Կիրակոս Գանձակեցի
Կիրակոս Գանձակեցի (1203, Գանձակի շրջան - 1271), հայ պատմիչ եւ եկեղեցական գործիչ։
Կիրակոս Գանձակեցի | |
---|---|
Ծնած է | 1200[1] |
Ծննդավայր | Գանձակ, Ելտկուզյանների պետություն |
Մահացած է | 1271[1] |
Մահուան վայր | Գանձակ, Իրան |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է «յաշխարհն Գանձակայ», ոչ թէ բուն Գանձակին մէջ. «աշխարհն Գանձակայ» տարածքային-վարչական շատ ընդարձակ բաժանում մըն էր, որ իր մէջ կ'ընդգրկէր նաեւ Արցախի քանի մը գաւառներ։
Մանուկ հասակէն, 1209-1212-ին հաւանաբար, ուսումնառութիւնը սկսած է Մխիթար Գոշի՝ Նոր Գետիկի դպրոցին մէջ։ Կիրակոս Գանձակեցի հոն մնացած է, ըստ երեւոյթին, մինչեւ 1215-1216 թուականները։ Այնուհետեւ մեկնած է Խորանաշատ վանքի դպրոցը, զոր հիմնած էր Գոշի աշակերտ՝ Յովհաննէս Վանականը։
1225-ին Խորեզմի սուլթան Ջալալէդդինը կ'ասպատակէ նաեւ Տաւուշը, ուր կը գտնուէր Խորանաշատ վանքը։ Այս մէկէն ետք հնարաւոր չ'ըլլար այնտեղ շարունակել կրթութեան գործը։ Յովհաննէս Վանականը իր աշակերտներուն հետ կը տեղափոխուի Լորուտ գիւղին մօտ փորել տուած քարայրը եւ կը շարունակէ ուսուցանել աշակերտները։ Սակայն 1236-ին մոնկոլ Մոլար Նուինիի հրոսակները կը հասնին մինչեւ Տաւուշ, կը գրաւեն զայն եւ կը կողոպտեն քարայր-դպրոցն ու հոն ապաստանած ժողովուրդը։ Ուսուցչապետ Յովհաննէս Վանականն ու անոր աշակերտներէն քանի մը հոգի գերի կը բռնուին։ Քանի մը ամիս ետք Յովհաննէս Վանական կ'ազատի, իսկ Գանձակեցի անմիջապէս փախուստի կը դիմէ։ Գերեւարութեան ատեն ան կը ծանօթանայ մոնկոլ-թաթարական սովորոյթներուն, նաեւ անոնց լեզուին, որոնց վերաբերեալ, աւելի ուշ՝ բաւական նիւթ կը հաղորդէ «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութեան մէջ։
1236-ին կը հաստատուի Նոր Գետիկի վանքին մէջ։ Հոն կը մնայ երկար ատեն։ 1260-ին ան հաւանաբար հոն էր. այդ մէկը կը վկայէ վանքին վիմագիր արձանագրութիւնը։
Գանձակեցի պարբերաբար եղած է մերձակայ կեդրոնական վանքերուն մէջ, այդ թուականին եւ Հաղբատի մէջ, Վարդան Արեւելցի խնդրած է գրել «Մեկնութիւն Երգոց երգոյն» աշխատութիւնը։
Կիրակոս Գանձակեցի մինչեւ կեանքին վերջը զբաղած է մատենագիտական աշխատանքով։ Մահացած է 1271-ի աշնան, հաւանաբար Նոր Գետիկի վանքին մէջ, ուր թաղուած է։[2]:
Գործերը
ԽմբագրելԿիրակոս Գանձակեցիի անունով մեզի հասած են երեք գործեր, որոնց մէջ կարեւորագոյնը «Պատմութիւն Հայոց»ն է[3]։ «Պատմութիւն»ն ունի անգլերէն[4], վրացերէն թարգմանութիւններ։ Միւս գործերն են «Վարք Պօղոս եպիսկոպոսի» եւ «Տօնացոյց»։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ.- Կը սկսի Գրիգոր Լուսաւորիչէն։ Իր գործը սկզբնական շրջանին կը ծանրանայ եկեղեցական դէմքերու եւ դէպքերու վրայ, ապա կը սկսի գրել քաղաքական դէպքերու մասին։ Իր պատմութեան կարեւորագոյն մասը կը սկսի գրել իրեն ժամանակակից անձերու մասին, որոնք 1195-1265 թուականներու միջեւ են։ Այս շրջանի պատմութեան աղբիւրներն են այդ օրերու կարեւոր դէմքեր ինչպէս՝ Հեթում Ա. թագաւոր, Պռօշ իշխան, եւ այլն։ Գանձակեցիի պատմութիւնը մեզի շատ կարեւոր տեղեկութուններ կու տայ յատկապէս Զաքարեան եղբայրներու, Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան առաջին շրջանի եւ թաթարներու մասին։ Գանձակեցիի գործին մէջ կան նաեւ կարեւոր թիւով եւ արժէքով գիրեր, թուղթեր, նախորդ հեղինակներու կողմէ գրուած՝ ինչպէս Ներսէս Շնորհալիի խոստովանութեան գիրը։
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԳրականութիւն
ԽմբագրելԾանթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչները. Ե.-ԺԸ. դարեր։ Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ 1976։ էջ էջ 296-297
- ↑ Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն Հայոց, աշխատասիրութեամբ Կ. Մելիք-Օհանջանեանի, Երեւան, 1961
- ↑ Kirakos Ganjakets'i's History of the Armenians. Translated from Classical Armenian by Robert Bedrosian