Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Գրիգոր Լուսաւորիչ (շուրջ 257 - 331), եկեղեցա-քաղաքական գործիչ, Հայոց եպիսկոպոսապետ՝ 302-էն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 252 կամ 239[1] |
Ծննդավայր | Հայաստան |
Մահացած է | 329[2][3] կամ ոչ ուշ քան 326 |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1] |
Ամուսին | Julitta of Armenia?[4] |
Ծնողներ | հայր՝ Անակ Պարթև?[5][2] |
Երեխաներ | Վրդանէս Ա․[2][3] եւ Արիստակէս Ա․[2][3] |
Վաղ Տարիներ
ԽմբագրելԳրիգոր հայոց արքայ Խոսրով Ա.ը սպաննած ազգութեամբ պարթեւ Անակի որդին էր։ Արշակունիներու վրէժխնդրութենէն հեռացնելու նպատակով, ստնտու Սոփրիան եւ ոմն Եւթաղ փոքրիկն Սուրէնը կը փախցնեն Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքը, ուր զինք կը մկրտեն եւ կը վերակոչեն Գրիգոր: Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ կը մեծնայ Փիրմիլիանոս եպիսկոպոսին մօտ։ Ձեռք կը բերէ բազմակողմանի հմտութիւն եւ կը տիրապետէ հայերէն եւ հելլենական լեզուներուն: Ան իր ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէ Աստուածաշունչը, միաժամանակ տեղեկանալով արտաքին գիտութիւններուն: Հզօր կամքի եւ անհատականութեան կողքին, իր մէջ հետզհետէ երեւան կու գայ ծառայութեան կոչումը: Իր պատկառելի հասակին հետ կ'աճին նաեւ հոգեկան շնորհները:
Կեսարիոյ մէջ Գրիգոր կ'ամուսնանայ Դաւիթ անունով իշխանի մը դստեր՝ Մարիամին հետ, եւ անոնք կ'ունենան երկու որդի՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս: Որոշ ժամանակ անց Գրիգոր իր մէջ անձնազոհութեան զօրաւոր կոչում մը կը զգայ եւ իր կնոջ հետ համաձայնաբար հրաժեշտ կու տայ ընտանեկան կենցաղին եւ կը հեռանայ Կեսարիայէն: Մարիամ իր Արիստակէս որդւոյն հետ մենարան մը կը քաշուի, իսկ Վրթանէս դայեակի մը հոգատարութեան եւ խնամքին կը յանձնուի: 287-ին քարոզչական առաքելութեամբ կը վերադառնայ Մեծ Հայք։
Գրիգոր կը յաջողի Տրդատ Գ. թագաւորին արքունիքին մէջ դառնալ պալատական պաշտօնեայ եւ քրիստոնէական ուսմունքին համար հող նախապատրաստել Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մէջ։
Գրիգոր Լուսաւորիչին Մուտն Ի Վիրապ
ԽմբագրելՀռոմի Դիոկղետիանոս կայսեր օգնութեամբ՝ 287-ին նորապսակ Տրդատ Գ. թագաւորը երբ մուտք կը գործէր Հայաստան, մայրաքաղաք չհասած, Երիզայի մօտերը, ուր կը գտնուէր ոսկիածին Անահիտ դիցուհիին տաճարը, կ'ուզէ գոհաբանական տօնախմբութիւն կատարել եւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ծաղկեայ պսակներով ու թաւ ոստերով պատուել դիցուհին: Կրօնական պաշտամունքէն առաջ կը պատրաստուի խնճոյքի սեղանը, եւ ծայր կ'առնէ գինարբուքը: Տրդատ սեղանին գլուխը նստած`կ'առաջարկէ, որ Գրիգորը մասնակցի այդ պաշտամունքին եւ ինքն ալ ծաղկեայ պսակներ ընծայէ դիցուհիին: Բայց վերջինս կը մերժէ`յիշեցնելով, որ ինք քրիստոնեայ է եւ ձեռակերտ կուռքերու պաշտամունք չի մատուցեր, այլ միայն ճշմարիտ Աստուածը, արարածներուն Արարիչը կը պաշտէ եւ անոր կ'երկրպագէ:
Վէճն ու խօսակցութիւնը կը թէժանան, Գրիգոր անդրդուելի կը մնայ, իսկ Տրդատ`պահանջկոտ: Ի վերջոյ թագաւորին սպառնալիքը կը փոխուի գործի: Գրիգոր խնճոյքէն դուրս հանուելով`զարհուրելի չարչարանքներու կ'ենթարկուի, զորս համբերութեամբ եւ հաստատակամութեամբ կը տանի:
Ըստ Ագաթանգեղոսի, Ս. Գրիգորի կրած չարչարանքները հետեւեալներն են.
