Վանական Վարդապետ

(Վերայղուած է Յովհաննէս Վանական-էն)

Յովհաննէս Վանական Վարդապետ Տաւրուշեան (1181 - 1251), հայ պատմագիր մը 13-րդ դարէն։

Վանական Վարդապետ
Ծնած է 1181
Մահացած է 1251
Մասնագիտութիւն պատմաբան, կղերական
Աշխատավայր Խորանաշատ

Կենսագրւթիւն

Խմբագրել

Իր անունը վիճելի կը մնայ։ Ըստ ոմանց անիկա պարզապէս կը կոչուէր վանական վարդապետ (տե՛ս ասոր մասին՝ Վանական Վարդապետ), իսկ ըստ այլոց՝ Յովհաննէս Վանական վարդապետ։ Ծնած է 1181-ին Աղուանից երկրի Տաւրուշ գաւառին մէջ, որուն համար կոչուած է Տաւրուշեցի։ Նախ կ'աշակերտէ իր Պօղոս եղբօր եւ ապա Մխիթար Գօշի՝ Գետիք վանքին մէջ, ուրկէ կը ստանայ վարդապետական գաւազան։ Վանական վարդապետ յայտնի է իբրեւ շինարար, ներհուն ուսուցիչ եւ ուսեալ սերունդ պատրաստող անձնաւորութիւն մը։ Անիկա իր հայրենի գաւառին՝ Տաւրուշի մէջ հիմնադիրը կ'ըլլայ Խորանաշատ վանքին, ուր սեփական մեծ դպրոց մը կը հիմնէ եւ իբրեւ մեծ ուսուցիչ կը հասցնէ աշակերտներ, որոնց մէջ նշանաւոր են Կիրակոս Գանձակեցի, Վարդան Պատմիչ, եւ Մաղաքիա Աբեղա պատմիչները։ Խորանաշատի վանքը 1125-ին կ'աւերուի Խորազմներու Շահ Չալալէտտինի կողմէ, ապա՝ 1236-ին թաթարական արշաւանքներու հետեւանքով։ Վանական վարդապետ նոյն թուին թաթարներու ձեռքը գերի կ'իյնայ իր աշակերտ Գանձակեցիի հետ։ Ինքը կ'ազատի եւ կ'անցնի Տփղիս 1236-ին։ Կը վերադառնայ եւ կը նորոգէ Խորանաշատի վանքը, միշտ շարունակելով իր ուսուցչապետական գործը։ Իր մահը տեղի կ'ունենայ 1251-ին, 70-ամեայ հասակին։

Գործերը

Խմբագրել

Թէպէտ Վանական վարդապետ զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրողներ պատրաստելու գործով, նաեւ ժամանակ ունեցած է գրելու գործեր, որոնք եթէ իր ուսուցչութեան չափ կարեւոր չեն, այնուամենայնիւ արժանի են յիշատակուելու։ Ձեռագրած մատենադարաններէն յատկապէս Երեւանի՝ հետզհետէ երեւան կ'ելլեն իր անունով մանր գործեր, որոնց ամբողջական ցուցակը տեսնել Աճառեանի անձնանուններու բառարանին մէջ, (Գ. հատոր էջ 588-589)։ Դժբախտաբար ցարդ չէ գտնուած իր մէկ կարեւոր գործը, «Պատմութիւն Թաթարաց», որ կորսուած է եւ որ յատուկ կերպով կը յիշուի Կիրակոս Գանձակեցիի կողմէ։ Մեզի հասած յիշատակելի գործերը հետեւեալներն են.

  1. Մեկնութիւն Յոբայ, Զաքարիա եւ Եզեկիէլի,
  2. Բացայայտութիւն Աբբակումայ,
  3. Վասն անքուն որդանց,
  4. Յաղագս Տարեմտին, կարեւոր տոմարական աշխատութիւն մը, որ հրատարակուած է «գիտական նիւթերու ժողովածու»ի թիւ մէկին մէջ։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Ուսումնական Ծրագիր 1960 ական թուական Հալէպ։