Վաղարշապատ
Վաղարշապատ (ճանաչելի է նաեւ Էջմիածին անունով), քաղաք Հայաստանի Արմաւիրի մարզին մէջ։ Հայաստանի քաղաքներէն մեծութեամբ 4-րդն է։ Վաղարշապատ (Էջմիածնին մէջ) կայ 5 եկեղեցի, որոնցմէ մէկը՝ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, Հայաստանի գլխաւոր եկեղեցին է եւ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրին մէջ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է։
Բնակավայր | |||||
---|---|---|---|---|---|
Վաղարշապատ | |||||
| |||||
Երկիր | Հայաստան | ||||
Հիմնադրուած է՝ | ՔԱ685 | ||||
Տարածութիւն | 13 քմ² | ||||
ԲԾՄ | 853±1 մեթր | ||||
Պաշտօնական լեզու | հայերէն | ||||
Բնակչութիւն | 57 500 մարդ (2010)[1] | ||||
Ժամային գօտի | UTC+4։00 | ||||
Հեռախօսային ցուցանիշ | 231 | ||||
Փոստային ցուցանիշ | 1101–1109 | ||||
Պաշտօնական կայքէջ | ejmiatsin.am | ||||
Վաղարշապատն ունի գլխաւոր ճանապարհ դէպի մայրաքաղաք Երեւան։ Միացուած է Երեւանին գիւղերով։ Վաղարշապատէն դէպի Երեւան մայրուղին 15-16 քմ է։
Անուանումներ
ԽմբագրելԸստ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան», մինչեւ Վաղարշապատ կոչուիլը քաղաքը, անուանուած է Վարդգէսաւան, իսկ նախապէս՝ Արտիմեդ։
Վաղարշապատն ունի գլխաւոր ուղի դէպի մայրաքաղաք Երեւան։ Միացուած է Երեւանին գիւղերով։ Վաղարշապատէն դէպի Երեւան մայրուղին 15-16 քմ է[2]։
Արտիմեդ
ԽմբագրելԲնակավայրի Արտիմեդ անուանումը, հաւանաբար, պայմանաւորուած եղած է այնտեղ գտնուող Արտիմեդ՝ Անահիտ աստուածուհիին նուիրուած տաճարով։ Այդ ենթադրութիւնը կը հիմնաւորեն՝ 1950-ական թուականներուն, Մայր եւ Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարներու պեղումներու ժամանակ իրենց հիմքերէն յայտնաբերուած հեթանոսական տաճարներու բեկորները։
Վարդգէսաւան
ԽմբագրելՎարդգէս Մանուկը բաժնուելով Տուհաց գաւառէն, Քասախ գետով կու գայ կը նստի Շրէշ բլուրի եւ Քասախ գետի մօտ՝ Արտիմեդ քաղաք Երուանդ արքային խնամախօսելու, ուր իր անունով կը հիմնուի Վարդգէսաւանը։
Վաղարշապատ
Խմբագրել2-րդ դարու առաջին կէսին, ըստ Մովսէս Խորենացիի, Սանատրուկ Բ.-ի որդի Վաղարշ Ա. թագաւորը Վարդգէսաւանը կը պատէ պարիսպով եւ մեծ ամբարտակով, դարձնելով թագաւորանիստ քաղաք՝ վերակոչելով այն Վաղարշապատ կամ Նոր Քաղաք, Վաղարշ Ա. Արշակունիի ժամանակից (Ք.Ե. 191-211 թուականներ)[2]։ Միջին դարերուն, յատկապէս միջնադարուն, Վաղարշապատ մերթ ընդ մերթ կոչուած է նաեւ Էջմիածին, որ համանուն վանքին եւ ո՛չ ամբողջ բնակավայրին անունն է։
Այս (Վաղարշ Ա. Արշակունին, ըստ Խորենացիի թագաւորած 191-211 թուականներուն) պատեաց պարիսպով հզօր աւանն Վարդգէսի, որուն դիմաց Քասախ գետը, զորմէ զառասպելն կ՝ըսէ Հատուած գնացեալ Վարդգէս մանուկն ի Տուհաց գաւառէն զՔասախ գետով, եկեալ նստաւ զՇրեշ բլուրով, զԱրտիմեդ քաղաքով, զՔասախ գետով կռել կոփել զդուռնն Երուանդայ արքայի։ Այս Երուանդ առաջինն է, Սակաւակեացն է, որ ի Հայկեանց, զորուն զքոյրն կին առաւ Վարդգէսի՝ շինեց զաւանս զայս, յորուն եւ Տիգրան միջին յԱրշակունեաց (Տիգրան Բ Մեծ) նստոյց զհասարակ առաջնոյ գերութեանն Հրէից, որ եղաւ քաղաքիւղ վաճառօք։ Այժմ այս Վաղարշ պատեաց պարիսպով եւ հզօր ամբարտակով, եւ անուանեաց Վաղարշապատ, որ եւ Նոր քաղաք։ - Մովսես Խորենացի
|
Կայնեպոլիս
Խմբագրել163 թուականէն մինչեւ 193 թուական հռոմէացիք Վաղարշապատը նոյնիսկ մայրաքաղաք կը հռչակեն գրաւուած եւ աւերուած Արտաշատի փոխարէն եւ կ'անուանեն Կայնեպոլիս (Նոր քաղաք)[3][4]:
Էջմիածին
Խմբագրել1945 թուականին քաղաքը վերանուանուած է Էջմիածին եւ այդ անունը կրած է մինչեւ 1992 թուականը, երբ նորէն վերանուանուեցաւ Վաղարշապատ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀնավայրեր Վաղարշապատի տարածքին մէջ
ԽմբագրելՎաղարշապատը եւ իր շրջակայքը բնակելի եղած են դեռեւս մ.թ.ա. 6-3 հազարամեակներուն։ Այդ տարածքներուն մէջ կը գտնուին էնէոլիթեան (պղնձէքարեդարեան) ժամանակաշրջանի այնպիսի հնավայրեր, ինչպիսիք են Շրեշ բլուրը, Մոխրբլուր, Թեղուտը, Մեծամորը եւ այլն, ու յայտնաբերուած են հնագիտական ամէնաբազմազան եւ հարուստ առարկաներ։ Վաղարշապատի եւ իր շրջակայքին մէջ կան նաեւ հնագոյն դամբարանադաշտեր, որոնք եւս անկասկած կը դարձնեն տուեալ բնակավայրի հնամենի եւ նշանաւոր ըլլալը։
Առաջին գրաւոր տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՎաղարշապատի տարածքի եւ իր շրջակայքի մասին առաջին գրաւոր տեղեկութիւնները աւանդած է Բիայնայի (Վանի) թագաւոր Ռուսա Բ-ն (մթա 685-645)՝ զայն կոչելով Կուարլինի կամ Կուտուրլինի հովիտ, որուի ոռոգման համար մեծ ջանք թափած է[5]։
3-րդ դարու վերջերու Վաղարշապատի քաղաքային նկարագրին մասին ստոյգ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ագաթանգեղոսը։ Անոր պատմութեան եւ վերջերս կատարուած պատմա-հնագիտական ուսումնասիրութիւններուն հիմամբ կարելի է ընդհանուր գիծերով պատկերացում կազմել այդ ժամանակաշրջանի Վաղարշապատի մասին։
Քաղաքը տարածուած է պարիսպներով ամրացուած միջնաբերդի շուրջը[6]։ Այժմ արդէն կասկած չկայ, որ միջնաբերդի տարածքը, ընդհանուր առմամբ, համընկած է Էջմիածնի վանքի ներկայիս գտնուած տարածքին մէջ[7][8][9]։
Քաղաքի դիրքը
ԽմբագրելՎաղարշապատը եւ իր մերձակայ տարածքները հին եւ միջին դարերուն կը մտնէին Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Արագածոտն գաւառին մեջ, տեղագրօրէն կը հանդիսանայ Արարատեան դաշտի կեդրոնը՝ Քասաղ գետի միջին եւ ստորին հոսանքներու շրջանին մէջ։
Վաղարշապատը Արեւելքի մեծ քաղաքնեուն նման շրջապատուած էր պարիսպով, որու կեդրոնը շուկան էր։ Քաղաքին մէջ առնուած էր նաեւ միջնաբերդը, ներսը՝ արքունի ապարանքը եւ մայր տաճարը, իսկ քաղաքի պարիսպներէն դուրս՝ քաղաքի արուարձաններն էին։ Պարիսպներէն ներս կ'ապրէր ազնուականութիւնը եւ իշխող դասը, իսկ պարիսպներէն դուրս՝ աշխատաւորութիւնը։ուարձանները եւս ունեցած են իրենց շուկան եւ արհեստաւորական թաղերը։
Վաղարշապատը հնագոյն դարերէն համարեայ անընդմէջ երկրորդ կամ զուգահեռ մայրաքաղաքի դեր կատարած է։
Վաղարշապատի դերի բարձրացումը առաջնակարգ մայրաքաղաքի աստիճանի հետեւանքն էր այն բանին, որ 301 թ-էն անիկա դարձաւ քրիստոնէական Հայաստանի հոգեւոր կեդրոնը, նաեւ կաթողիկոսական նստավայրը։ Բաւական է աըսել, որ այստեղ բացուած է Մաշտոցեան առաջին դպրոցը, այստեղ հաստատուած է (480 թուականին) առաջին հայկական պետական-պաշտօնական մատենադարանը։
Յետագայ դարերուն (ի բաց առեալ Բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակ) Վաղարշապատը աստիճանաբար անշքացաւ, դարձաւ աննշան եւ խեղճուկ բնակավայր մը։ Քաղաքը նոր շունչ եւ վերակենդանութիւն կ'առնէ, երբ 1441 թուականին կաթողիկոսական աթոռը Սիսէն տեղափոխուեցաւ Էջմիածին։ Այսուհետեւ Վաղարշապատ-Էջմիածինը նորէն դարձաւ հայոց ո՛չ միայն կրօնական, այլեւ վարչական կեդրոնը։ 1828 թ-էն, երբ Արեւելահայաստանը միացաւ Ռուսաստանին, Վաղարշապատը (Էջմիածին) դարձաւ Երեւանի նահանգի Էջմիածինի գաւառի կեդրոնը, մինչեւ 1930 թուականը[10]։
Հին Վաղարշապատի տեղադրութիւն
ԽմբագրելՀայաստանի երբեմնի քաղաքամայր Վաղարշապատը կը գտնուի Այրարատ նահանգի Արագածոտն գաւառին մէջ։ Վաղարշապատը հայ Արշակունիներու պետականութեան թագաւորանիստ քաղաքն էր, կրօնական եւ մշակութային կեդրոնը։ Հնագիտական նիւթերը եւ մատենագրական աղբիւրները կ'օգնեն մեզի վերականգնելու հին Վաղարշապատի տեղադրութիւնը։
Մովսէս Խորենացիի յիշատակած աւանդութիւններէն յայտնի է, որ Վաղարշապատի հին քաղաքատեղին կը գտնուէր Արարատեան դաշտին մէջ՝ Քասախ գետի եւ Շրեշ բլուրի մօտ, իբրեւ ամրացուած բերդ, առեւտրական մեծ աւան։
Երուանդ Լալայեանի վկայութեամբ, ժողովուրդը Շրեշ անուանած է Ղուգոյի կոնդ կոչուած բլուրը, որ կը գտնուէր Վաղարշապատէն հիւսիս-արեւելք (քաղաքէն 500 մ հեռու), Էջմիածին-Օշական ճանապարհի աջ կողմը։ Շրեշ բլուրը մինչեւ 1870-ական թուականները 123 մ տրամագիծով, քանի մը մեթր բարձրութեամբ, խոշոր զանգուածային քարերով շրջապատուած արհեստական հողաբլուր էր, որ 1913, 1928 թուականներուն պեղած է Երուանդ Լալայեանը եւ կրկին պեղուած է 1945-1950 թուականներուն։ 1950 թուականին բլուրը ամբողջովին հարթուած է։
Վաղարշապատի տեղադրութիւնը կապուած էր նաեւ Քասախ գետի հետ, որ շատ անգամ փոխած է հունը։ Հին ատեն անիկա հոսած է Վաղարշապատի հիւսիսային կողմէն, Շրեշ բլուրի եւ Կաւաբլուրի մօտէն թեքուած է դէպի արեւմուտք, ուր պահպանուած են գետի ցամքած հունը եւ միջնադարեան կամուրջի մնացորդները։ Քասախի մէկ բազուկը քաղաքի արեւմուտքով իջած է հարաւ եւ Խաթունարխի արեւմուտքը՝ Էջմիածնէն Իգտիր տանող խճուղիէն ներքեւ միացած Մեծամոր գետին։ Այս բազուկը կը պահպանուէր մինչեւ 1833 թուականը։
387 թուականին Վռամշապուհի օրօք, Հայաստանը Սասանեան Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիայի միջեւ բաժնուելէն յետոյ, Վաղարշապատը կը շարունակէր մնալ որպէս մայրաքաղաք եւ կ'ապրէր մշակութային վերելք. այստեղ կատարուեցաւ հայերէն տառերու գիւտը։ Արշակունիներու թագաւորութիւնէն յետոյ, Վաղարշապատը վերջին հարուածը կը ստանայ պարսիկներէն։
Սկսած 451 թուականէն, Վարդանանց պատերազմի ժամանակէն Վաղարշապատը կ'ամայանայ եւ բնակչութիւնը կը ցրուի Հայաստանի այլ վայրեր։
Հոգեւոր մայրաքաղաք
ԽմբագրելՀայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պաշտօնական կրօն ճանաչումէն յետոյ, Վաղարշապատի դերը երկրին մէջ առաւել եւս կը մեծնայ եւ միաժամանակ կը դառնայ նաեւ հայոց հոգեւոր կեդրոն։ Միջնաբերդին մէջ կը կառուցուի Մայր տաճարը, իսկ Հռիփսիմեան կոյսերու նահատակման վայրերուն մէջ՝ անոնց նուիրուած մատուռները։ 5-րդ դարու կէսերուն՝ Մայր ԱթոռըԴուին փոխադրելէ յետոյ, փաստօրէն մինչեւ 7-րդ դար, Վաղարշապատը կը կորսնցնէ իր երբեմնի նշանակաթիւնը։ 7-րդ դարուն պարսկա-բիւզանդական հակամարտութիւններու ոլորտին մէջ գտնուող Հայաստանի մէջ՝ ինքնավարութեան առկայութեան տասնամեակներուն պայմաններ կը ստեղծուին քաղաքի տնտեսութեան եւ մշակոյթի վերելքին համար, քաղաքային կեանքը Վաղարշապատի մէջ կրկին կ'աշխուժանայ 4-րդ դարոււ հիմնուած մատուռներու փոխարէն մէկը միւսի ետեւէն կը կառուցուին Հռիփսիմէի (618 թ.) ու Գայանէի (680 թ.) եկեղեցիները, կը վերանորոգուի Մայր տաճարը։ Վաղարշապատէն Արտաշատ տանող ճանապարհի մօտ կը կառուցուին Զուարթնոց տաճարը (641-661) ու անոր կից՝ կաթողիկոսական նստավայրը։ 15-րդ դարուն Վաղարշապատի մէջ կը վերահաստատուի կաթողիկոսարանը։ 13-15-րդ դարերէն Վաղարշապատը դարձաւ հայոց հոգեւոր կեդրոնը, իսկ տաճարը՝ անկախ կաթողիկոսական աթոռանիստի տեղափոխութիւններէն, պահպանեց մայր տաճարի առաջնային նշանակութիւնը։ 1828 թուականին Էջմիածինը Արեւելեան Հայաստանի կազմին մէջ վերջնականապէս կը միացուի Ռուսաստանին։ Ռուսական կառավարութիւնը, նախկին իշխանութիւններուն նման, նոյնպէս կը ճանչնայ միաբանութեան իրաւունքները Էջմիածինի վրայ։ Չնայած 19-րդ դարու կէսէն Էջմիածինը կը դառնայ Երեւան նահանգի Էջմիածինի վիճակի կեդրոնը, այնուամենայնիւ, բուն քաղաքը կը կառավարէին կաթողիկոսարանն ու միաբանութիւնը՝ սինոտի հետ մէկտեղ։ Խորհրդային իշխանութեան առաջին օրերէն Էջմիածինը կը դադրի վանքապատկան ըլլալէ եւ կը դառնայ Վաղարշապատ գաւառի կեդրոնը։ Այժմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Մայր Տաճարը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու նստավայրն է[11]։
Քաղաքաշինութիւն
ԽմբագրելՄիջնաբերդ
ԽմբագրելՄիջնաբերդին մէջ կը գտնուի Տրդատ Գ. թագաւորի պալատը, իրմէ ոչ հեռու՝ Մայր տաճարի տեղը, հաւանաբար, Անահիտ աստուածուհիին (Արտեմիդ) նուիրուած տաճարը, իսկ անկէ հարաւ-արեւելք՝ ներկայիս տպարանի արեւմտեան կողմը, անթիք բաղնիքը[12]։ Ագաթանգեղոսը կը յիշատակէ, որ միջնաբերդի մէջ կային նաեւ ներքին փողոցներ, որոնց գոյութիւնը կարելի է բացատրել առայժմ մեզի անյայտ այլ շինութիւններու առկայութեամբ։ Այդ մասին կը վկայեն 18-րդ դարու վերջերուն Մայր տաճարի շրջակայքին մէջ շինարարական աշխատանքներու ժամանակ յայտնաբերուած հին քարէ սալայատակներու եւ մարմարէ կառուցուածքի մնացորդները[13]։ Քաղաքի յատակագիծի տարածքէն պեղումներու ու շինարարական աշխատանքներու Ժամանակ յայտնաբերուած նիւթերը ապացոյց են, որ անիկա բնակեցուած եղած է։ Հաւանաբար բուն քաղաքին մէջ կը գտնուէր ապարանքներու բարձրաբերձ շինութիւններու մէկ մասը, որոնց առկայութեան մասին կը վկայէ Ղազար Փարպեցին։
Պարիսպ
ԽմբագրելԱրարատեան հարթավայրին վրայ գտնուող Վաղարշապատը զուրկ էր Հին Հայաստանի միւս քաղաքներուն՝ Արմաւիրին, Արտաշատին, Երուանդաշատին յատուկ պաշտպանական բնական պայմաններէն։ Հետեւաբար պարիսպները, ինչպէս նաեւ արհեստական միւս շինութիւնները, այստեղ ձեռք բերած են առաջնային նշանակութիւն[14]։ Հանգամանալի տեղեկութիւններ կան քաղաքը շրջապատող պարիսպներու մասին, անոր արեւելեան հատուածը նշուած է 1827 թուականի ռուսերուն կողմէ կատարուած տեղահանութային յատակագիծի վրայ, ըստ որու Գայանէ վանքէն մօտ 300 մ դէպի արեւելք կը սկսի եւ հիւսիս–արեւելեան ուղղութեամբ մօտ 1000 մեթր երկարութեամբ կը շարունակուի հողաթումբի վրայ տեղադրուած հզօր պարիսպ մը։ Յովհաննէս Շահխաթունեանցի վկայութեամբ, 1840-ական թուականներուն մօտ 750 քայլ երկարութեամբ կը նշմարուէին այդ պարիսպի հիմքերը, որու միջին մասին մէջ կը պահպանուէին արեւելեան դռան հետքերը[9]։ Ինչպէս կ'ենթադրէ Յովհաննէս Խալփախչեանը, այդ, անկասկած, Մովսէս Խորենացիի յիշատակած Վաղարշ թագաւորի կառուցած պաշտպանական համակարգի մէկ մասն է եւ հնարաւոր է՝ քաղաքի կրկնակի կաւաշէն պարիսպի ու հողաթումբի մնացորդները[15]։ Անոր չափերը եւ տեղադրութիւնը ոչինչով չեն հակասեր Վաղարշապատի պարիսպներուն վերաբերող Ագաթանգեղոսի տուած վկայութիւններուն։ Բացի այդ, պարիսպը զբաղեցնող տարածքի մօտէն գտնուած են հռոմէացիներու շինարարական գործունէութեան վերաբերող երկու՝ 175 եւ 185 թուականներու կատարուած արձանագրութիւնները, որոնք, հաւանաբար պատկանած են պարիսպներուն։
19-րդ դար
Խմբագրել19-րդ դարէն սկսեալ պահպանուած են Վաղարշապատի յատակագծային ու տարածական ձեւերը պատկերող բազմաթիւ փաստաթուղթեր։
Եկեղեցիներ
ԽմբագրելՎաղարշապատի (Էջմիածինի) տարածքին մէջ կայ վեց եկեղեցի՝
Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածին
ԽմբագրելՄայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է, որ կը գտնուի Հայաստանի Էջմիածին քաղաքին մէջ։ Այստեղ կը գտնուի Էջմիածինի Մայր Տաճարը, որն ըստ Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքին, հիմնուած է Քրիստոսի իջման վայրը եւ կառուցուած՝ Գրիգոր Լուսաւորչի ու Տրդատ Գ. թագաւորի կողմէ 301-303 թուականներուն։ Անիկա աշխարհասփիւռ հայութեան սրբազան ուխտատեղին է եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նստավայրը՝ Վեհարանը։ Եկեղեցիի պատմութիւնն ամփոփող պատմական յուշարձանները, թանգարանները, գրադարանները եւ նոյնիսկ Մայր Տաճարը ներկայացնում են հայոց բազմադարեան պատմութիւնը, գրականութեան եւ արուեստի բացառիկ արժէքները, հոգեւոր մշակոյթի գանձերը[16]։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պատասխանատուութիւն կը կրէ թէ' այստեղ ստեղծուած եւ թէ' եկեղեցւոյ նուիրաբերուած մշակութային արժէքներու պահպանութեան համար։ 2024 թուականի տուեալներով Սուրբ Էջմիածինը վերանորոգուած է։
Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի
ԽմբագրելԷջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Աւանդութեան համաձայն, Հռիփսիմէն քրիստոնեայ կոյսերուն հետ, խուսափելով Դիոկղետիանոս կայսեր (284-305) հալածանքներէն, կը փախչին Հայաստան եւ քրիստոնէութիւն կը քարոզեն, ուր հայոց Տրդատ Գ Մեծ արքայի կողմէ նոյնպէս հալածանքներու ենթարկուած են եւ սպանուած իր հաւատակից Սուրբ կոյսերու հետ միասին։ Հռիփսիմեան կոյսերու նահատակման տեղը Տրդատ արքան եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը կառուցած են վկայարան՝ կիսագետնափոր հանգստարան, վրան՝ քարաշէն չորս սիւներով ամպհովանի։ 5-րդ դարում զայն աւերած են պարսիկները, Սահակ Պարթեւը կառուցած է նորը։ Եկեղեցին հիմնադրուած է այդ վայրին մէջ 618 թուականին Կոմիտաս Ա Աղցեցի կաթողիկոսին կողմէ։ Հռիփսիմէի տաճարը կը պատկանի միջնադարեան Հայաստանի եկեղեցական կառոյցներու առաւվել կատարելագործուած տիպին (ձեւաւորուած է 6-րդ դարուն)։ Ներքուստ խաչաձեւ է, որն ստեղծուած է գմբեթածածկ ծաւալին կցուած չորս խորաններով ու շրջանի 3/4 հատուածներու անկիւնային խորշերով։
Սուրբ Գայանէ եկեղեցի
ԽմբագրելՍուրբ Գայանէ եկեղեցի, գմբէթավոր պազիլիք տիպի եկեղեցի է, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւոր սրբավայրերէն մէկը, հայկական ճարտարապետութեան յուշարձան։ Փլաստիք եւ աւարտուն այս շինութիւնը զուրկ է յատուկ տեքորաթիվ տարրերէ։ Իր տիպով՝ գմբէթավոր պազիլիք տիպի եկեղեցի է, ունի դասական, պարզ ձեւ։ Կառուցուած է 630 թ., Եզր կաթողիկոսի օրօք՝ այդտեղ եղած մատուռի փոխարէն, Սուրբ Գայանէ կոյսի գերեզմանին վրայ։ Եկեղեցւոյ բոլոր տարրերը՝ թաղերը, կամարները եւ այլն, ներդաշնակ են ու խօսուն։ Աւագ սեղանին տակ կը գտնուի Սուրբ Գայանէի գերեզմանը։
Սուրբ Գայանէ եկեղեցին հայկական ճարտարապետութեան առաջին ծաղկման շրջանի լաւագոյն յուշարձաններէն մէկն է։ Անիկա գմբէթաւոր-պազիլիք տիպի եկեղեցի է, որու յօրինուածքը մշակուած է Հայաստանի մէջ V-VII-րդ դարերուն եւ ներկայացուած է նոյն ժամանակաշրջանին վերաբերող շարք մը յուշարձաններով (Տեկորի, Բագաւանի, Մրենի եւ Օձունի տաճարներ)։