- Ձեռքերը կապուած, բերանը սանձ, կռնակը աղի բեռ, կուրծքը քերուած` բարձր տեղէ մը կը կախեն,
- Մէկ ոտքէն կախելով`վարէն աղբ կը ծխեն եւ դալար ճիպոտներով կը ծեծեն,
- Ոտքերը կոճղերու մէջ կը ճզմեն,
- Ոտքին երկաթ բեւեռներ գամելով`կը քալեցնեն ու կը վազեցնեն,
- Գլուխը կռփահար կը ծեծեն,
- Գլուխը մամուլի դնելով`քիթէն քացախ եւ բորակ կը փչեն,
- Գլուխը մոխրալից պարկի մէջ կը գոցեն,
- Գլխիվայր կը կախեն եւ նստելիք տեղը ձագար անցընելով`փորը ջուր կը լեցնեն,
- Կողերը երկաթէ ճանկերով կը քերեն,
- Գետինը երկաթէ տատասկներ սփռելով`վրայէն կը քաշկռտեն,
- Ծունկերը երկաթէ կապիճներու մէջ կը պնդեն եւ բազուկներէն կը կախեն,
- Հալած կապարով մարմինը կ'այրեն[6]:
Ընթացքին, նախարարներէն մէկը` Աշոցի իշխան Տաճատը թագաւորին կը յայտնէ, որ Գրիգոր որդին էր իր հայրը սպաննող Անակին: Տրդատ աւելի բորբոքելով կը հրամայէ կապել Գրիգորին ոտքերը, ձեռքերն ու վիզը եւ զայն նետել Արտաշատի Խոր Վիրապին մէջ, որ յատուկ էր մահապարտներու: Եւ հրամանը կը կատարուի: Գրիգոր հոն կը մնայ 13 երկար տարիներ, եւ ըստ աւանդութեան, բարեպաշտ կին մը անոր ամէնօրեայ հացն ու սնունդը կը հայթայթէ: Ոմանք կ'ըսեն, որ անիկա Տրդատին քոյրը` Խոսրովիդուխտն էր:
Մեծ սուրբը այս բոլորը քրիստոնէական հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ կը կրէ, որովհետեւ ան տեսիլք մը ունէր եւ յոյսով կը սպասէր անոր իրականացման: Իր կեանքին նպատակն էր տեսնել Հայաստանը`ազատագրուած հեթանոսութեան խաւարէն եւ փոխարէնը`աստուածայինով սրբուած ու օծուած եւ ճշմարտութեան ժայռին վրայ հաստատուած: Ան իր Տիրոջ օրինակին հետեւելով` նախ կ'ըմպէ չարչարանքի բաժակը ցմրուր եւ կը բարձրանայ Արտաշատի Գողգոթան ու հոն կը պատարագուի:
Քրիստոնէութեան Ընդունումը
Խմբագրել301-ին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ կը ճանչցուի իբրեւ պետական կրօն։ Նոր կրօնը բռնութեամբ կը տարածուի ժողովուրդին մէջ։
Գրիգորի առաջարկով, թագաւորն ու իշխանները խորհուրդ կ'ընեն ի սպառ վերցնել հեթանոսութիւնը եւ կործանել հին կրօնքի կրօնական կեդրոնները։ Տրդատը հրաման կու տայ այդ գործին իրականացումը յանձնարարել Գրիգորին։ Թագաւորը անձամբ ամբողջ զօրքով Գրիգորին հետ, Վաղարշապատէն կը շարժի, կ'երթայ Արտաշատ։ Անոնք նախ Արտաշատի ճանապարհին՝ Երազամոյն կոչուած տեղը, կ'աւերեն եւ կը կործանեն Որմիզդի գրիչին Դիւան անունով Տէր աստուծոյ մեհեանը։ Տեղի քուրմերը իրենց պահապան գունդերով չկարենալով դիմադրել արքունի զօրքին, կը նահանջեն դէպի Արտաշատ գտնուող Անահիտ դիցուհիին մեհեանը։
Երբ Տրդատ զօրքով կը մտնէ Արտաշատ, մեհեանը շրջապատողները ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տան, պարիսպներու վրայէն յարձակողներուն վրայ նետերու ու քարերու տարափ կը տեղայ։ Մեհեանը յարձակողներու ճնշման տակ կը կործանի։ Այնուհետեւ Գրիգոր եւ Տրդատ զօրքով կ'երթան Դարանաղեաց գաւառը։ Հոն Թորդան գիւղին մէջ կը գտնուէր սպիտակափառ Բարշամինա աստուծոյ մեհեանը։ Նախ կը կործանեն մեհեանը, կը փշրեն կուռքին արձանը, իսկ կուտակուած գանձերը, ոսկին ու արծաթը աւարի կը մատնեն։ Գիւղը իր բոլոր դաստակերտներով ու կալուածներով կը նուիրեն եկեղեցւոյ, իսկ գաւառի բնակիչներուն Գրիգոր կը քարոզէ նոր կրօնքին վարդապետութիւնը։ Թագաւորն ու Գրիգորը Թորդանէն կ'անցնին Անի ամրոց, ուր ամփոփուած էին հայոց թագաւորներու գերեզմաններն ու գանձերը։ Հոն կը գտնուէր նաեւ աստուածներու հայր Արամազդին արձանը։ Անոնք զայն կ'աւերեն եւ տեղը խաչ մը կը կանգնեցնեն, իսկ աւանը իր ամրութիւններով հանդերձ կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Հոնկէ Տրդատն ու Գրիգորը կ'անցնին սահմանակից Եկեղեաց գաւառ, ուր կը գտնուէին հայոց թագաւորներու բուն պաշտամունքի վայրերը։ Անոնցմէ գլխաւորը Երիզա աւանին մէջ գտնուող Անահիտ դիցուհիին մեհեանն էր, որ վահանաւոր զինուորներով կը պահպանէին քուրմերը՝ ընդդէմ արքունի զօրքին։ Սակայն, անոնց դիմադրութիւնը շուտով կը կասեցուի եւ տաճարին բարձրաբերձ պարիսպները կը կործանին։ Գրիգոր եւ Տրդատ, զօրքին օժանդակութեամբ կը փշրեն Անահիտ դիցուհիին ոսկեայ արձանը, կը քանդեն տաճարը, իսկ ոսկին ու արծաթը աւարի կը մատնեն։ Ապա հոնկէ Գայլ գետին վրայով կ'անցնին Թիլ աւանը, ուր կը գտնուէր Արամազդի դուստր Նանէին մեհեանը։ Զոյգ մեհեաններու գանձերը աւարի ենթարկելով՝ կալուածները ամբողջութեամբ կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Այնուհետեւ նոր կրօնքը տարածելու նպատակով, Գրիգորն ու Տրդատը զօրքով կ'անցնին Դերջան գաւառը։ Բագահառիջ գիւղը գտնուող Արամազդի որդի Միհրի մեհեանը հիմնովին կը քանդեն, կուտակուած գանձերը աւարի կը մատնեն, իսկ կալուածները կը նուիրեն եկեղեցւոյ։ Հեթանոսական մեհեանները քանդելէ եւ անոնց տեղերը խաչեր տեղադրելէ ետք, թագաւորը եւ Գրիգոր կը վերադառնան Վաղարշապատ։ Տրդատ հոն իր կնոջ՝ Աշխէնին եւ քրոջ՝ Խոսրովիդուխտին համաձայնութեամբ, հրաման կու տայ իր բոլոր զօրքերուն, որ իրենց զօրահրամանատարներով միատեղ, ժողովի ներկայանան։ Երբ բոլոր զօրքերը իրենց իշխաններուն, զօրապետերուն եւ բոլոր նշանաւոր մարդոց հետ կը ներկայանան թագաւորին, վերջինս բոլորին հետ խորհրդակցելով, կ'առաջարկէ Գրիգորին դարձնել հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, այսինքն, որպէսզի ժողովրդը քրիստոնեայ դարձնէ եւ մկրտէ։ Այնուհետեւ Տրդատ կը հաւաքէ Հայոց աշխարհի 16 գլխաւոր նախարարներն ու կուսակալները եւ յատուկ հրովարտակով Գրիգորին հետ զանոնք կ'ուղարկէ Կեսարիա, Գրիգորը Հայոց աշխարհին քահանայապետ օծելու համար։ Իշխաններն ու կուսակալները կազմ ու պատրաստ, իրենց հետ կը վերցնեն տարբեր ընծաներ՝ ոսկի ու արծաթ, ձիեր ու ջորիներ, զանազան շքեղ հանդերձներ, Գրիգորը կը նստեցնեն սպիտակ ջորիներ լծած արքունական ոսկեպատ կառքի մը մէջ, իրենք ալ կը նստին կառքերու կամ երիվարներու վրայ, իւրաքանչիւրը իր զօրագունդով, զինանշաններով Վաղարշապատէն կը մեկնին Յունաց կողմերը։ Հասնելով Կեսարիա՝ անոնք կը ներկայանան Ղեւոնդիոս կաթողիկոսին, կը յանձնեն Տրդատին հրովարտակն ու ընծաները։
Ղեւոնդիոսն ու միւս քահանայապետերը կ'ընդունին հայոց պատուիրակութիւնը՝ պատշաճ պատիւներու արժանացնելով։ Ապա Ղեւոնդիոսը եպիսկոպոսական մեծ ժողով մը կը գումարէ եւ Գրիգորը կը ձեռնադրեն Հայոց աշխարհի քահանայապետ՝ անոր շնորհելով եպիսկոպոսի աստիճան։ Այնուհետեւ Կեսարիոյ կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները մեծ պատիւներով, յատուկ նամակով ու ընծաներով հայոց պատուիրակութիւնը կ'առաջնորդեն դէպի Հայաստան։ Պատուիրակութիւնը կու գայ եւ կը հասնի Սեբաստիա, ուր Գրիգոր կը հանդիպի բազմաթիւ քրիստոնեայ կրօնաւորներու, կը համոզէ զանոնք իրեն հետ գալու քահանայութեան կարգի արժանանալու, քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու համար։ Կրօնաւորներու մեծ խումբեր հաւաքելով՝ Գրիգոր թագաւորին պատուիրակութեան հետ մեծ շուքով կը վերադառնայ Հայաստան։ Երբ կու գայ եւ կը հասնի Հայաստանի սահմանները, Գրիգոր կ'իմանայ, որ տակաւին կանգուն կը մնայ Տարօն գաւառի Վահեվանեան հռչակաւոր ու մեծագանձ մեհեանը՝ լի ոսկիով ու արծաթով եւ մեծամեծ թագաւորներու կողմէն նուիրաբերուած հարուստ ու բազմազան ընծաներով։ Վահեվանեան մեհեանը հայոց ութերորդ հռչակաւոր պաշտամունքի տեղն էր՝ ձօնուած Վիշապաքաղ Վահագնին, որ կը գտնուէր Եփրատ գետի ափին, Քարքէ լերան վրայ՝ Տաւրոս մեծ լերան դիմաց։ Վահագնի այս մեհեանը Մեծ Հայքի թագաւորներու զոհատեղին էր, որ յաճախ կը կոչուէր Աշտիշատ։ Հոս Վահագնի Վահեվանեան մեհեանին կողքին շէն ու կանգուն կը մնային նաեւ Անահիտին կամ Ոսկեմայր դիցուհիին ձօնուած բագինները, ինչպէս նաեւ Աստղիկ դիցուհիին մեհեանը, որ կը կոչուէր Սենեակ Վահագնի։ Գրիգորը կու գայ Աշտիշատ, որպէսզի քանդէ ու կործանէ այս երեք մեհեանները, ուր մարդիկ կը հետեւէին հին կրօնքին։ Գրիգոր Կեսարիայէն իրեն հետ բերած էր նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Աթանագինէսին նշխարները։ Երբ պատուիրակութիւնը կու գայ եւ կը հասնի Եփրատ գետի ափին, մեհեաններու դիմաց եւ կը կամենայ վեր բարձրանալ դէպի այն բարձրաւանդակը, ուր կառուցուած էին մեհեանները, սպիտակ ջորիներ լծած կառքը, որուն վրայ դրուած էին սուրբերու նշխարները, կանգ կ'առնէ եւ այլեւս չի կրնար ձորակ անցնիլ։ Այդ պահուն Գրիգոր տեսիլք մը կ'ունենայ, ուր իրեն ցոյց կը տրուի նոյն այդ տեղը կառուցել մատուռ մը եւ քրիստոնեայ սուրբերուն աճիւնները հոն տեղադրել։
