Արարատ կամ Մասիս լեռը, (աւանդաբար՝ Սիս եւ Մասիս), յանգած հրաբուխ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Արաքս գետի աջ ափին: Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս՝ 5165 մ (յաւերժական ձիւնով ծածկուած) եւ Փոքր Մասիս՝ (Սիս) 3925 մ (անոր գագաթը միշտ ձիւնածածկ չէ)։ Հայկական լեռնաշխարհին եւ Արեւմտեան Հայաստանին ամէնէն բարձր լեռն է։ Արարատին պուպուլ զանգուածը ունի շուրջ 40 քմ տրամագիծ։ Կը գտնուի Արարատեան դաշտին հարաւը:

Արարատ
Արարատը Արտաշատ քաղաքէն
Տեսակ լեռ եւ տեսարժանութիւն
Երկիր  Թուրքիա
Վարչատարածքային միաւոր Աղրըի մարզ?
Լեռնաշղթայ Հայկական Լեռնաշխարհ
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն 5165 մեթր
Յարաբերական
բարձրութիւն
3611 մեթր[1]
Վերջին ժայթքում 1840
Սմիթսոնիան կոդ 213040

Բնութագրութիւն

Խմբագրել
Արարատը 3D պատկերով

Երկու Մասիսներն ալ լերկ են, զուրկ ակերէ եւ աղբիւրներէ եւ բնականաբար` շատ աղքատ բուսականութեամբ: Ժայռոտ գագաթը 12 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունի: Լանջերը ձորերով ու հեղեղատներով կտրատուած են: Հիւսիս-արեւելեան խորխորատը ծանօթ է Վիհ Մասեաց անունով: Լեռնալանջերը քարակարկառներով ծածկուած են, ծանօթ` «քարէ ծովեր» անունով: 1500-էն մինչեւ 3500 մեթր բարձրութեամբ լանջերուն փռուած են արօտավայրեր եւ թփուտներ: Իսկ 1500 մեթրէն վար տարածուած են չոր թփուտներ. ճախճախուտներուն մէջ` եղէգնուտներ:

Արարատը՝ Սուրբ լեռ

Խմբագրել
  • Արարատ հայ ազգին համար նուիրական եւ սուրբ կը համարուի, խորհրդանիշը հայութեան յաւերժութեան:
  • Սուրբ Գիրքին մէջ Արարատ ներկայացուած է իբրեւ ջրհեղեղէն փրկուած Նոյ նահապետին նաւակայանը, նոր մարդկութեան խանձարուրը եւ ազգերու սփռման արձակարանը:
  • Իր վեհաշուք գեղեցկութեամբ, դժուարամատոյց բարձրութեամբ եւ բնական ներգործումներով` երկրաշարժներ, սառցասահումներ, վիմագլորումներ եւ սարսափազդու դղրդիւններ, Արարատ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:
  • Մասիս քաջաց ոգիներու դիցարան նկատուած է: Աւանդութիւնը կ'ըսէ, որ Արտաւազդ թագաւոր շղթայակապ արգելափակուած է հոն եւ կը ջանայ դուրս գալ վիհէն[2]:
  • Տրդատ Գ. թագաւոր Ս. Էջմիածինի հիմերը դրած է եւ Հռիփսիմէի վկայարանը կառուցած՝ Մասիսէն բերուած քարերով:

Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Աւանդութիւնը

Խմբագրել

Յակոբ Մծբնայ հայրապետ, Դ. դարուն, Նոյեան տապանը տեսնելու յոյսով փորձած է բարձրանալ Արարատի գագաթը: Աստուած, տեսնելով սուրբին ապարդիւն ջանքերը եւ անսալով անոր պաղատանքին, հրեշտակի միջոցով տապանի փայտերէն կտոր մը ուղարկած է անոր: Փայտի այդ կտորը պահուած է Ս. Էջմիածինի մէջ:

Արարատի լանջին, Ակոռի գիւղէն քիչ մը վեր կար Սուրբ Յակոբայ մենաստանը: Վանքին մօտակայքը, վիհի եզրին սառնորակ աղբիւր մը կար, որ աւանդութեան համաձայն Սուրբ Յակոբին արտասուքէն գոյացած է: Անհատական կամ Անահտական կոչուող աղբիւրը ուխտատեղի էր եւ ամուլ կիներ բուժելու յատկութիւն ունէր: Աղբիւրին ջուրը կը սրսկէին դաշտերուն վրայ, բերքը մարախներէն պաշտպանելու համար:

Արարատն ու Խաչատուր Աբովեանը

Խմբագրել

Արարատի հիւսիսային ստորոտէն կը բխի Արաքսի հարկատու Միջին Սեւջուրը: Արեւելեան կողմէն Սեւջուրին կը միանայ Գինոյ գետակը, ոռոգելով Ակոռիի դաշտերն ու այգիները: Գինոյէն հիւսիս-արեւմուտք, Սիսի ստորոտը կը գտնուէր Երեւանի Սարտար Հիւսէյն խանին ամառանոցը` Սարտար-պուլաղը` իր սառնորակ աղբիւրով:

Առաջին անգամ 1829 սեպտեմբերին Արարատի գագաթը բարձրացած է Դորպատի համալսարանի փրոֆէսոր Ֆրիտրիխ Պարրոտ, իբրեւ ուղեկից ունենալով Խաչատուր Աբովեանը, ակոռեցի երկու գիւղացիներ եւ ռուս երկու զինուորներ:

20 Յունիս, 1840-ի երեկոյեան պատահած երկրաշարժը կը կործանէ Ակոռին, Ս. Յակոբայ վանքը` իր աղբիւրով եւ սարտարի պալատը:

Կլիմայ

Խմբագրել

Արարատի կլիման ձմեռը խիստ է եւ բարձունքներուն վրայ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 25 կ'իջնէ, ստորոտը` զերոյէն վար վեց. ամառը բարձունքներուն վրայ` զերօ, իսկ ստորոտը` 26 աստիճան:

Արարատ հարուստ է կենդանիներով եւ թռչուններով, եւ անցեալին հայոց արքունի որսատեղի եղած է:

Պատկերասրահ

Խմբագրել
 

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել