Կեդրոն (Երեւանի վարչական շրջան)

Կեդրոն, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի վարչական շրջաններէն մէկը։ Ան կ'ընդգրկէ քաղաքի կեդրոնական մասը, ուր մեծամասնութեամբ կը գտնուին առեւտրական կեդրոններ, զուարճանքի համար նախատեսուած վայրեր եւ այլն։

1 Յունուար 2013-ի տուեալներով վարչական շրջանի բնակչութիւնը կը կազմէ 126.000 մարդ[1]։

Կեդրոն վարչական շրջանը ընդհանուր սահմաններ ունի՝ Աջափնեակ, Արաբկիր, Էրեբունի, Մալաթիա-Սեբաստիա, Նոր Նորք, Նորք-Մարաշ, Շէնգաւիթ եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու հետ[2]։

Շրջանը բաժնուած է 6 թաղամասերէ՝ Փոքր Կեդրոն, Նորագիւղ, Նոր Կիլիկիա, Այգեստան, Կոնտ եւ Ձորագիւղ։ Հոս տեղակայուած է ՀՀ Ազգային ժողովը (Խորհրդարանը), ՀՀ Կեդրոնական պանքը, ՀՀ նախագահի նստավայրը եւ բազմաթիւ նախարարութիւններ։

Փողոցներ, հրապարակներ, զբօսայգիներ Խմբագրել

  • Աբովեան փողոց
  • Հիւսիսային պողոտայ
  • Մաշտոցի պողոտայ
  • Սայեաթ-Նովայի պողոտայ
  • Մարշալ Բաղրամեան պողոտայ
  • Հանրապետութեան հրապարակ
  • Ազատութեան հրապարակ
  • Շարլ Ազնաւուրի հրապարակ
  • Սիրահարներու զբօսայգի
  • Շահումեանի զբօսայգի
  • Միսաք Մանուշեանի անուան այգի (նախկին՝ Մաշտոցի պուրակ)

Տաճարներ Խմբագրել

  • Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի
  • Կապոյտ մզկիթ
  • Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի
  • Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Կաթողիկէ)
  • Երեւանի Սուրբ Զորաւոր Աստուածածին եկեղեցի
  • Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի

Պատկերասրահ Խմբագրել

 
Երեւանի Կեդրոնի Համայնապատկեր

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Երեւանի վարչական բաժանում

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել