Երեւան
Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք։ Կը գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ՝ Հրազդան գետի ափին՝ իր մէջ պարփակելով գետը։ 1 Յունուարի 2014-ի դրութեամբ, բնակչութեան թիւը կը կազմէ աւելի քան 1 միլիոն 68 հազար մարդ: Հայաստանի ամէնէն մեծ քաղաքն է[5]։ 1918-էն սկսեալ Երեւանը Հայաստանի մայրաքաղաքն է եւ Հայաստանի պատմութեան ժամանակաշրջանի 12-րդ մայրաքաղաքը[6]։
Մայրաքաղաք | |||||
---|---|---|---|---|---|
Երեւան | |||||
| |||||
Երկիր | Հայաստան[1][2] | ||||
Ներքին բաժանում | Աջափնեակ վարչական շրջան, Արաբկիր վարչական շրջան?, Աւան վարչական շրջան, Դաւթէն վարչական շրջան, Էրեբունի վարչական շրջան?, Կեդրոն, Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան?, Նոր Նորք վարչական շրջան?, Նորք-Մարաշ վարչական շրջան?, Նուբարաշեն վարչական շրջան?, Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջան եւ Շէնգաւիթ վարչական շրջան | ||||
Տիգրան Ավինյան? | |||||
Օրէնսդրական մարմին | Երեւանի քաղաքապետարան | ||||
Հիմնադրուած է՝ | ՔԱ782[3] | ||||
Առաջին յիշատակում | 782 BCE | ||||
Տարածութիւն | 227±1 քմ² | ||||
ԲԾՄ | 987 մեթր | ||||
Պաշտօնական լեզու | հայերէն | ||||
Բնակչութիւն | 1 052 754 մարդ (2022) | ||||
Կը գտնուի ափին | Հրազդան գետ[4] եւ Երևանյան լիճ? | ||||
Ժամային գօտի | UTC+4։00 | ||||
Հեռախօսային ցուցանիշ | 10 | ||||
Փոստային ցուցանիշ | 0001–0099 | ||||
Պարգեւներ | Լենինի շքանշան | ||||
Անուանուած է | Էրեբունի? | ||||
Հիմնադիր | Արգիշտի Ա․ | ||||
Պաշտօնական կայքէջ | yerevan.am(հայ.)(ռուս.)(անգլերէն) | ||||
Երեւանը հիմնադիրն է Վանի թագաւորութեան արքայ Արգիշտի Ա. ( Ք.Ա. 8-րդ դար)[7][8] է։ Քաղաքին տեղանուան ծագման հետ կապուած կան բազմաթիւ վարկածներ, մասնաւորապէս, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, Երեւան անունը կը կապուի Նոյեան անուան հետ․ ըստ աւանդութեան, Նոյը այդպէս կոչած է ջրհեղեղէն ետք երեւցող առաջին ցամաքը[9]։ Միջնադարուն քաղաքը մտած էր Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Կոտայք գաւառի սահմաններուն մէջ։ 2018-ին, երբ կը լրանայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, Երեւանը կը դառնայ 2800 տարեկան։
Բնակչութիւն
Խմբագրել
|
|
|
|
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀնագոյն ժամանակաշրջան
ԽմբագրելԵրեւանը աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներէն է։ Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը հոն բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ։ Քաղաքի տարածքին մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններուն յառաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանած են բազմաթիւ բնակավայրեր։ Ժամանակագրական առումով՝ քաղաքին տարածքին ամէնէն հին բնակավայրը Երեւանեան կամ Հրազդանեան քարայրն է (Երեւանեան լիճին մօտ՝ Հրազդան գետի ձախ ափին), որուն հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մուսդերեան շրջանով (10-4 հազարամեակ առաջ): Իբրեւ հին բնակավայր յայտնի է նաեւ Շէնգաւիթը. այստեղ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են 5-6 հազար տարի առաջ[14]:
Հայ մատենագիրները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կապած են Նոյեան տապանի աստուածաշնչական աւանդութեան հետ։ Երբ Նոյեան տապանը կանգ առաւ Արարատի գագաթը, Նոյը ջրհեղեղէն ետք տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, գոչած է՝ երեւա՜ց (այստեղէն ալ՝ «Երեւան» անուանումը):
Ուրարտական թագաւորութեան շրջան
ԽմբագրելԱռաւել տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է Էրեբունի բերդաքաղաքի անուան հետ։ Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտեր. անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ հիմնած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար Արգիշտի Ա. կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու իրեն յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն եւ կամ կոչած է «երի» կամ «արի» ցեղի (երկրի) անունով։ Հայկական լեռնաշխարհէն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած հնդեւրոպացիներու նախնիները՝ արիական ցեղերը, կը յիշեն իրենց՝ արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ կը նշեն այդ մասին (հնդկական վետաներ, իրանական «Աւեստա», պարսիկներու շահ Դարեհ Ա. Աքեմենեանի Պեհիսթունի արձանագրութիւն): Երեւանը կոչուած է նաեւ Այրիւան, Էրիւան, Րեւան եւ այլ անուններով[15]:
Երեւանը կը յիշատակուի Գ․ դարու սոտտիական-մանիքէական գրաւոր արձանագրութեան մէջ, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին Մանիի (պարսիկ նկարիչ, մանիքէութեան հիմնադիրը) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք[14]:
Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք Երեւանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրական աղբիւրները կը լռեն։ Երեւանը կրկին կը յիշատակուի է․ դարուն՝ «Գիրք թղթոց»ի մէջ։ Պատմիչ Սեփէոսը կը վկայէ, որ արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգեշատ քաղաք էր։
Հիմնադրութիւն
ԽմբագրելՎանի թագաւորութեան բերդաքաղաք Էրեբունին հիմնուած է Ք.Ա. 782 թուականին։ Ըստ Վանի մէջ գտնուած սեպագիր տարեգրութեան՝ Վանի թագաւորութեան արքայ Արգիշտի Ա․ իր թագաւորութեան 5-րդ տարին կառուցած է Էրեբունի բերդաքաղաքը։ 1950 թուականին Արին Բերդ բլուրին վրայ գտնուած սալաքարի մը վրայ արձանագրութիւնը կը նոյնացնէ Էրեբունի եւ Երեւան քաղաքները։ Սալաքարին վրայ գրուած է.
Խալդի աստուծոյ զօրութեամբ Արգիշտին՝ Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի՝ ի հզօրութիւն Բիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամի երկիրներու։ Հողը ամայի էր, ձեռնարկեցի այստեղ հզօր գործեր... - [16]
|
Արգիշտին այստեղ կը բնակեցնէ 6 600 հայ զինուորներ իրենց ընտանիքներով։ Մէկ դար ետք, Ռուսա Բ. արքան Հրազդան գետի ափին՝ Երեւանի հարաւային մասին մէջ, կը հիմնադրէ նոր բերդաքաղաք մը, որ Վանի թագաւորութեան Թէյշեբա աստուծոյ անունով կոչուեցաւ Թէյշեբայինի։ Նշանաւոր ռազմական կեդրոն դարձած է թագաւորութեան հիւսիսային հատուածին մէջ․ ունէր միջնաբերդ, քաղաքային թաղամասեր։ Բերդէն դէպի հարաւ ուղղութեամբ տնկուած էին խաղողի այգիներ։
Աքեմենեան Շրջան
ԽմբագրելԱքեմենեաններու (հին պարսկ.՝ Հախամանիշթիա) կամ Արեաց Տիրութիւնը (Ք.Ա. 553–330) Հին Աշխարհի աշխարհակալ պետութիւններէն էր։ Անոր տարածքը կ՛ընդգրկէր երեք աշխարհամասերէն՝ Ասիոյ, մասամբ՝ Եւրոպայի եւ Ափրիկէի շարք մը երկիրներ։ Արեւելքէն անոր սահմաններուն մեջ կը մտնէին՝ արեւմտեան Հնդկաստանը՝ Ինտոս գետի հովիտը եւ Միջին Ասիան՝ հասնելով Հիմալայեան լեռներ, արեւմուտքէն՝ Փոքր Ասիան եւ Եգիպտոսը՝ սահմանակցելով Միջերկրական ծովուն, հիւսիսէն՝ Ղրիմը եւ Կովկասեան լեռները՝ ներառնելով Սեւ ծովը, հարաւէն՝ Իրանական բարձրաւանդակը եւ Միջագետքի դաշտավայրը՝ հասնելով Արաբական թերակղզին եւ Հնդկական ովկիանոսին։ Կայսրութեան հիմնադիրը եղած է պարսից զօրավար Կիւրոս Մեծը Ք.Ա. 553 թուականին, որ ապստամբած էր Մարաստանի թագաւոր Աժդահակի դէմ եւ զայն սպաննած։ Անոր մահէն ետք գահին կը բազմին իր ժառանգները՝ Աքեմենէն եւ իրեն ազգակից Արշամէն ու Արի-Արամէն ծագած գահատոհմը։
Այս պետութեան մէջ Հայաստանը կը մտնէր իբրեւ 13-րդ սատրապութիւն։ Հետագային այն կը բաժնուի երկու՝ հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներու, համապատասխանաբար Էրեբունի եւ Վան կեդրոններով։ Այսպէսով՝ Էրեբունին կրկին կը դառնայ վարչաքաղաքական կեդրոն։ Բերդին մէջ գտնուած են միլեթական մետաղադրամներ՝ կտրուած Ք.Ա. 478 թուականին, զոր կը վկայէ այստեղ կատարուած միջազգային առեւտուրի մասին։ Հաւանաբար այդ ժամանակ ալ հայերը Էրեբունին սկսան արտասանել Էրեւունի[17]։ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքներէն ետք Հայաստանը կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ պետութեան կեդրոնը վերջնականապէս կը տեղափոխուի Արարատեան դաշտ։
Հայոց Թագաւորութեան Շրջան
ԽմբագրելՔ.Ա. 330 թուականին կը վերականգնուի հայոց անկախ պետականութիւնը։ Զ․ դարուն հիմնուած Երուանդունիներու թագաւորական տոհմը (Ք.Ա. 580–201) վերստին կը նստի հայոց գահին։ Անոնց կը փոխարինէ Արտաշէսեաններու հարստութիւնը (Ք.Ա. 190–1)։ Հայ թագաւորները կը հրաժարին պարսկական նախկին վարչական կեդրոններէն՝ Վան եւ Էրեբունի։ Հայոց պետութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի Արարատեան դաշտ։ Էրեբունիէն ոչ հեռու կը կառուցուին մայրաքաղաքներ՝ Արմաւիրը, Երուանդաշատը, Արտաշատը, իսկ Արշակունիներու հարստութեան (66–428) ժամանակ՝ Վաղարշապատն ու Դուինը։ Էրեբունին կը կորսնցնէ իր վարչաքաղաքական կեդրոնի կարգավիճակը։
Հայոց թագաւորութեան շրջանին Երեւանի մասին յիշատակութիւն եղած է Գ․ դարու Մանիքէական (Manichean) բնագիրին մէջ, որմէ պարզ կը դառնայ, որ Մանի մարգարէի աշակերտներէն մէկը քրիստոնէական համայնքի հարեւանութեամբ հիմնադրած է մանիքէական համայնք։ Ըստ արձանագրութեան՝ Երեւանը միապետական վարչակարգ ունի։ Ե․ դարուն կառուցուած է երեւանեան ամենահին եկեղեցիներէն մէկը՝ Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, որ քանդուած է 1931 թուականին[17]։
Արաբական Շրջան
ԽմբագրելԷ․ դարուն Արաբական թերակղզիին մէջ կը ստեղծուի Արաբական խալիֆայութիւնը։ Այն կը հիմնուի արաբներու ընդունած նոր կրօնի՝ Իսլամի շնորհիւ եւ շատ արագ կը դառնայ աշխարհի՝ մինչեւ այդ եղած պետութիւններէն, ամենամեծն ու զարգացածը։ 658 թուականին արաբները կը գրաւեն Երեւանը[18]։ Իսկ 850 թուականին Հայոց իշխան եւ ապագայ թագաւոր Աշոտ Բագրատունին կ՛ազատագրէ Երեւանը Դուինի ամիրայի զօրքերէն եւ կը միացնէ իր կալուածներուն։ Այդ ժամանակ ալ կը կառուցուի Երեւանի նոր բերդը՝ Հրազդան գետի ափին։ Երեւանը կը սկսի զարգանալ իբրեւ հայկական միջնադարեան քաղաք։
Թրքական Ցեղերու Շրջան
ԽմբագրելԺԱ․ դարուն Մերձաւոր Արեւելք կը թափանցեն թրքական զանազան ցեղեր՝ սելճուքները, մոնկոլները, թաթարները, աւելի ուշ՝ թուրքմենները եւ օղուզները։ Զաքարեան իշխանները Վրաց թագաւորութեան օգնութեամբ ժամանակաւորապէս կ'ազատագրեն Արեւելեան Հայաստանը, բայց թրքական ցեղերը անջնջելի հետք կը ձգեն իրենց ետին. Հայաստանի խոշոր քաղաքները կ' ամայանան կամ կը կործանուին։
Թուրքմենական գարա-գոյունլու ցեղերը միաւորուած էին Ամիր-Սաատի իշխանութեան տակ։ Անոնք իրենց ցեղապետի անունով յետոյ կոչուեցան սաատլուներ։ ԺԴ․ դարու վերջերուն անոնք հիմնեցին Երեւանի կուսակալութիւնը, որ Ամիր-Սաատի անունով հայերը կոչեցին Սաատի փոս կամ Սահաթափոս, իսկ օտարները՝ Չուխուր-Սաատ կամ Չուղուր-Սաատ[19][20]։ Այս անունը գործածական եղած է պարսկական ու թրքական մատենագրութեան մէջ՝ թարգմանուելով իբրեւ «Երջանիկ հովիտ»։ Գարագոյունլուներունկը փոխարինեն ագգոյունլու ցեղերը։ Բառացի անոնց անունները կը թարգմանուէին իբրեւ «սեւ եւ սպիտակ ոչխար»։
Երեւանը՝ Վարչաքաղաքական Կեդրոն
ԽմբագրելՀայ ժողովուրդը՝ Բագրատունեանց հարստութեան անկումէն ետք, Մեծ Հայքի տարածքին վրայ թագաւորութենէ զուրկ էր։ 1375 թուականին կործանուած էր հայկական վերջին թագաւորութիւնը՝ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը (Կիլիկիա․ պատմական Հայաստանի հողերէն դուրս գտնուող տարածք)[21]: Անկում ապրած էին Բիւզանդական կայսրութիւնն ու Վրացական թագաւորութիւնը[22][23], քայքայուած էին դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայ նախարարական տուները, ինչպէս օրինակ՝ Բագրատունիները, Արծրունիներն ու Սիւնիները[22][23]:
Վրաց Բագրատունիներու հովանաւորութեան տակ ստեղծուած Զաքարեաններու իշխանապետութեան օրերուն առաջացած իշխանական տուները՝ Օրբելեանները, Պահլաւունիները, Պռոշեանները եւս հետզհետէ անկում կ'ապրէին[22]: Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին ցրուած էին հայոց պետականութեան մնացորդները՝ մանր ու միջին իշխանութիւնները[22], որոնք ի վիճակի չէին ղեկավարելու հայ ժողովուրդին ազատագրական պայքարը՝ սելճուքներու, մոնկոլներու եւ թուրքմեններու դէմ[22][24]: Դարուն թերեւս միակ նշանակալի իրադարձութիւնը 1441 թուականին Կիլիկիայէն կաթողիկոսական աթոռի տեղափոխումն էր՝ Վաղարշապատ եւ եկեղեցին սկսաւ համախմբել հայ ժողովուրդը իր շուրջ[22]: 1440 թուականէն Երեւանը կը դառնայ Հայաստանի վարչաքաղաքական, առեւտրական եւ արհեստագործական կեդրոն[25]։
Երեւանը՝ Հայաստանի մայրաքաղաք
Խմբագրել28 Մայիս 1918-ին, Հայաստանի Անկախութեան հռչակումով, Երեւան Հայաստանի մայրաքաղաք կը հռչակուի։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ալ կը մնայ մայրաքաղաք, իսկ Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք, երբ Հայաստան 21 Սեպտեմբեր 1991-ին կը վերագտնէ իր անկախութիւնը, Երեւան Հայաստանի մայրաքաղաքը կը շարունակէ ըլլալ։ Երեւանի 2800-ամեակին առթիւ կը ստեղծուի Երեւանի Այգին, 2800 ցայտաղբիւրներով։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԵրեւանի տեսարժան վայրեր
-
Երեւանի Օփերան, նկար 2017
-
Կոմիտասի յուշարձանը, Կոմիտասի Այգի․ նկար՝ 2017
-
Կոմիտասի յուշարձանը երեկոյեան
-
Երեւան, նկար՝ 2017
-
Երեւան,նկար՝ 2017
-
Մշակոյթի քաղաք․ Երեւանի մայթերը, նկար 2017
-
Երեւանի Կապոյտ մզկիթը
-
Երեւանը Քասքատէն, 2017
-
Քաsքատը եւ պարտէզը, նկար՝ 2017
-
Քասքատէն մանրամասնութիւն մը, նկար՝ 2017
-
Քասքատէն մանրամասնութիւն մը, նկար՝ 2017
