Արիստակէս Ա․ (264[1], Կեսարիա, Թուրքիա[1] - 333[1], Ծոփք[1]), ամենայն հայոց երկրորդ կաթողիկոս։

Արիստակէս Ա․
Ծնած է 264[1]
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա[1]
Մահացած է 333[1]
Մահուան վայր Ծոփք[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քահանայ
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[2][3]
Ծնողներ հայր՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ[4][3][1], մայր՝ Julitta of Armenia?[5]

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Արիստակէս եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Մարիամի զաւակը։ Ան ծնած է Կեսարիոյ մէջ, ուր նաեւ ապրած է իր հօրը հետ եւ ուսումը շարունակած։

Արիստակէս փոքր տարիքէն կը հետեւի կրօնաւորութեան։ Ան ինքզինք կը նուիրէ ճգնութեան։ Ապա, Տրդատ թագաւորին ստիպումով, կը վերադառնայ իր ճգնարանէն եւ կու գայ Հայաստան ու հօրը կողմէ եպիսկոպոս ձեռնադրուելով կը յաջորդէ անոր[6]։

325-ին Արիստակէս կը մասնակցի Նիկիոյ տիեզերական Ա. ժողովին եւ կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցին։

Արիստակէս զոհ կ՛երթայ Ծոփաց Արքեղայոս նախարարին կողմէ դաւադրութեան մը եւ սուրով կը սպաննուի 333-ին ու կը թաղուի պապենական կալուածին՝ Եկեղեաց գաւառի Թիլ աւանին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։