Եկեղեցւոյ կից գերեզմանոցին մէջ թաղուած է ԽԵՆԹԸ(ՎԱՐԴԱՆ), Պայազետի պաշարուած բերդէն գեներալ Տեր-Ղուկասովին գաղտնի նամակ հասցնողը, որու շնորհիւ բերդը ձերբազատուած է պաշարումէն: Նայիր ՐԱՖՖԻԻ "ԽԵՆԹԸ" վեպը։
Սուրբ Շողակաթ եկեղեցի
ԽմբագրելՇողակաթը եկեղեցի է Վաղարշապատի հիւսիսային կողմը, արքունի հնձաններուն տեղը՝ կառուցուած՝ ըստ աւանդութեան, Հռիփսիմեանց կոյսերէն սուրբ Մարիանէի նահատակութեան վայրին մէջ, Աղամալ Սորոտեցի արքայազնի կողմէ, կաթողիկոս Նահապետ Ա Եդեսացի ժամանակներուն։ Ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Շողակաթ միջնադարեան եկեղեցին կը գտնուի Արմաւիրի մարզին մէջ՝ Վաղարշապատ։ Ըստ աւանդութեան հիմնադրուած է այն տեղը, ուր Հռիփսիմեան քրիստոնեայ նահատակներուն վրայ «շող կաթած է»։ Այժմեան «գմբէթաւոր դահլիճի» յօրինուածքով եկեղեցին կառուցուած է 1694 թուականին։ Յատակագիծի ձեւերը եւ համաչափութիւնները բնորոշ են այդ տիպի վաղ միջնադարու կառոյցներուն, որ ենթադրել կու տայ, որ Շողակաթ եկեղեցին կառուցուած է 6-7-րդ դարերուն, շինութեան հիմքերուն վրայ։ Ութանիստ թմբուկով գմբէթը ո՛չ թէ կառոյցի, այլ երկու զոյգ որմնամոյթով դահլիճի կեդրոնն է՝ նոնյնատիպ հնագոյն եկեղեցիներուն նման։ Արեւմուտքէն կից է գաւիթ-սրահը։
Սուրբ Մարիամ Աստուածածին
ԽմբագրելՍուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուի Էջմիածին քաղաքին մէջ՝ Մայր Տաճարէն քիչ հեռաւորութեան վրայ։ Կառուցուած է 1767 թուականին Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի օրօք։ Վազգէն Ա կաթողիկոսի օրօք՝ 1986 թուականին, վերանորոգուած է եկեղեցին եւ կառուցուած է զանգակատունը։ Եկեղեցւոյ արեւելեան պատին՝ Աւագ խորանի ձախ կողմը կայ արձանագրութիւն մը՝ ըստ որու «Այս սուրբ եկեղեցին կառուցուեցաւ եւ գիւղը անջատուեցաւ Աթոռէն անոր պարիսպի կառուցման հետեւանքով, Տէր Սիմէոն Սրբազան Կաթողիկոս Երեւանցիի ծախսերով եւ հրամանով՝ ի պատիւ Սուրբ Աստուածածնի, որու անունով կառուցուեցաւ 1767 թուին»։
Զուարթնոց տաճար
ԽմբագրելԶուարթնոցը կառուցուած է Ներսէս Գ Տայեցի կաթողիկոսի օրօք՝ 643–652 թթ.։ Տաճարը Զուարթնոց անուանած է պատմիչ Սեբէոսը, այլ աղբիւրներու մէջ կը յիշատակուի նաեւ Վաղարշապատի Սուրբ Գրիգոր, Առապարի Սուրբ Գրիգոր անուններով։
«Զուարթնոց» անուանումը հաւանաբար կ'առնչուի նաեւ զուարթուն՝ հրեշտակ բառին։ Կ'ենթադրուի, որ Զուարթնոցի տարածքին մէջ եղած է հեթանոսական Տիր աստուծոյ մեհեանը։ Ըստ Սեբէոսի՝ 301 թ. այստեղ հանդիպած են Հայոց Տրդատ Գ արքան եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը։ Տաճարի աւերման մասին պատմական աղբիւրներուն մէջ տեղեկութիւն չկայ (հաւանաբար աւերուած է երկրաշարժէն). յայտնի է, որ անիկա կանգուն մնացած է մինչեւ 10-րդ դարը։ 20-րդ դարու սկիզբը աւերակ տաճարը ծածկուած էր հողով, պեղումներ կատարուած են 1901-1907 թթ.՝ Խաչիկ վարդապետ Դադեանի նախաձեռնութեամբ, 1904-էն՝ Թորոս Թորամանեանի գիտական ղեկավարութեամբ։ Ըստ պեղուած նիւթերուն՝ նախքան Զուարթնոցը, այստեղ եղած են հեթանոսական եւ IV–V դարերու կառոյցներ։ Հնագոյնը 0,63 մ x 2,7 մ չափերու կոթողն է (կը գտնուի Զուարթնոցի թանգարանին մէջ)՝ Ռուսա Բ-ի սեպագիր արձանագրութեամբ։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելԸստ Փաւստոս Բիւզանդի քաղաքը 4-5-րդ դարերուն մօտ 120000 բնակիչ ունէր։ Պարսպապատուած տարածքին մէջ քաղաքը, ի հարկէ, չէր կրնար ունենալ այդքան բնակիչ. ինչպէ՞ս։ Եթե տեղեկութիւնը հաւաստի է, ապա բնակիչներուն մէկ մասը, անշուշտ, ապրած է քաղաքի պարիսպներէն դուրս՝ այգիներու ու դաշտերու մէջ։ Այդ կը վկայէ անոր մէկ այլ անուանումը՝ Քաղաքուդաշտ[17]։
Ըստ 2001[18] եւ 2011[19] թուականներու մարդահամարին, Վաղարշապատի բնակչութիւնը ըստ առկայ ու մշտական եւ սեռի եղած է՝
2001 թուական | 2011 թուական | ||||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Առկա յ բնակչութիւն | Մշտական բնակչութիւն | Առկա յ բնակչութիւն | Մշտական բնակչութիւն | ||||||||
Ընդհանուր | Տղամարդիկ | Կանայք | Ընդհանուր | Տղամարդիկ | Կանայք | Ընդհանուր | Տղամարդիկ | Կանայք | Ընդհանուր | Տղամարդիկ | Կանայք |
