Զաքարեաններ, իշխանական տոհմ Հայաստանի մէջ ԺԱ.-ԺԴ. դարերուն։ Հայաստանի ինքնակալ թագաւորական գերդաստան 1200-1350-ական թուականներուն (մոնկոլներու տիրապետութեան շրջանին Հայաստանի իշխանութեան պատասխանատուներն էին 1236-1350-ական թուականներուն)։

Զաքարեաններու ծագումը

Խմբագրել

Ծագում ունեցած են Մեծ Հայքի Կորճայք նահանգէն, հիւսիսային Հայաստան գաղթած Արծրունիներու ճիւղէն։

Զաքարեաններու գործունէութիւնը

Խմբագրել

1048-ին Մեծ Զաւ գետի կիրճին, սելճուքներու դէմ բիւզանդական զօրքի տարած յաղթանակէն ետք, Զաքարեաններու նախնի Խոսրովը իր տոհմով անցած է Գուգարք եւ ճանչցած է Լոռիի Բագրատունի թագաւոր Կիւրիկէ Ա.-ի գերիշխանութիւնը։

1118-ին, Լոռին ժամանակաւորապէս Վրաստանին միանալէ ետք, Զաքարեաններու նախնիները դարձած են վրաց թագաւոր Դաւիթ Շինարարի աւատականներ։

1120-ական թուականներուն Զաքարիան եւ իր որդի՝ Սարգիս Մեծը դարձած են Լոռիի նոր տէրերը՝ Օրբելիներու աւատականներ ։

1185-ին Թամար թագուհին Զաքարեաններուն դաստիարակած է խոշոր աւատականներու շարքը, իսկ Սարգիս Մեծին յանձնած է գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնը՝ Օրբելիներու նախկին կալուածներով միասին։ Զաքարեաններու ազդեցութիւնը յատկապէս մեծցած է 1190-ական թուականներուն, Սարգիս Մեծի որդիները Զաքարէ Բ. գլխաւոր հրամանատարը եւ Իւանէ Ա. աթաբեկ եղբայրներու օրով, որոնք կը գլխաւորէին հայոց ու վրաց զօրքերը։

Սելճուք թուրքերու արշաւանքները ծանր կացութիւն ստեղծեցին նաեւ Վրաստանի մէջ: Բայց սկսաւ Սելճուքեան Իշխանութեան անկումը Վրաստան բռնեց հզօրացման ճամբան: Հզօրացումը ոգեւորեց հայերը: Հայկական այրուձիէն մաս մը Վրաստան ապաստանած էր Անիի անկումէն ետք ու իր մասնակցութիւնը կը բերէր վրացական բանակին մղած կռիւներուն: Այդ ջոկատները գլխաւորեցին հայ իշխաններ, որոնց մէջ նշանաւոր դարձաւ Սարգիս Զաքարեան:

Թշնամին Հայաստանէն վտարելու վճռական շրջանը սկսաւ 12-րդ դարուն վերջը: Ազատագրական պայքարի կռիւները գլխաւորեցին Սարգիսի զաւակները՝ Զաքարէ եւ Իվանէ Զաքարեանները: Այդ օրերուն տկարացած էին Սելճուքեան էմիրութիւնները: Զաքարեանները յաջողութեամբ ազատագրեցին Անին, եւ թշնամին շուտով հեռացաւ ամբողջ Շիրակէն, ապա Արարատեան դաշտէն: Ազատագրական կռիւները շարունակուեցան նաեւ հայկական այլ գաւառներու մէջ: Անկումի վիճակի մէջ գտնուող Հայկական գաւառները վերականգնեցան: Դժբախտաբար, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, եւ մշակութային վերածնունդը երկար չտեւեց: Շուտով կեդրոնական Ասիայէն Հայաստան խուզեցին մոնկոլ հորդաները եւ ընդհատեցին երկրին բնական զարգացումը:

Զաքարեանները Հայաստանի թագաւորներ

Խմբագրել

Զաքարէ Բ.-ն եւ Իւանէ Ա.-ն շուրջ քսան տարի պատերազմներ կը վարեն սելճուքներու դէմ եւ ազատագրած են կեդրոնական եւ հարաւային Հայաստանը: Ստեղծուած է Զաքարեաններու անկախ պետութիւնը՝ Զաքարեան Հայաստանը։ Զաքարեաններու ինքնիշխան պետութիւնը գրեթէ կ'ընդգրկէր Բագրատունեան թագաւորութեան տարածքը՝ Մեծ Հայքի Այրարատ եւ Սիւնիք նահանգները, Գուգարք, Արցախ, եւ Ուտիք նահանգներու մէկ մասը։

Զաքարեան Հայաստանը ճանչցուած է Կիլիկեան Հայաստանի պետութեան, Խլաթի էմիրութեան, Բիւզանդական կայսրութեան կողմէ։ Պետութեան մայրաքաղաքն էր 1199-ին ազատագրուած Անի քաղաքը։ Զաքարեանները պետական-վարչական բարեփոխումներ կ'իրականացնեն, կը ստեղծեն երկրի վարչական բաժանում, կողմնակալութիւններ (Արարատեան կողմնակալութիւնը Վաչուտեաններու գլխաւորութեամբ, Սիւնեաց կողմնակալութիւնը Օրբելեաններու գլխաւորութեամբ եւ Վայոց ձորի կողմնակալութիունը Խաղբակեան-Պռոշեաններու գլխաւորութեամբ): Հաստատած են գլխաւոր հրամանատարներու նոր ընտանիքներ, կը շնորհեն ազնուական տիտղոսներ։