-
Մանրամասնութիւն Երեւանի շուկային մուտքէն․ նկար՝ 2017 Յուլիս
-
Ծաղիկ տուող ծերունիին յետ մահու արձանը
-
Յուշարձան Գրիգոր Տաթեւացիի. Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարան. Երեւան, Հայաստան
-
Մեսրոպ Մաշտոցի Յուշարձան,
-
Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարան
-
Մխիթար Գոշի Յուշարձան
-
Մովսէս Խորենացիի յուշարձան
-
Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարան
-
Երեւանի Պետական Համալսարան
-
Հանրապետութեան հրապարակ
-
Աւետիք Իսահակեանի յուշարձան
-
Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը
-
Սերգէյ Փարաջանովի թանգարան
-
Դերասանի տուն, 1954 թ., Երեւան, Մեսրոպ Մաշտոցի պող., 13
-
Երկրաբանական Գիտութիւններու Ինստիտուտի շենքը
-
Յուշաղբիւր Երկրորդ աշխարհամարտին ընթացքին զոհուած Գիւղատնտեսական Ինստիտուտի Դասախոսներուն եւ Ուսանողներուն
-
Երեւանի Աբովեան պուրակ․ «Կժով աղջիկը» քանդակը
-
Ազգային գրադարանի գլխաւոր մասնաշէնք
-
Ստեփան Շահումեանի արձանը անոր անուան դպրոցի առջեւ, Երեւան
-
Սուրբ Զօրավար Աստուածածին
-
Սուրբ Սարգիս
-
Գաբրիէլ Սունդուկփանի անուան պետական կաճարի թատրոնի մուտքի բարձրաքանդակներ
-
Յաղթանակի կամուրջ, Երեւան
-
Ճարտարագիտական համալսարանի շէնքը
-
Հայաստանի Պետական Ճարտարագիտական Համալսարան
-
Յուշաղբիւր` Երկրորդ աշխարհամարտին զոհուած ճարտարագէնտերուն
-
Անատոմիկումի շէնք
-
Խաչքար` Արցախ զոհուած մտավորականներուն եւ ԵՊՀ ուսանող-ազատամարտիկներուն
-
Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տունը, Իսահակեան փողոց
-
Անասնաբուժական-անասնաբուծական Ինստիտուտի ՀանրակացարանըԿորյունի փող. 15-19
-
Յովհաննէս Թումանեանի յուշարձան, Օփերային առջեւ
-
Արամ Խաչատուփեան յուշարձան
-
Ալեքսանտր Սբենդեարեանի յուշարձան
-
Հայաստանի Կառավարութեան շէնքը
-
Գերագոյն դատարանի շէնքը
-
Անտրէյ Սախարովի յուշարջանը
-
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշարձանը եւ Երեւանի համայնապատկեր
-
Սայաթ Նովայի յուշարձան
-
Քրիստոսի ձեռքերը յուշարձան
-
Ալեքսանտր Թամանեանի յուշարձան
-
Վարդան Մամիկոնեանի արձանը
-
Ալեքսանտր Միասնիկեանի յուշարձան
-
Միքայէլ Նալբանդեանի յուշարձան
-
Արշաւիր Շաւարշեանի կիսարձան, Վարդանանց բողոց
-
Եղիշէ Չարենցի յուշարձան
-
Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան
-
Վահան Տէրեանի յուշարձան
-
Արմէն Տիգրանեանի յուշարձան
-
Հանրապետական մարզադաշտ
-
Կարէն Տեմիրճեան մարզական համալիր
-
Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տուն
-
Ճատրակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի յուշարձան
-
Հայաստանի Երաժշտական Ընկերութեան շանքի ներքին մասը
-
Հրազդանի կիրճի ագուգայ
-
Հայաստանի գրողներու միութեան (գրողներու տուն) ստեղծագործական միութեան շէնք, Մարշալ Բաղրամեան պող. 3
-
Նախագահական պալատը
-
Ազգային Խորհրդարանի շէնքը
-
ՀՀ Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան շէնք, Նալբանդեան փող. 104
-
Մհեր Մկրտչեան թատրոն, Մովսես Խորենացու 18,
-
Վիշապաքար, Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակ, Օղակաձեւ զբոսայգի
-
Թումանեան թանգարան
-
Մանրամասնութիւն․ Թումանեան տուն-թանգարանի պատ
-
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարան
-
Ուսումնական հաստատութեան շէնք. ԵՊՀ.