51 280 | 23 870 | 27 410 | 56 388 | 26 844 | 29 544 | 45 232 | 20 872 | 24 360 | 46 540 | 21 780 | 24 760 |
Բնակչութիւնը կազմած են հայ, ռուս, եզտի, քուրտ, ասորի ազգերը[5]։
- Վաղարշապարտի բնակչութիւն, 2016-2020
Աղբիւր՝ armstat.am
Տէր Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեան | Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ | 2009 |
Խաչիկ Մկրտչեան | Հայաստանի ԵԿՄ վարչութեան փոխնախագահ | 2010 |
Գագիկ Աւագեան | «Բապշին» ՍՊԸ-ի տնօրէն | 2008 |
Նորայր Մուրատեան | Էջմիածնի քաղաքապետի տեղակալ | 2010 |
Զարզանդ Կարապետեան | «Մոնոլիտ գործարան» ԲԲԸ նախագահ | 2010 |
Ստեփան Ստեփանեան | 2010 | |
Եուրի Գէորգեան | 2009 | |
Վրոյր Ենոքեան | Համազգային շարժման մասնակից | 2008 |
Մկրտիչ Չիրքինեան | Հանրապետութեան ըմբշամարտի հաւաքականի մարզիչ | 1997 |
Լեւոն Թոքմաջեան | քանդակագործ | 2011 |
Վաղարշապատի Խորհրդանիշեր
ԽմբագրելԴրօշ եւ Զինանշան
ԽմբագրելԷջմիածին քաղաքի դրօշը պատկերային, գունային համակցութեամբ նշան է։ Ուղղանկիւն պատկերի դեղին գոյնի ֆոնին մեջ մանուշակագոյնով, կեդրոնէն քիչ ձախ շեղումով պատկերուած է խաչ, իսկ վերջինիս մէջտեղը զետեղուած է շերտաւոր, շրջանաձեւ, եզրը ներկուած շագանակագոյնով։ Առաջին շերտին մէջ դեղին գոյնով պատկերուած են խաղողի վազեր, որոնք վերէն կ'ընդհատուին շրջանէն դուրս եկած, դեղին գոյնով պատկերուած ամրոցով։ Երկրորդ շերտը առաջինէն կ'անջատուի նարնջագոյնով ներկված կապոյտով, որու մէջ՝ վերը, հայերէն մեծատառով գրուած է «Էջմիածին» բառը։ Անոր ուղղահայեաց ներքեւ եւ կեդրոնէն հորիզոնական աջ եւ ձախ հինգ նարնջագոյն վանդակներու միջոցով խաչաձեւ թիւով երեք պատկերներ են։ Երրորդ շերտը, որ առանձնացուած է երկրորդէն նարնջագոյն բարակ պատով, կը ներառէ մանուշակագոյն եւ կապոյտ գոյներու համակցութեամբ կիսաշրջանակներով արտայայտուած խաչաձեւ պատկեր, եզրերուն՝ հրեշտակներ։ Չորրորդ շերտը, որ կը հանդիսանայ զինանշանի կեդրոնը, կապոյտ գոյնի մէջ նարնջագոյնով կը պատկերէ հայերէն մեծատառ նախշազարդ «Է» տառը՝ էութիւն, Աստուած։ Դրօշի դեղին գոյնը՝ նարնջագոյնը, կը խորհրդանշէ արքայական ծիրանին, քանի որ Էջմիածինը եղած է արքայանիստ քաղաք, իսկ մանուշակագոյնը կը խորհրդանշէ կաթողիկոսանիստ ըլլալը նաեւ[21]։
Օրհներգ
ԽմբագրելՎաղարշապատն ունի նաեւ իր օրհներգը, որու հեղինակը երգահան Աւետ Բարսեղեանն է[21]։
https://www.youtube.com/watch?v=MveeZC8s_MM&pp=ygUf1LfVu9W01avVodWu1bbVqyDWhdaA1bDVttWl1oDVow%3D%3D[22]
Մշակոյթ
ԽմբագրելՎաղարշապատի մէջ կը գործէ Կոմիտասի անուան մշակոյթի պալատը, որ կառուցուած է ճարտարապետ Սօս Մանուկեանի անմիջական աջակցութեամբ։ Կառուցումն սկսած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն առաջ, ընդհատուած է պատերազմի պատճառով եւ շարունակուած է աւարտէն յետոյ։ Սկսած է գործել 1957 թուականէն։ Քանի որ կառուցուած է կոլխոզի միջոցներով, ապա սկիզբը կոչուած է Կոլխոզի ակումբ։ 1960 թուականին ակումբը անուանուած է Լենինի անունով։ Այժմ կը կոչուի Կոմիտասի անունով։ Մշակոյթի պալատին մէջ գործած են տարբեր խմբակներ, ժողովրդական թատրոնը եւ ժողովրդական գործիքներու, երգ ու պարի խումբեր։ 1990 թուականին թատրոնը դադրած է գործելէ եւ միայն 2006 թուականին է որ վերաբացուած է։
Կը գործեն երեք թանգարան Կաթողիկոսարանին մէջ՝ Մայր տաճարի թանգարանը, Ալեք եւ Մարի Մանուկեան գանձատունը, Հին վեհարանը եւ չորս թանգարան քաղաքին մէջ՝
- Էջմիածնի պատմա-ազգագրական թանգարան
- Յովհաննէս Հովհաննիասեանի տուն-թանգարան
- Էջմիածնի Մայր Տաճարի թանգարան
- Գանձատուն թանգարան
- Ռուբէն Սեւակ թանգարան
- Էջմիածնի Խորէն Տէր-Յարութեանի թանգարան
- Էջմիածնի Մհեր Աբեղեանի թանգարան
Երկու երաժշտական դպրոց՝
- Էջմիածնի քաղաքապետարանի Մակար Եկմալեանի անուան թիվ 1 երաժշտական դպրոց
- Էջմիածնի քաղաքապետարանի Սպիրիդոն Մելիքեանի անուան թիվ 2 երաժշտական դպրոց
Կը գործեն Էջմիածնի քաղաքապետարանի Եղիշէ Թադեւոսեանի անուան գեղարուեստի դպրոցը եւ ութ գրադարան[11]։
Արդիւնաբերութիւն
ԽմբագրելԽորհրդային տարիներուն քաղաքը նախապէս համարուած է արդիւնաբերական խոշոր կեդրոն։ Կային ժամանակակից սարքաւորումներով հագեցուած հզօր գործարաններ, ինչպիսիք են «Ռաստթր», «Ռեզիսթր», «Էլեկթրոն» եւ «Սարքաշինական» գործարանները, որոնք գործած են միութենական ռազմարդիւնաբերութեան համալիրի կազմին մէջ եւ արտադրած՝ գերճշգրիտ սարքեր։ Այժմ այդ գործարանները կ'աշխատին ոչ լրիւ հզօրութեամբ։
Ներկայիս «Պլասմասա», «Կրանիթ», «Հայքար», «Կարին», «Էջմիածնի սարքաշինական գործարան» ԲԲԸ, «Ռեզիսթր» ԲԲԸ, «Ռասթր» ԲԲԸ, «Էջմիածին հաց» ԲԲԸ, «Էլեկթրոն» գործարան, «Էջմիածին կաթ» ՍՊԸ, «Իմբերիալ թուր» ՍՊԸ, «Շինարարական իրերու եւ կահոյքի պատրաստման գործարան», «Էջմիածին գինիի գործարան», Էջմիածինի պահածոներու գործարան, «Գոնսեր» ՍՊԸ, ձեռնարկութիւնները կ'իրականացնեն լայն սպառման ապրանքներու եւ կենցաղային իրերու արտադրութիւն[5]։
Առողջապահութիւն
ԽմբագրելՔաղաքի առողջապահական համակարգին մէջ ընդգրկուած են հիւանդանոցներ, պոլիքլինիքաներ, ատամնաբուժարաններ, ծննդատուն, շտապօգնութեան եւ հիգիենիկ հակահամաճարակային պետական ձեռնարկութիւններ[5]։
Մարզաշխարհ
ԽմբագրելՄարզադպրոց
ԽմբագրելՔաղաին մէջ կը գործէ Էջմիածնի քաղաքապետարանի թիվ 1 մարզադպրոցը։
Անոր սաներէն են՝
- Յարութիւն Վարդանեանը հունա-հռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանիներու առաջնութեան՝ 46 քկ քաշային կարգին մէջ գրաւած է առաջին տեղը, նուաճելով ոսկի մետալ։
- Ծանրամարտիկ Սիմոն Մարտիրոսեանը հերթական մրցաշարին նուաճած է Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը՝ գրանցելով նոր մրցանիշ եւ 2016 թ. Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն գրաւած է երկրորդ պատուաւոր հորիզոնականը[11]։
Մարզադաշտ
ԽմբագրելՔաղաքային մարզադաշտը կը գտնուի Մայր Աթոռի հարաւային տարածքին մէջ։ Կառուցուած ու բացուած է 1973 թուականին։ Մարզադաշտը կրնայ ընդունիլ 3000 հանդիսական։ Մինչեւ 2005, մարզադաշտը ծառայած է որպես «Վաղարշապատ» ֆութպոլային ակումբի տնային խաղերու հիւրընկալման վայր, Հայաստանի առաջնութեան խաղերուն։ Անիկա սեփականաշնորհուած է Մայր Աթոռին՝ Հայաստանի Կառավարութեան 2005 թուականի որոշման հիման վրայ[23]։
Մարզական միջոցառումներ
ԽմբագրելՔանի մը տարի է՝ Էջմիածնի մէջ կը նշուի ողիմպիականի միջազգային օրը։ Կը կազմակերպուին մարզական միջոցառումներ, որուն կը մասնակցին քաղաքի մարզադպրոցի սաները, մարզասէր հասարակութիւնը։ Տեղի կ'ունենան ԵԿՄ վարչութեան նախագահ, Արցախի հերոս, գեներալ Մանուէլ Գրիգորեանի ֆութպոլային փոխանցիկ գաւաթի խաղարկութիւնը։ Տեղի ունեցած է «Հայկի նետեր» նետաձգութեան միջազգային բաց առաջնութիւնը։ Էջմիածնի «Արա եւ Այծեմնիկ» ձիասպորտի ակումբին մէջ տեղի կ'ունենայ «Արա եւ Այծեմնիկ» գաւաթի խաղարկութիւնը, Մարզադպրոցին մէջ՝ «Մարտեր առանց կանոններու» բաց առաջնութիւնը[11]։
Կլիմայ
ԽմբագրելԿլիման չոր, խիստ ցամաքային է։ Ձմեռները կը սկսին Դեկտեմբերի կէսերուն, Յունուարեան միջին ջերմաստիճանը կը տատանուի -3-ից -5։ Ամառը տեւական է՝ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր, օդի միջին ամսական ջերմութիւնը կը հասնի 24 °C-ից 26 °C, իսկ առաւելագոյնը՝42 °C։
Յայտնի մարդիկ
ԽմբագրելՊատուաւոր քաղաքացիներ
ԽմբագրելՎաղարշապատի պատուաւոր քաղաքացիները հետեւալներն են[20]՝
- Վրոյր Աշոտի Ենոքեան (ծնվ. 1929, Հոկտեմբեր 23), Էջմիածին քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի
- Մկրտիչ Չիրիքեան (ծնվ. 1938, Նոյեմբեր 21), Էջմիածին քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի
- Տէր Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեան (ծնվ. 1973, Օգոստոս 5), ՄԱՍԷ դիվանապետ
- Խաչիկ Նշանի Մկրտչեան (ծնվ. 1963, Ապրիլ 22-ին), ԵԿՄ վարչութեան փոխնախագահ
- Գագիկ Նորիկի Աւագեան (ծնվ. 1958 թ), Էջմիածին քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի
- Նորայր Գառնիկի Մուրատեան (ծնվ. 1957, Յունուար 1), Էջմիածնի քաղաքապետի տեղակալ
- Զարզանդ Արսէնի Կարապետեան (ծնվ. 1947 թ), Էջմիածին քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի
- Եուրի Արամայիսի Գէորգեան (ծնվ. 1956, Յուլիս 9), Էջմիածին քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի
- Լեւոն Թոքմաջեան (ծնվ. 1937, Յունիս 16), Էջմիածին քաղաքի պատուաւոր քաղաքացի
Յայտնի բնիկներ
ԽմբագրելՎաղարշապատի մէջ ծնած են՝
- Կաթողիկոսներ
- Զաքարիա Բ Վաղարշապատցի (ծ. թ. անյայտ – 1520,), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 1515-1520.
- Գրիգոր ԺԲ Վաղարշապատցի (1498-1590), Ամենայն հայոց կաթողիկոսը 1576-1590.
- Դավիթ Դ Վաղարշապատցի (ծ. թ. անյայտ – 1633), Ամենայն հայոց կաթողիկոս 1590-1629.
- Երածշտահաններ՝
- Նկարիչներ
- Բանաստեղծներ եւ արձակագիրներ
- Երգիչներ
- Վաղարշապատի գերբի ու դրօշի հեղինակ Արշակ Մանուկեան
- Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ելեւմուտքի (ֆինանսների) առաջին նախարար Խաչատուր Կարճիկեան
- Բանաստեղծ, պատմաբան, պետական-հասարակական գործիչ Շչորս Դաւթեան
- Հայ արուեստաբան, արուեստագիտութեան դոկտոր, Փրոֆեսոր Հրավարդ Յակոբեան
- Փրոֆեսիոնալ բռնցքամարտիկ Խորէն Գէոր
- ԵՊՀ ռեկտոր, տնտեսագէտ Վռամ Կոստանեան
- Կինոբեմադրիչ, հայկական հեռուստատեսութեան հիմնադիր, ՀՍՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Աւետիսեան
Տես նաեւ
ԽմբագրելՊատկերասրահ
Խմբագրել-
յուշարձան Կոմիտասի, Վաղարշապատ
-
Մշակոյթի տուն, Վաղարշապատ
-
Յուշարձան Կոմիտասի, Վաղարշապատ
-
Մշակոյթի տուն, Վաղարշապատ
-
Յուշարձան Կոմիտասի, Վաղարշապատ
-
Սբ. Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սբ. Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սբ. Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սուրբ Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սուրբ Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սուրբ Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սուրբ Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սուրբ Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Սուրբ Գայանէ, Վաղարշապատ
-
Վազգէն Առաջին կաթողիկոսի յուշարձան
-
Սուրբ Հռիփսիմէ
-
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
-
Շողակաթ եկեղեցի
-
Ս. Գայանէ
-
Մատենադարանի շէնք
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ https://armstat.am/file/article/demos_10_2.pdf
- ↑ 2,0 2,1 Հայոց Պատմություն, Մովսես Խորենացի
- ↑ К. В. Тревер, Очерки по истории культуры древней Армении, Москва-Ленинград, 1963, էջ 251-270
- ↑ Էջմիածնի քաղաքապետաչանի պաշտոնական կայք, պատմություն
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 Էջմիածին քաղաքային համայնք
- ↑ Ագաթանգեղոս, Պատմություն Հայոց, Երևան. 1977։
- ↑ Тирацян Г. А. К вопросу о градостроительной структуре и типографии Вагаршапата,- Պատմա-բանասիրական հանդես, 1977խ №2, էջ 82-83.Կաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում
- ↑ Թ․ Ավդալբեկյան, Հայագիտական հետազոտություններ, Երևան, 1969, էջ 148-150
- ↑ 9,0 9,1 Յ․ Շահխաթանեանց, Ստորագրութիւն Կաթողիկէ էջմիածնի և հինդ գավաոացն Արարատայ. հատոր 1, էջմիածին. 1842. էջ 79-80
- ↑ (հայերեն) Վաղարշապատ, 2024-09-28, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8E%D5%A1%D5%B2%D5%A1%D6%80%D5%B7%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D5%BF, վերցված է 2024-11-08
- ↑ 11,0 11,1 11,2 11,3 Էջմիածնի համայնքապետարան - Պատմություն
- ↑ Тирацян Г. А. К вопросу о градостроительной структуре и типографии Вагаршапата, ՊԲՀ 1977 №2, էջ 85
- ↑ Յ․ Շահխաթանեանց, Ստորագրութիւն Կաթողիկէ էջմիածնի և հինդ գավաոացն Արարատայ. հատոր 1, էջմիածին. 1842. էջ 77-81
- ↑ «В. М. Арутюнян, К вопросу о градостроителной культуре древней Армении,- «Известия» АН Арм. ССР, Ереван, 1956 №10, с. 80.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ մայիսի 22-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ հոկտեմբերի 31
- ↑ Ա․ Սահինյան, Հայկական ճարտարապետությունը ստրկատիրական հասարակարգի ժամանակաշրջանում, Ակնարկ հայ ճարտարապետության պատմության, Երևան, 1964, էջ 54-55
- ↑ «Մայր տաճարի թանգարանի մասին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 2014-09-16
- ↑ Փավստոս Բուզանդ, Պատմություն Հայոց
- ↑ Հայաստանի 2001 թվականի մարդահամարի արդյունքները
- ↑ https://armstat.am/file/doc/99486683.pdf
- ↑ 20,0 20,1 Էջմիածնի պատվավոր քաղաքացիներ
- ↑ 21,0 21,1 Էջմիածնի խորհրդանիշեր
- ↑ stverstudio (2011-09-28), ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՕՐՀՆԵՐԳԸ Ejmiatsni Orhnerg Echmiadzni Orhnerg, https://www.youtube.com/watch?v=MveeZC8s_MM, վերցված է 2024-11-08
- ↑ Մայր Աթոռի պարզաբանումները իրեն հարկային արտոնություններ տրամադրելու վերաբերյալ