Զաքարեան Հայաստանը կը կառավարէր Զաքարեան տոհմի աւագ ներկայացուցիչ՝ (Զաքարէ Բ., Իւանէ Ա., Զաքարէ Բ.-ի որդի՝ Շահնշահ Ա., Իւանէ Ա.-ի որդի Աւագ եւ ուրիշներ)։ Զաքարէ Բ.-ն իր ստեղծած պետութիւնը համարելով Բագրատունիներու իրաւայաջորդը կրած է անոնց «շահնշահ» տիտղոսը։ Հայկական յիշատակարաններուն եւ վիմագրերուն մէջ անոնք կոչուած են նաեւ ինքնակալ, թագաւոր, կեսար։ Զաքարեան պետութեան ղեկավարը կը նստի Անիի մէջ եւ Վրաստանի հետ հաստատուած ունիայի համաձայն վրաց Բագրատունիներու պետութեան մէջ թագաւորէն ետք համարուած է առաջին անձը։ Զաքարէ Բ.Թամար թագուհիէն ստացած է նաեւ պետութեան կնքապահի եւ թագուհիի թիկնազօրի պետի պաշտօնը։ Զաքարէ Բ.-ի մահէն ետք, 1212-ին, դարձած է արքունի խնամակալ՝ աթաբեկ։

1236-էն ետք, մոնկոլ-թաթարական տիրապետութեան ժամանակ, Զաքարեաններն կ'իյնան, սակայն կ'որոշեն պահպանել իրենց դիրքը թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ վրաց արքունիքի մրցակցութեան մէջ, ըլլալով Մահկանաբերդի Արծրունիներու եւ Սիւնիքի Օրբելեաններու հետ։

Զաքարէի որդին՝ Շահնշահի սերունդը բուն Զաքարեաններու տոհմն էր։ Շահնշահի ժառանգ Վահրամի Աբուլ-Զաքարէ որդիէն ետք առաջացաւ Վահրամեան-Գագեցի տոհմը, իսկ միւս որդին՝ Սարգիսը, Թամարէն կը ստանայ Ջաւախք գաւառի հիւսիսային մասը՝ Թմոգուի (Թմկաբերդ) բերդաքաղաքով։ Սարգիսի տոհմը դառնալով քաղկեդոնական եկեղեցւոյ հետեւորդ, յայտնի է Թմոգուելի տոհմ անունով։ Իւանէի դուստր Թամթան 1245-ին դարձաւ Խլաթի ամիրայութեան կառավարիչ։ Զաքարեաններու տոհմը կապուած էր անոնց վասալական կախման մէջ գտնուող հայկական աւատատիրական տուներու հետ։ Մոնկոլ-թաթարական տիրապետութեան ժամանակ Զաքարեանները մրցակցութեան մէջ էին Մահկանաբերդի Արծրունիներու եւ Սիւնիքի Օրբելեաններու հետ՝ պահելով իրենց դիրքը վրաց արքունիքին մէջ։ Իւանէի որդի Աւագը՝ ամիրսպասալար ու աթաբեկ էր։ Շահնշահի որդի Զաքարէն՝ ամիրսպասալար կը դառնայ 1230-63-ին։ Այս պաշտօնը կը ժառանգէ անոր որդին Շահնշահը ։ 14-րդ դարու առաջին կիսուն այս Շահնշահի որդին Զաքարէն՝ դարձաւ ամիրսպասալար, իսկ անոր եղբայրը Իւանէի որդին Վահրամը՝ աթաբեկ։ Զաքարեաններու վերջին ամիրսպասալար կը յիշուի Զազան (1345-1380)-ին։ Այս մէկէն ետք մինչեւ 18-րդ դարը յիշատակութիւն չկայ Զաքարեաններու մասին։

Մոնկոլ-թաթարական (Հուլաւուներու) տիրապետութեան ժամանակ Զաքարեաններու տոհմը իշխաններու արքունիք կը կոչուի «Արղութ», որ հոմանիշն է Մխարգրձելի (վրաց.՝ მხარგრძელი) կը նշանակէ «երկայնաբազուկ»։ 18-րդ դարու վերջը, երբ Սանահինի կալուածատէր Մխարգրձելիները մտան Ռուսական ազնուականութեան շարքերը, ստացան Արղութեան-Երկայնաբազուկ (ռուս.՝ Аргутинский Долгорукий) ազգանունը։ Անոնց կեդրոն Սանահին գիւղը կը վանքապատկանէր Զաքարեաններու տոհմական դամբարանը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն հայոց։ Աշխատասիրութեամբ Կ. Մելիք-Օհանջանեանի։ Երեւան, 1961։
  2. Բաբայան Լ.Հ., Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական եւ քաղաքական պատմութիւնը 13-14-րդ դարերուն։ Երեւան, 1964։
  3. Գարեգին Ա. Յովսեփեանց, Խաղբակեանք, մաս Ա.։ Վաղարշապատ, 1928։
  4. Բագրատ Ուլուբաբեան, Խաչենի իշխանութիւնը 10-14-րդ դարերուն։ Երեւան, 1975։
  5. Տիգրան Պետրոսեանց, Վաչուտեաններ։ Երեւան, 2001։