Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)

Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, հայկական նշանաւոր եկեղեցի Հայաստանի Էջմիածին քաղաքին մէջ։ Ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակի մէջ։

Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Աւանդութեան համաձայն, Հռիփսիմէն քրիստոնեայ կոյսերու հետ, խուսափելով Դիոկղետիանոս կայսեր (284 - 305 թթ.) հալածանքներէն, կը փախչին Հայաստան եւ քրիստոնէութիւն կը քարոզեն, ուր հայոց Տրդատ Գ. Մեծ արքայի կողմէն նոյնպէս հալածանքներու կ՛ենթարկուին ու կը սպանուին իր հաւատակից 32 կոյսերու հետ միասին։ Հռիփսիմեան կոյսերու նահատակման տեղը Տրդատ արքան եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ կառուցած են վկայարան՝ կիսագետնափոր հանգստարան, վրան՝ քարաշէն չորս սիւներով ամպհովանի։ V դ. այն աւերած են պարսիկները, Սահակ Պարթեւը կառուցած է նորը։ Եկեղեցին հիմնադրուած է այդ վայրին մէջ 618 թ.-ին Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսի կողմէն։ Աւագ խորանի արձանագրութեան մէջ՝ կաթողիկոսը իրեն անուանած է «Շինող սրբոյ Հռիփսիմէի»։

Յետագային

Խմբագրել

1653-ին Փիլիպոս կաթողիկոս այն վերանորոգած է եւ արեւմտեան մուտքի դիմաց կառուցած բաց գաւիթ։ Յետագային եկեղեցին շրջափակուած է աղիւսաշէն պարիսպով ու բուրգերով (1776), գաւիթի վրայ կառուցուած է զանգակատունը (1880), շինուած են արեւելեան եւ հարաւային սրբատաշ քարէ պարիսպները, բնակելի տունը, բակի օժանդակ կառոյցները (1894)։ Զգալի նորոգումներ կատարուած են 1898-ին։ 1958-ին մաքրուած են Հռիփսիմէի տաճարին ներսի տեսքը խաթարող սուաղը։ Նորոգումներու ժամանակ բացուած են որմնասիւներու տակ որպէս հիմնաքարեր դրուած հելլենիստական տաճարի քանդակազարդ քիւի բեկորներ, որոնք կը վկայեն, որ Հռիփսիմէի տաճարին տարածքին եղած է հեթանոսական տաճար։ Եկեղեցւոյ շրջապատի պեղումներու ժամանակ բացուած են նախաքրիստոնէական եւ վաղ քրիստոնէական շրջանի թաղումներ ու վաղ միջնադարու միանաւ եկեղեցի՝ արտաքուստ հնգանիստ բոլորաձեւ յատակագիծով։

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Հռիփսիմէի տաճարը կը պատկանի Միջնադարեան Հայաստանի եկեղեցական կառոյցներու առաւել կատարելագործուած տիպին (ձեւաւորուած է VI դարուն)։ Ներքուստ խաչաձեւ է, զոր ստեղծուած է գմբէթածածկ ծաւալին կցուած չորս խորաններով ու շրջանի 3/4 հատուածի անկիւնային խորշերով։ Ներքին տարածութիւնը ամբողջական է, ընդարձակ, ամփոփ ու սլացիկ։ Արտաքինէն պարփակուած է ուղղանկիւն ծաւալի մէջ, անկիւններուն ստացած են չորս սենեակներ, որոնք աղօթասրահի հետ կը կապուին անկիւնային խորշերով։ Հռիփսիմէի տաճարը կառոցուածքով քարի ողջ պարագիծով տարած միաձոյլ համակարգ է, ունի մեծ երկրաշարժակայունութիւն։ Խորաններու գմբէթարդներու ու անոնց տանիքներուն միջեւ ձգուած են սնամէջ տարածութիւններ, որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ գերազանց հնչականութեան եւ ծառայած որպէս գաղտնարաններ։ Հռիփսիմէի տաճարի կառուցուածքային համակարգը՝ չորս խորաններու, խորշերու ու անոնց վրայ հանգչող գմբէթի կորագիծ մակերեւոյթներով, անոր գեղարուեստական կերպարի հիմնական միջոցն է։ Աղօթասրահը ստացած է խիստ արտայայտիչ տարածական լուծում, ութ զանգուածեղ որմնամոյթերու ուղղաձիգ ընդգծումները անոր կու տան վերսլացութիւն։ Հռիփսիմէի տաճարն իր տիպի կառոյցներէն կ՛առանձնանայ լայնանիստ (10, 1 մ.) ոչ բարձր թմբուկով, գմբէթային քառանկեան անկիւններուն թմբուկին կցուած աշտարակիկներով, ցած ուղղանիստ ծաւալէն մինչեւ գմբէթի վեղարը ծաւալներու ներդաշնակ անցումներով, որով ձեւաւորուած է յուշարձանի առաւել արտայայտիչ ուրուագիծը։ Ճակատներու սեղանաձեւ կտրուածքով խորշերը ստեղծած են ուղղաձիգ ուժեղ ընդգծումներ, ճակատներու հարթութիւնը դարձուցած՝ ծաւալային, թեթեւացուցած յուշարձանի զանգուածեղութիւնը։ Հռիփսիմէի տաճարին բնորոշ է ծաւալներու ամփոփ ու ներդաշնակ համակցութիւնը։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։