Խլաթ, Արեւմտեան Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն է եւ դժուար է ըսել, թէ այն երբ  հիմնադրուած է։

Աւան
Խլաթ
թրք.՝ Ahlat
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 989 քմ²
ԲԾՄ 1650 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 40 806 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 13400
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 13
Պաշտօնական կայքէջ ahlat.gov.tr

Պատմութիւն

Խմբագրել

Սկիզբը յիշատակուած է իբրեւ աւան, իսկ յետագային վերածուած է խոշոր քաղաքի, որ ունեցած է իր ամուր բերդը եւ համարուած էր Վանայ լիճի ամէնէն մեծ նաւահանգիստը։

Խլաթ կը գտնուի լիճի արեւմտեան ափին, բարձրադիր հարթավայրի վրայ։ Հարաւը քաղաքէն կ’երեւի Վանայ լիճի համայնապատկերը, իսկ հարաւ-արեւմուտքը եւ հիւսիս-արեւմուտքը  Նեմրութ եւ Սիփան լեռներն են։

Հայկական մատենագրութեան մէջ հին ժամանակ երբեմն կոչուած է Բզնունեաց քաղաք, թուրքերը սովորաբար կը կոչեն Ահլաթ։

10-11րդ դարերուն համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցով Խլաթ դարձած է երկրի խոշոր եւ մարդաշատ քաղաքներէն մէկը։

Խլաթի զարգացման նպաստած է նաւահանգիստ ըլլալը։ 11-րդ դարու առաջին կիսուն այն դարձած էր արհեստագործութեան եւ առեւտուրի խոշոր կեդրոն, քանի մը տասնեակ հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք։

Խլաթ թուրք-պարսկական 16-17 դարերու երկարատեւ պատերազմներու կռուախնձորներէն մէկն էր։ Առանձնապէս ծանր հետեւանքներ ունեցած են 16 դարու 40-ական թուականներուն իրանական շահ Թահմազի եւ թրքական սուլթան Սուլէյման առաջին կռիւները։

1850 թուականին Խլաթ ունեցած է 5 հազար բնակիչ, որմէ 4000-ը՝ հայեր։ Խլաթի բնակիչներու զբաղումը եղած են երկրագործութիւնը, այգեգործութիւնը, ձկնորսութիւնը, առեւտուրը, արհեստագործութիւնը եւ մասամբ աղի հանոյթը։

Պատմական Խլաթի յուշարձաններէն պահպանուած են քաղաքի մօտակայքի ժայռերուն մէջ փորուած քարանձաւները, ծովեզերքը գտնուող պաշտպանական պարիսպի քանի մը աշտարակներ, զանազան շէնքերու աւերակներ[1]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիններ

Խմբագրել
  1. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Խլաթ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-01-27։ արտագրուած է՝ 2023-03-27 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։