեցին՝ Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Անիի մէջ (հիմնուած 1001-ին):
Գանձասարի մատենադարանը
ԽմբագրելՎանքին մօտակայքը կարելի է նաեւ տեսնել Գանձասարի մատենադարանը, որ նոյնպէս կը կրէ Մեսրոպ Մաշտոցին անունը: Անիկա բաղկացած է գիտական եւ թանգարանային բաժիններէ. գրադարան, ընթերցասրահ եւ դահլիճ, ուր կը կազմակերպուին զանազան տեսակի ձեռնարկներ եւ գիտաժողովներ: Արցախի մատենադարանին մէջ կարելի է ծանօթանալ միջնադարեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ ժամանակակից շրջանի ձեռագիրերու եւ հնատիպ գիրքերու:
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Գանձասարի գմբէթները
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Գանձասարի վանքը»։ Գանձասար աստուածաբանական կեդրոն, Երեւան 2009
- ↑ Hewsen Robert H. (2001)։ Armenia: a historical atlas։ The University of Chicago Press։ էջ 159։ ISBN 0-226-33228-4
- ↑ Գանձասարը Արցախեան գոյամարտի օրերուն
- ↑ Գանձասարի վանք
- ↑ Artsakh: A Photographic Journey by Hrair Khatcherian, p.13. Կաղապար:OCLC
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Հայոց լեռներու գանձերը - Գանձասար
- Գանձասար վանքի մասին հաղորդում Վեմ ռատիոկայանին կողմէ Archived 2012-05-25 at the Wayback Machine.