Խաչէնի իշխանութիւն
Խաչէնի իշխանութիւն, հայ աւատական վարչա-քաղաքական կազմաւորում Հայաստանի մէջ, Ժ-Ժէ. դարերուն՝ նախկին Ծավդեք-Արցախի նախարարական-իշխանական տան տոհմաճիւղերու գլխաւորութեամբ։ Արաբական տիրապետութեան վերջին շրջանին (Թ դարու վերջը) Գանձակի մէջ գոյացած քիւրտ-իսլամական ամիրայութիւնը իւրացուցած էր Ուտիքի շարք մը գաւառներն ու Արցախի Մուխանք գաւառը, եւ Բագրատունիներու թագաւորութեան օրով արդէն նախկին Արցախի նախարարական տունը, բաժնուած երկու ճիւղի, գլխաւորաբար կ'իշխէր նահանգին լեռնային ու նախալեռնային տարածքին մէջ։ Եթէ նահանգին արեւելեան եզրը կը հասնէր Մուխանք (Միլ-Մուղան) դաշտին, ապա արեւմուտքէն անիկա կ'ընդգրկէր Գեղամայ (Սեւանայ լիճի) ամբողջ արեւելեան ափը՝ Սոդք գաւառով։ Թ.դարու կէսէն Խաչէնի իշխանութիւնը կը տարածուէր նաեւ Ուտիքի հարաւային եւ արեւմտեան գաւառներուն վրայ։ Մահլ Սմբատեանի (Թ. դարու առաջին կէս) գրաւումներու շնորհիւ Մեծ Սիւնիքի հիւսիսարեւմտեան մասը (Գեղամայ գաւառ) նոյնպէս կ'անցնի Խաչէնի իշխանութեան տակ։
Ժ. դարէն սկսեալ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ նահանգին կեդրոնական, բերդ-ամրոցներով հարուստ մասը՝ Խաչէնը (Թարթառ, Խաչէն ու Կարկառ գետերու հովիտները), որու ընդհանուր անունով ալ կոչուած էր ամբողջ իշխանութիւնը։ Անկախ տոհմաճիւղերու քանակէն՝ Խաչէնի իշխանութիւնը միշտ հանդէս եկած է որպէս մէկ ամբողջութիւն։ Կոստանդին Ծիրանածինը, թուարկելով Հայաստանի պետական կարեւորագոյն կազմաւորումները, որոնց հետ բիւզանդական արքունիքը գրագրութիւն ունէր, կը յիշէ նաեւ Խաչէնի իշխանը[1]։ Այս կը նշանակէ, որ Մեծ Հայքի Ծավդեք-Արցախի նախարարութեան չընդմիջուող ժառանգորդ Խաչէնի իշխանութիւնը կը շարունակէր մնալ Հայաստանի ամենաազդեցիկ վարչական միաւորներէն մէկը։ Մխիթար Գոշ յանձինս Խաչէնի իշխանութեան ու Կիլիկեան (Ռուբինեան) իշխանապետութեան կը տեսնէր հայրենի թագաւորութեան այն հզօր բեկորները, որոնց հետ կը կապէր հայ ժողովուրդի քաղաքական միասնութեան վերականգնման բաղձանքները։
Սելճուք-թուրքերու տիրապետութեան դէմ մղած մարտերու եւ Զաքարեաններու ձեռնարկած ռազմաքաղաքական միջոցառումներու հետեւանքով Խաչէնի իշխանութիւնը կը բաժնուի նոր ճիւղաւորումներու։ Ժէ. դարու վերջը անոնք արդէն երեքն էին՝
- Ներքին Խաչէն,
- Հաթերք,
- Վերին Խաչէն (Ծառ)։
Այս ճիւղերու գործարար հովանաւորութեամբ շէն ու բարգաւաճ կը մնային հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ Գանձասարը, Դաթի եւ Խադարի վանքերը, որոնց մէջ ստեղծուած գրչութեան կեդրոններն ու դպրանոցները մեծ համբաւ ունէին Հայաստանի մէջ եւ յաջողութեամբ կը գլխաւորէին Խաչէնի իշխանութեան եւ յարակից շրջաններու մշակութային կեանքը։
Մոնկոլական տիրապետութեան տեւական շրջանը ծանր ազդեցութիւն կ'ունենայ Խաչէնի իշխանութեան քաղաքական ու մշակութային կեանքին վրայ։ Ժը. դարու առաջին կէսին կը վերանայ Հաթերքի իշխանութիւնը, եւ անոր տիրոյթները կ'անցնին Ներքին Խաչէնի Հասան-Ջալալեաններուն ու Վերին Խաչէնի Դոփեաններուն։ Հակամոնկոլական շարժումները գլխաւորելու համար 1261-ին զազանաբար կը սպաննուի շուրջ 40 տարի Խաչէնի իշխանութեան գահերեց իշխան Հասան- Զալալը, որ կը հովանաւորէր ամբողջ Հիւսիս-Արեւելեան Հայաստանի մշակութային գործը, իսկ մոնկոլներու տիրապետութեան առաջին շրջանին աչքի ինկած էր հայրենի իշխանութիւնները միաւորելու, մոնկոլ տիրակալներուն հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարելու շրջահայաց քաղաքականութեամբ։ Գիտակցելով Վերին ու Ներքին Խաչէններու իշխաններուն ազդեցիկ դերը Արեւելեան Հայաստանի քաղաքական կեանքին մոնկոլ կուսակալները կը ջանային գլխատել Խաչէնի իշխանութիւնը, մոնկոլ մեծ խանի մօտ պարբերաբար դաւեր կը նիւթէին անոնց դէմ, անոնցմէ աւելի ուժեղներուն։ 1387-ին Լենկթեմուրի հորդաները կը կոտորեն հայրենիքի պաշտպանութեան համար ոտքի ելած Ծառի տէր Հասանն ու անոր վեց որդիները։ Այսուհանդերձ, Խաչէնի իշխանութիւնը չի վերանար։ Ակ-կոյունլու եւ կարա-կոյունլու թուրքերուն տիրապետութեան շրջանին ամբողջ Հայաստանի մէջ Խաչէնի իշխանութիւնն անընդմեջ գոյատեւած միակ պետական կազմաւորումն էր։ Օտար տիրակալներուն կործանարար հարուածներէն թոյլցած ու մանրացած Խաչէնի իշխանութիւնը կառչած կը մնար հայրենի երկրին՝ գերագոյն ջանքերով պահպանելով ազգային ինքնութիւնը։ Ժզ. դարու երկրորդ կէսին պարսկա-թրքական պատերազմներու շրջանին Խաչէնի իշխանութեան կազմին գոյատեւող գաւառական մանր տոհմակից իշխանութիւններն արդէն ունէին որոշակի սահմաններ եւ քաղաքական֊տնտեսական կեանքի ինքնուրոյն բնագաւառներ։ կը մնար գերագոյն տիրապետողի վաւերացումը, որ կը կատարէ շահ Աբբաս Ա.-ը 1603-ին՝ Խաչէնի իշխանութեան գաւառներու իշխանաւորները օժտելով մելիքական տիտղոսներով եւ իրաւունքներով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Կոստանդին Ծիրանածին, Արարողութիւններու մասին, գիրք 2, գլ. 48