-
Կինոթատրոն «Մոսկվա»
-
Կինոթատրոն «Մոսկվա» մուտքին առջեւ
-
ԱՕԿՍ շէնք
-
Լեոնիդ Ենգիբարեանի յուշարձան
-
20-7-2019․ Երեւանի Այգին
-
20-7-2019. Երեւանi 2800 Այգին հարաւ արեւմտեան կողմ
-
Երեւան 20-7-2019. ՅակոբՊարոնեանի անուսն թատրոն-դպրոցը
-
Երեւան 20-7-2019. ՀանրապետութեԱն հրապարակը հարաւ արեւելքէն նկարուած
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ archINFORM — 1994.
- ↑ Эривань // Малая советская энциклопедия / под ред. Н. Л. Мещеряков — 2 — Советская энциклопедия, 1936.
- ↑ https://www.yerevan.am/am/our-city/
- ↑ 4,0 4,1 4,2 4,3 Эривань // Большая советская энциклопедия / под ред. О. Ю. Шмидт — 1 — М.: Акционерное общество «Советская энциклопедия», 1920.
- ↑ Երեւան քաղաքի ցուցանիշները ըստ ԱՎԾ-ի ամփոփման:
- ↑ «Հայաստանի մայրաքաղաքները, Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-12-06-ին։ արտագրուած է՝ 2015-05-04
- ↑ Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան. Էրեբունի քաղաքատեղի:
- ↑ Երեւանը եւ նրա անուան պատմութիւնը
- ↑ Արմէն Պետրոսեան Հնագիտութեան, ազգագրութեան հիմնարկ (2006)։ «ԵՐԵՎԱՆ» գիտական հոդվածների ժողովածու (հայերէն)։ Երեւան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-02-17-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-24
- ↑ http://www.armstat.am/file/doc/99478218.pdf
- ↑ http://armstat.am/file/article/nasel_01.07.2016.pdf
- ↑ http://armstat.am/file/article/nasel_01.07.2017.pdf
- ↑ https://armstat.am/file/article/population_01_22.pdf
- ↑ 14,0 14,1 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedՀՀ
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedԴպրոցական Մեծ Հանրագիտարան
- ↑ Էրեբունու պեղումները
- ↑ 17,0 17,1 Երեւանի մասին իրանական հանրագիտարանում
- ↑ «Yerevan» ArmeniaNow.com, 2007, p. 7. Consulté le 21 mars 2008
- ↑ Հ. Գ. Ժամկոչեան եւ ուրիշներ «Հայ ժողովրդի պատմութիւնը սկզբից մինչեւ XVIII դարի վերջը»
- ↑ Վ. Ա. Պարսամյան «Հայ ժողովրդի պատմություն» (IX-XIX դդ.), հատոր 2-րդ
- ↑ Անդրկովկասը 11-15-րդ դարերում
- ↑ 22,0 22,1 22,2 22,3 22,4 22,5 Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedb
- ↑ 23,0 23,1 Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 3, էջ 547-564, 1976 թ
- ↑ «Երեւան․ պատմական ակնարկ»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2012-06-03-ին։ արտագրուած է՝ 2012-06-03
- ↑ «Популярная художественная энциклопедия.» Под ред. Полевого В.М.; М.: Издательство "Советская энциклопедия", 1986.