Գրիգորի կարգադրութեամբ զօրքը իսկոյն գործի կ'անցնի, շուտով կը կառուցէ մատուռը, գերեզման կը փորէ եւ սուրբերուն ոսկորները կ'ամփոփէ հոն։ Գրիգոր զօրքին հրաման կու տայ՝ բարձրանալ վեր եւ մուրճերով կործանել հեթանոս աստուածներու մեհեանները։ Սկիզբը այդ զօրքը չի յաջողիր, բայց Գրիգորի քաջալերանքով ու օգնութեամբ հիմնովին կ'աւերէ մեհեանները, քուրմերուն ու անոնց մօտ ծառայութեան եղած մարդոց կոտորումով։ Գրիգոր կը հաւաքէ տեղի բնակիչները, քրիստոնէութիւն կը քարոզէ, ապա մեհեաններուն տեղ եկեղեցւոյ հիմեր կը շինէ եւ պաշտամունքի սեղան ու մկրտութեան աւազան կը կառուցէ։ Եւ քանի որ ինք օծուած եպիսկոպոս էր, Տարօնի մէջ ալ եկեղեցիներու շինարարութեան հիմեր կը դնէ։ Գրիգոր Տարօնի մէջ կը մնայ քսան օր եւ տեղացի բնակիչներէն 190,000 հոգի քրիստոնեայ կը մկրտէ։ Այնուհետեւ այս նոյն օրինակով ան Տարօնի տարբեր վայրերուն մէջ եկեղեցիներ կը կառուցէ եւ քահանաներ կը կարգէ։ Տրդատ, երբ կը լսէ Գրիգորին գալուստը, Աշխէնին եւ Խոսրովիդուխտին հետ, մեծ զօրքով Վաղարշապատէն կ'ելլէ Գրիգորը դիմաւորելու։ Ան կու գայ եւ կը հասնի Բագաւան գիւղաքաղաք ու կը սպասէ Գրիգորին։
Գրիգորը այդ ընթացքին տարբեր գաւառներու, գիւղերու ու աւաններու մէջ եկեղեցիներու հիմնարկէք կ'ընէ, մկրտութիւն կը կատարէ, քահանաներ կը կարգէ։ Ապա կու գայ կը հասնի Բագաւան։ Թագաւորը ամբողջ զօրքով անոր ընդառաջ կու գայ եւ Եփրատ գետի ափին կը դիմաւորէ զինք։ Տրդատին կը յանձնեն Ղեւոնդիոս կաթողիկոսին օրհնութեան նամակը, որ կ'ընդունուի մեծ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Գրիգոր այնուհետեւ կը կարգադրէ արքայական բանակը պահքով ու աղօթքով անցընել, իսկ ինքը Բագաւանի եւ կից գաւառներուն մէջ կը շարունակէ նոր կրօնքը քարոզել։ Երբ պահքի ու աղօթքի ժամկէտը կը լրանայ, Գրիգոր ամբողջ զօրքը, թագաւորը, թագուհին, Խոսրովիդուխտը, եւ բոլոր մեծամեծ իշխանները, Արածանիի ափին քրիստոնեայ կը մկրտէ։ Այնուհետեւ ան եօթը օր կը շարունակէ այդ արարողութիւնը եւ կը մկրտէ շուրջ չորս միլիոն հոգի՝ կին, այր ու մանուկ։ Քրիստոնէութեան ուսմունքի նահատակներուն՝ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Աթանագինէսին յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, Գրիգոր կը կարգադրէ Բագաւանի մէջ պաշտող Ամանոր եւ Վանատուր հեթանոս աստուածներու տօնը՝ Նաւասարդի օրը, վերածել այդ քրիստոնէական սուրբերու տօնին։ Ան Տրդատէն կը խնդրէ երկիրին տարբեր տեղերէն աշակերտներ հաւաքել, քրիստոնէական վարդապետութիւնը ուսուցանելու համար անոնց։ Տրդատ Հայոց երկիրին տարբեր կողմերէն կը հաւաքէ ու կը բերէ ուշիմ մանուկներու բազմաթիւ խումբեր եւ անոնց վրայ կը կարգէ հմուտ ուսուցիչներ։ Ան յատկապէս կը հաւաքէ քուրմերու կամ անոնց ցեղին պատկանող մանուկներ, խումբերու կը բաժանէ զանոնք, մէկ մասին կու տան յունական, միւսին՝ ասորական կրթութիւն։ Անոնց մեծ մասը հետագային կը դառնայ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ նշանաւոր գործիչներ։ Այդպէս, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ Մեծ թագաւորին ջանքերով Հայոց աշխարհին մէջ կը տարածուին քրիստոնէութիւնն ու օտար լեզուներով դպրութիւնն ու լուսաւորութիւնը, կը կազմակերպուին կրօնական աշխատանքները, հայրապետանոցը, եկեղեցին, քրիստոնէական ուսուցումն ու կրօնական կեանքը:
Վերջին Տարիներ
Խմբագրել325-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, յոգնած ու ծանրաբեռնուած, իր կեանքի վերջին տարիները կ'անցընէ առանձնութեան մէջ, սակայն` առանց լքելու իր առաքելական սուրբ ու նուիրական պաշտօնը: Կը քաշուի Սեպուհ լերան Մանեայ այրը, որ կը գտնուէր Սեպուհ լերան վրայ, Երիզայի մօտ:
Մովսէս Խորենացի այսպէս կը նկարագրէ.
Այս խաղաղ ու լուռ քարայրին մէջ, որուն շուրջ կը դեգերէին պարզամիտ ու համեստ հովիւներ իրենց հօտերով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր մահկանացուն կը կնքէ: Ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը յեղաշրջող անձ մը կը մահանայ թաքուն պայմաններու մէջ: Հովիւները, պատահմամբ մտնելով իր քարայրը`զայն կը գտնեն իր յաւիտենական հանգիստին մէջ: Կը ծածկեն անշնչացած մարմինը քարակոյտի մը տակ ու կը հեռանան: Երկա՜ր ու երկա՜ր լռութենէ մը ետք, իր աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ կը հարցուփորձեցէ հովիւները եւ ի վերջոյ կը տեղեկանայ տխուր իրողութիւնը: Ան սուրբին նշխարներն ու աճիւնները կը փոխադրէ Թորդան գիւղ` շատ յուզիչ անշուքութեամբ ու լռութեամբ, Յովհան Մանդակունի հայրապետին ձեռամբ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին Նշխարները
ԽմբագրելՆշխարներու մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները կը հասնին մինչեւ 876 թուական` ըստ երկու ձեռագիրներու, առաջին` 696 թուականին, իսկ երկրորդը` 750 թուականին[7]:
Հայոց հայրապետին նշխարները գտնուելէն ետք, անոնցմէ մէկ մասը, իբրեւ սրբազան մասունք, տարուած են` Սիս, Վաղարշապատ, Բիւզանդիա եւ Իտալիա:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի տօնը կը նշուի Հոգեգալուստին երրորդ շաբաթ օրը, ու նաեւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, տօնին առիթով սահմանած է շաբաթապահք:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Դպրոցական Հանրագիտարան, հատոր 3, էջ 212.
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 3 — հատոր 3. — է. 212.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Toumanoff C. Les dynasties de la Caucasie chrétienne de l'Antiquité jusqu'au xixe siècle: Tables généalogiques et chronologiques — Rome: 1990. — P. 242.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 (unspecified title) — է. 66.
- ↑ Google Books — 2005.
- ↑ 5,0 5,1 (unspecified title) — է. 53–66.
- ↑ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ Մուտն ի վիրապ
- ↑ Գրիգոր Լուսաւորիչին Նշխարները